Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 5 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 5 հատից

Թեմա: Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

    Բարի օր,
    «Այսօրուայ դրութեամբ» շարանում գրածիս առնչւում է ներքեւի յօդուածը:

    *-*-*

    ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՈԼՍԻ ԿԵՏԻԿՓԱՇԱ ԹԱՂԱՄԱՍԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՈՒ ՀՈՎԻՒ, ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԳՐԻԳՈՐ ԱՂԱԲԱԼՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

    ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերապատուելի, խնդրում եմ պատմէք ձեր մասին, ե՞րբ եւ որտե՞ղ էք ծնուել...
    ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծնած եմ 1957թ. Արաբկիր քաղաքը։
    Հ.- Փաստօրէն, Եղեռնից չորս տասնամեակ անց Արաբկիրում դեռ հայե՞ր կային: Ինչպէ՞ս է փրկուել ձեր ընտանիքը:
    Պ.- Միայն Արաբկիրին մէջ չէ, որ փրկուած հայեր կային: Այն ատենները կառավարութիւնը օրէնք հաներ է, թէ այն հայ ընտանիքները, ուր եզակի մասնագիտութեան վարպետներ կային, այդ ընտանիքները դուրս չհանեն: Դուռերու առջեւները նշաններ դրին, ըսին, որ այս մարդիկը պէտք չէ հանել: Մեր ընտանիքը այդպէս փրկուած է. մեր մէկ կողմը անասուններու բժիշկ է եղեր, միւս կողմը՝ շատ լաւ շինարար...
    Մէկ մասն ալ կայ, որ ժողովուրդը սիրելով պահեր է: Ամէն քաղաքի մէջ այսպէս չեղաւ, սակայն քանի մը տեղեր պահուեցան:
    Հիները կ՚ըսէին, որ Արաբկիրի 90 առ հարիւրը հայ են եղեր, բայց ջարդէն վերջ քիչ են մնացեր: Ես 1974թ. դուրս եկայ, 5-6 հայ ընտանիք կար, հիմա՝ մէկ ընտանիք:
    Արաբկիր լիսէ չկար, ես Մալաթիա գացի՝ լիսէ սորվելու: Ես լաւ աշակերտ էի, բայց օր մը ուսուցիչը եկաւ եւ ըսաւ, թէ ինչպէս կ՚ըլլայ, որ գեաւուրը մուսուլմանէն աւելի նիշ առնէ, սկսաւ զարնել, ես ալ իրեն զարկի:
    Մալաթիայի լիսէն աւարտեցի, վերջը Պոլիս եկայ, Պոլսոյ համալսարանը մտայ, ուսանեցայ լիսէի «Թուրքիայի պատմութեան ուսուցիչ» դասընթացը:
    Կառավարութենէն գործ ուզեցի: Ինծի հետ աւարտողները աշխատանք գտան, սակայն ինծի ըսին, թէ տեղ չկայ, երեւի հայ էի, անոր համար տեղ չկար: Թերեւս կը մտածէին. ինչպէ՞ս հայը Թուրքիոյ պատմութիւն պիտի սորվեցնէ: Ստիպուած՝ ոսկերչութիւն սորվեցայ: 10 տարի ոսկերչութիւն ըրի, 1987թ.-ին սկսայ Աստծոյ գործին մէջ մտնել, մեծ փորձութենէն ետք որոշեցի Աստծուն ծառայել:
    Հ.- Ի՞նչ փորձութիւն, կը պատմէ՞ք...
    Պ.- Մենք ընտանիքով թունաւորուեցանք, 2 երեխաներս՝ 6 եւ 3 տարեկան, կորսնցուցի, ես ու կինս փրկուեցանք: Տունին մէջ ածուխ կը վառէինք, ածուխին գազը ներս տուեր է, միւս օրը, կէսօրէն վերջը, ամէնուս գտան մեր տունին մէջ, երեխաներս մեռած էին, զիս ու կինս հիւանդանոց տարին:
    Հիմա երկու երեխայ ունիմ՝ 19 տարեկան աղջիկ եւ 16 տարեկան տղայ:
    Այս կեանքը ինծի նուէր է, պէտք է Աստծուն ծառայեմ:
    Արաբկիրի մէջ եկեղեցի չկար, հայկական դպրոց չկար, մէկը չկար, որ մեզի սորվեցնէր, գիտցնէր Յիսուսի մասին: Երբ թուրքերէն կարդացի Աւետարանը, Քրիստոսի զօրութիւնը տեսայ, Քրիստոսի միջոցով յաւիտենական կեանքը գիտցայ: Շատ հայեր կան, որ Քրիստոսի արիւնին զօրութիւնը չեն գիտեր:
    Շատ նեղութիւններ քաշեր էի Անատոլիայի մէջ, մեզի գեաւուր կ՚ըսէին: Հիմա, ըսի, զօրաւոր զէնք կայ:
    Ես հայերէն չէի գիտեր, 5 տարի եղաւ, որ այսչափ սորվեցայ: Արաբկիր մէկ բառ հայերէն կը խօսէինք, 2 բառ՝ թուրքերէն:
    Ես Աւետարանը նոր կարդացած էի, մէկ անգամ Մեսրոպ սրբազանին ըսի, որ այս թիւին մէջ այսպէս գրուած է, ըսաւ. «Աւետարանականները այդպէս կը մտածեն, մենք՝ առաքելականներս, տարբեր կը մտածենք»: Գիտցայ, որ աւետարանականներ կան, գացի աւետարանականները գտայ Կետիկփաշա, տեսայ մարդիկ Սուրբ գիրք կը կարդան. ըսին՝ եկուր, նստէ, մենք ալ սերտողութիւն կ՚ընենք: Այդ օրէն սկսեցայ երթալ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցի:
    Հ.- Ե՞րբ ձեռնադրուեցիք:
    Պ.- Ես պատուելի ձեռնադրուեցայ 2002 թ.-ին:
    Հ.- Վերապատուելի, քանի՞ հոգի է յաճախում ձեր եկեղեցին:
    Պ.- Երբ ես գացի, 25 հոգի էր, հիմա, փառք Տիրոջը, ամառները 100 հոգի, ձմեռները 150 հոգի կը հաւաքուի: Ամէն ազգերէն կու գան: Մեր եկեղեցիին մէջ 4 լեզուով պաշտամունք կըլլայ, կիրակի օրերը՝ թուրքերէն, ռուսերէն, հայերէն, պարսկերէն: Ռուսերէն կ՚ընենք, որովհետեւ տարբեր ռուսախօս երկիրներէն եկածներ կան: Մոլդավիայէն եկածներու մէջ շատ են կակաուզները: Կակաուզները ծագումով թուրք են, բայց քրիստոնեայ են, Պոլիս են եկեր աշխատանք ճարելու համար:
