ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ
ԱՂԵՐՍ ԳԱՐՈՒՆԻՆ
Գարո՛ւն, սիրտիս սառոյցէն այլեւս ոչինչ կը հալի,
Երբ ճառագայթն արեւիդ՝ համբոյրներովն իր հպի։
Ձիւնն ալ՝ կատարս իմ ծածկող՝ կը մնայ միշտ ձիւնը նոյն՝
Բայց կը ցանկամ հոգեւին, որ դառնաս ե՛տ մեզի դուն։
Եթէ մեկնած իսկ ըլլամ, իմ թոռնիկներս են այստեղ,
Թոռնիկներու հետ ուրիշ՝ ըլլան թէեւ այլացեղ։
Եկո՛ւր ու բեր բոլորին երգ ու ծաղիկ, հաց ու ջուր
Ու թող սերմերն ընդհողեայ դառնան պտուղ քաղցրաբոյր։
Պարգեւներէդ հրճուաբեր չեմ սպասեր ես բաժին...
Ինչ որ դուն տալ կրնայիր՝ չեմ ես առած ատենին,
Ու մեղաւորն է լոկ ա՛յն, զոր կը կոչենք մենք երկիր,
Ուր կը տիրեն բաշխումի դեռ օրէնքներ անյարիր։
Բայց եկուր դուն, եկո՜ւր դուն, հագած շղարշ արեւի,
Խօսէ սիրտին ամէնուն՝ բառերով ջերմ բարեւի։
Թող մութ խորշերը բոլոր լեցուին լոյսով վերստին,
Ու նորոգուի, նորոգուի՜ օրէնքն այս հին աշխարհին։
Գարո՛ւն, գոյն ես դուն ու բո՜յր, ու դեռ կրնամ ապրի՜լ քեզ
Լեցուիլ նորոգ երգերով ու կաթոգին ու հրկէզ
Յանձնել զանոնք գալիքին, յոյսով մ՚անոյշ թէ անո՛ր
Կը շնորհեն թարմութիւն ու տեսիլքնե՜ր լուսաւոր։
10 մայիս 1990, Բեյրութ
****
ԼՈՅՍ՝ ԲԱՇԽԵԼԻ՜ ՏԱԿԱՒԻՆ
Երջանկութիւն է գիտնալ, թէ կայ հոգի մը փխրուն
Որ կը բուրէ քաղցրութիւն, երբ մտածէ քու մասին։
Իրմէ հեռու՝ չե՛ս տեսներ ծաղկափթթումն այտերուն,
Բայց բոյրն անոնց կը հասնի քեզի թեւովն երազին։
Վաղուց անցեր են օրերն հեշտագրգիռ համբոյրին,
Երազը բայց չի ճանչնար տեւողութիւն ու սահման,
Կա՛յծ մը միայն կը բաւէ, որ բռնկին վերստին
Սէրն ու կարօտն երբեմնի՝ մոխրադաշտի մը վրան։
Մօտեցեր է սիրտդ արդէն բաբախումին իր վերջին,
Վերարծարծած քու սէրիդ լոյսերուն դէմ պլպլուն՝
Մոռցիր այլեւըս, մոռցի՛ր կտրած ճամբադ քու մթին։
Մութէն էր որ ծագեցար, պիտի մութի՛ն դառնաս դուն...
Ինչ որ առիր ու տուիր ընդմէջէն զո՛յգ այդ մութին՝
Համարէ լո՜յսն այն որմէ կ՚ուզես բաշխե՜լ տակաւին։
23 յունիս 1990, Բեյրութ
****
ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ
Արտասուքի շիթէն ժպտող արե՛ւն եմ,
Բառի անտես ափսէներով արփային՝
Սիրտս աշխարհին մատուցանող բարե՛ւն եմ.
Ծարաւին դէմ կեանքի արտին, արօտին՝
Ամպէս յագո՜ւրդ տեղացող ես անձրե՛ւն եմ։
Եթէ այսօր փռուիմ գետին ես տապաստ,
Վաղը նորոգ խանդով կանգնող կորո՛վն եմ.
Պիտի երբե՛ք չկարենայ ուժգնասաստ
Շանթը բախտին վերածել զիս շոգիի.-
Իր մոխիրէն թռիչք առնող ես թե՛ւն եմ։
19 յուլիս 1978
****
ԱՅՑ ՀԻՆ ՊԱՐՏԷԶԻՆ
Նստած եմ մինակ ու մտիկ կ՚ընեմ
Ոտնաձայնը բութ՝ փախչող օրերուն...
Մեկնէին անոնք ձմրան հովին հետ
Ու դառնային ե՛տ, իբրեւ նոր գարուն։
Հունչն իսկ այս բառին կը տանի զիս ե՛տ,
Ու կը տեսնեմ ես պարտէզ մը հեռուն,
Ուր մանկութիւնս իմ թիթեռ մ՚էր անփոյթ,
Որ ծաղկէ ծաղիկ կ՚անցնէր օրն ի բուն։
Պարտէզը պատեց հրդեհ մը յանկարծ...
Բոցին մէջ որուն սուզուեցաւ անհետ
Մանկութիւնս իմ վաղ, դեռ նոր բացած թեւ,
Ու դարձաւ մոխիր՝ ծաղիկներուն հետ։
Հիմա որ ճամբո՛րդ մըն եմ յոգնաբեկ,
Ու դժուար կ՚առնեմ քայլերըս վերջին,
Ես միայն միտքո՛վ կ՚ըլլամ այցելուն
Իմ մանկութեանս հետ այրա՛ծ պարտէզին։
12 փետրուար 1991
ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆ



Մեջբերել