«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԻՐԱՐՈՒ ՇԱՂԿԱՊԵԼԸ ՇԱՏ ՍԽԱԼ Է»
Կ՚ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլադիմիր Իվանովսկի թրքական «Ռադիկալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը իրարու շաղկապելը շատ սխալ է»։ Դեսպանը նշած է, որ «Ռուսիա իսկապէս կ՚աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման»։
Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ «նախորդ տարուան սեպտեմբերին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք, երբ ես Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելեցի, նկատեցի, որ շատ յարմար պահ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»։ Ան միաժամանակ նշած է, որ Ռուսիա, ինչպէս Թուրքիան կը ձգտի կովկասեան շրջանի կայունութեան հաստատման։
Ռուս դեսպանին համաձայն, Ռուսիոյ յարաբերութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ադրբէջանի հետ շատ խոր եւ ամուր են։
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման՝ Իվանովսկի նշած է, որ տուեալ հարցի լուծումը շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ համար, որովհետեւ «Կովկասի կայունութեան հաստատումը նաեւ կը բխի մեր շահերէն, որովհետեւ ատիկա դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ Ղազախստանի եւ Չեչենիոյ խնդիրներուն վրայ»։