    Կէսօրէն վերջ ժամը երկուքին հայաստանցի հայերու համար պաշտամունք կ՚ընենք, մօտ 30 հոգի են:
    Ժամը հինգին կու գան պարսիկները, որ իսլամ են, եւ կ՚ուզեն քրիստոնեայ դառնալ, կը մկրտենք, քրիստոնեայ կը դառնան, ուրիշ երկիրներ կ՚երթան: Սերտողութիւն կ՚ընեն: Պարսկաստան անոնք կը վախնան եկեղեցի երթալ:
    Հ.- Իսկ Պոլսում կամ Թուրքիայի այլ քաղաքներում ուրիշ աւետարանական եկեղեցիներ կա՞ն:
    Պ.- Պոլսոյ մէջ՝ 20, Անկարա՝ 5, Զմիւռնիա՝ 5, Ադանա՝ 2, Տիգրանակերտ, Մերսին, Սամսոն՝ մէկական թուրքական աւետարանական եկեղեցիներ կան: Մէջերնին շատ հրաշքներ կ՚ըլլան, հիւանդներ կը բուժուին, երազներ կը տեսնեն: Մէկ հոգի թուրք ռադիո բացեր է, թուրքերէն քարոզ կ՚ըլլայ, լսողներուն մեծամասնութիւնը իսլամ է:
    Հ.- Իսկ Թուրքիայի խորքերից իսլամ հայեր գալի՞ս են ձեզ մօտ քրիստոնէութիւն ընդունելու:
    Պ.- Գաւառներէն իսլամացած հայեր կու գան Պոլիս, մէկ մասը քրիստոնէութիւն կ՚ընդունի՝ ըսելով, որ մեր հայրերը վախէն իսլամ դարձեր են, հիմա ազատ ենք, քրիստոնեայ պիտի դառնանք, ուրիշներ կ՚ըսեն, որ վախէն չէ, որ իսլամ դարձած են, որովհետեւ իսլամը, ճիշդ ընդուներ են: Մէկ մասն ալ Անատոլիա կ՚ապրի, իսլամացած են, կ՚ըսեն՝ մեր գիւղը հայ է, միւս գիւղն ալ հայ է, մենք իրարու աղջիկ կու տանք, որ դուրսէն մարդ չմտնէ մեր մէջ, եթէ կռիւ ըլլայ, կ՚ըսեն՝ «գեաւուրի չոջուխ»: Մէկ մասը գիտէ, որ իրենք հայ են եղեր, բայց կը վախնան բարձրաձայն ըսել է, մանաւանդ եթէ պետական ծառայութեան մէջ են, կը վախնան, որ աշխատանքէն կը հանեն:
    Հ.- Վերապատուելի, խնդրում եմ իսլամ հայերի հետ հանդիպումների մի քանի դէպք պատմէք:
    Պ.- Արդուինի գիւղերէն մայրը եւ մօտ քսան տարեկան տղան եկեղեցի եկան, մայրը ըսաւ, որ տղայիս վրայ թուղթ գրեր են, կ՚ուզեմ, որ աղօթես: Այսպէս կ՚ըլլայ, թուրքերը երբեմն հայկական եկեղեցի կու գան թուղթ ու գիրի, իրենց հիւանդներու վրան աղօթելու համար: Այդ ժամանակ հայաստանցի քոյր մը ներս մտաւ, կարճ խօսեցանք, գնաց, այդ տղան ըսաւ.
    - Խո՛ջա, դուն մեր լեզուն ուրկէ՞ գիտես:
    - Այս լեզուն քու լեզո՞ւդ է,- հարցուցի ես:
    - Այո՛, մեր գիւղի լեզուն է:
    - Ուրեմն դո՞ւն ալ հայ ես,- ըսի ես:
    - Ո՛չ,- ըսաւ,- հայ չեմ, այս մեր ծերերու լեզուն է:
    - Զաւակս,- ըսի,- բոլոր գիւղերու մէջ թուրքերը թուրքերէն կը խօսին, ինչպէ՞ս է, որ ձեր գիւղի մէջ յատուկ լեզու կայ, ան ալ հայերէն:
    Այդ ժամանակ տղան մայրիկին դարձաւ, հարցուց.
    - Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք:
    Մայրը ըսաւ.
    - Տղա՛ս, չիտեմ, բայց ադ մեր լեզուն է:
    Պատկերասփիւռի վրայ հաղորդումներ կ՚ըլլան կրօնական նիւթերու շուրջ, երբեմն կը մասնակցիմ: Մէկը եկաւ, ըսաւ, որ քեզ տեսայ թիվիի վրայ, արիւնս քաշեց, իմ նախնիները հայ են եղեր, քրիստոնեայ: Ըսի՝ պէտք է քրիստոնեայ դառնաս, ըսաւ՝ ինչպէ՞ս դառնամ, պետական աշխատող եմ: Պատմեց, որ Խարբերդին մօտիկ երկու հայկական գիւղ կայ, բոլորը հայ են, հայերէն չիտեն, աղքատ են, Կ. Պոլիս չեն կրնար գալ եւ քրիստոնէութիւն ընդունիլ, իսկ հոն կը վախնան կրօնափոխուիլ:
    Թուրքիան ինչո՞ւ այդպէս կը վախնայ եւ հայերու դէմ կռիւ կ՚ընէ, որովհետեւ գիտէ, որ կորսուած հայեր կան, կը վախնայ, որ այս մարդիկ կ՚արթննան:
    Օր մը Ամերիկայէն եկած պատուելի Պերճ Ճամպազեանին Պոլիս, օդակայան պիտի ճամբայ դնէի, թաքսիի մէջ կը խօսէինք, շարժավարը հարցուց.
    - Դուք հա՞յ էք:
    Ես ալ ըսի.
    - Դուն որտեղէ՞ն գիտցար, որ մեր լեզուն հայերէն է:
    Ըսաւ.
    - Ես ալ հայերէն կը խօսիմ:
    Ըսի.
    - Ուրեմն դո՞ւն ալ հայ ես:
    Ըսաւ.
    - Ո՛չ, ես հայ չեմ, ես համշէնցի եմ:
    Ասանկ դէպքեր շատ եղած են, իմ ծանօթներս ալ շատ հանդիպած են իսլամ հայերու, մանաւանդ՝ համշենցի հայերու: Պոլսոյ մէջ համշէնցի շատ կայ, մէկ մասը կ՚ուզէ իր պատմութիւնը գիտնալ, բայց չիտեն ուրկէ կարդալ:
    Զրուցեց՝
    ՍԵՐԳԷՅ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
    «Ազդակ»
    www.noravank.am
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Այս 2 օգտագործողները շնորհակալություն են ասում Tigris-ին այս օգտակար գրառման համար:

    Առողջագետ (12.11.2009), Հեղինակ (11.11.2009)

  3. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

    "Swiss classic" ձայնասփիւռի կայանէն երբեմն կը լսեմ Արամ Խաչատուրեան անունը, ու եթէ գլուխս թեքած եմ գրքիս կամ ստեղնաշարիս, կը շտկեմ, խիստ թաքցնելով հպարտանքս:
    Սոյն յօդուածը գրուած է յիսուն տարի առաջ. հաստատօրէն չեմ շտկուիր, երբ նման անուններ լսեմ, քանի որ ոչինչ կը նշեն ինձի համար: Ես չեմ գիտեր յօդուածի հերոսը ո՛րքան ամչցած է իր ինքնութիւնէն, անձամբ չեմ շօշափած: Տակաւին երեկ կը կարդայի Գարեգին Նժդեհի բաց նամակը բրիտանացի գրող Արլենին, ով իր անկապ գրութեան մէջ անտեղիօրէն ձաղկած էր իրեն ծնող ազգը՝ պարտութիւններու պատճառով: Ունինք նաեւ Արշիլ Գորկի-Ոստանիկ Ադոյեան, որուն մասին նոյնը չենք կրնար ըսել: Ինչեւէ, մորթափոխութեան այս երեւոյթը միայն Մայքըլ Ջեկսընին չի վերաբերիր:
    Ոչ ոքի, ոչ մեկ բան փաստելու ստիպուած եմք, առաւել եւս՝ մեք մեզի, ոչ ոքի ի հայութիւն հրաւիրատոմս ուղարկած ենք, ոչ ոքի համար ալ ափսոսած ենք: Խնդրեմ, ամէն մարդ ազատ է իր ընտրութեան մէջ: Մեք մեր խաչը մեծ բաւարարութեամբ կը կրենք:

    Տիգրիս




    ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՇՓԱՑՆԵՆՔ

    Ասկէ մօտաւորապէս, յիսուն տարի առաջ տէր եւ տիկին Թորոսեաններ, ի Բաքու, ազգականներու եւ բարեկամներու շքախումբով մը, եկեղեցի տարեր են իրենց նորածին մանչուկը։
    Քահանայ մը գրկեր է այս մանչուկը եւ մտցուցեր է մկրտութեան աւազանը։
    - Անո՞ւնը ինչ պիտի ըլլայ...։
    - Լեւո՛ն...
    Ու տէր եւ տիկին Թորոսեաններու մանչուկը այդ վայրկեանէն - այդ արարողութենէն - ետք եղեր է Լեւոն Թորոսեան։ Եւ հայ, ի հարկէ։ Հայուն եկեղեցիին մկրտութեան աւազանէն դուրս ելլողը հայէն զատ ուրիշ բան կրնա՞յ ըլլալ։ Չի՛ կրնար ըլլալ։
    Այս պատմութեան ճշմարտութիւնը կը վկայէ Արսէն Ա. քահանայ Սիմէոնեանց՝ Լեւոն Թորոսեանը մկրտող քահանան։
    Բայց Լեւոն Թորոսեա՞նը ով է, որ ելեր այս սիւնակէն ներս կը քալէ։
    Ըսե՛մ. Լեւոն Թորոսեանը շատ մեծ, շատ տաղանդաւոր հայ մըն է՝ գրագէտ ու բարձրորակ մտաւորական։
    Այնքա՜ն մեծ, այնքա՜ն տաղանդաւոր ու շնորհալի, որ այսօր, յամի Տեառն 1960, անդամ է Ֆրանսական ակադեմիային։
    Ֆրանսական ակադեմիային անդամ ընտրուիլ՝ կը նշանակէ թագաւորներէն ալ աւելի վեր թռչիլ։ Ֆրանսայի մէջ ամէն մարդ, օր մը չէ օր մը, վարչապետ կրնայ ըլլալ, կամ կրնար ըլլալ՝ մինչեւ զօրավարին յայտնութիւնը, բայց ամէն մարդ ակադեմիային անդամ չի կրնար ըլլալ։
    Իրապէս ու ճշմարտապէս բացառիկ տաղանդ պիտի ունենան այդքան վեր մագլցելու համար։
    Ու մեր բաքուեցի Լեւոն Թորոսեանը ցոյց տուաւ անյդ բացառիկ տաղանդը։
    Ցոյց տուաւ ուրիշ առաքինութիւն մըն ալ. իր շփացածութիւնը։
    Ակադեմական Լեւոն Թորոսեան իր այս անունով չի ճանչցուիր հրապարակին վրայ։ Իր քաղաքակրթուած անունն է Անրի Թրուայա։ Միայն ոստիկանական իշխանութիւնները գիտեն, որ այս ակադեմականին բուն անունը այն անունն է, զոր իրեն տուած էր իր կնքահայրը, ասկէ յիսուն տարի առաջ հայոց եկեղեցիին մկրտութեան աւազանին առջեւ։
    *
    * *
    Ասկէ առաջ, Փարիզի «Յառաջ»ը դառնութեամբ կը յիշէր, որ այս մարդը ինքզինք հայ չի դաւանիր եւ ամէն տեղ կ՚ըսէ, թէ ինք ռուս է։ Այնքան ռուս, որ ռուսի մը կատարած ոճիրը, 1931-ին, «արեան ու ցեխի մէջ թաթխած է» եղեր զինք։
    Երբ մէկը բեմ գայ ու յայտարարէ, թէ Թալեաթներու գործած ոճիրները արեան ու ցեխի մէջ թաթխած են իր անունը, բնականաբար կ՚ըսէք իրեն համար.
    - Աս մարդը թուրք է...
    Եւ սակայն մենք տակաւին կը պնդենք, թէ Անրի Թրուայա, Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ, հայ է։ Ու «քառասուն կտոր կ՚ըլլանք» զինք պատուելու, մեծարելու եւ շփացնելու համար։
    Լեւոն Թորոսեան իր անունով հայ է, բայց իր հոգիով հայ չէ։ Լեւոն Թորոսեանի համար մեծ պատիւ է ռուս ըլլալ, բայց մեծ պատիւ չէ հայ ըլլալ։
    Ա՛լ ինչո՞ւ իր ետեւէն ինկեր ենք։
    Ձգեցէ՛ք իր օձիքը։ Մոռցէ՛ք իր անունն ալ, քանի որ ինք իր շարժուձեւերով, իր խօսքերով կ՚ուզէ, կը պահանջէ, որ հայոց ազգը իրմով չզբաղի եւ զինք չպզտիկցնէ, չամչցնէ յաչս մեծ ազգերուն. Լեւոն Թորոսեանի համար հայ ըլլալ կը նշանակէ պզտիկնալ, իսկ ռուս ըլլալ՝ կը նշանակէ մեծնալ։
    Ի՞նչ իրաւունք ունինք. վերջապէս, այս տեսակ մարդու մը թեւէն քաշել ու եւ ըսելու անոր.
    - Հա՛յ ես, մեր արտը մտի՛ր...
    Մարդը միտքը դրեր է մեր արտին ցանկապատին ա՛լ չմօտենալ։ Ալ ինչո՞ւ կը շփացնէք...
    ԵՒՐՈՊԱՑԻ
    «ԱԶԴԱԿ»
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 10.04.2010, 20:15:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

    ՆՐԱՆՑԻՑ ՈՄԱՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՆ ՍՈՎՈՐՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆՈՒՄ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՐՄԱՏՆԵՐԻՆ



    ,,,Քառասունհինգամեայ կաշեգործ Ն. Ա.-ը Մուշում եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան Հայաստանում ինձ հանդիպած հայերից ամենալաւ հայերէնն է խօսում: Սեպտեմբերեան մի զով երեկոյ մենք նստել էինք Մուշ քաղաքի կենտրոնում գտնուող ճաշարանում: Սասունցի Ն.Ա.-ը, ով իրեն ներկայացրեց երկրորդ անունով եւս՝ Արմէն Գալուստեան, պատմեց իր գերադաստանի պատմութիւնը: Մինչ մենք զրուցում էինք թեյի սեղանի շուրջ, մօտեցան մի քանի այլ հայեր, որոնց մեծ մասը հայերէն չգիտէր կամ գիտէր ընդամէնը մի քանի բառ: Արմէնը հայերէն բաւական լաւ էր խօսում եւ զգացւում էր, որ եղել է այսօրուայ՝ Արեւելեան Հայաստանում, ու արբանեակով հետեւում է հայկական հեռուստատեսութիւններին:
    ,,,«Ես եօթ տարեկանում իմացայ, որ հայ եմ, իմացայ պատահական: Մեր գիւղում դպրոց չկար, հարեւան գիւղում էինք դպրոց գնում: Մի օր դպրոցի ճանապարհին մի քուրդ հովիւ ինձ ծեծեց եւ դպրոցական միւս երեխաների մօտ ասաց, որ ես հայ եմ: Ես այդ օրը առաջին անգամ լսեցի էրմենի՝ հայ բառը: Տուն վերադառնալով, ես անմիջապէս պապիս հարցրեցի՝ պապի՛կ` ես քուրդ ե՞մ, թէ՞ հայ: Ես գիտէի, որ քուրդ եմ: Պապս առաջին անգամ ասաց, որ մենք հայ ենք: Պապս դրանից յետոյ ամէն ինչ պատմեց: Նա ջարդի ժամանակ տասնեօթ տարեկան է եղել, ամէն բան շատ լաւ էր յիշում ու մեզ պատմում: Ես եօթ տարեկանից պապիս օգնութեամբ սկսեցի հայերէն սովորել: Պապս ինձ ասում էր, որ մեծանաս, կը գնաս Խորհրդային Հայաստան, կը գնաս Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Գառնի: ,,,Հայաստանի անկախութիւնից յետոյ ես եկայ Հայաստան ու գնացի բոլոր այն վայրերը, որ նա ինձ ասել էր գնալ», պատմեց Արմէնը:
    ,,,Թեյի սեղանի շուրջ հաւաքուած միւս մշեցիները, բացառութեամբ Արմէնի 18-ամեայ որդու՝ Ա. Ա.-ի կամ պարզապէս Հայկի, հայերէն գրեթէ չէին հասկանում ու լեզուների վրայ հալեցնելով շաքարի հերթական կտորը՝ թեյ էին խմում: Ճաշարանի տէրը Արմէնի քեռին է` եւս արմատներով հայ, սակայն հայերէն չգիտի ու մոլի մահմեդական է Աբդուռահման կամ Աբո անունով: Նրա ճաշարանում են ճաշում Արեւելեան Հայաստանից Արեւմտեան մեկնած հայ պանդուխտները:
    Ես բազմաթիւ անգամ եմ եղել Արեւմտեան Հայաստանում, սակայն մտադրութիւն կամ ժամանակ չեմ ունեցել գտնել, հանդիպել, զրուցել այն հայերի հետ, որոնց գիտական տերմինաբանութեամբ անուանւում են կրեպտո` ծպտեալ եւ մահմեդական հայեր:
    ,,,Ն. Ա.-ը կամ Արմէն Գալուստեանն այսպէս պատմեց իր պապերի՝ Գալուստեան ընտանիքի պատմութիւնը: Արմատներով Սասունի Սեմալ գիւղից են, նրա պապը ջարդի դժնդակ օրերին փախել է եւ կարողացել է փրկուել: Նրան պահել է մի քուրդ կին: «Ապա իմ պապը տեղափոխուել է դիարբեքիր, աւելի ուշ՝ Մուշի Կոմար գիւղը»,- պատմում էր Արմէնը: Մինչ նա կը շարունակէր իր պատմութիւնը, մեր շուրջը հաւաքւում էին այլ հայեր եւ հետեւում նրանց համար դեռեւս օտար լեզուով խօսակցութեանը:
    ,,,Արմէնը եօթ երեխայ ունի՝ երեք աղջիկ, չորս տղայ, ասաց, որ տանը հիմնականում խօսում են քրդերէն: Երբ հարցրեցի` մահմեդական ե՞ս, ինչպէս քո քեռին՝ ճաշարանատէր Աբոն, Արմէնը պատասխանեց. «Դա թող իմ մէջ մնայ»: Նրա որդիներից մէկը՝ Ա. Ա.-ը, կամ Հայկը, հայերէն խօսում էր, բայց ոչ այնքան լաւ: Արեւելեան Հայաստանում եղել էր, ասաց, որ կ՚ուզէր Երեւանի համալսարանում սովորել: Հայկը հայերէն սկսել է սովորել հօրից եւ բառարանի օգնութեամբ:
    ,,,«Ես եմ բառարանները բաժանել»,- շարունակեց Արմէնը: «Լուսահոգի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի ընտանիքն այս կողմերից է, այստեղի հայութեան համար մեծ գործ է արել: ,,,Լատինատառ բառերով հայ-թուրքերէն բառարան է պատրաստել տուել, ես էլ բաժանել եմ Դիարբեքիրում, Վանում, Սասունում: Մեծ մասը երիտասարդներն են, որ ուզում են հայերէն սովորել: Առաջ վախենում էինք անգամ խօսել մեր հայ լինելու մասին, հիմա այլեւս չենք վախենում, Եւրոպան ուշադիր է: Մեզ օգնում է նաեւ Ֆրանսիայում [ապրող] նախարար Պատրիկ Դեւեջեանը, ով Խարբերդից է, մօտ քառասուն տարի առաջ է տեղափոխուել Ֆրանսիա»,- պատմեց Արմէնը:
    ,,,Մուշի շրջանում մօտ 150 տուն ընդունում են, որ հայ են, թէեւ նրանց մեծ մասը հայերէն չգիտի: «Հաց թխելու ժամանակ խմորի վրայ մատով խաչ ենք անում: Մենք միմեանց հետ լաւ կապեր ունենք: Տխրութիւն կամ ուրախութիւն լինի, իրար հետ ենք: Այն հայերը, ովքեր անգամ ենթագիտակցօրէն են հայ, պահպանել են հայութեան յուշը, բայց խօսում են քրդերէն եւ յաճախում մզկիթ, նրանք հիմնականում միմեանց մէջ են ամուսնանում: Նրանք գիտեն, յիշում են իրենց անցեալի, իրենց պապերի մասին եւ փորձում են չամուսնանալ քրդերի կամ թուրքերի հետ: Մենք էլ նոյնը, ուրիշին աղջիկ չենք տալիս, ուրիշից աղջիկ չենք բերում»,- շարունակեց Արմէնը:
    Կրեպտո՝ ծպտեալ հայերը, ինչպէս պնդում են թեմայով զբաղուող մասնագէտները, ձեւաւորուել են արեւմտահայութեան մի քանի շերտերից: Դրանց մէջ են այն հայերը, ովքեր Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ, թուրքական յաթաղանից փրկուելու ակնկալիքով, ընդունել են մահմեդականութիւն, ինչպէս նաեւ նրանք, ովքեր առեւանգուել են ու կնութեան տրուել մահմեդական քրդերին ու թուրքերին կամ որդեգրուել մահմեդական ընտանիքներից: Այժմ արդէն նրանց ծպտեալ անուանելը այնքան էլ արդարացուած չէ, քանի որ որոշ մասը այլեւս չի վախենում ընդունել իր հայ լինելը, թէեւ նրանք շարունակում են կրել մահմեդական ինքնութիւն, խօսել քրդերէն եւ յաճախել մզկիթ:
    ,,,Արմէնը պատմեց, որ Մուշ քաղաքի երկու մզկիթները նախկինում եղել են եկեղեցիներ, իսկ մի քանի այլ եկեղեցիներ ուղղակի քանդուել կամ փլուզուել են: «Հիմա այլեւս չենք վախենում խօսել այդ մասին, հիմա անգամ բոլորն են խօսում ցեղասպանութեան մասին: Հայկական գիւղերի անունները տասնամեակներ առաջ փոխել են, բայց մինչեւ հիմա էլ բոլորը օգտագործում են հին հայկական անունները՝ Ղարսիկ, Նորշեն, Կոմար, Կարմիրխաչ, Խորոնք»: Նա թուարկեց Մշոյ դաշտի ու Սասունի տասնեակ հայկական այլ գիւղերի անուններ եւ ասաց, որ մինչեւ հիմա էլ քրդերը հին հայկական անունն են օգտագործում:
    ,,,Արմէնն ասաց, որ վերջին տարիներին պոլսահայութեան հետ լաւ կապեր են պահպանում: «Հրանտ Դինքի ժամանակ սկսուեց, [Աստուած] ողորմի Հրանտին, նա շատ ազգասէր էր: Նա էր թերթում յայտարարութիւն տուել եւ գրել՝ ով հայ է, կարող է այդ մասին տեղեակ պահել «Ակօս»ի խմբագրութեանը: Հրանտի սպանութիւնից յետոյ այստեղի հայերն աւելի շատ սկսեցին բացայայտ խօսել իրենց հայ արմատների մասին»,- ասաց Արմէնը:
    ,,,Երբ հարցրեցի, թէ չե՞ն պատրաստւում հայկական, գոնէ կիրակնօրեայ դպրոց բացել, Արմէնը պատասխանեց. «Հիմա դեռ դժուար է: Թուրքիան դեռ այդքան ազատ երկիր չէ: Հայաստանը շատ աւելի ազատ երկիր է, քան Թուրքիան»:
    ,,,Ես չգիտեմ, այն ինչ խօսում էր Արմէնը, անկեղծ է՞ր ասում կամ նոյնը կը պատմէ՞ր թուրքերի ու քրդերի ներկայութեամբ, բայց այն ինչ ասաց զրոյցի վերջում, ինձ զարմացրեց. «Ես սա համարում եմ Հայաստան, մենք պիտի յետ վերցնենք այս հողերը: Հայերը այստեղ ապրել են հինգ հազար տարի: Մենք Անիի նման քաղաք են թողել, Սասուն ենք կորցրել, մեր քէոքը՝ արմատը, այստեղ է, մենք պիտի այս հողերը վերցնենք: Ես չեմ ուզում, որ Հայաստանի հետ սահմանը բացուի: Թուրքերը կը գան, կը լցուեն Հայաստան: Այնպէս, ինչպէս այստեղ՝ Մուշում են մեր հողերը առել, նոյն ձեւով էլ Հայաստանում կը լինի»:

    ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
    «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի
    փորձագէտ
    Յատուկ «Ազդակ»ի համար
    Մուշ, Տարօն

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

    ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
    ԵՒ
    ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
    ...Առկայ փաստերը թոյլ են տալիս պնդել, որ Թուրքիայի «տարածքում» բնակող եւ ուծացման տարբեր մակարդակներում գտնուող հայերի ու նրանց սերունդների համար արմատներին վերադառնալու հարցում կարող են խթան դառնալ տարատեսակ հանգամանքներ: Այս առումով, վերջին տարիներին նկատուող հայ-թուրքական տարբեր շփումները, հայ զբօսաշրջիկների այցերը Արեւմտեան Հայաստան, Թուրքիայում հայկական նիւթերով տպագրուող գրքերը եւ այլ հանգամանքներ նպաստում են իսլամացուած հայերի իրական ինքնութեան կարեւորման գործընթացին: Հետաքրքիր այս երեւոյթը դիտարկենք վերջին ժամանակներս հայ հասարակական-քաղաքական օրակարգը մեծապէս զբաղեցրած Վանի Աղթամար կղզու Սուրբ Խաչ եկեղեցում տեղի ունեցած պատարագի եւ դրան ուղեկցած ու յաջորդած որոշակի դէպքերի պարունակում:
    ...Այսօր արդէն ակնյայտ իրողութիւն է, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցում պատարագի թոյլտւութիւնը թուրքական քարոզչական մեքենան փորձեց օգտագործել իր նպատակների համար, սակայն մեծ մասամբ ձախողուեց: Թուրքական կազմակերպուած ցոյցի բացասական դրսեւորումների կողքին, սկսեց մեզ համար ուշագրաւ մի գործընթաց. Սուրբ Խաչի պատարագը դարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերում բնակող իսլամացուած, ծպտեալ հայերի ու նրանց սերունդների շրջանում իրական ինքնութեան բացայայտման կարեւոր խթան:
    ...Այստեղ հարկ ենք համարում որոշ պարզաբանում անել. յայտնի փաստ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին եւ դրանից յետոյ Թուրքիայում սկսեց մշակութային եղեռն, որին զոհ գնացին աւելի քան երկու հազար հայկական եկեղեցիներ, վանքեր, սրբատեղիներ: Եկեղեցիների ու վանքերի փլուզումն անմիջականօրէն ազդել է բռնի իսլամացուած հայութեան ինքնութեան վրայ, քանի որ հայոց լեզուի, հայոց մշակոյթի փաստացի չգոյութեան պայմաններում, թէկուզ եւ չգործող, եկեղեցիները նրանց ինքնութիւնը վառ պահող կռուաններ կարող էին լինել եւ լուռ վկան՝ հայկական նախկին ներկայութեան: Այսինքն այդ պայմաններում եկեղեցին զուտ ճարտարապետական կառոյցից վերածւում է հայկական ինքնութեան բաղադրիչի, իսկ որոշ դէպքերում՝ միակ բաղադրիչի:
    ...Այս առումով, հարկ է նշել, որ իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերը մինչեւ օրս էլ կազմակերպում են գաղտնի ուխտագնացութիւններ դէպի հայկական եկեղեցիների աւերակներ: Նմանատիպ օրինակներից է Սասունի Մարաթուկ սարի վրայ գտնուող Սուրբ Աստուածածին վանք ամէն տարի յուլիսին կազմակերպուող ուխտը, որը վերջին մէկ-երկու տարում դարձաւ նաեւ թուրքական մամուլի ուշադրութեան առարկայ եւ փաստօրէն «բացայայտուեց»: Բացի սրանից, կան բազմաթիւ այլ օրինակներ, որոնց մասին մենք անձամբ ենք տեղեկացել Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերում բնակուող հայութեան սերունդների հետ շփումների արդիւնքում: Օրինակ՝ տարուայ որոշակի օրերին գաղտնի ուխտագնացութիւն է կատարւում Մշոյ Առաքելոց վանքի, Դերսիմի մի քանի եկեղեցիների աւերակներ: Այն, որ հայկական, թէկուզ եւ կիսաքանդ, եկեղեցիները կարեւոր նշանակութիւն ունեն իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերի սերունդների համար, կարող է փաստել մէկ այլ օրինակ, որի մասին տեղեկացել ենք 2008թ. Մուշում: Այսպէս, Մուշ քաղաքի հայկական եկեղեցիներից մէկը 1980-ականներին պետութեան կողմից քանդւում է, եւ նոյն տեղում կառուցւում է դպրոց: Շինարարութեան ժամանակ օգտագործւում են նաեւ եկեղեցու քարերը եւ, ինչպէս մեզ փոխանցեց հայկական արմատներով մի մշեցի, Մուշում բնակուող ծպտեալ հայերը ներքին պայմանաւորուածութեան են գալիս, եւ նրանցից ոչ մէկն իր երեխային չի ուղարկում այդ դպրոց:
    ...Անդրադառնալով Աղթամարի Սուրբ Խաչի հանգամանքին` նշենք, որ այն մեծ աղմուկը, որը թուրքական իշխանութիւնները բարձրացրին եկեղեցու շուրջ, իսլամացուած հայերի համար ունեցաւ բոլորովին այլ ազդեցութիւն: Փաստօրէն թուրքական պետութիւնն իր միջոցներով վերականգնեց հայկական եկեղեցին, արուեց պաշտօնական բացում, թոյլ տրուեց տարին մէկ անգամ անցկացնել պատարագ, կոչ արուեց զբօսաշրջիկներին այցելել Աղթամար եւ այլն: Այսինքն՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցու նկատմամբ, կարելի է ասել, ձեւաւորուեց պետական վերաբերմունք, եւ սա յատկապէս առանձնայատուկ է նրանով, որ Թուրքիայի արեւելեան շրջաններում Սուրբ Խաչը միակն է, որի հայկական պատկանելութիւնը թուրքական պետութիւնը, թէկուզ անուղղակի, ճանաչում է: ...Վերոնշեալ հանգամանքը փոքր-ինչ վստահութիւն է ներշնչում իսլամացուած հայերի սերունդներին, որոնք արդէն կարող են ոչ թէ գաղտնի այցելել հայկական խոնարհուած սրբավայրեր, այլ բացայայտ գնալ ուխտի՝ թէկուզ եւ եկեղեցու կարգավիճակ չունեցող ու թանգարան համարուող Սուրբ Խաչ եկեղեցի:
    ...Այս երեւոյթը ցայտուն կերպով ի յայտ եկաւ արդէն պատարագի օրը, ինչի մասին սկսեցին տեղեկութիւններ տարածուել: Յուրախութիւն մեզ, այդ ամէնը չի վրիպել պատարագի ժամանակ Վանում գտնուող հայաստանցի լրագրողների ուշադրութիւնից, եւ նրանք փոխանցում են բաւական հետաքրքիր մանրամասներ: Օրինակ՝ news.am լրատուական կայքէջի լրագրող Անդրանիկ Իսպիրեանն իր յօդուածում նշում է. «Վանից, Մուշից, Սասունից, Դերսիմից, Համշէնից եւ Թուրքիայի այլ վայրերից Աղթամար եկած ծպտեալ հայերի ուրախութիւնը եւ արտասուքը խօսում էր այդ մարդկանց համբերատարութեան եւ համարձակութեան մասին: Մուշից 20 փոքր հանրակառքերով եւ մարդատար մեքենաներով պատարագին մասնակցելու եկածները մոմ էին վառում, համբուրում չտեղադրուած խաչը եւ արտասւում... Իրենց շուրջը հայեր տեսնելով` շատերը փորձում էին պատմել, արտայայտել իրենց տարիների թաքցրածը»: Ուշագրաւ տեղեկութիւններ է հաղորդում նաեւ «Առաւօտ» թերթի լրագրող Գոհար Յակոբեանը. իսլամացուած հայի թոռ` 38-ամեայ Սինան Դեմիրբաշը հայ լրագրողին պատմել է, որ հինգ տարի առաջ մահացած իր Ջաֆեր պապը մահից առաջ ընտանիքին յայտնել է, որ իրենք իրականում հայ են եւ անգամ ցոյց է տուել իր տոհմական լուսանկարները, որոնք տասնամեակներով խնամքով թաքցրել է: Ըստ Սինանի, միայն Վանում իսլամացուած հայերի եւ նրանց սերունդների թիւը հասնում է հազարի:
    ...Պատարագից յետոյ կղզում գտնուող իսլամացուած հայերից ոմանք փորձել են գտնել իրենց հարազատներին Հայաստանում, յայտնել են իրենց նախկին հայկական ազգանունները, ծնողների, պապերի, տատերի հայկական անունները եւ խնդրել հայաստանցիներին օգնել:
    ...Այդ նոյն օրերին թուրքական մամուլում լայն տարածում գտաւ նաեւ իսլամացուած հայերի կրօնադարձման (քրիստոնէութիւն վերընդունելու) նիւթը, եւ փորձ արուեց դա եւս կապել Սուրբ Խաչի պատարագի հետ: Քրիստոնէութիւն վերընդունելու խնդիրը ներկայացուեց Պոլսի հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի զարմիկների օրինակով. այսպէս, Դիարբեքիրում ապրող Արամ սրբազանի քոյրն ու փեսան 1950-ական թւականներին ստիպուած կրօնափոխ են եղել եւ ընդունել իսլամ: Մի քանի անգամ մամուլում խօսուել էր, որ հայ բարձրաստիճան հոգեւորականն ունի մուսուլման ազգականներ, ինչը չէր ժխտել նաեւ ինքը՝ Արամ սրբազանը: Եւ ահա վերջերս տեղեկութիւն տարածուեց, որ 2010թ. մայիս ամսին Արամ արքեպիսկոպոսի Դիարբեքիրում բնակող երկու զարմիկները՝ 33-ամեայ Մեսուրէ Քափլանը եւ 28-ամեայ Ջիհան Բեսքինսիզը, կրօնադարձ են եղել` վերադառնալով քրիստոնէութեան: Նրանք իրենց անձնագրերում փոխել են նաեւ ազգային պատկանելութիւնը` գրուելով հայ եւ ընդունել են հայկական անձնանուններ. Մեսուրէն դարձել է Սիրուն, իսկ Ջիհանը՝ Պարէտ: Կրօնադարձուելուց յետոյ նրանք պատմել են, որ տասնամեակներով իրենց ընտանիքը վարել է ծպտեալ հայի կենսակերպ. տանը եւ հայկական միջավայրում եղել են հայեր, իսկ դրսում, աշխատանքի վայրում իրենց պահել են որպէս մուսուլման, եւ անգամ իրենց մերձաւոր շրջապատը չի իմացել, որ իրենք ոչ թէ քուրդ են, այլ՝ հայ:
    ...Դիարբեքիրի ծպտեալ հայերի շրջանում բաւական տարածուած են նաեւ ներքին ամուսնութիւնները. օրինակ, Մեսուրէ-սիրունի ամուսինը՝ Քուտպեթթին Քափլանը, ծպտեալ հայ է եւ նոյնպէս դիմել է կրօնադարձութեան՝ ընդունելով քրիստոնէութիւն: Հայկականութեան վերադարձածները նաեւ նշել են, որ Դիարբեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցու վերակառուցումից յետոյ պատրաստւում են մկրտուել հէնց այնտեղ: Պարէտը եւ Սիրունը փոխանցել են նաեւ, որ Դիարբեքիրում բազմաթիւ ծպտեալ հայեր կան, որոնք չեն համարձակւում բացայայտել իրենց իրական ինքնութիւնը եւ վերադառնալ հայկականութեան, սակայն անգամ նրանց մօտ վերջերս սկսուել է արմատների կարեւորման գործընթաց, որը հետզհետէ վերածւում է զարթօնքի:
    ...Ծպտեալ հայերի շրջանում սկսուած կրօնադարձութեան եւ արմատների որոնումների գործընթացին է անդրադարձել նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթեշեանը` նշելով. «Անատոլիայում բազմաթիւ հայեր չեն համարձակւում ասել, որ հայ են: Ինչքան մեր երկիրը ժողովրդավար դառնայ, այնքան շատ մարդիկ կը վերադառնան իրենց կրօնին: Նոյնիսկ այսօր Թուրքիայի չորս կողմերից` Դերսիմից, Տրապիզոնից, Կաստամոնուից երիտասարդներն իրենց ընտանիքների արմատները գտնելու համար դիմում են մեզ»:
    ...Աւելորդ չէ նշել, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցում տեղի ունեցած պատարագը եւ բռնի իսլամացած հայերի կրօնադարձութեան մասին տեղեկութիւնները եւս մէկ առիթ դարձան, որպէսզի Թուրքիայում ֆաշիստական մամուլը եւ գործիչները բացասական երանգներով անդրադառնան իսլամացուած հայերի նիւթին՝ կրկնելով իրենց նախկին անտրամաբանական թեզերը: Խնդրին կրկին անդրադարձաւ պատմակեղծարար Յուսուֆ Հալաջողլուն՝ նշելով, որ Թուրքիայում ամենաքիչը հինգ հարիւր հազար ծպտեալ հայ կայ:
    ...Ամփոփելով` նշենք, որ վերոյիշեալ գործընթացները եւս մէկ անգամ փաստում են, որ Թուրքիայում ազգային ինքնութեան հիմնախնդիրները ծաւալւում եւ նորանոր դրսեւորումներ են ունենում:

    ՌՈՒԲԷՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
    28.10.2010
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք

    «ԴՈՒՔ ԱԼ ՄԵԶ ՆՄԱՆ ԷՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՆԱ՛Ք ՀԱՅ»


    ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ

    Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2011: Կէսօրուան ժամը մէկն է: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, պաստառներ բռնած` բողոքի ցոյց մը կը կատարեն Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող ծովեզերեայ Հոփա քաղաքին մէջ: Ինքնաշարժներու երթեւեկը կանգ առած է. վարորդները, ինքնաշարժներու ճչակները հնչեցնելով` կը մասնակցին բողոքին: Ցուցարարները կը քալեն մայր պողոտայէն մինչեւ նահանգապետութեան շէնքը` պոռալով. «Խոփան ֆաշիստներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ»:
    Բողոքը կազմակերպողները խօսք կ՛առնեն եւ քանի մը ամիս առաջ արգելափակուած իրենց ընկերներուն ազատ արձակումը կը պահանջեն: Անոնք կը յայտարարեն, թէ բանտարկուած տղաքը ահաբեկիչներ չեն. անոնք ժողովուրդին արդար իրաւունքը պաշտպանողներ են: Իսկ ոստիկանական կամ «ֆաշիստ» կառավարութեան մը ներկայութիւնը անընդունելի է ժողովուրդին կողմէ:
    Արդարեւ, մօտ երկու ամիս առաջ, երբ Թուրքիոյ վարչապետը Խոփա կ՛այցելէր, տեղացիները, դժգոհ կառավարութեան անտարբերութենէն շրջանի պէտքերուն նկատմամբ, նախատական խօսքերով եւ քարկոծելով դիմաւորած էին զայն: Յաջորդող օրերուն, փողոցը զետեղուած նկարչական գործիքներու հիման վրայ, ոստիկանութիւնը մէկիկ-մէկիկ ձերբակալած էր վարչապետը անարգողները` զանոնք Կարինի բանտը ղրկելով:
    Արգելափակուած տղոց ազատ արձակումը պահանջողները բարձրախօսով հակապետական լոզունգներ բացագանչելէ եւ իրենց բողոքը ներկայացնելէ ետք կը ցրուին:
    Ցուցարարներէն շատեր կ՛ուղղուին դէպի մօտիկ, բացօթեայ «Գրին գարդըն» ճաշարանը` զովացուցիչի, սուրճի կամ թէյի մը շուրջ քննարկելու օրուան հրատապ հարցերը:
    Քրտնած, մազերը ցրիւ, միջին տարիքի յաղթանդամ մարդ մը կը մօտենայ եւ կը ներկայացնէ ինքզինք. «Շենոլ Վահիջ» եւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ.
    - Ինչպէ՞ս ես:
    - Լաւ եմ, դուն ինչպէ՞ս…
    - Չէ՛, չէ՛ չեղաւ. աստեղ, հոմշեցի լիզու. ես կ՛ըսիմ` ինչպէ՞ս ես, դուն կ՛ըսիս` «պէտք իմ»:
    Օտար երկրէ եկած հայե՞ր ենք, ուրեմն իր հիւրն ենք.
    - Դուք իմ հիւր. գլխուս վրայ տիղ ունիք: Դուք մնաք իմ քով, իմ տուն:
    Շենոլ մուխթարն է (տանուտէր) շրջանի գիւղերէն մէկուն եւ իր խօսքերով «հէմշինլի է, հայ է, բայց մարքսիստ, կոմունիստ է»:
    Ան կը բացատրէ, թէ Խոփայի մէջ, հէմշինլի, լազ կամ գիւրջիւ (վրացի) ըլլալը կարեւոր չէ. կարեւորը գաղափարակից ըլլալն է:
    - Տես աս տղան, անոր պապ իմ պապիս բարեկամ. իմ լաւ ընկեր: Անիկա լազ, բայց «կոմունիստ», իմ եղբայր:
    Մուխթարը իր հայրենակից համշէնցիներուն նման թրքախօս է: Ան կոտրտուած հայերէնով մը կը խօսի: Թէ ինչպէ՞ս սորված է հայերէնը հարցումին, ընդվզած` կը պատասխանէ, թէ ինք հայ է, «թուրք չի»: Փաստելու համար, թէ հայերէն լաւ կը հասկնայ եւ կը խօսի, կը սկսի թիւեր եւ բառեր արտասանել. «տասը, քսան, շաբաթ, կիրակի…»:
    Սեղանակիցներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, մանաւանդ երբ կը գիտնան, թէ «յաբանջը»` օտարական այցելուները հայեր են: Նորեկները անմիջապէս աթոռ մը կը գրաւեն, սպասեակէն գաւաթ մը թէյ կամ սուրճ կ՛ապսպրեն եւ հարց ու փորձի կը սկսին.
    - Ուրկէ՞ կու գաք, Հայաստանէ՞ն: Ի՞նչ գործ կ՛ընէք: Չըլլայ թէ առեւտուր ընելու մտքով եկած էք Թուրքիա. եթէ այդպէս է, ուրեմն լաւ հայեր չէք. լաւ հայը Հայաստան կ՛երթայ եւ այնտեղէն իր առեւտուրը կ՛ընէ…
    Ջեմիլ Աքսուն երիտասարդ լրագրող մըն է, «Բիր Յաշամ» պարբերաթերթի խմբագիրը: Ան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «աթէիստ», անաստուած: «Ես իսլամ չիմ», կ՛ըսէ Ջեմիլ:
    Ան բացատրութիւն կու տայ 31 մայիսի պատահարներուն մասին եւ կ՛ըսէ, թէ ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի բանտարկուած տղաքը ազատ արձակելու համար: Ինք ալ իր կարգին բանտ մնացած է երկա՜ր տարիներ եւ վախ չունի դարձեալ կալանաւորուելէ:
    Ընտանեկան ի՞նչ պարագաներ ունի արդեօք Ջեմիլը: «Ամուսնացած իմ, մէկ տղոյ ունիմ»:
    - Անո՞ւնը:
    - Արեւ:
    Արդեօք այլ` ոչ թրքական կամ իսլամական անուններ ունեցողներ ալ կա՞ն:
    - Կոյ, կ՛ըսէ Ջեմիլ, օրինակ` Լուսին, Լուսենազ, Նորա, Դենիզ, Վերա, Մարթէ, Ջեննան…
    Համամ իշխանի հիմնած Համամշէնի կամ Համշէնի հայերը` հէմշինլիները, մօտ երեք-չորս դարերէ ի վեր կրօնափոխութեան ընթացքին մէջ եղած են եւ` իսլամութիւնը ընդունած: Անոնց ընտրած կրօնը զիրենք հալածանքէ, բնաջնջումէ եւ տեղահանութենէ զերծ կացուցած է: Անոնք իսլամական անուններ որդեգրած են, մզկիթներ կառուցած են, իրենց ազգանունները փոխելով` յարմարած են թրքական ընկերութեան: Այս բոլորով մէկտեղ, կրցած են իրենց բարբառը` «հոմշեցմա»ն, տոհմիկ սովորութիւնները` պարը, նուագարան «թուլում»ը, օդապարկով դուդուկը (պարկապզուկ), Համշէնի փլաւն ու «տոլմա»ն պահել:
    Ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ, Վրաստանի սահմանագծին մօտ գտնուող գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ տարբեր ազգային արմատներ ունեցող երեք ժողովուրդներ կ՛ապրին. հէմշինլիներ, գիւրջիւներ եւ լազեր: Հակառակ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող տոհմային տարբերութիւններուն` «էրմենիները», վրացիները եւ լազերը համերաշխ կ՛ապրին:
    Ջեմիլ եւ իրեն նման մտածող տղաք իրազեկ են իրենց անցեալի պատմութեան: Անոնք գիտեն, թէ սահմանին միւս կողմը` Վրաստանի մէջ ունին ազգակիցներ, որոնք իսլամ չեն, այլ` քրիստոնեայ, իսկ աւելի անդին կայ երկիր մը` Հայաստանը, որ աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր հայերուն հայրենիքն է: Սակայն ի՞նչ կարելի է ընել. դարերու ընթացքին Թուրքիոյ Խոփա, Բորչքա, Չամլի Հէմշին քաղաքներուն շուրջ գտնուող տարածաշրջանը հէմշինլիներուն հայրենիքը եղած է:
    - Մենք երթալիք տեղ չունինք,- կ՛ըսէ Ջեմիլ Աքսուն,- այստեղ են մեր անցեալը, ներկան ու ապագան:
    Ան պատկերաւոր ձեւով կը փորձէ բացատրել իր միտքը.
    - Այստեղ հին կղպանք մը եւ հին բանալի մը ունինք. մենք պարտաւոր ենք բանալու այդ կղպանքը յատուկ իր բանալիով, որպէսզի գոյատեւենք:
    Յուլիս-օգոստոս ամիսներուն Սեւ ծովու եզերքը գտնուող շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը հասած է քառասունի: Հոփան երկար ատենէ ի վեր այս տեսակ տաք եղանակ չէ ունեցած: Սակայն օրուան հրատապ խնդիրը բողոքի ցոյցն է. անոր տուն տուող պատճառները` անգործութեան ալիքը, ժողովուրդին հողին, բերքին, ջուրին իւրացուիլն է մեծ ընկերութիւններուն կողմէ: Հէմշինլի Ռեջեբը, Հաքքանը, Օսմանը, Իսմեթը այս ձեւով կը հիմնաւորեն հարցերը: Բոլորն ալ անխտիր կը փորձեն իրենց կոտրտուած հայերէնով արտայայտուիլ` ըսելով, թէ իրենք ո՛չ իսլամ են, ո՛չ ալ թուրք. «էրմենի» են, հայ են եւ արժանապատուութեամբ կ՛ուզեն ապրիլ այս երկրին մէջ:
    «Մուխթարը», որուն խօսքը կը թուի ըլլալ տիրական, ներկաներուն «կը հրահանգէ».
    - Էրթանք իմ գեղ:
    Ճամբան տեղ-տեղ հողոտ է եւ փոսեր գոյացած են ասֆալթի չգոյութեան պատճառով: Ինքնաշարժը շատ դանդաղ կը յառաջանայ:
    - Այս ճամբան ե՞րբ պիտի շինեն:
    - Ինչու կառավարութեան հո՞գն է, թէ մենք ի՛նչ տեսակ դժուարութիւններու մատնուած ենք:
    Այսպէս կ՛արտայայտուին ինքնաշարժին մէջ գտնուողները թրքերէնով:
    Ճամբուն երկայնքին բլուրները խիտ կանաչով մը ծածկուած են. բուսականութեան մեծ մասը թէյի թուփեր են: Վերելքին շարժավարը ստիպուած է դանդաղեցնելու ինքնաշարժը` տեղ-տեղ դիմացէն եկողներուն ճամբայ տալու: Ճամբուն եզերքը կանգնած բեռնատարի մը ետեւ սովորականէն աւելի երկար կը սպասենք. ինքնաշարժին մէջ գտնուողները բան մը կը նկատեն եւ կը մտահոգուին: Պատճառը բեռնատարին ետեւը փակցուած գրութիւնն է` once vatan, այսինքն` «հայրենիքը առաջնահերթ»: Գրութեան տակը Ergonikon ստորագրութիւնը կայ, թուրք ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան անունը: Հէմշինլի մեր բարեկամները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ինչո՞ւ բեռնատարը այստեղ կանգ առած է, տէրը ո՞վ է, որո՞ւ քով եկած է…
    Վրացական սահմանին մօտ Քեմալ փաշա գիւղաքաղաքի փոքրիկ գիւղերէն մէկն է Քեոփրիւջին: Գիւղը հրապարակ չունի: Ճամբուն լայն բաժնին մէջ հին ջաղացք մը կայ, ուր նոր քաղուած թէյի կանաչ տերեւները մեծ սաւաններու մէջ կ՛ամփոփուին եւ կը ծրարուին` սպասելով բեռնատարին: Գիւղացիները վերադարձած են աշխատանքէն: Ոմանք թէյի տերեւներով լեցուն պարկերուն վրայ երկնցած` կը հանգչին: Ուրիշներ, տան մը մուտքին, իրենց կարմրաթուշ թոռնիկները կը գգուեն: Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ գիւղին բնակիչները «էրմենի» են եւ ոչ թէ` լազ կամ գիւրջիւ. փոքրիկ աղջկան մը կը հարցնենք.
    - Ինչպէ՞ս ես:
    - Պէտք իմ:
    Նոյն հարցումը կ՛ուղղենք տարիքոտ մարդու մը, որ թէյի պարկերը կը տեղաւորէ փոքր բեռնատար կառքի մը վրայ. կ՛ընկրկի, ապա թրքերէնով կ՛ըսէ.
    - Գիտեմ, թէ «պէտք իմ» պէտք է ըսեմ, բայց ես «էրմենի» չեմ, ես լազ եմ:
    Գիւղացիք ուրախ են, որ կը խօսինք լեզու մը, որ այդքան ալ խորթ չէ իրենց համար: Իրենք կը դժուարանան հայերէնով արտայայտուելու, բայց կը փորձեն.
    - Չայ խմինք:

    Հակառակ տօթին` տաք թէյ խմելու սովորութիւնը ընդհանրացած է համշէնցիներուն մէջ: Թէյի երեք տարբերակները` պարզը, նարինջի եւ կեռասի հիւթով պատրաստուածը, մէկէ աւելի անգամներ կը հրամցուին: Տեղացիներուն հիմնական մտահոգութիւնը տնտեսական տագնապն է, որուն անմիջականօրէն կ՛առնչուի իրենց գոյութեան պայքարը: Թէյի մշակութիւնը համշէնցիին եկամուտի հիմնական աղբիւրներէն մէկն է. սակայն վաճառականը քաղուած թէյին վճարումը կ՛ընէ փոխանակումով` իւղով, շաքարով եւ այլ պարէնով: Խոստացուած պարէնը յաճախ կ՛ուշանայ, իսկ առեւտուրին մէջ չարաշահութիւն տեւապէս կայ, ի վնաս գիւղացիին: Կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ թէյի բերքը իր միջնորդութեամբ գնել գիւղացիներէն, սակայն անտարբերութեան եւ անհոգութեան պատճառով գործառնութիւնը կ՛ուշանայ` պատճառ դառնալով հունձքի փճանալուն: Համշէնի փայտաշէն տուները, որոնք գեղեցկօրէն ցցուած կը մնան բլուրներու լանջին, հինցած եւ խարխլած են եւ նորոգութեան կը կարօտին, սակայն բաւարար եկամուտ չկայ նորոգելու զանոնք: Այստեղ ժողովուրդը լքուած կը զգայ ինքզինք. նոյնիսկ հալածուած` հինէն ի վեր: Կրօնափոխութիւնը կրցած է փրկել համշէնցին բնաջնջումէ, սակայն անոր դէմ խտրականութիւնը չէ դադրած. իսկ ան շարունակած է իր «կարծր գլուխ» յամառութեամբ արմատներուն կառչած մնալ: Իսլամութիւնը ընդունելով` մզկիթ շինած է, սակայն չէ մտած հոն աղօթելու. անուն փոխած է, թրքախօս դարձած է, սակայն բարբառը եւ սովորութիւնները չէ մոռցած:
    Կը սկսինք հասկնալ համշէնցիին տագնապը: Կ՛ըմբռնենք, թէ ինչո՛ւ մուխթարը եւ իր ընկերները յաճախ «սոսիալիստ», «մարքսիստ», «կոմունիստ» բառերը կը գործածէին իրենց խօսակցութեան մէջ, իրենց հարցերու լուծումը տեսնելով գաղափարական պայքարի մէջ: Գիւղացիներուն արծարծած նիւթերը, մեծերուն եւ փոքրիկներուն ձայները իրարու կը խաչաձեւեն: Ականջալուր կ՛ըլլանք երկու տարեցներու հետաքրքրական խօսակցութեան: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ.
    - Վերջերս շատ հայեր արտասահմանէն կու գան մեր շրջանը եւ կը հետաքրքրուին մեզմով. չըլլայ թէ մեր գլխուն փորձանք մը գայ:
    Իսկ միւսը կը պատասխանէ.
    - Ինչո՞ւ կը վախնաս, պիտի ջարդե՞ն, պիտի աքսորե՞ն մեզ. չեն կրնար:
    ***
    Խոփայի անշուք թաղի մը մէջ խորովածի իւրայատուկ ճաշարան մը կայ, Epage ocakbasi անունով: Այստեղ սեղաններուն վրայ կրակարաններ հաստատուած են, եւ յաճախորդներ իրենք կ՛եփեն մսեղէնը եւ կ՛ուտեն:
    Ճաշարանատէրը հէմշինլի է: Ան յատուկ սրամտութեամբ մը ճաշարանին տրուած անունը կը բացատրէ.
    - Աս հոմշէցմա, հոմշեցի լիզու է, ըսել է «էփա կէ», եփէ՛, կե՛ր:
    Այս բացատրութիւնը ստանալէ եւ մսեղէնները մեր ուզած ձեւով եփել-ուտելէ ետք տարբեր աչքով կը սկսինք դիտել Epage ճաշարանը, մանաւանդ երբ հէմշինլիներու հետ կենացներ կը փոխանակուին:
    - Հայաստանի՛ն կենացը:
    - Հայութեա՛ն կենացը:
    - Հէմշինլիներո՛ւն կենացը:
    Ներկայ երիտասարդներէն մին, չենք գիտեր` մաղթա՞նք մը, թ՞է մարտահրաւէր մըն է իր մեզի փոխանցածը, կ՛ըսէ.
    - Մենք հարո՛ւր տարի, էրկո՛ւ հարուր տարի, էրէ՛ք հարուր տարի մնացիր ինք հայ: Դուք ալ մեզ նման էրկար ժամանակ մնա՛ք հայ:

    9 սեպտեմբեր, 2011
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Ինչու՞ ենք մենք տառապում
    Հեղինակ՝ Philosopher, բաժին` Փիլիսոփայություն
    Գրառումներ: 8
    Վերջինը: 22.03.2010, 21:11
  2. "Մենք ու մեր մարմինը"
    Հեղինակ՝ Philosopher, բաժին` Գրքեր, հանդեսներ, թերթեր
    Գրառումներ: 7
    Վերջինը: 26.10.2009, 16:58
  3. Հոդված. Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 16.03.2009, 22:21
  4. Մենք ենք մեր սարերը...
    Հեղինակ՝ Philosopher, բաժին` Բլոգեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 13.07.2008, 14:20
  5. Երեխաները և մենք
    Հեղինակ՝ Black Orchid, բաժին` Հոգեբանություն
    Գրառումներ: 4
    Վերջինը: 20.11.2007, 11:55

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •