Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: Մխիթարեանների աւանդը

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Մխիթարեանների աւանդը


    ՊՈԼՍՈՅ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

    Հայ ժողովուրդին եւ նաեւ պոլսահայ մտաւոր զարթօնքին մէջ մեծ դեր ունեցան Մխիթարեանները։ Միաբանութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն զարկ տուաւ կրթական գործին, եւ Պոլսոյ տարբեր թաղերուն մէջ դպրոցներ բանալով նպաստեց հայեցի դաստիարակութեան զարգացման։ Թէ՛ Վենետիկի եւ թէ Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարաններէն ոմանք Պոլսոյ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններէն եղան, որոնցմէ շրջանաւարտ եղան մտքի ու մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ազգային ու հասարակական անուանի դէմքեր ու գործիչներ։


    ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ
    Մխիթարեան միաբանութիւնը առաջին անգամ Մխիթար Սեբաստացիի օրով, 1700-ին դպրոց բացած էր Ղալաթիոյ մէջ, որ սակայն գոյատեւեց կարճ ժամանակ մը։ Այնուհետեւ, 1794-ին Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքին մեծամեծները որոշում առին թաղային վարժարաններ կառուցել իրենց համայնքի զաւակներուն համար։ Այդ դպրոցները նախատեսուած էին Վենետիկի Մխիթարեան աբբահօր խնամակալութեան ներքեւ դնել, որ իր կարգին վարդապետ մը վերատեսուչ պիտի նշանակէր։
    Այնուհետեւ կաթողիկէ համայնքի երեւելիներէն Մխիթար ամիրա Ծաղիկեան, Ստեփան ամիրա Ասկերեան եւ Աթանաս ամիրա Մազլըմեան, իրենց կողքին ունենալով Տիւզեան, Ազնաւուրեան եւ Զէմպէլէքօղլու ընտանիքները, նիւթական անհրաժեշտ միջոցները ապահովելէն ետք Պոլսոյ լատին նուիրակ Գորիսի եպիսկոպոսին դիմեցին եւ անոր միջոցով պապին հաւանութիւնը առնելէն ետք Վենետիկ՝ աբբահայր Ստեփանոս Ագոնցի դիմեցին։ Նամակին մէջ անոնք կը գրէին.
    «Ձեր հայրական խոստմանը կէօրէ կը խնդրենք ամենայն խոնարհութեամբ զաբբացի (վենետիկեան միաբան) քահանայ մը վասն դպրատան՝ ի կրթութիւն մանկանցս, ընդ հովանեաւ պաշտպանութեան հայրութեան Ձերոյ, անպակաս ընելով եւ դպրատանէս զդասատու մի՝ իբր դաստիարակ յաւիտեան՝ ըստ ողորմութեան Աստուծոյ»։
    Կաթոլիկ ամիրաներու նիւթական աջակցութեամբ բացուած դպրոցը կոչուեցաւ Լուսաւորչեան վարժարան եւ հայր Պօղոս վարդապետ Թընկըրեան անոր տեսուչ նշանակուեցաւ։
    Լուսաւորչեան վարժարանին կրթական ծրագիրը կ՚ընդգրկէր հայերէն լեզու, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր գիտելիքներ։ Ունէր երեք վարժապետ եւ վաթսուն աշակերտ, բոլորն ալ կաթողիկէ համայնքէն։
    Հայր Միքայէլ վարդապետ Չամչեան 1805 սեպտեմբերին աբբահօր ուղղուած իր դիմումին մէջ կ՚ըսէր, որ «ի դպրատան Լուսաւորչեան կամին առնուլ եւ զմանկունս ի հայոց անտի»։ Ան կ՚աւելցնէր, որ իրենք, իբրեւ ուսումնական բաժինի վարիչ, չեն ուզեր միջամտել հայ (առաքելական) աշակերտներ ալ ընդունելու գաղափարին։


    ՆՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

    Հայր Պօղոս վարդապետ Թընկըրեան 1806 ապրիլ 10 թուակիր Վենետիկ՝ Մխիթարեան մայրավանք ուղարկած նամակով կը տեղեկացնէր, որ ինք իր վաթսուն աշակերտներով Ս. Գէորգայ վանքը կը փոխադրուի։ Վարդապետը կը յիշէր նաեւ վարժապետներուն, խնամակալներուն եւ վերակացուներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութիւնները եւ կ՚աւելցնէր, որ այս բոլորը զինք ոչ միայն չեն վհատեցներ, այլեւ աւելի եւս կը զօրացնեն իր ուժն ու կորովը, յառաջ մղելու մեծամեծ զոհողութիւններով ստանձնած կրթական գործը, ի փառս Մխիթարեան միաբանութեան եւ ազգին։
    Հայր Ղուկաս վարդապետ Ինճիճեան 10 յունուար 1807 թուակիր Մխիթարեան մայրավանք ուղարկած իր նամակին մէջ, Լուսաւորչեան վարժարանին անդրադառնալով կը գրէ. «Փառաւորեալ դպրատունն Լուսաւորչեան Եղբայրութեան (անինչ եւ անտուրք վասն մեր), աշխատութեան առ ի մէնջ իսկ վերջին պարծանքն Լուսաւորչեան Հայոց»։
    Նոյն տարին՝ 1807-ին, Պոլսոյ կաթողիկէ համայնքը իր միջոցներով եւ Անտոն եպիսկոպոս Աւգերեանի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով նոր դպրոց մը բացաւ։ Նորաբաց այս դպրոցին մասին հայր Ղուկաս վարդապետ Ինճիճեան կը գրէ. «Նոր դպրատուն Աւգերեան յառաջէ եւ բազմանայ ընտրելագոյն մանկամբք քաղաքիս՝ ըստ մեծի մասին»։
    Սակայն մեծ յոյսերով ու ակնկալութիւններով բացուած այս դպրոցը չյաջողեցաւ մրցակցիլ Մխիթարեաններու Լուսաւորչեան եւ Ս. Գէորգայ վարժարաններուն հետ, տեղքայլի մէջ մնաց եւ նիւթական դժուարութիւններու ալ դէմ յանդիման գտնուելով փակուեցաւ։
    Հայր Պօղոս վարդապետ Թընկըրեանի վարած Ս. Գէորգայ դպրոցը 1810-ի տարեսկիզբին երկուքի բաժնուեցաւ։ Պօղոս վարդապետ աշակերտներուն մէկ մասը իր հետ առնելով Բերա փոխադրուեցաւ, ուր նոր դպրոց բացաւ։ Նորաբաց այդ դպրոցին մէջ ան իր շուրջ հաւաքեց կարիքաւոր ընտանիքներէն ութսուն աշակերտներ։
    Նոյն տարին՝ 1810 ապրիլ 10-ին պատահած մեծ հրդեհին մօտաւորապէս տասը հազար բնակարաններու շարքին հրոյ ճարակ եղաւ նաեւ Լուսաւորչեան վարժարանը։
    Հայր Պօղոս վարդապետ 10 յունիս 1810 թուակիր Վենետիկ ուղարկած իր նամակին մէջ յոյս կը յայտնէ որ «ի մօտոյ ունի յարուցանել Տէր ի մոխրոյ զդպրատունն աւելի չքնաղ քան զառաջինն, եւ թէ առ ժամս ուսանին ընդ դաստիարակութեամբ վեց վարժապետաց շուրջ 125 մանկունք»։
    Սակայն շատ չանցած, 1811 սեպտեմբերին Պօղոս վարդապետ վախճանեցաւ եւ Մխիթարեաններուն նախաձեռնած կրթական գործը ծանր հարուած ստացաւ։
    Մխիթարեան միաբանութիւնը այնուհետեւ որոշում առաւ ժողովրդային դաստիարակութեան ամբողջ գործը ստանձնելու փոխարէն աւելի միաբանութեան համար սաներ պատրաստելու գործով զբաղիլ։


    ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԲԵՐԱՅԻ ԴՊՐԱՏՈՒՆԵՐԸ

    Մխիթարեան միաբանութիւնը 1808-ին երկու փոքր դպրատուներ բացած էր. մէկը՝ Ղալաթիոյ մէջ, հայր Սուքիաս վարդապետ Սոմալեանի, եւ միւսը՝ Բերա, հայր Մինաս վարդապետ Բժշկեանի վերատեսչութեամբ, հոգեւորականներ պատրաստելու առաջադրանքով։ Կրթական ծրագիրին համաձայն շնորհալի ուսանողները իրենց ուսումը պիտի շարունակէին Ս. Ղազարի վանքին մէջ։ Կրթական այս հաստատութիւնները այնուհետեւ աւելի ընդլայնեցին իրենց գործունէութեան ծիրը, իրենց դուռները բանալով թէ՛ կարիքաւոր եւ թէ ամիրայական ընտանիքներու զաւակներուն առջեւ։ Հոն ուսանելու մտան նաեւ Տիւզեան, Թընկըրեան, Սամանճեան եւ այլ կաթողիկէ երեւելի ընտանիքներուն տղաքը։
    Պոլսոյ մէջ Մխիթարեաններու կրթական գործին ոգին դարձաւ հայր Մինաս վարդապետ Բժշկեան, որ իր անբասիր վարք ու բարքով եւ դաստիարակի իր բարձր արժանիքներով հայեցի տոհմիկ եւ կրօնաբոյր դաստիարակութիւն ջամբեց իր սաներուն, միաժամանակ ուսուցանելով նաեւ գիտական շարք մը նիւթեր։ Ան նաեւ հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու, դէմքերու եւ դէպքերու վերաբերեալ թատերախաղեր գրեց եւ իր աշակերտներուն ձեռամբ ներկայացուց զանոնք։ Մինաս վարդապետ 1817-ին Տրապիզոն փոխադրուեցաւ, որմէ ետք Պոլսոյ մէջ Մխիթարեաններուն կրթական գործը տեղքայլի մէջ մնաց։


    ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԲԵՐԱՅԻ ՆՈՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

    Բերայի Մխիթարեան վարժարանը վերաբացուեցաւ 1825-ին, Եէնիմահալլէ թաղին մէջ, բայց երեք տարի ետք, 1828-ին, կաթողիկէներուն դէմ ծայր առած հալածանքի պայմաններուն տակ անիկա փակուեցաւ։ 1831-ին, երբ այլեւս հալածանքները դադրած էին, Մխիթարեանները երկու նոր վարժարաններ բացին, մէկը՝ Ղալաթիոյ եւ միւսը՝ Բերայի մէջ, 174 աշակերտներով։ Զոյգ վարժարաններուն տեսուչ նշանակուեցաւ հայր Անանիա վարդապետ Ճելալեան։ Նոյն ժամանակ կաթողիկէ համայնքը որոշում առաւ դպրոց մը եւս բանալ Ս. Փրկիչ նորակառոյց եկեղեցւոյ կողքին, որ սակայն կարելի չեղաւ իրականացնել։
    Ղալաթիոյ վարժարանը հետագային գիշերօթիկներու բաժինով ալ օժտուեցաւ։ Իսկ Բերայի վարժարանին համար 1836-ին Սագըզ Աղաճի մէջ ընդարձակ հող մը գնուեցաւ, դպրոցական նոր շէնքի մը կառուցման համար։


    ՓԱՐԻԶԻ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ԵՒ ՎԵՆԵՏԻԿԻ
    ՌԱՓԱՅԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

