ՈՐԲԵՐԸ

ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ

Հա՜յ մայրեր, ձեզի կը նուիրեմ այս գրութիւնս, ինչպէս ահաւոր եւ անպատմելի աղէտը՝ ձեր խնամակալութեան, ձեր սիրոյն կը նուիրէ հազարաւոր որբացածները։ Իրենց անունը լսած ատեն մի՜ խորհիք այնպէս՝ ինչպէս սովոր են խորհիլ հեռաւոր եւ տարտամ դժբախտութեան մը վրայ. այլ իւրաքանչիւր որբի մէջ ձեր զաւակը տեսէք ու ամէն մէկ հատի համար առանձինն տառապեցէք, ու ձեր սիրտերը լայնօրէն, անսահմանօրէն բացէք այս անակնկալ, այս վշտագին մայրութեան։

Որբերը տեղաւորելէ ետք նախապէս իրենց համար պատրաստուած տեղերը, ուշ ատեն, պարտասած եւ յուզմունքէ ջլատուած, հասանք Առաջնորդարան։ Եկեղեցիին բակը պարապ էր եւ վերջալուսային անդորրութիւն մը կը ծածանէր մեր շուրջը. բայց մեր օրը դեռ չէր վերջացած, որովհետեւ ըսին որ կին մը կը սպասէր մեզի։
- Որբեր ունի թերեւս արձանագրելիք, ըսաւ ընկեր մը։
Ո՛չ սակայն, որբեր չունէր արձանագրելիք այս մէկը... շատ երիտասարդ էր ու դժուար էր հաւատալ իր մայրութեանը. աչքերը մոլորուն, դէմքը ծամածռած ու քարացած անբացատրելի գալարումներու մէջ, լեզուն ծանրացած լորձունքոտ շրթներուն վրայ՝ անիկա ըրաւ իր անհաւատալի պատմութիւնը...
- Աչքերս կուրանա՜ն, քար կտրեր ե՜ն... ես ո՛չ հաց կ՚ուզեմ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէք ինծի՜...
Երկու տենդէ այրած աչքեր իրենց նայուածքը կը մխրճեն մեր աչքերուն մէջ։
- Մատներս չորնա՜ն... սա մատներովս ըրի...։
Ու գալարուն մատները կը ներկայացնէ մեզի։
Նախապէս բան մը կարելի չեղաւ հասկնալ, որովհետեւ իր կցկտուր եւ ողբագին խօսքերը կ՚ընդհատուէին ահռելի տագնապներով. անիկա կուրծքը կը բզկտէր ու մազերը կը փեթտէր եւ լորձունքին մէջ կը խեղդուէին իր բառերը... ու վերջապէս ուրիշներ եկան մեզի տեղեկացնել...
Իր պատմութիւնը, գիտէինք արդէ՜ն. Ադանա ոտք դրած օրերնիս լսած էինք զայն, ինչպէս ամէնէն ահաւորներէն աւելի ահաւոր դրուագ մը... սա էր այն մայրը, որ իր տասը մատներուն փորձած ոճիրովը խելագարած, հալածուած, չարագուշակ կենդանիի պէս՝ կը թափառէր աւերակներուն մէջ եւ ամէն սգաւորէն աւելի սգաւոր, ամէն մէկ արկածեալէն աւելի դժբախտ, կը ջանար իր դժոխային վիշտը հասկցնել...
Այն սեւ օրերուն մէջ էր... խումբ մը մարդիկ յանկարծակիի եկած, շրջապատուած կոտորողներէն, կ՚ապաստանին նկուղի մը մէջ. ոմանք արդէն զարնուած են եւ ոմանք արդէն սգաւոր. բայց բոլոր հծծիւնները, բոլոր ցաւի աղաղակները, բոլոր ինքնակորոյս վիրաւորուածները կը լռեն ու նկուղը գերեզմանային լռութիւն կը ստանայ։ Իրենց վերեւ անընդհատ հրացաններու ձայները կը սուրան ու վառօդի, հրդեհի ծուխը սպրդելով մինչեւ իրենց՝ վտանգի մերձաւորութիւնը կ՚ազդարարէ։ Սարսափահար՝ իրենք միշտ լուռ են ու անշարժ. յանկարծ, անգիտակից ու խիզախ, մանկական ձայն մը կը ճչէ։ Ինքնապաշտպանութեան հոգէն գազանացած, մարդիկ կ՚ուզեն զայն խլել։ Հոն են մանկիկին հայրն ու մայրը. սարսափելի ոճիրը վճռուած է. տասնհինգ զոյգ բոցավառ աչքեր, նկուղին մթութեան մէջ կը փնտռեն զայն... բազուկներ կը սողան դէպի անոր... չեն խօսիր ու չեն տեսնար զիրար, բայց մայրը կը հասկնայ եւ խուլ ձայնով կ՚առաջարկէ՝ յուսալով որ մահը նուազ վայրագ պիտի ըլլայ իր տղեկին համար...
- Կեցէ՛ք, ես իրեն կեանք տուի... ես պիտի առնեմ իր կեանքը...
Բայց իր մայրական մատները անկարող կ՚ըլլան պինդ սեղմուելու մանկիկին կոկորդին վրայ։
Աւելի տիրական, աւելի խիզախ, տղուն ձայնը կը բարձրանայ... սեւ մոլուցք մը կը դղրդէ ապաստանողները ու լռին բայց հաստատ կը մօտենան դժբախտ ծնողքին։
Ու այս անգամ հայրն է որ կը ստանձնէ դժնդակ գործողութիւնը։
- Անգամ մըն ալ կեցէ՛ք... ես կը վերջացնեմ...
Երեք օր կը մնան նկուղին մէջ եւ այլեւս տղուն ձայնը չի լսուիր. բայց երբ լոյսին եւ արեւին կ՚ելլեն, տղան դեռ չէր մեռած։ Հոգեվարքը կը տեւէ երկա՜ր. փորը ուռած, աչքերը կապիճներէն դուրս, կարծես զարմացած իր վրայ կատարուած ոճիրէն, հէգ մանկիկը իր շունչը կու տայ երկարատեւ տառապանքէ մը ետքը։ Մայրը արդէն խելագարուած էր։
Այս այն կինն էր... ուրեմն անոնք, որ իրենց ձեռքովը թաղեցին իրենց զաւակներուն դիակները, անոնք, որ տեսան իրենց տղոց հիւծիլը եւ տառապիլը անօթութենէ եւ վէրքերէ, անոնք՝ դեռ բախտաւոր էին։
Ծամածռած դէմքը ոճրագործ մօրը կը ծածկուի ստուերի մը ներքեւ. մեր աչքե՞րն են որ կ՚ամպոտին, թէ երեկոյեան մութն է որ կ՚իջնէ... մղձաւանջային գիշերը եկեր է... ահաւասիկ Սիհունը կը մռնչէ... մտիկ կ՚ընենք իր ձայնը՝ ինչպէս նաեւ թշուառ կնոջ աղաղակը։
- Ես ո՛չ հաց կ՚ուզեմ քեզմէ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէ՛ք ինծի։

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

(Հատուած)