ԹՈՒՐՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ ԱԴՐԲԷՋԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՄԱՐ «ԿՌՈՒԵԼՈՒ»
ԵԱՀԿ-ի մօտ թրքական խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ալադդին Բոյիւքքայա ադրբէջանական «day.az» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ադրբէջանին կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար «կռուելու»՝ յիշեցնելով, որ «այդ հողերը արիւնով խլուեցան»։
Խօսելով շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ Հայաստանի ու Ադրբէջանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջնորդ ըլլալու Թուրքիոյ ջանքերուն մասին՝ երեսփոխան Բոյիւքքայա յայտնած է, որ «Թուրքիա Ադրբէջանի հողային ամբողջականութեան վերականգնման համար մինչեւ վերջ պիտի պայքարի։ Ադրբէջան պէտք է իսկական քայլեր առնէ։ Անկարելի է Թուրքիայէն եւ երրորդ երկիրներէ օժանդակութեան սպասելով տագնապին արդար լուծումի մը հասնիլ։ Այս հարցը միայն համանախագահներուն կամքով պիտի չլուծուի։ Ադրբէջանցի մեր եղբայրներուն կոչ կ՚ուղղենք կռուելու։ Այս հողերը արիւնով խլուեցան»։
«Մենք չենք ըսեր, թէ զինուորական միջոցը տագնապին միակ լուծումն է։ Ադրբէջանի աճած զինուորական ուժը գործընթացին վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Ադրբէջան պէտք է բոլոր մարզերուն մէջ հզօր ըլլայ, ինչպէս նաեւ իր զինուորական ուժը ցուցադրէ Հայաստանի։ Կը կարծեմ, որ բանակայինները նաեւ մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Ադրբէջան կրնայ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն օրինակին հետեւիլ։ Թուրքիա իր դրացիներուն հետ պատերազմի մէջ չէ, սակայն դրացիները կ՚ընդունին եւ համաձայն են, որ ան զինուորական գետնի վրայ հզօր է», նշած է թուրք երեսփոխանը։
-*-
«ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐԱԶԵԼՈՒ»
Կ՚ԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԸ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Բինալի Յըլդըրըմ Մուշ գտնուելու ընթացքին յայտարարած է, թէ ոչ ոք Թուրքիոյ հողերուն հետ կապուած երազներ չկառուցէ եւ սպառնացած է այդպիսի ձգտումներ ունեցողներուն «աչքերը հանել»։
Ան վերջերս վերանորոգուած Մուշի պատմական Սուլուխի կամուրջը այցելելով ըսած է, թէ «ոչ ոք մեր հողերուն հետ կապուած երազներ թող կառուցէ։ Երբ Թուրքիան իր դրացիներուն հետ կը վիճէր, ոչ մէկ բարեկամ ունէր։ Այժմ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորեցինք, Իրաքի հետ ռազմավարական համագործակցութեան սկսանք, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կը զարգանան, Հայաստանի հետ ալ նոյնպէս կ՚ընենք։ Թուրքիան ինչո՞ւ Հայաստանի հետ կապուած վտանգ կը տեսնէ։ Մենք անոնց հետ ոչ մէկ խնդիր ունինք, անոնք ալ՝ մեր հետ։ Սակայն աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ապրող հայերը Թուրքիոյ նկատմամբ հողային պահանջ ունին։ Բոլորը իրենց տեղը, հայրենիքը պիտի իմանան։ Մենք ոչ ոքի վնաս կու տանք։ Սակայն, երբ մեր երկրին աչքի պոչով նային՝ այդ ժամանակ այդ աչքը կը հանենք»։
*-*
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ՕԳՈՒՏ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»
Կ՚ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
«Սանայոլու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը նշած է, որ աշխարհի երկիրներու կարգին Թուրքիա աւելի ազդեցիկ տեղ կրնայ ունենալ, եթէ դրացի երկիրներուն հետ խնդիրները լուծէ։
Էսքիշեհիրի «Նախաձեռնող արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան» կազմակերպած միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցած է Թուրքիոյ առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Նիհադ Էրգիւնը՝ ըսելով. «Ուժանիւթը դարձած է ամբողջ աշխարհին խնդիրը։ Թուրքիան այս խնդրին մէջ կը հետապնդէ տարանցիկ երկիր դառնալու քաղաքականութիւն։ Թուրքիան մինչեւ 2023 պէտք է ըլլայ զարգացած երկիրներու շարքին, եւ այդ ծիրին մէջ յառաջանալու համար անհրաժեշտ է նախեւառաջ լուծել դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։ Սուրիոյ հետ կարգաւորեցինք մեր յարաբերութիւնները։ Արդեօք ատիկա մեզի վնա՞ս եղաւ։ Իսկ Հայաստանի հետ խնդիրները երբ լուծուին վա՞տ կ՚ըլլայ։ Թուրքիան մեծ տնտեսութիւն ունեցող աշխարհի 10 երկիրներու շարքին թող ըլլայ», ըսած է Էրկիւն։