    Մխիթարեան միաբանութեան կրթական գործունէութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձեր եղան Սամուէլ Մուրատեան եւ Ռափայէլեան վարժարաններուն հիմնադրութիւնը։
    Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը հիմնուեցաւ 1832-ին, Իտալիոյ Պադովա քաղաքին մէջ, եւդոկիացի մեծահարուստ Սամուէլ Մուրատեանի կտակով եւ 1846-ին տեղափոխուեցաւ Փարիզ։ Իսկ Ռափայէլեան վարժարանը հիմնուեցաւ 1836-ին, Վենետիկի մէջ, Եդուարդ Ռափայէլ Ղահրամանեանի նիւթական միջոցներով։ Երկու վարժարանները 1870-ին միացուեցան Վենետիկի մէջ, վերակոչուելով Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան։ 1929-ին անջատուելով՝ Սամուէլ Մուրատեանը վերաբացուեցաւ Փարիզի մէջ, իսկ Ռափայէլեանը մնաց Վենետիկ, բայց պահելով Մուրատ-Ռափայէլեան անունը։
    Երկու վարժարաններն ալ մեծ թիւով պոլսահայ, ինչպէս նաեւ գաւառներէն եւ այլ քաղաքներէ աշակերտներ ունեցան։ Մխիթարեան հայրերու շունչին տակ հայեցի տոհմիկ կրթութեամբ, լայն գիտելիքներով, գիտութեամբ եւ եւրոպական նիստ ու կացով դաստիարակուած շրջանաւարտներէն շատեր կրթական ասպարէզ նետուեցան, հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցան եւ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան արեւմտահայ մտաւոր զարթօնքին մէջ։
    Սամուէլ Մուրատեանի եւ Ռափայէլեանի հիմնադրումէն ետք Պոլսոյ Մխիթարեան դպրոցներէն յատկապէս Ղալաթիոյ Անանիա վարդապետին վարժարանը սահմանուած էր զոյգ դպրոցներուն յարմար աշակերտներ պատրաստել։


    ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

    Բերա, Սագըզ Աղաճի մէջ 1836-ին գնուած ընդարձակ հողամասին վրայ կառուցուեցաւ Մխիթարեան բարձրագոյն վարժարանը, որ իր դուռերը բացաւ 1847-ին։
    Քաղկեդոնի մէջ (ասիական Պոլիս) 1870 յունուար 14-ին, օսմանեան հանրային ուսման նախարարութեան հրամանագիրով բացուեցաւ Մխիթարեան միջնակարգ կրթարանը՝ գիմնազիան։ Բնութեան գեղեցիկ ծոցին, անիկա կառուցուած էր Մարմարա ծովուն եւ կղզիներուն դիմացի դարաւանդին վրայ։ Արեւակող, ծովահայեաց գեղակերտ շէնքը ունէր ընդարձակ սրահներ եւ ծառազարդ հովասուն խաղավայր։ Կրթական ծրագիրը կ՚երկարէր վեց տարուան վրայ. կար նաեւ նախապատրաստական դասարան մը։


    ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

    Վիեննական Մխիթարեանները Պոլսոյ Ֆրանսիսկեաններու վանքին կողքին 1830-ին դպրոց մը բացին, որ 1857-ին Բանկալթի թաղամասը փոխադրուեցաւ։ 1853-ին անոնք Բերայի մէջ վանատուն եւ վարժարան բացին, որ սակայն 1870-ին այրեցաւ։ Հայ կաթողիկէ Ստեփան Ազարեան պատրիարքը Բանկալթիի եւ Շիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը վիեննականներուն յանձնեց։ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանը լիսէի աստիճանին բարձրացաւ եւ Պոլսոյ հայկական առաջնակարգ կրթական հաստատութիւններէն մէկը դարձաւ, որ իր գոյութիւնը կը պահպանէ մինչեւ այսօր։
    Վիեննական Մխիթարեանները 1918-ին Շիշլիի մէջ որբանոց-դպրոց մը բացին, որ 1921-ին Քաղկեդոն փոխադրուեցաւ, եւ յետոյ ալ, 1922-ին՝ Իտալիա, նախ՝ Ֆիեսօ գիւղը եւ ապա Միլանո։

    Ասպետ Մանճիկեան
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Մխիթարեանների աւանդը


    Մխիթարեանների Սուրբ Ղազար վանքը Վենետիկում


    Սուրբ Ղազարի մայրավանքը





    Մխիթարեանների Վիեննայի մայրավանքը
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •