Էջ 1 2-ից 1 2 ՎերջինըՎերջինը
Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 10 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 11 հատից

Թեմա: Լեռ Կամսար երգիծաբանը եւ իր գործը

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Լեռ Կամսար երգիծաբանը եւ իր գործը

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ ԵՐԳԻԾԱԲԱՆԸ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ
    «Անվտանգ` ինչպէս հրդեհն արեւի,
    Անվնաս՝ ինչպէս օգտակար լորտուն,
    Վախ են ներշնչում պետութիւններին
    Մինչեւ իսկ իրենց կամքի հակառակ:
    «Արքաների հետ խօսում են «դու»ով,
    Եթէ, ի հարկէ, լսում են նրանց.
    Իսկ թէ չեն լսում՝ մէ՜կ է, չեն լռի,
    Կը խօսեն նոյնիսկ իրենց կօշկի հետ»։
    «Վարք Մեծաց», Պարոյր Սեւակ
    ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ
    ՈՒ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ...

    Շողշողուն ածականի մը փորձութիւնը չէ որ՝ վերնագիրիս մէջ՝ բերած-մուծած է «անկրկնելի» որակումը: Անկրկնելիութեան շեշտումը, Լեռ Կամսարի անունին դէմ, ընդհակառակը՝ լրիւ ուզուած է հոս, ստանձնուած - ընդդէմ զինք «ի մէջ այլոց» երգիծաբան մը նկատող հարեւանցի գնահատումներու:
    Որովհետեւ, կը հաւատամ, պէտք է ա՛լ անդրադառնանք ի վերջոյ, որ քաղաքական երգիծանքի, իմաստութեան եւ մարդկայնութեան քաջարի ախոյեան Յակոբ Պարոնեանէն ետք, յիսնամեակ մը հեռաւորութեամբ, մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնած է, անոր մէջ (աւելի ճիշդ, ափսո՛ս, անոր լուսանցքին վրայ - ինչպէս Պարոնեանը՝ ինք) ստեղծագործած է քաղաքական ու քաղաքացիական նո՛յն խիզախութեան, միանգամայն նո՛յն ողջախոհութեան տէր եւ նոյնքա՛ն հանճարեղ երգիծաբան, բնիկ վանեցի, եւ ապա Երեւան ու Սիբերիաներ ապրած Արամ Թոմաղեանը կամ Թովմասեանը, աւելի ծանօթ՝ Լեռ Կամսար գրչանունով:
    Եթէ առաջինը դիմագրաւած էր 19-րդ դարու հայ իրականութեան մէջ ու շուրջ ճարակող ախտերն ու բռնատիրութիւնները, ասպարէզ կարդացած՝ անոնց,- ապա երկրորդը՝ ապրած ու արտադրած է 1930-ականներէն սկսեալ ու մինչեւ 60-ականներու կէսի իր շիջումը, առաջինէն աւելի՛ եւս դաժան պայմաններու մէջ, անհաւատալի ուղղամտութեամբ ու յանդգնութեամբ, ամէն րոպէ հանդերձ ընտանեօք սովահարութեան ենթակայ, քանի՜ցս պարզ դիպուածով փրկուած ֆիզիկական «մաքրագործում»ի ստոյգ վտանգէ:
    Այս շեշտադրումները չեն միտիր ստորագնահատելու այլ գրագէտներ, յատկապէս երգիծաբաններ: Պարզապէս, Յ. Պարոնեան ու Լեռ Կամսար՝ ի տարբերութիւն սովորական «օժտուած» գրագէտներու՝ կը պատկանին ուրի՛շ մարդկային որակի, ստեղծագործական ուրի՛շ ստորոգութեան: Կը կանգնին իրենց աննման խիզախութեան եւ համապատասխանօրէն կրած հալածանքներու պատուանդանին վրայ: Այսքա՛ն միայն:
    Նմանութիւնները այնքա՜ն ուշագրաւ են կոթողական այս երկու դէմքերուն միջեւ, եւ այնքա՛ն խորքային: Անոնք կը բխին ըլլա՛յ անհատական-նկարագրային գիծերու նմանութենէ, ըլլա՛յ երկուստեք դիմագրաւուած կեանքի եւ պայքարի պայմաններու նմանութենէ: Այս երկու կարգի գործօնները արդէն կը գտնուին փոխադարձ սերտ գործակցութեան մէջ - այն չափով որ նկարագիրներ, թէեւ մասամբ բնածին, կարեւոր մասով մը սակայն կը դարբնուին նո՛յն այդ կեանքի պայմաններէն: Պարոնեան եւ Լեռ Կամսար ապրած են մնայուն պայքարի, մնայուն առճակատման կեանք մը. կեանք մը՝ ուր երգիծանքի բուռն, նշդրակային հարուածներու ոճ մը կը պարտադրէր ինքզինք, միանգամայն զիրենք դարբնելով իբր ամբողջական, միակտուր, սկզբունքային անձնաւորութիւններ: Ի տարբերութիւն, օրինակ, Երուանդ Օտեանի մը անհատականութեան ու ոճին՝ համեմատաբար մեղմ, հիւմորային, խուսափուն - երբեմն մինչեւ անկայունութիւն:
    Ի դէպ՝ մէկ նշում.- Կանխելու գնով հետեւող հպանցիկ ներկայացումը Լեռ Կամսարի գրականութեան հրատարակման պայմաններուն, պէտք է ի սկզբանէ ու տեւաբար նկատի ունենալ՝ այդ հրատարակման կիսկատար, ողբերգականօրէն աղճատուած վիճակը: Եւ յիշել ու արդէ՛ն շեշտել, որ ստալինեան գրաքննութեան դաժան մկրատները, սիբերիական թէ ներքին աքսորներու մէջ լռութեան դատապարտուած կեանքի քսանամեայ ամենաբեղուն շրջան մը, պարտիական գամփռներու թէ «գրչեղբայր» բորենիներու շղթայազերծած անգութ հալածանքները, մառաններու հողին տակ կճուճներու մէջ թաղուած ու մասամբ փտած-փճացած ձեռագիրներու ոդիսականները անբաժան են եղած լեռկամսարեան գողգոթայէն: Մեզի ծանօթ իր գործը անկասկած մէկ մասն է միայն իր վաստակի ամբողջութեան (յաճախ նաեւ հում վիճակի մէջ, հեղինակային գուրգուրոտ սրբագրութիւններէ, յղկումներէ ալ զուրկ մնացած), ինչպէս անկէ յառնող գրական դիմագիծը մէկ մասն է իր ամբողջական դիմագիծին: Առանց մոռնալու կորսուածը, մենք ստիպուած ենք յղուիլ տրուածին, անծանօթ ամբողջութեան մը մեզի աւանդուած ծանօթ այդ մնացորդին...
    Ապա, այս սիւնակին մէջ խուսափելով հանդերձ Լեռ Կամսարի գրականութեան մասին ըստ էութեան խօսելէ, կ՚արժէ ընել Յ. Պարոնեանի հետ այս խոր առնչութիւնները աւելի եւս բացայայտող քանի մը նշում:
    Նախ, այս երկու պայքարողներուն համար՝ խառնուածքի ե՛ւ գրականութեան հիմնական մարզ է եղած քաղաքականը: Իւրաքանչիւրը իր ժամանակին ու պայմաններուն յատուկ ձեւով ու կեցուածքներով՝ դիրքորոշուեր են՝ ե՛ւ հայ ընկերա-քաղաքական իրականութեան ներքին ու արտաքին երեսներուն, հիմնահարցերուն հանդէպ, ե՛ւ շրջանային-միջազգային քաղաքական իրադրութիւններու հանդէպ. ու ասիկա միշտ՝ գաղափարական-սկզբունքային հիմունքներու վրայ:
    Այսպէս, Պարոնեան հիմնական տեղ տուած է հայ իրականութեան ներքին թէ արտաքին խնդիրներու արծարծումին, նաեւ յաճախ իյնալով գրաքննիչի խափանիչ հարուածին տակ, երբեմն ալ դիմելով այլաբանական ոճի, կամ պարզապէս օգտագործելով արտասահմանեան (անդրկովկասեան) հայ մամուլը: Միջազգային քաղաքականութեան մարզին մէջ, ծանօթ են իր գաղափարական-սկզբունքային անխնայ պայքարի ելոյթները՝ ոչ միայն ընդդէմ «Եւրոպայի հիւանդ մարդուն»՝ Օսմանեան Թուրքիոյ, այլեւ այդ «հիւանդ»ին տկարութիւններն ու ախտերը շահագործող, քաջալերո՛ղ կայսերապաշտ Արեւմուտքի պետութիւններուն:
    Նոյնքան հիմնական է եղած Լեռ Կամսարի մօտ քաղաքական այս ջիղը, եւ իր գրականութեան մէջ՝ քաղաքական մարզի գրաւած տեղը: Նոյնիսկ եթէ հոն՝ առիւծի բաժին խլած են, հասկնալի պատճառով, համայնավարութեան եւ խորհրդային վարչակարգի քննադատութիւնը, դատափետումը, անվերադարձ դատապարտումը: Այսուհանդերձ, համաշխարհային քաղաքական իրականութիւնը եւս, պարբերաբար, արձագանգ գտած է լեռկամսարեան գրականութեան մէջ, բնականաբար իր ժխտական երեսներով դառնալով անոր հարուածներուն թիրախը:
    Ինչպէս Յ. Պարոնեանի պարագային, Լեռ Կամսարի մօտ եւս՝ քաղաքական-քաղաքացիական այս գիտակցութիւնն ու պայքարի ջիղը խարսխուած են եղած մարդկայնութեան, բարոյականութեան անխախտելի հիմքի մը վրայ. ասոր համար կը բաւէ աչք մը նետել հայրենի մեծ երգիծաբանի կենսագրական գողգոթային, ապա իր մասին տրուած միահամուռ վկայութիւններուն: Մարդկային-բարոյական անձի այս խիտ ներկայութիւնը, էական միջուկը պարզապէս «սպասելի» մը չէր պայքարող քաղաքացի-երգիծաբանին մօտ. անիկա անխուսափելի էր, անհրաժեշտ: Ինչպէս Պարոնեանի համար, հոս եւս քաղաքացի-երգիծաբանը, իր գաղափարներու անսակարկ յանձնառու զինուորը՝ միայն ամբասիր, միայն խորապէս ու անկաշառօրէն մարդկային կրնար ըլլալ:
    Ուշագրաւ եզր մը եւս նմանութեան՝ Յ. Պարոնեանի հետ՝ Լեռ Կամսարի մօտ ներկայութիւնն է գրականութեան, առհասարակ արուեստի ընդհանրական պատկերացումի մը, ըսենք՝ գոնէ ներյայտ արուեստի փիլիսոփայութեան մը, գեղագիտութեան մը գլխաւոր տարրերուն: Այս իրողութիւնը եւս կրնայ ինքնին հասկնալի թուիլ (ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը ստեղծագործ գրագէտներ են): Բայց ե՛ւ Պարոնեանի, ե՛ւ Լեռ Կամսարի պարագային, անիկա կ՚երեւի շատ աւելի՝ իբր մէկ մասը իրենց ընդհանրական գաղափարական աշխարհին, քան արտահանուած իրենց «զուտ» գեղարուեստական գործերէն, որոնք -ի դէպ- հեռու են իրենց մեծութիւնը կերտող էջերը ըլլալէ: Եւ արդէն՝ գաղափարական աշխարհէ զուրկ երգիծաբաններու մօտ չէ որ կը հանդիպինք այս ոլորտին:
    Տակաւին, բնորոշ է, հայ երգիծանքի այս երկու հսկաներուն համար ալ, որ կենցաղային թեմաթիկայով իրենց գործերը իրենց դրսեւորման ամենայաջող, ամէնէն ուժեղ մասը չէ որ կը կազմեն: Պարոնեանը երգիծանքի հսկայ դարձնողը «Քաղաքավարութեան վնասները» չեն, ոչ ալ՝ նոյնիսկ՝ շատ ժողովրդական «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ն ու «Պաղտասար աղբար»ը. այլ մանաւանդ՝ «Ազգային ջոջեր»ը, «Ձեռատետր»ը, «Մեղու»էն ու «Թատրոն»էն եկող էջերը: Լեռ Կամսարի արտօնեալ հրատարակութիւնները, նոյնպէս, իբր առաւելաբար կենցաղային թեմաթիկայով ժողովածուներ՝ կը բնորոշուին գրաքննութեան առջեւ անխուսափելի համակերպումի դիրքով, եւ զիջումներ են, նահանջներ՝ իր էական քաղաքական-քաղաքացիական պայքարողի կերպարէն, այնպէս՝ ինչպէս անիկա երեւան պիտի գար խորհրդային համակարգի փլուզման անմիջական նախօրեակին, ապա մանաւանդ՝ աւելի ետք:
    Հոս պէտք չէ՞ նաեւ յիշել այն հիանալի էջերը, որ Լեռ Կամսար նուիրած է Պարոնեանի, կամ ուր օգտագործած է Պարոնեանի կերպարն ու յիշատակը՝ իր քաղաքական-քաղաքացիական երգիծանքին շառաչուն ականներէն մի քանին պայթեցնելու համար: Այսպէս, «Պարոնեանը Հայաստանում» տոմսը, որուն իւրաքանչիւր տողը կը վկայէ «Ջոջեր»ու հեղինակին հանդէպ պաշտամունքի հասնող համարումէ մը, հոգեհարազատութենէ մը. բայց միանգամայն կը բերէ եւ անվիճելի հաւաստիքը, թէ՝ Պարոնեանը Հայաստան հրաւիրող իր հոգեզաւակը հանճարեղ երգիծաբան է, իրեն դասակից...:


    ... ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՄԱՆ
    ՆՈՅՆՔԱՆ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


    Արդէն կրնանք հիմնական այս բնորոշումներուն յանգիլ՝ մեկնելով Լեռ Կամսարի հրատարակուած գործերէն: Խորհրդային վարչակարգի տակ ապրած իր աւելի քան քառասուն տարիները կը նշուին չորս ժողովածուներով՝ «Անվաւեր մեռելներ», «Ազգային այբբենարան», «Վրիպած արցունքներ» եւ «Գրաբար մարդիկ», յաջորդաբար՝ 1924-ին, 1926-ին, 1934-ին եւ... 1959-ին: Այս գործերը, բոլորն ալ խնամքով «ականազերծուած» Պետհրատի գրաքննութեան նախանձախնդիր փոյթով, անշուշտ մասնակի պատկեր մը տալու էին միայն՝ լեռկամսարեան պայթուցիկ երգիծանքէն: Առաջին երեքը, արդէն օրին՝ հեղինակի ձերբակալման-բանտարկման պահուն արգելքի տակ դրուած, պիտի չքանային հրապարակէն՝ նաեւ անշուշտ զրկուելով վերատպումի ամէն առիթէ: Չորրորդը՝ «Գրաբար մարդիկ»ը, միակ գործը, որ հեղինակի աքսորէ դարձին ու իր ողջութեանը հրատարակուեցաւ, ինչպէս ճշդեցի՝ 1959-ին, գրեթէ բացառաբար կենցաղային երգիծանք կիրարկող՝ կը հաստատէ այդ ականազերծումն ու անվնասութիւնը, հեռաւոր գաղափար մը միայն տալով երգիծաբանի իսկական դիմագիծին մասին:
    Հինգերորդ ժողովածուն՝ «Մարդ տանու շորերով», 1965-ին, արդէն տպուած-պատրաստ, վերջին պահու իր խափանումով (պարտիական-մաֆիական ինչ որ իշխանիկի մը միջամտութեան հետեւանք) մահացու հարուածը պիտի տար ծեր ու հիւանդ գրագէտի կեանքին, առաջացնելով կաթուած, ապա եւ, քանի մը օր անց, անխուսափելի դարձած մահը...
    Բանասիրական համեմատութիւններով միայն երեւան կրնայ գալ, եւ Լեռ Կամսարի հարազատներուն (յատկապէս իր թոռնուհիին՝ Վանուհի Թովմասեանի) ունեցած տուեալներու քննութեամբ, թէ յիշեալ ժողովածուն ի՛նչ վիճակի մէջ եւ ճիշդ ե՛րբ իրապէս լոյս տեսաւ, բաշխումի անցաւ՝ երգիծաբանին դժբախտ մահէն ետք...
    Լեռ Կամսարի անխառն եւ անեղծ դիմագիծը երեւան բերող առաջին հրատարակութիւնը, իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ՝ 1988-ին, կատարուեցաւ Երեւանի մէջ, մինչ արդէն հասունցած փերեսթրոյքան մեծ մասամբ խախտեր էր վարչակարգի բնորոշ ճնշիչ կառոյցները: Ուշացած այս ճանաչումին պատիւը կ՚երթայ՝ երբեմնի իր հիւրընկալին, հարկադրաբար ժլատ բայց կարելին չխնայող երգիծաթերթ «Ոզնի»ին, ապա եւ «Գրական թերթ»ին: Նոյն տարին, «Սովետական գրող»ը լոյս կ՚ընծայէր աւելի քան 500 էջնոց ծաւալուն հատոր մը՝ «Երկեր» խորագրին տակ, երկար վերլուծութեամբ մը ներածուած (Վահրամ Մակարեանէ):
    Քանի մը տարի ետք, Բեյրութ՝ 1994-ին, «Շիրակ» հրատարակչատունն էր որ, Կ. Հաննէսեանի գուրգուրոտ նախաձեռնութեամբ, լոյս կ՚ընծայէր վերը նշուած երկու թերթերու այդ բացառիկ թիւերուն նիւթերը՝ բազմաթիւ անտիպ էջեր եւ Լեռ Կամսարի յիշատակին նուիրուած վկայութիւններ: Աւելի ուշ՝ կը հրատարակուէր օրագիրին մէկ փոքրիկ մասը՝ «Կարմիր օրեր» տիտղոսին տակ («Նայիրի» հրատ., Երեւան, 2000 թ.):
    Վերջերս, յաջորդաբար հրատարակուեցան՝ փոքրածաւալ «Սաստիկ կոմունիստներ» պարսաւ-կատակերգութիւնը, որուն արժէքը, լեռկամսարեան գրականութենէն թատերգական հազուագիւտ (ու գրականօրէն ոչ այնքան շահեկան) նմուշ մը տրամադրելէ աւելի՝ իր յառաջաբանին մէջ է՝ զօրեղ շեշտերով կտակ-պատգամ մը. ապա վերջապէս՝ «Մահապուրծ օրագիր»ը, որ կը պարփակէ երգիծաբանին կեանքի ամենաբախտորոշ մէկ տասնամեակի (1925-1935) օրագրային նոթերը, նաեւ, շնորհիւ հրատարակիչ թոռնուհիին՝ Վանուհի Թովմասեանի յառաջաբանին - միանգամայն սրտառուչ յիշատակարան՝ մարդուն եւ գործին ապրած կրկնակ գողգոթային նուիրուած, թանկագին վկայութիւններով ու տեղեկութիւններով:
    Շատ բան յայտնաբերման կը կարօտի Լեռ Կամսարի վաստակի տպուած մասին եւ մանաւանդ դեռ անտիպներուն առնչաբար, ապա եւ իր տառապալի ու բազմակնճիռ կեանքի պատմութեան շուրջ, սկիզբէն մինչեւ աւարտը: Նոյնիսկ իր վերջին տարիներուն՝ ան պիտի ապրէր կեանք խաւարեցնող կաշկանդումներ, իր բառով՝ մարմնական աքսորէն ետք «հոգիի տաժանակրութիւն», որոնց պիտի գային աւելնալ դեռ ա՛յլ դրուագներ, ինչպէս օրինակ՝ թղթակցային կապը ամերիկահայ գրասէր Սիմէոն Կիւլոյի հետ... իր ոստիկանական-ողբերգական յանգումով(*):
    Թաղուած կճուճներէ եւ այլ թաքստոցներէ լոյս աշխարհ եկած «տետրակ»ները երբեմն դժուարընթեռնելի կամ անընթեռնելի դարձած են, ըստ Վանուհի Թովմասեանի վկայութեան, եւ յանձնուած՝ Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի խնամքին: Ընթեռնելիներէն մաս մը (?) կազմած է՝ արդէն նշուած «Մահապուրծ օրագիր»ը («Լուսաբաց» հրատ., Երեւան, 2008), հրատարակուած՝ փարիզաբնակ վանեցի Կարպիս Ջրբաշեանի մեկենասութեամբ:
    Լեռ Կամսարի անտիպներուն ո՞ր մասը լոյս տեսած է արդէն. ի՞նչ բան կը մնայ անտիպ, հրատարակուելու յարմար, ընթեռնելի վիճակի մէջ: Բնագրային ի՞նչ քննութիւններ, ի՞նչ աշխատանքներ անհրաժեշտ են անոնց հրատարակման համար: Հին գործերու ո՞ր մասը վերհրատարակուած է 1988-ի «Երկեր»ուն, տակաւին կաշկանդումներէ ոչ-լրիւ զերծ այդ հրատարակութեան մէջ: Որքանո՞վ կը դրուի հարցը նոր վերհրատարակութեան (կամ ծաւալուն հատընտիրի մը պատրաստութեա՞ն): Ո՞վ պիտի մտածէ, ընտրութիւններ կատարէ ու որոշումներ կայացնէ, նախաձեռնէ ու հոգայ...: Ո՞վ պիտի ուսումնասիրէ, եւ՝ հպանցիկ արժեւորումներէ անդին՝ հանգամանօրէն վերահաստատէ Արամ Թոմաղեան-Լեռ Կամսարը մեր գրականութեան մեծերու պանթէոնին մէջ, իր հոգեհայր-հոգեղբայր Յակոբ Պարոնեանի կողքին, անոր հաւասար: Իր անդրիին տակ փորագրելով նո՛յն Պարոնեանի հուսկ պատգամը, որ լրիւ կը պատշաճի իրեն եւս. «Պիտի հալածուիմ, պիտի ծեծուիմ: Վնաս չունի. Սոկրատ ալ հալածուեցաւ: Ապագայ սերունդը պիտի անմահացնէ իմ անունս»:

    * Լեռ Կամսարի առաջարկով եւ 60-ականներու սառցահալէն քաջալերուած Երեւան այցի եկած այս գրասէրը կասկածելի պայմաններու տակ մեռած պիտի գտնուէր երեւանեան հիւրանոցի իր սենեակին մէջ, ծերունի գրագէտը ընկճելով բարոյական պատասխանատուութեան մը յաւելեալ բեռին տակ...
    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ


    Նոր լոյս տեսած «Ազդակ-Գրական»ի այս տարուան առաջին համարը, ուր Լեռ Կամսարի թոռնուհին, լեռ-կամսարագէտ Վանուհի Թովմասեան նշանաւոր երգիծաբանին նուիրուած բացառիկին առիթով կատարած է լրացումներ ու հաստատումներ, որոնց հետ խմբագրութեան տրամադրութեան տակ դրած է նաեւ նոյնպէս շահեկան առանձին գրութիւններ։
    Երկար չսպասելու համար այս վերջիններուն, օրաթերթի խմբագրութեան հետ խորհրդակցաբար նպատակայարմար համարուեցաւ միաժամանակ այս էջերուն մէջ ու յաջորդաբար լոյս ընծայել զանոնք այն վստահութեամբ, որ իրենց բովանդակած ճշմարտութեամբ մեծ բաւարարութիւն պիտի պատճառեն ընթերցողին։
    Ա.

    Հայ իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնն եղել է
    այն, ինչ Մամիկոնեան նախարարութիւնը հնում։
    Այսինքն։
    Երբ հայ ազգը իր ամէն տեսակի նեղութեան մէջ
    օգնութեան է կանչել, անմիջապէս իր սուրն առած
    նրան օգնութեան է փութացել՝ չխնայելով իր կեանքը։
    Նրանք, ովքեր իրենց ոխերիմ թշնամիներն են համա-
    րում Դաշնակցութեանը, մոռանում են, որ իրենք միա-
    ժամանակ թշնամի են համարում նաեւ հայ ժողովրդին։
    Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հայութիւնն է իր անխախտ
    համոզմունքով..
    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ



    Լեռ Կամսարն իր կեանքի ընթացքում տեսել է հինգ վարչակարգ ՝սուլթանական, երիտթուրքական, ցարական, դաշնակցական եւ բոլշեւիկեան։
    Անաչառ երգիծաբան լինելով՝ բնականաբար քննադատել եւ ծաղրել է բոլոր իշխանութիւնների թերութիւններն անխտիր։
    Իսկ ինչպիսի՞ն էր իշխող կառավարութիւնների վերաբերմունքը՝ առ խիստ ընդդիմադիրը։
    Գաղտնիք չեն մեծ երգիծաբանի հալածանքներն ու լլկանքները բոլշեւիկեան օրօք։
    «Ամէն քիչ թէ շատ բարեկարգ դեղատուն յատուկ շշերի մէջ շատ խնամքով տզրուկներ է պահում հիւանդ մարդկանց կեղտոտ արիւնը քաշելու համար։
    Գրականութեան մէջ «տզրուկը» երգիծաբանն է։ Այո՛, մի տեսակ բարոյական տզրուկ, որ փակցնում են հիւանդներն իրենց մարմնի ուռած տեղերը՝ անառողջ արիւնը քաշելու համար։
    Այդ «տզրուկը» հայ գրականութեան մէջ ներկայումս ինձ են համարում մեր գրական քննադատները, չգիտեմ՝ դժբախտաբար ասեմ, թէ՝ բարեբախտաբար։
    Նախկին քաղաքական կուսակցութիւնները շատ սիրով էին հիւրընկալում ինձ։ Դաշնակցութիւնը ինքն իր ձեռքով էր փակցնում իր հիւանդ տեղերին ինձ, եւ ես ձեռաց առողջացնում էի նրան։
    Իսկ բոլշեւիկ կառավարութիւնը տզրուկի հետ բոլորովին արանք չունի։ Նա 35 թուին ինձ բռնեց եւ մեղադրելով, որ ես որպէս թէ հիւանդ արեան հետ իր առողջ արիւնն էլ եմ ծծում եւ նպատակ ունեմ մեռցնել իրեն, Սիբիր ուղարկեց, որ գնամ «սատկեմ»։
    Ա՜յ մարդ,- ասում եմ իմ դատաւորին,- ինչո՞ւ էք ինձ զրպարտում, ձեր մարմնի մէջ մաքուր արիւն ե՞րբ է գոյութիւն ունեցել, որ ես ծծեմ. ձեր ունեցածը միայն ոճրագործի կեղտոտ արիւն է եղել, եւ՝ այնքան շատ, որ աշխարհի բոլոր տզրուկներն էլ եթէ ծծեն, երբեք չի վերջանայ։
    - Չէ՛, ասում է,- դու այդպէս ես. քեզ պիտի աքսորենք։ Եւ աքսորեցին։
    Ո՜վ աստուածային դատաստան... ինձ աքսորեցին 1936-ի աշնանը, 37-ին մէկ էլ տեսանք բոլշեւիկեան կառավարութեան մարմինը ուռաւ, թարախակալեց, ու ազգաբնակչութիւնը բխկբխկալեն սկսեց դէպի «հեռաւոր հիւսիս» հոսել կամ տեղն ու տեղը գնդակահարուել։
    Հաւանաբար վէրքը ուղեղին էր հասել։
    Էդ էր ու էդ։ Ինձ աքսորելու տարուանից լաւ օր չի տեսել բոլշեւիկեան կառավարութիւնը։ Մի օր աջ թեքման, միւս օր ձախ թեքման մէջ ընկնելով՝ քարշ է տալիս իր հիւանդոտ գոյութիւնը, մինչեւ կոմունիզմին հասնի ու մեռնի...»։
    Հիմա դառնանք Դաշնակցութեանը, տեսնենք՝ նա ինչպէ՛ս էր կլլում երգիծանքի դառը դեղահատը։
    Երգիծաբանը բազմաթիւ մանրապատումներ ունի, ուր սուր ծաղրի ու քննադատութեան է ենթարկում Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպարի ազգային պատուիրակութիւնների գործունէութիւնը, ծովից-ծով Հայաստանի պահանջները եւ ազատ Հայաստանի վրիպումները։
    «Քաղաքացիք, կը յիշէ՞ք, կամ լսած կա՞ք, որ Հայաստանը կամ այն երկիրը, ուր հիմա կ՚ապրինք, երբեւէ «միացեալ ու անկախ» եղած ըլլայ։
    «Միացեալ եւ անկախ»՝ չէ, բայց «մոռացեալ եւ առկախ» Հայաստան մը կը յիշեմ։ Այդ ասկէ մօտ 10 տարի առաջ էր։ Երբ շերտ մը հող մնաց մէջտեղ... մոռացմամբ, ու հայ «կառավարութիւնը» 3 տարի շարունակ այդ շերտը ուսին ձգած՝ ման եկաւ մեծ պետութեանց դուռներն, ոչ մէկը վրան չնայեց, այդ պատճառով ստիպուած ինքն սկսեց «կառավարել»։
    Իսկ գալով մայիսի 28 «աքթ»ին, ան ալ սապէս պատահեցաւ, 12 տաճկահայ վարժապետներ, երբ պառլամենտի առջեւէն կ՚անցնէին, յանկարծ անձրեւն սկսեց ու չթրջուելու համար պառլամենտը մտան։
    Ահա բոլորը։
    Բայց դուք նայեցէք, թէ սա զոյգ առտնին անցքերու վրայ ի՞նչ առասպելներ է յօրինէր արտասահմանի ազգասէր մամուլը։
    Մայիսի 28-ին, ուր երկու դաշնակցական է գոյութիւն ունեցէր, հոն «միացեալ ու անկախ» է խաղցուեր։ Իսկ մեր դաշնակցական գտնուած երկրին մէջ ալ տեղացի մէկը հրաւիրուած է՝ տանել մէկ դերը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Վահրամ Փափազեանը ֆրանսերէնով Օթելլօ կը խաղայ ռուս խումբերու հետ։
    Մենակ այդ չէ։
    Վրացեանը 500 երեսնոց պատմութիւն է գրեր այդ Հայաստանին մասին. պատմութիւն մը, որուն առջեւ կը նսեմանան, ամենայն հաւանականութեամբ, Խորենացիին ու Փաւստոս Բիւզանդին բոլոր առասպելները»։
    Կամ՝
    «Ի՞նչ մեծ գործ է անկախութիւն ուզելը,- դաշնակի՛ցք, ֆալա՛ն կամ ֆալանքեաս, մեզի անկախութիւն տուէք։- Պրծաւ գնաց։ Ատիկա ըսելու համար պէտք է քսանվեց հոգի՞ եւ քսանվեցն ալ կնիկնին հետներնին տանեն։ Ինչո՞ւ, ջանըմ, ինչո՞ւ։ Եւ տեսէք՝ ուզածներն ալ ինչպէս կ՚ուզեն։
    Կ՚երթան Ֆրանսիոյ դուռը կը զարնեն, թէ մեզի անկախութիւն տուր։ Ֆրանսիա թէ՝ ե՞րբ,- թէ դեռ՝ մի՛ շտապէք, նոր ենք եկեր։ Ո՞ր օրուայ համար պատրաստենք։- Ձեզի կ՚իմացունենք։ Ու կանանց հետ թեւանցուկ պատուիրակներդ կ՚երթան ճաշարան ուտելու, քաֆէն՝ խմելու, թատրոն՝ յուզուելու, սինեմա՝ դիտելու, մուզէյ՝ հիանալու, Էյֆելի աշտարակը՝ մաքուր օդ ծծելու ու պալատը՝ պառկելու։ Օ՛խ, պապամ, օխ... Բայց չկարծես մոռցան անկախութեան հարցը, ո՛չ։ Ամիս մը ետք նորէն կ՚երթան կառավարութեան դուռ...»։
    Եւ կամ՝
    «Էքստերիտորեալ Հայաստանին» ծրագիրը, որ այսօր կը յղանայ Աղբալեանը Եգիպտոսին մէջ, ոչ այլ ինչ կը նշանակէ, եթէ ոչ՝
    - Ամէն այն տեղուանք, ուր տիար Աղբալեանը ոտք կը կոխէ, Հայաստան կը կոչուի։
    Մինչդեռ սխալմամբ հայ պատմագիրներն ըսեր են, թէ Հայաստան կը կոչուի այն երկիրը, ուր ծներ է հայ ժողովուրդը...
    Տեսա՞ք սխալը։
    Բայց նայինք, ինչ պիտի ըլլայ սա «էքստերիտորեալ Հայաստան» ըսածդ բանը։
    Մենք գիտենք, որ պետութիւն մը կազմելու համար հարկաւոր է ամէնէն առաջ ինվենտար,- մինիստրներ,- դեսպաններ - հատ մըն ալ Ահարոնեան։
    Ունի՞ «էքստերիտորեալ» պետութիւն կազմող գաղութահայն այս բոլորը։
    Պատասխանը դրական է։
    - Ունի, այո՛, ու բան մըն ալ աւելի ունի։
    «էքստերիտորեալ Հայաստանը», օրինակ, կրնայ հաստատուիլ նաւու մը մէջ, նաւն ալ դրուի խոշոր ովկիանոսի մը վրայ, որով «ծովէծով» Հայաստանին լոզունգն աւելորդութիւն կը դառնայ։ (Պայմանով սակայն, որ այս անգամ ալ «ցամաքեցամաք» լոզունգը մէջտեղ չիյնայ)։
    Սա շարժական Հայաստանը կրնայ իր կեանքն անցունել Եւրոպիոյ ամարանոցներուն մէջ ու գաստրոլներով Խորհրդային Հայաստան այցելել։ (Ինչպէս կ՚ընէ այսօր Ռոստովի օպերետային խումբը)։
    Վերջապէս ի՞նչ ըսեմ. պետական այս ձեւը խիստ յարմար ձեւ մըն է։ - Աղբալեանն ուր՝ Հայաստանն իր հետ»։
    Ի տարբերութիւն շատ քաղաքական կուսակցութիւնների, Դանակցութիւնը իր դէմ գրուած բոլոր ֆելեթոներն ընդունում էր ինքնաքննադատօրէն, իսկ Լեռ Կամսարին, ով ծաղրել է նրանց բոլոր սրբութիւնները, մտերմաբար եւ սիրով։
    1918 թ., երբ Դրոն Լեռ Կամսարին տեսնում է Սարիղամիշի ճակատամարտի համար հաւաքագրուած մարտիկների մէջ, ասում է.
    - Ա՛յ մարդ, դու էստեղ ի՞նչ գործ ունես, գնա գործիդ՝ քու գործը գրելն էօ։ Բա որ քեզ մի բան պատահի, մեզ ո՞վ պիտի ծաղրի։ Եթէ դու զոհուես, մենք ազգի առաջ պարտական կը մնանք։ Քո պայքարը ժողովուրդի համար գրելն է, քո զէնքը՝ գրիչդ։
    Դաշնակցութեան կառավարման տարիներին երգիծաբանին բազում անգամ առաջարկւում էր դառնալ պառլամենտի անդամ, որը սակայն մերժւում էր։
    Բայց արի ու տես, որ Լեռ Կամսարը հետեւողականօրէն շարունակում էր թերութիւններ փնտռել իր բարերարների գործունէութեան մէջ։
    «Ես կանգնած եմ բոլշեւիկեան դաշնակցական կուսակցութիւններէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ։ Իմ գրուածքներէն մեծ մասը Դաշնակցութիւնը կը ծաղրի. սակայն ոչ անոր համար, ի հարկէ, որ պոլշեւիկները պակասութիւն չունեն, այլ որովհետեւ վերջինս առայժմս պակասութիւն չի ուզեր ունենալ... հրապարակուած։
    Ես իմ գրական գործունէութեան ողջ տեւողութեանը Դաշնակցութեան հասցէին անուշ խօսք մը ըսած չունիմ. բայց Դաշնակցութիւնը մէկ ժամուայ մէջ ինձ պաշտօն տուաւ. բան մը, որ կոմկուսակցութիւնը վեց տարուայ մէջ չկրցաւ ընել։ Դաշնակցութիւնը հարիւրաւորներ իր կուսակցութենէն դուրս թողուց եւ ինձ պաշտօն տուաւ. կոմկուսակցութիւնը կը սպասի, որ իր վերջին պիյոները պաշտօնի անցնի, նոր աւելցուկը տայ ինձ։
    Աշխարհիս սկիզբէն չի պատահած, որ ճշմարտութիւնը որեւէ կուսակցութեան քովն ըլլայ ամբողջովին։
    Եթէ հակառակը պնդենք՝ ըսելով, թէ ճշմարտութիւնը բոլշեւիկներու քովն է, պիտի հարցունեմ.
    - Բոլշեւիկներէն առաջ ճշմարտութիւն չկա՞յ այս աշխարհիս մէջ։
    Ճշմարտութիւնը ես միշտ երկու կուսակցութեանց մէջտեղն եմ փնտռած ու միշտ ալ գտած»։
    Ստալինեան ճամբարներից վերադառնալուց յետոյ, երբ խորհրդային Հայաստանի բոլոր խմբագրութիւնների եւ հրատարակչութիւնների դռները փակուել էին Լեռ Կամսարի առջեւ, եւ նա փաստօրէն դատապարտուել էր դանդաղ գործող մոռացութեան, արտերկրի դաշնակցական մամուլը հրատարակում եւ վերահրատարակում էր իր «ապերախտ որդու» շատ գործեր։ Եւ որպէսզի երգիծաբանի գրական արխիւը ոչնչացումից փրկուի (քանզի Չեկան մի քանի անգամ բռնագրաւել էր այն). ՀՅԴ-ն սկսեց բանակցութիւններ վարել գրողի հետ՝ գրական ժառանգութիւնը արտասահման տեղափոխելու եւ հրատարակելու համար։ Այդ կապակցութեամբ հեռաւոր Բոստոնից Հայաստան ժամանեց յայտնի լրագրող Սիմէոն Կիւլոն։ Բայց դէ խորհրդայինների գաղտնի ծառայութիւնները հո քնա՞ծ չէին։ Տարաբախտ լրագրողը անսպասելի «յանկարծամահ» եղաւ «հիւրանոցի իր համարում...
    1965 թ. նոյեմբերի 22-ին, երբ դադարեց բաբախել տանջահար երգիծաբանի սիրտը, միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հեռաւոր Ամերիկայում մատուցեց արժանին իր ազգի արժանաւոր զաւակին՝ հոգեհանգիստ կատարելով հայկական եկեղեցում։
    Մայր հայրենիքում իշխանութիւնները նոյնիսկ չնկատեցին այդ կորուստը, իսկ մահացել էլ Մեծ Երգիծաբան...
    ՎԱՆՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Լեռ Կամսար երգիծաբանը եւ իր գործը

    ԼՈՒՍԱՆՑՔԷՆ` ԴԷՊԻ ԷՋ ՈՒ ԲՆԱԳԻՐ
    (ՓԱԿԱԳԻԾ ՄԸ)

    ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԱՍԵՂ` ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐԷՆ
    Ա.

    Վերջերս, այս սիւնակագլուխին տակ առիթը ունեցայ Լեռ Կամսարի մօտ շեշտելու՝ մարդու եւ երգիծաբան-գրագէտի բացառիկ ու կրկնակ արժանիքներ - արդէն մէկը միւսով պայմանաւորուող` հասկնալիօրէն:
    Ասոնցմէ՝ հանրային-մշակութային յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լեռ Կամսարի իբր ճառագայթուն միտք եւ բազմակողմանի երգիծաբան արժեւորումս, որ՝ կը թուի՝ որոշ վերապահութիւն արթնցուցած է ոմանց մօտ, որոշ առարկութիւններու տեղիք տալով: Ուրիշներ կը մղուին փորձութեան -նոյն շփոթին մէկ ա՛յլ դրսեւորումը- զինք դնելու քովը երկրորդ խաւի շարքային երգիծաբաններու («հնակարկատ երգիծաբան»ներու՝ կամսարեան բնորոշումով մը...), կամ այս վերջինները ամէն գնով յիշատակելու իր առիթով եւ իր հետ...: Այսպիսի իրողութիւն մը, հաւանօրէն, վերագրելի է եթէ ոչ գրական չափանիշներու խախտումի մը (հոս նաեւ՝ թերեւս՝ մարդկային-բարոյական չափանիշներու), ապա գոնէ՝ վաստակի անբաւարար ծանօթութեան, եւ յարակցաբար՝ անպայման տեսակէտ յայտնելու անհամբերութեան...:
    Ուրեմն, բացառապէս անօգուտ չեմ համարեր հոս՝ այս սիւնակով կատարած արժեւորումներս հիմնաւորելու փորձ մը - սակայն պարզապէս ներկայացնելով կարճ հատուածներ Լեռ Կամսարի գործէն: Այլ խօսքով, հրատարակութիւններու լուսանցքէս անգամի մը համար ցատկելով դէպի մայր էջը, դէպի բնագիրը - սակայն խօսքը իրեն՝ Լեռ Կամսարին ձգելու պայմանով:
    Նախապէս՝ մէկ նշում.- Այս հատուածներուն մէջ, ընթերցողը պիտի չզարմանայ՝ երբ չգտնէ գրական երկի յատուկ յօրինում ու կառոյց - դրուագներ, հանգոյցներ, կերպարներ...: Կամ եթէ այս բոլորը գտնէ՝ երկրորդաբար նշուած ու հպանցուած՝ դասաւորուած գլխաւոր կերպարին՝ նոյնինքն երգիծաբան-հեղինակի անձին շուրջ: Ճիշդ ինչպէս կը պատահի, անգամ մը եւս, Յ. Պարոնեանի գործերուն հետ, գոնէ անոնցմէ ամենակարեւորներուն: Որքա՛ն ճիշդ կ՚ըսէ գրագէտ Շահէն Թաթիկեան (տե՛ս «Գրական թերթ», Լ.Կ.ի նուիրուած բացառիկ թիւ, 25/11/1988).- «Ես խօսում եմ Լեռ Կամսար մարդու մասին, որովհետեւ նրա անձն ու ստեղծագործութիւնը բացառիկօրէն ներդաշնակ էին... Նրա մասին չի կարելի ասել, թէ բազմաժանր կամ ոճական բազմազանութեամբ ու պրպտումներով աչքի ընկած հեղինակ է: Թւում է, թէ նա ամենեւին հոգ չի տարել գեղեցիկ արտայայտութիւններ որոնելու, գրական հնարքներ բանեցնելու ուղղութեամբ: Նա պատմում էր ազատ, անկաշկանդ... կարդում ես, անցնում,- յիշողութեանդ մէջ բովանդակութիւնը, արծարծուած խնդիրները մնում են. բայց, թւում է, թէ չի մնում ոչ մի կերպար, այսպէս ասած՝ կենտրոնական գործող անձ: Բայց դա միայն թուացեալ է: Կամսարի անձ-հերոսը, որի մտքերի, զգացումների, քաղաքացիական կեցուածքի բացայայտմանն է նուիրուած նրա ստեղծագործութիւնը,- այդ կենտրոնական անձը, այդ կերպարը հենց ինքն է, հեղինակը, իսկ միւս կողմանից էլ՝ ժամանակը, ի դէմս դարաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնների...»:
    Ուրեմն, մարդկային լեցուն ներկայութիւն մը՝ հարցերու էական եւ անզարդ, անշպար ներկայացումով. հարստութիւն աշխարհայեացքի եւ բարոյական անհատ-մարդու: Ու միւս կողմէ՝ աստիճանաւորուած վերաբերում կեանքի իրականութիւններու հանդէպ, այսինքն երգիծանք՝ բազմակողմանի եւ այլազան: Յատկութիւններ, որոնք նոյնպէս կը խօսին Յակոբ Պարոնեանի հետ հոգեմտաւոր ու գրական խոր նմանութիւններէ, առնչութիւններէ:
    Մարդու եւ գործի զուգահեռ այս յատկութիւններէն՝ այժմ կը ներկայացնեմ նմուշներու շարք մը՝ Լեռ Կամսարի երգիծանքին ճոխ այլազանութիւնը բացայայտող: Անոնց մէջէն լուսաւոր գիծերով արդէն ինքնաբերաբար պիտի կերտուի, կը հաւատամ, նաեւ մարդուն բարոյական կենդանագիրը:

    1. ՆՈՒՐԲ ԵՐԳԻԾԱՆՔԻ ՈԼՈՐՏԷՆ...
    Նուրբ երգիծանքը, սկսելու համար, ու հակառակ տարածուած տպաւորութեան մը, օտար չէ լեռկամսարեան զգայնութեան. երբեմն նաեւ -երբեմն միայն- անիկա տիպական հիւմոր է: Իր մօտ, աւելի յաճախ այս նրբութիւնը պայմանաւոր է առարկայի կամ երեւոյթի «չափաւոր» ժխտականութեամբ:
    Այսպէս, երբ կը պատմէ՝
    «Այսօր փողոցին մէջ դէմս ելաւ արկղաւոր տղեկ մը ու «Խորհրդային օդային տորմիղին համար հանգանակութիւն կ՚ընեմ» ըսելով, բան մը զարկաւ օձիքս եւ դրամ կ՚ուզէր: Մէկ կոպէկ նետեցի արկղը՝ չընդունեց. յիսուն կոպէկ կ՚ուզէր:
    «- Խե՞նթ ես, տղայ,- ըսի,- յիսուն կոպէկ ունենամ նէ, ես կը թռչիմ, ա՛լ ինչո՞ւ օդային տորմիղին տամ:
    «Վերջէն աւելցուցի.
    - Բաւական է, բալաս, դրամ չունիմ: Առայժմ թող մէկ կոպէկի թռչի այդ տորմիղը, ետքէն նայինք՝ ինչ կ՚ըլլայ:»
    Կամ՝ խառնելով հեգնանք եւ նուրբ երգիծանք, այս վերջինը՝ ներողամտութեան երանգով մը.
    «Այսօր Կարինեանի քով գացի խնդրով մը: Կատարումը չխոստացաւ թէեւ, բայց խոստացաւ օր մը խոստանալ: Բարի մարդ է շատ, վասնզի չար ըլլալու չափ պատրաստութիւն չունի»:
    Երբեմն, հազուադէպօրէն, այս երգիծանքը իր նրբութեան մէջ կը հասնի անթերիութեան «խոստովանանքի» (յիշեցնելով Յ. Պարոնեանի «տկարութիւն»ը՝ Ներսէս Վարժապետեանի մը հանդէպ...): Այսպէս, երբ կը յայտարարէ՝
    «Հայաստանի կոմկուսակցութեան մէջ երկու ամբողջական մարդ միայն գոյութիւն ունէր: Մէկը Միասնիկեանն էր, որ մեռաւ, միւսը՝ Լուկաշինը, որ կայ: Եթէ կուսակցական մարդահամարը ինծի յանձնարարուէր, կը գրէի. «Հայաստանի կոմկուսը ունի մէկ ամբողջ մէկ հազարերորդական մարդ»:
    «Ամէն անգամ, երբ կը տեսնեմ Սագօ Համբարձումեանը Լուկաշինի աթոռին նստած, քերականութեան մէջ դերանունը կը յիշեմ, որ կը դրուի անուան տեղ»:
    Այս տիպի երգիծանք՝ յաճախ կը գտնենք Լեռ Կամսարի նախա-խորհրդային էջերուն մէջ, ինչպէս է պարագան՝ «Հայաստանն ու Դաշնակիցները» տոմսին (1919էն), ուր «պզտիկ դաշնակից» Հայաստանը, «կնկան ու հարսին ձեռքը բռնած», ճամբայ կ՚իյնայ, կը ժամանէ Փարիզ ու կը ջանայ համոզել Վերսայլի դահլիճին բարապանը՝ զինք ներս ընդունելու (կարճ հատուած մը միայն).-
    «... Մուտքը կողմնակի մարդկանց արգիլուած է,- ըսաւ բարապանը եւ սուրը վար բերաւ:
    «- Ես կողմնակի մարդ չեմ, բարեկամս [...] Իմաց տուր վերը, խնդրեմ, որ պզտիկ Դաշնակիցն է եկեր...
    «- Ատանկ հրաման մը չէ տրուած ինծի:
    «- Վիլսոնը հո՞ս է [...] Կանչէ՛ դուրս անգամ մը. ըսէ՛՝ Թուրքիայի լուծին տակ դարերով տառապող Հայը քեզ կ՚ուզէ դրան վրայ [...]
    Այդ միջոցին Քլեմանսօ դուրս եկաւ պալատէն՝ ջուր թափելու կ՚երթար:
    - Ներեցէք, պ. Քլեմանսօ, սա ծառան չի թողուր որ ներս մտնեմ,- ըսաւ ժպտերես Հայաստանը ետեւէն հասնելով...»
    Յատկանշական է, որ այս նուրբ երգիծանքը, շատ շուտով, ու շրջուելով, կը հիւսուի բացայայտ դառն հեգնանքի հետ՝ աւելի դառն իրականութիւն մը նշող: Այսպէս՝
    «Բանտապետս զուարճալի մարդ էր: Ձանձրոյթս փարատելու համար աշխատանքի հեռաւոր լագեր ուղարկեց ֆիզկուլտուրայի: Այնտեղ գետային նաւեր էի բեռնաթափում եւ շատ գոհ էի վիճակիցս: Միայն մի անգամ նարեադչիկս ծանր բեռ դրեց կռնակիս, եւ ես ճօճուն սանդուղքից գետը գլորուեցի: Բայց ոչինչ, նա չէր մեղաւոր, այլ ես, որ մի փոքր թուլակազմ էի...
    «Երբ աքսորիս երեք տարին լրացաւ, Հայաստան վերադարձայ եւ, մտնելով «Խորհրդային Հայաստան»ի խմբագրութիւն՝ հարցրի.
    «- Շատ յաջող բանտարկուեցի,- այժմ կարո՞ղ եմ գրել...»
    Մեր երգիծաբանէն ակնկալել՝ նուրբ երգիծանքի պատահական այս երակէն անդին՝ աւելի՛ «անխառն հիւմոր»,- պիտի նշանակէր մոռնալ իր ահաւոր կենսապայմանը (նոյնը չէ՞ պարագան իր հոգեհօր՝ Յ. Պարոնեանի...): Այլ խօսքով, ընդհանրացումով մը, հաւանօրէն թիւրիմացութիւն է հայկական ընդհանրակա՛ն խառնուածքին մէջ որոնել անոր ոչ այնքան բնորոշ այդ գիծը: Հիւմորի ճի՛շդ հասցէն թերեւս գտնուի Ատլանտեանի կամ հիւսիսային Եւրոպայի մշուշներուն խորը, սակայն ո՛չ հայկական բնաշխարհի ու անոր ծնունդ հայ մարդու կարծր ու բիրտ պատմութեան ծոցին...:

    2. ... ՄԻՆՉԵՒ ԾԱՆՐ ԵՐԳԻԾԱՆՔ ՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ՊԱՐՍԱՒ
    Ուրեմն նուրբ երգիծանքը չի կրնար իր քօղով աւելի երկար ծածկել դառն ու դաժան իրականութիւն մը, եւ արագօրէն կը դառնայ դառն ու դաժան՝ իր կարգին: Անշուշտ հոս եւս աստիճաններ կան: Օրինակ մը տեսանք արդէն՝ տաժանակրութեան իր մէկ տխուր դրուագին մէջ: «Խառն» երգիծանքի տիպական օրինակ մը կը կազմէ, աքսորականի իր վիճակի դառն-կծու նկարագրութեան հետ միասին, անոր եզրափակիչ տողը.
    «Երեւակայէք, այս բոլորից յետոյ ես չէի թքում սովետական կառավարութեան երեսին, որովհետեւ, ինչպէս մի անգամ ասել եմ, տեղանքը ցուրտ էր, եւ թուքս կարող էր սառած մնալ նրա երեսին...»
    Կամ՝ երբ, «ազատ քաղաքացի» դարձած, կ՚ենթարկուի գրելու եւ հրատարակուելու արգելքի, ու կը փնտռէ տարբերութիւնները «ազատ կեանքի» ու բանտարկեալի վիճակի միջեւ.
    «Բանտում օրական մէկ անգամից աւելի արտաքնոց գնալու իրաւունք չունէի, այն էլ 15 րոպէից ոչ աւելի. հիմա կարող եմ օրական հարիւր անգամ արտաքնոց գնալ ազատ. կարող եմ արտաքնոց գնալ ու բնաւ տուն չվերադառնալ: Գիտէ՞ք դա ինչ ազատութիւն է:
    «Չգիտէք:
    «Կ՚իմանաք այն ժամանակ միայն, երբ Տէրը աջողի բանտ ընկնէք, սատիկ փորհարութիւն ունենաք եւ կլիւչնիկի ոտքերն ընկած պաղատէք կէս րոպէով դուրս թողնել...
    «Չէ, սա մեծ արտօնութիւն է, որի համար ես շնորհակալ եմ իմ կառավարութիւնից, որ ինձ ազատեց բանտային այս պրոցեդուրայից:
    «Ուրիշ... ուրիշ... համարեա ոչ մի տարբերութիւն»:
    Տիրող համակարգի համատարած բարոյական փտածութիւնը, ընչաքաղցութիւնը առատ նիւթ պիտի տրամադրէր երգիծաբանին: Այս թեմայով, ու լեզուախաղային-իմաստային թեթեւ «փոխադրութեամբ» մը, մեզի կը տրուին շնորհալի էջեր, ինչպէս «Հիմնարկի մահը» տոմսի պարագային.
    «Առաւօտ, երբ Երեւանի առեւտրական հիմնարկները զարթեցին՝ լուր տարածուեց, որ Բազմարդկոոպմիութիւնը մեռել է:
    «Հիմնարկներն ապշած իրար են նայում ու ասում.
    «- Երէկ ես նրան փողոցում տեսայ ողջ-առողջ. այդ ե՞րբ մեռաւ:
    «- Ի՞նչ ես ասում, ողջ գիշեր միասին քէֆ էինք անում ու կատակում:
    «... Ու հանգուցեալի դին անատոմիկում տարան՝ իմանալու մահուան պատճառը:
    «Բժիշկները երբ նրա ստամոքսը բացին, ինչե՜ր չհանեցին այնտեղից, Աստուած իմ - է՛լ ապրանքատար աւտոմոբիլներ, է՛լ սառնարաններ, անգամ տասնեակ հազարներ արժող ...: Ոչխարի ոտեր, դմակներ, պլոճիկներ...
    «- Կեանքիս մէջ այսպիսի բան չէի տեսել,- ասաց մի ծեր բժիշկ:
    «... Թաղումը շատ սրտառուչ էր: Դամբանախօսները խօսեցին հանգուցեալի առաւելութեան վրայ, որ նա հաշուեյարդարի ժամանակ «իմ ու քո» անել չգիտէր: Իր սեփականութիւնը հինմարկինն էր, հիմնարկինը՝ իրենը, ու մի տեղ գնալիս, հիմնարկի ողջ ծանրութիւնը վերցնում էր իր վրայ...»
    Երկրի ապիկար ղեկավարութեան ձաղկումը լայնագոյն տեղը կը գրաւէ յատկապէս «Մահապուրծ Օրագիր»ի մէջ: Լուկաշիններու արժանիքը ճանչցող երգիծաբանը անխնայ է հանդէպ միւսներուն՝ «մեծ»երու ջախջախիչ մեծամասնութեան:
    Համեմատաբար դեռ մեղմ է, ու համառօտ, Ս. Համբարձումեանի մը ուղղուած առաջին այս սլաքը.
    «Հայաստանի Ժողկոմ խորհուրդի նախագահ Սագօ Համբարձումեանը սա երեք տարի է՝ լոյծ ունի: Լոյծ՝ անանկ երկրի մը մէջ, որու կառավարութիւնը տարեկան 14 հազար դեսեատին ճահիճ կը չորցնէ՝ միանգամայն անհասկանալի է»:
    Համառօտութիւնը երբեմն աւելի՛ եւս մրցանշային է, բայց այնքա՛ն թելադրական.
    «Ժողկոմխորհի տեղակալ Ասքանազ Մռաւեանը մեռաւ:
    «Միակ բանը իր կեանքին մէջ, որ կատարեց առանց «ընկերներուն» հարցնելու»:
    Կամ՝ ինչպէս իրեն համաքաղաքացի բեմադրիչ Վարդան Աճէմեանի ուղղուած նամակի մը սկիզբը՝ իր «Հոգու Զաւակ» թատերակի* մերժումին առթիւ.
    «Սիրելի Վարդան, իմ հայրենակից, որը սովորաբար քաղցր է լինում»:
    Երբեմն, երգիծանքի անուղղակի ձեւը կարծես անբաւարար կու գայ. դժնդակ կենսապայմանն ու կենսապայքարը կը յորդեցնեն երգիծաբանին համբերութեան բաժակը՝ կաշկանդելով նաեւ երգիծա-գեղարուեստական զգայարանքը:
    Այսպէս՝
    «Սովետական կառավարութիւնն ինձ 3 տարի տաժանակրութեան դատարպարտեց հեռաւոր հիւսիսում եւ 17 տարի վտարեց ընտանիքիցս՝ որպէս քաղաքական յանցաւոր եւ, սակայն, այսօր վերանայելով իր վճիռը, գտաւ, որ արդար եմ եւ ի զուր տեղը քսան տարի տառապել եմ:
    «Մի փոքրիկ վրիպակ:
    «Բայց հետաքրքիրն այն է, որ իր ահռելի սխալի համար կիսաբերան ներողութիւն անգամ չի խնդրում ինձանից, ինչը պահանջում է տարրական քաղաքավարութիւնը
    Ապա, անմիջապէս, կարծես նեղուած պարսաւի մերկութենէն, շատ ուղղակի շեշտէն, ան դարձեալ կը դիմէ անուղղակի, զուսպ (երեւութապէս միայն, որովհետեւ ահաւոր սեւութեամբ մը մթնցած...) երգիծանքի ձեւին.
    «Այսուհանդերձ, ես բաւարարուած պիտի լինեմ նրանով, որ իմ անմեղութիւնը յայտնւում է ինձ իմ կենդանութեանը: Իսկ ի՞նչ անեն այն թշուառ դատապարտուածները, որոնք իրենց անմեղութեան մասին իմանում են գնդակահարուելուց յետոյ...»
    Նուազ ողբերգական, բայց իր պարսաւային անմիջականութեամբ նուազ բիրտ չէ օրագիրի սա նշումը, պարսաւայինի կողքին՝ նրբամիտ երգիծանքի գլուխ-գործոց մը.
    «Երեւանի կենդանաբանական այգում մեր աչքի առջեւ սատկեց մի կապիկ, որը ընդամէնը երեք տարի առաջ էր բերուած Աֆրիկայից:
    «Ես խորին ակնածանքով գլխարկս հանեցի ի տես այս ննջեցեալի: Այդ անասունն իր անբան տեղովը միայն երեք տարի կարողացաւ դիմանալ անազատ կեանքի. մինչդեռ մենք, որ ոչ բարով նրա ժառանգորդներն ենք համարւում՝ ամբողջ երեսուն տարի դիմանում ենք Ստալինին...»
    Չեկայի տարածած սարսափին եւ արգելափակման դժոխային պայմաններուն նուիրուած էջերէն, խօսակցութիւն մը՝ հին ու նոր երկու բանտարկեալներու միջեւ, նոյնպէս օրինակ է յաջող հիւսքի՝ պարսաւային ե՛ւ նուրբ-մշակեալ երգիծանքի շեշտերու.
    «... Ես՝ որպէս մասնագէտ կալանաւոր՝ բացատրում եմ.
    «- Կար ժամանակ, որ, ճիշդ է, քո ասածի նման մարդիկ նստում էին բանտում, մինչեւ անգամ՝ գիշերը պառկում: Բայց հորիզոնական բանտարկեալի դարը վաղուց է անցել. այժմ կալանաւորը միայն ուղղահայեաց է բանտարկւում: Այս մէկը իմացիր: Իսկ գալով քո անելիքին, երեք ամիս յետոյ քեզ քննութեան կը կանչեն. եթէ ինքդ քեզ համար յանցանք ճարեցիր՝ լա՛ւ, կը նայեն յանցանքիդ ու քեզ կը դատապարտեն: Իսկ եթէ չես ճարում, նրանք իրենց մօտ կախած ունեն ամէն տեսակ պատրաստի յանցանքներ, կը հագցնեն, որը որ վրադ նստաւ՝ քեզ կը դատապարտեն:
    «- Բայց ես բոլորովին անմեղ եմ...
    «- Օ՛յ, օ՛յ: Այդ բառը երկրորդ անգամ չարտասանես: Մեր օրէնքում այդպիսի յանցանք չէ նախատեսուած եւ, որպէս զարտուղի յանցաւոր, քեզ անմիջապէս գնդակահարութեան կը դատապարտեն: Հայաստանը Ստալինին տարեկան յիսուն հազար կալանաւոր պիտի հայթայթի. եթէ ամէն մարդ ինքզինք անմեղ յայտարարի՝ պլանը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի:
    «- Ուրեմն ամէն մարդ մի յանցա՞նք ունենալու է:»
    «- Անպատճա՛ռ:»

    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
    * Լեռ Կամսարի «հրապարակագրական», անձնաշեշտ հոծ վաստակին վրայ մեր կեդրոնացումը, անոր առաջնահերթութեան ընդգծումը պէտք չէ համազօր նկատել անտեսելու «զուտ գրական» երկերը, որոնց կարգին՝ «Հոգու Զաւակը»: Ասոնք եւս կը սպասեն ծանօթացման եւ ուսումնասիրման...
    (Շար. 1)
    «ԱԶԴԱԿ»
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 12.04.2010, 20:24:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Re. Լեռ Կամսար երգիծաբանը եւ իր գործը

    ԼՈՒՍԱՆՑՔԷՆ` ԴԷՊԻ ԷՋ ՈՒ ԲՆԱԳԻՐ
    (ՓԱԿԱԳԻԾ ՄԸ)

    ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԱՍԵՂ` ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐԷՆ
    Բ.

    Երգիծաբանի պարսաւը նոյնքան, ու աւելի, անողոք կը հարուածէ հաւատափոխ «նախկին»ներ - իր ընտրած եզրերը հասցնելով աննախընթաց սաստկութեան մը.
    «Ասկէ ամիսներ առաջ արտասահմանեան թերթ մը կը գրէր, թէ Հայաստանի մէջ ձերբակալուած է նաեւ Յովհաննէս Քաջազնունին:
    «Քաջազնունին ասդիէն կը հերքէ իր ձերբակալման լուրը այն ձեւով, որմէ կ՚երեւայ, թէ ոչ միայն ինքը չէ ձերբակալուած, այլեւ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ բռնուած կայ... Եւ այս՝ այն ժամանակ, երբ յիսուն հազար հայեր կը տառապեն բոլշեւիկեան բանտերու մէջ:
    «Յովհաննէս Քաջազնունի:
    «Ահա քեզի մետասաներորդ ժամու պոռնիկ մը:
    «Ու երբ կը խորհիմ, թէ այս մարդը ժամանակին կառավարութեան նախագա՜հ է եղեր մեր երկրի, կ՚ըսեմ.
    « - Վաղուց պէտք է կործանուած ըլլար այն երկիրը, որուն նախագահը ասանկ մարդ կրնայ ըլլալ...»:

    Երգիծանքի կաշկանդեալ ախոյեանը, «Ոզնի»ի հրատարակման առթիւ, օրաթերթային նշումի մը մէջ պիտի արձանագրէ իր շառաչուն, հիանալի մէկ «թեւաւոր խօսք»ը՝ ծիծաղի եւ պլանի մասին.
    «Հայաստանը, որ անկախ պետութիւն է եւ Սովետական Միութեան մէջ մտել է կամաւոր, սա երեսուն տարի է Մոսկուայից իրաւունք էր խնդրում մի երգիծական թերթ հրատարակելու. այսպէս ասած՝ մի փոքր ծիծաղելու իրաւունք էր ուզում:
    «Այսքան տարի քաշքշուելուց յետոյ, այսօր վերջապէս տրուեց այդ իրաւունքը: Հայաստանը իրաւունք ունի ամսական ութ էջ ծիծաղել: Լոյս պիտի տեսնի «Ոզնի» անունով մի երգիծաթերթ, ութ էջից բաղկացած:
    «Ես այս ութ էջանոց երգիծաթերթի մասին լսելով՝ 16 երես լացի:
    «Ծիծաղին էլ պլա՞ն կը լինի:
    «Մի կողմանից գրւում է՝ մեր երկիրն աշխարհի ամենաերջանիկ երկիրն է, միւս կողմից նրա երջանիկ բնակիչներին ամսական ընդամէնը ութ փոքրադիր էջ ծիծաղելու իրաւունք է տրւում: Որտե՞ղ է տրամաբանութիւնը»:

    3.- ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ (ԱՆ)ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ. ԳՐԱԳԷՏԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ
    Երգիծաբանին կենսապայմանն ու կենսապայքարը, տարապայմանօրէն դժնդակ, ծանր կնիք են դրած կեանքի իր ընդհանրական պատկերացման վրայ, ու հեգնանքի իրենց յղումներով կը միջամտեն ասոր գծագրման իր բոլոր փորձերուն.
    «... Եթէ դրախտում արդարները պիտի թառեն խնկի ծառի վրայ ու միայն փառք տան Աստծուն, դրա համար ի՞նչ կարիք կայ մեռնելու, ահագին թաղման ծախս կատարելու, թաղուելու, նորից յարութիւն առնելու եւ այլն:
    «Փա՞ռք էք ուզում տալ՝ առանց այդ դժուարութիւններին ենթարկելու ձեզ. համեցէք սովետական Ռուսաստան, փառք տուէք Լենինին ու ապրէք նորակառոյց շէնքում՝ օժտուած մաքուր սենեակներով, խոհանոցով, արտաքնոցով ու բաղնիքով:
    «Ինչո՞ւ գերադասել կենցաղային ոչ մի յարմարութիւն չունեցող խնկի ծառը. մի օր էլ քունդ տանի՝ ցած գլորուես ու եսիմ ինչ լինես...»:

    Լեռ Կամսարի մօտ կեանքի այս ընդհանրական պատկերացումը, հիւսուած գրագէտի կոչման բարձր ըմբռնումի, հիանալի բանաձեւում մը կը գտնէ «Սաստիկ Կոմունիստներ» գործի մուտքի «Ո՞վ եմ ես» գրութեամբ, ուրկէ կու գայ վերեւի այս մէջբերումը: Լաւագոյն է թողուլ, որ երգիծաբանը խօսի, ու ատոր համար տալ լայն հատուածներ այդ գրութենէն, որ տեղ-տեղ կը հասնի ուղղակի շէյքսփիրեան շեշտերով ողբերգական լարումի (տե՛ս անջատ շրջանակը):
    Կեանքի անհեթեթի դառնութիւնը եւ կոչումին խորապէս գիտակից արժանաւոր գրագէտի հպարտութիւնը, փոխնիփոխ աւելի կամ նուազ շեշտումով, կ՚երեւին բազմաթիւ հատուածներու մէջ: Ասոնցմէ՝ ուշագրաւ են Յակոբ Պարոնեանի առնչուող երկու զրոյց-գրութիւններ - «Պարոնեանը Հայաստանում» եւ «Պարոնեանի գրական հասցէն»: (Այլապէս յաջող են ու կամսարեան մտքին ե՛ւ երգիծանքին բնորոշ՝ իր երկու զրոյցները... Աստուծոյ հետ, բայց կը խուսափիմ յաւելեալ ընդլայնումներէ): Ճաշակ մը միայն առնենք «պարոնեանական» էջերէն.

    «Կան աստուածներ, որ իրօք «ամէն տեղ են»:
    «Դրանցից մէկն է հայ երգիծաբանութեան աստուած Յակոբ Պարոնեանը:
    «Մենք գրողներ շատ ունենք: Մանաւանդ հիմա: բայց այս գրողներից շատերը չեն համարձակւում առանց իրեն՝ ընթերցողի դուռը ծեծելու ներս մտնել...
    «Իսկ երբ Պարոնեանն է մօտենում, ընթերցողը, դրան ետեւ սպասողի նման, ոտնաձայնից կռահում է Պարոնեանի մերձեցումը եւ անմիջապէս իր դուռը բաց է անում ասելով.
    «- Ո՞ւր ես. մեռայ քեզ սպասելով: [...]
    «Երգիծաբանութիւնը գրականութեան մէջ ամենադեֆիցիտային «ապրանքն» է: Կեանքի մէջ շատ կան լալու բաներ, եւ մարդն էլ իր կեանքի վերջակէտը դնում է լացով:
    «Ձեզ եմ թողնում երեւակայել, թէ այսպիսի մարդը ինչքան պիտի ցանկանայ կեանքի մէջ գէթ մի անգամ ծիծաղել:
    «Իսկ այդ ծաղրը քեզ կու տայ միայն Յակոբ Պարոնեանը:
    «Կան, ի հարկէ, նաեւ հնակարկատ երգիծաբաններ, որոնց գործերը, քարթոնից շինուած կօշիկների նման, խանութից տուն գալիս՝ ճանապարհին... ծակւում են:
    «... Առանց ծիծաղի կեանք չկայ...»:

    Հատուածը կ՚աւարտի դարձեալ «թեւաւոր խօսք»ով մը. «Ստեղծագործութեան ժամանակ եթէ Աստուածը իր վրայ ծիծաղէր, Աբդուլ Համիտի նման անգութ մարդ չէր ստեղծի»:

    Իսկ «Պարոնեանը Հայաստանում» կը բեմադրէ գլուխ-գլխի զրոյց մը՝ Լեռ Կամսարի եւ իր հոգեհօր միջեւ: Զայն Հայաստան հրաւիրելով, երգիծաբանը, Հայաստանի «թերութիւնները» խոստովանելով հանդերձ, իբրեւ թէ կը փորձէ Պարոնեանը «վերադաստիարակել»: Զուր ճիգ.
    «... Այնքան բորբոքուեց մեծ երգիծաբանը, որ ես վախեցայ այս վիճակով նրան Հայաստան բերել: Իր զայրոյթը մեղմել փորձելով՝ ասացի.
    « - Ոտքդ պագնեմ՝ հանդարտուի՛ր: Ամէն երկիր իր սովորոյթն ունի: Մեզ մօտ ոեւէ մէկին չի կարելի ուղղակի աւանակ անուանել: Նա «որոշ չափով» է աւանակ: Նրանց՝ ում աւանակ ես անուանելու՝ ջորի պիտի ասես նախ. իսկ «չորքոտանի» ասել՝ այդ արդէն անհնար է: Մեզ մօտ մէկը ինչ յանցանք էլ գործելու լինի՝ երեք ոտից աւելին արտօնուած չի ունենալու: Երկու, ամենաշատը՝ երեք:
    « - Ինչո՞ւ, ձեր երկրում ոտքի պակասութի՞ւն կայ:
    « - Ոչ, ոտներ շատ ունենք, բայց խոմ չի կարելի մեր ունեցած բոլոր ոտները բերել շարել մի յանցաւորի տակ:
    « - Լա՛ւ, երկու ոտքով ալ կը գոհանամ. տո՛ւր ատոնց անունները, որ «Ազգային Ջոջեր» գրեմ:
    « - Անուն տալ չի կարելի: Պէտք է գրես՝ «որոշ մարդիկ» կամ «ոմանք»:
    «- Անանկ է նէ, ես Հայաստան չեմ գար,- ասաց Պարոնեանը եւ տեղը նստեց:- Գամ՝ դերանուննե՞ր ծաղրեմ:
    «[...] - Կը գրէք «Ազգային Փոքրեր»... Ի՞նչ տարբերութիւն:
    « - Փոքրերի մասին թող փոքր երգիծաբաններ գրեն, ես չեմ կարող...»։

    «Սաստիկ Կոմունիստներ» հատորիկը փակող «Փառապանծ վրիպակներ» կարճ բաժինը իր կարգին կը փակուի միէջեայ նոթով մը, որուն տարողութիւնը սակայն, խոտոր համեմատող իր ծաւալին, կը խտացնէ ընդհանրական փիլիսոփայութիւն մը կեանքի, որ՝ ներյայտօրէն ու ցրուած՝ արդէն կը թելադրուէր գործի շատ մը էջերէն: Խտութեան կողքին՝ անիկա շահեկան է գաղափարական կեցուածքի նաեւ նո՛ր շեշտերով, յաւելեալ ընդգրկումով, որոնք՝ վստահաբար առկայ Լեռ Կամսարի մօտ՝ հոս իրենց բացայայտ տարազումին է որ կը յանգին.-
    «Ժողովո՛ւրդ: Ես քառասունչորս տարի սոցիալիզմի դէմ պայքարելով գնում եմ դէպի կապիտալիզմ՝ դուք էլ ետեւս ընկած հետեւում էք ինձ:
    «Բայց այսօր մի վատ բան լսեցի:
    «Ասում են, որ կապիտալիզմն էլ է ճնշում անհատի ազատութիւնը:
    «Ասում են՝ սոցիալիզմը սրով է հպատակեցնում մարդկանց, կապիտալիզմը՝ փողով: Այս պայմաններում դէպի կապիտալիզմ գնալը նշանակում է ջրից դուրս գալ, ընկնել ջրհեղեղ:
    «Իսկ աշխարհում այս երկու սիստեմներից զատ ուրիշ չկայ. ի՞նչ անել:
    «Յայտարարում եմ.
    «Ժողովուրդ, մեր նաւը փշրուեց, ու մենք գնում ենք ջրի տակ: Ով կարող է, թող մի աշխարհայեացքի բեկորի ձեռքը ձգած՝ իր կեանքն ազատի:
    «Ես լողում եմ դէպի Ռոբինզոնի կղզին»:

    Կամսարեան իմաստութեան եզրայանգիչ այս շեշտադրումը, որքան ալ ժխտական, ուժեղ անհատականութեան եւ պայծառ մտքի տէր փիլիսոփայ-գրագէտի մը մօտ չի զարմացներ մեզ: Նախնական եսակեդրոնութեան ճիշդ հակադիր՝ գաղափարական, գիտակից անհատապաշտութիւնն է որ կը խօսի, արժանաւոր թէեւ անպատրանք ապաւինումը՝ անհատի ինքնամշակման կարողութիւններուն, որուն յաճախ կը հասնին բարձր հոգիներ՝ իրենց կենսային ուղեծիրի աւարտին...
    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
    (Շար. 2 եւ վերջ)
    «ԱԶԴԱԿ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Re. Լեռ Կամսար երգիծաբանը եւ իր գործը

    ՈՎ ԵՄ ԵՍ
    (Գրական դիմանկարի փոխարէն)

    Ես դեդուկտիւ ծնունդ եմ: Մինչ ուրիշներն իրենց կեանքի վերջում են ասում «ունայնութիւն ունայնութեանց»՝ մանրամասն ապրելուց յետոյ, ես ծնուելիս ասացի:
    Մի ուրիշն իմ տեղ լինէր՝ այդ ասելուց յետոյ այլեւս չէր ապրի, բայց ես ապրեցի իմանալու համար, թէ ինչքան է այդ կեանքն ունայն:
    Է՜, պարզ է, թէ ինձ նման աշխարհ եկողը ինչպէս պիտի վերաբերուի կեանքի երեւոյթներին:
    Չեմ զգացել ուսման ծարաւ, եւ դպրոց եմ գնացել բռնի ոչինչ չսովորելու համար:
    Չեմ հասկացել, թէ սիրելու համար ինչո՞ւ անպայման պիտի ամուսնանալ: Կամ ինչո՞ւ մէկ կնոջ հետ ծերանալ եւ ոչ աշխարհի բոլոր կանանց հետ երբեք չծերանալ:
    Չիմացայ՝ ինչ բան է կրօն: Ինչո՞ւ մարդիկ իրենց աղօթքներում երկնքի արքայութիւնն են ցանկանում: Անիմաստ կեանքը շարունակելուց ի՞նչ օգուտ: Յիմարութիւնը որ երկարի՝ իմաստութեա՞ն կը հասնի: [...]
    Այս բոլորից յետոյ խորհուրդ եմ տալիս ձեզ իմ կեանքում ոչ մի իմաստ չփնտռել. ես մի գրչախաղ եմ գոյութիւն չունեցող թղթի վրայ:
    Ես յաճախ եմ մտածել գրել իմ կենսագրութիւնը, բայց հնարաւոր չեմ գտել:
    Գրել կենսագրութիւն, նշանակում է նորից ապրել մի անգամ ապրած կեանքը, իսկ իմ կեանքը այնպիսին չի, որ հնար լինի երկու անգամ ապրել: Իմ կեանքի օրերն իրար ետեւ շարուած տառապանքի օրեր են, տասն անգամ ստոյգ մահից մազապուրծ: Ի՞նչ երաշխիք, որ երկրորդ ապրելուս դրանցից մէկնումէկին զոհ չեմ գնայ...
    Ես անգամ գոհ չեմ, որ մի անգամ ամբողջական ապրել եմ իմ կեանքը: Եթէ ինձանից կախուած լինէր, մի քառորդով կ՚ապրէի: Այն էլ նրա համար, որ կեանքի մասին մի թեթեւ գաղափար կազմած մեռնէի:
    Իմ անցած 70 տարիներից միայն 35 տարին է իմը եղել, իսկ մնացեալ կէսը այլեւս ինձ չի պատկանել, այլ սովետական կառավարութեանը, որ ինչ կամեցել է՝ արել է ինձ:
    Իր ողջ կեանքում գազանանոցի նեղ վանդակի մէջ փակուած կապիկի կեանքն ուսումնասիրելով՝ կարո՞ղ ենք կարծիք կազմել կապիկների ցեղի առանձնայատկութեան մասին եւ այն մտցնել կենդանաբանութեան դասագրքի մէջ: Մի կապկի, որն օրնիբուն օնանիզմով է զբաղւում եւ աչքը վանդակի դրանը՝ հերթական կերի է սպասում...
    Կարո՞ղ ենք գաղափար ունենալ առիւծի մեծահոգութեան մասին, երբ նա իր կատաղութեան մէջ միայն վանդակի երկաթներին է զարնւում:
    Այդպէս էլ ես եմ իմ կեանքի երկրորդ կէսում:
    Կարո՞ղ եմ խելացի լինել, երբ խելքս գործածելու հնարաւորութիւն չունեմ: Ինչքա՞ն լայն պիտի լինի սիրտս, որ բոլշեւիկ բռնապետներին ըստ արժանւոյն ատելուց յետոյ դեռ տեղ աւելանայ ոեւէ մէկին սիրելու համար: Կամ երբեւէ կերե՞լ եմ իմ ցանկացածը, որ կարողանամ պատմել իմ ճաշակի մասին: Ինչպէ՞ս կարող եմ քաջ լինել, երբ ձեռներս տարուած են ետեւս ու շղթայուած:
    Ո՛չ, չեմ կարող իմ կեանքը գրել: Ինձանով հետաքրքրուողներին կ՚ասեմ.
    - Ես ինձանից տեղեկութիւն չունեմ, սովետական իշխանութեանը հարցրէք...
    Ես տրանզիտով աշխարհ եկայ, տրանզիտով էլ հեռանում եմ աշխարհից՝ առանց վագոնիս պատուհանը բաց անելու: [...]
    Դատարկ վագոնում որքան ուժ ունեմ բղաւում եմ՝ Մարդի՜կ, հեռու բոլշեւիկեան կառավարութիւնից, այդ վարդապետութիւնը ոճիր է մարդկային բանականութեան հանդէպ... Փախէ՛ք դրանից...
    Իմ ձայնը, սակայն, դիպչում է գնացքի պատուհանին ու ինձ վերադառնում [...]
    Աստուա՜ծ, ա՜յ տնաշէն, առանց քեզ էլ, տեսնում ես, բոլշեւիկները մեզ սպաննում են, էլ դու ինչո՞ւ ես մէջ ընկել: Ո՞վ է տեսել՝ մէկին երկու անգամ սպաննեն: Ինչո՞ւ ինձ բաց վագոնով գերեզման չես տանում, որ ճանապարհին մի քանի ճշմարտութիւններ ասեմ մարդկութեանը [...]
    Բոլշեւիկեան կառավարութիւնը հեքիաթի այն վիշապն եղաւ, որ նստած իմ եւ ժողովրդի մէջտեղ, արգելեց ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն իրար հետ: Ինձ Բեւեռ աքսորեց ու վառեց գրքերս, որ չկարդան, վերադարձիս էլ այնպէս խցեց բերանս, որ ծպտուն չհանեմ:
    - Ինչո՞ւ:
    - Որ չգոռամ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ...

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ
    «ԱԶԴԱԿ»


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «ԲԱՆՏԻՍ ՕՐԱԳԻՐԸ»

    «ԲԱՆՏԻՍ ՕՐԱԳԻՐԸ»
    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ
    (Երեւան, «Ամարաս» հրատ., 2010 թ.)





























    «Քանի պետութիւնն ինձ ճնշէՙ ժողովուրդն այնքան իր գնահատանքն ու սէրը կաւելցնէ իմ նկատմամբ, շնորհակալ եմ այդ կողմանէ: Սակայն, ի՞նչ ժողովուրդ մնաց, որու գնահատականը լսելով հպարտանամ ես: Այն մարդիկ, որոց գնահատականն լսել կուզէի, հիմա չկան, աւա՜ղ. մեռան բոլշեւիկեան բանտերում, աքսորներում եւ կառափնարանում: Մնացին մարդիկ, որոց երեսի մասը եթէ քիչ մը քերես, տակէն խուժան կամ գրպանահատ դուրս կելնէ:
    Իսկ այն կոմունիստ քննադատները, որք ծածուկ բանաւոր կը գովաբանեն զիս, բան մը չարժեն, վասնզի անոնք նոյն բերանով կը գովեն նաեւ սովետական գրողներուն:
    Գէթ իմ մասին խոսած ատեննին բերանները ողողէին մաքուր ջուրով...»

    Լեռ Կամսար 1947 թ.
    Իրօք ժողովուրդը սիրեց եւ գնահատեց իրեն երբէք չդաւաճանած յանդուգն զաւակին: Ճիշտ է նրա մահից յետոյ, բայց դէ ժողովուրդս ի՞նչ մեղք ունի, որ «շնորհիւ» կոմունիստական վարչակարգի յամառ կեցուածքի, նոր-նոր է սկսում ճանաչել Լեռ Կամսարին: Լաւ է ուշ, քան աւելի ուշ:
    Ահա այդ անկեղծ սիրուց էլ ծնւեց եւս մեկ գիրքՙ «Բանտիս օրագիրը», որի հրատարակման համար շնորհակալ պէտք է լինենք հայ ազգի երախտաւորներ փարիզաբնակ Կարպիս Ջրբաշեանին եւ նիւյորքաբնակ Ռուբէն Պարսումեանին:
    Գիրքը փաստավաւերագրական էՙ ներառել է 1931 թ. Լեռ Կամսարի զտման պատմութիւնը, 1935 թ. բռնադատման յոյժ գաղտնի եւ յաւերժ պահպանման ենթակայ Չեկայի թղթապանակը եւ բանտային օրագրութիւնը: Ժողովածուն կենսագրական է:
    Ընթերցողը կծանօթանայ երգիծաբանի տխուր կեանքի ոդիսականի հետ սկզբից մինչեւ Սիբիր տարագրուելը: Թուրքական երկու կոտորած, գաղթ, բռնադատում, բանտ եւ աքսոր:
    Լեռ Կամսարն իր կյանքում երկու անգամ է տեսել «արեւի խավարում»:
    Առաջինը, երբ թուրքերը զրկեցին նրան հայրենիքից եւ երկրորդը, երբ բոլշեւիկները խլեցին նրա ազատութիւնը: Գիրքը երգիծաբանի երկրորդ «խաւարման» մասին է:
    Այն կազմուել է ՊԱԿ-ի կողմից պատճէնահանուած վարույթի թղթապանակի ոչ լրիւ էջերի հիման վրայ: Ամբողջ արխիւը չի տրամադրուել այն պատճառաբանութեամբ, որ 1946 թ. երեւանեան հեղեղը վնասել էր թղթապանակի պարունակութիւնը: Այդ իսկ պատճառով ոչնչացել են նաեւ Լեռ Կամսարից բռնագրաւած գրականութիւնը, նամակները, իրանական անձնագիրը եւ այլն: Իրօք, պատճէնահանուած էջերը հազիւ ընթեռնելի են, իսկ դատավարութեան արձանագրութիւնը եւ որոշ մասեր ընդհանրապէս վերականգնել հնարաւոր չեղավ:
    Գրքում ներկայացուածը 1935 թ. բռնադատման իրողութիւնն է: Դժուար թէ միայն դրանով է սահմանափակուել ՊԱԿ- ի առնչութիւնը Լեռ Կամսարին: Փակ դռների ետեւում գտնւող ամբողջ արխիւը կարօտ է հիմնաւոր ուսումնասիրման եւ հրատարակման:
    Չեկայի նկուղում եւ կենտրոնական բանտում Լեռ Կամսարն օրագրում էր: Բոլոր բռնադատուածներն ունէին թուղթ եւ գրիչ, որպէսզի խոստովանէին չգործած մեղքերը եւ մեղայականով խնդրագրեր յղէին պատժիչ օրգաններին: Բանտում գրելու հնարաւորութիւնը երգիծաբանն օգտագործել է, որ ապագայ սերունդներին ներկայացնի մեր պատմութեան այդ նողկալի ամօթանքը:
    «Բանտիս օրագիրը» կազմուած էր երեք տետրերից: Բանտից դրանք դուրս են բերուել կեղտոտ փոխնորդների հետ միասին: Կնոջը յուշել էր.
    - Զգո՛յշ, փոխնորդներիս մէջ ոջիլներ կան:
    Բանտապետը գլխի չի ընկել, որովհետեւ տետրի կազմերի վրայ գրուած է եղելՙ առաջինի վրայ « 1-ին կամեր*, Լեռ Կամսարէնՙ յանձնել ընկ. Սարաֆեանին», երկրորդի վրայՙ«Հանրապետական դատախազ ընկ. Պետիկ Թորոսեանին», իսկ երրորդ տետրը կազմ չուներ:
    Օրագիրն աւարտուած է 1936 թ. յունիսի 5-ինՙ երբ բանտային վարչութիւնը հաւաքել էր այլեւս գրիչներն ու մատիտները, արգելելով գրագրութիւնը:
    «Բանտիս օրագրի» բանտարկեալի հետագայ ճակատագիրն ընթերցողներին պարզաբանելու համար գիրքն ամբողջացուած է հետագայ տարիների օրագրային պատառիկներով:
    ՎԱՆՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
    Հատուածներ «Բանտիս օրագրից»
    Նոյեմբերի 27 . - Այսօր արդէն բանտ եմ նստած: Բայց ո՜չ, ի՞նչ կըխօսիմՙ բանտ եմ կանգնած:
    Բանտարկեալը երբ չի գիտեր, թէ ի՞նչ է իր մեղքըՙ նստիլ չի կրնար: Անիկա կանգնել իսկ անկարող է: Անիկա կըքալէ, անիկա կըվազե բանտին մեկ անկիւնեն միւսը:
    Երբ Օթելլոյին քայլերով հեւասպառ կըքալեմ ու կըձայնեմՙ «ի՜նչ է յանցանքս», կընայիմ շուրջս` իմ ընկերներս, իմ բարի եւ սիրող ընկերներս կարեկից ինծի այնքան, որ օգնել չկրնալուն ինքզինքնին կորսնցուցեր են, «հանգստացիր,- կըսեն,- առանց յանցանքի չես մնար»:
    Ու Մակարը, բանտակիցներես այդ ամենանուիրվածը, ինծի համար իր կեանքը չխնայող տղան, կըսէ վերջապէս.
    - Հանգստացիր, սիրելիս, եթէ յանցանք չունեցար, կրնաս իմ մեղադրանքէս օգտուիլ: Կըմեղադրուեմ երկու յօդուածովՙ մեկը քեզի, միւսն ինծի:
    - Բոլորս մեկանց կը խնդանք:
    Ա՜խ, բանտին մէջ որքան կից կապրին սա լացն ու ծիծաղը: Այնքան, որ յաճախ կփոխարինեն իրարու...
    Դեկտեմբերի 21 . - Այսօր կռիւ: Քննիչս վիրաւորեց ինծի մահացու: Ան ըսաւ.
    - Իբրեւ գրող ի՞նչ ես դունՙ փոշի, կատարեալ ոչնչութիւն: Դուն քեզի կերեւակայես միայն, դու երես ես առեր...
    Ինչ խօսք, որ պատիւս պաշտպանելու համար յարձակուէի պիտի: Չափեցի նախ իմ, ապա հակառակորդիս ուժերը: Սենեակին մէջ երեք հոգի էին անոնք, երեքն ալ ատրճանակաւորներ: Ատրճանակ, իւրաքանչիւրի մէջ հինգական փամփուշտՙ տասնհինգ փամփուշտ, որոնցով, հարկաւ, կարելի էր սպաննել ինծի, ինչքան ալ «անմահ» ըլլայի: Չէ՛, հոս կռիւը յաղթանակ չէր խոստանար ինծի: Իբրեւ ստրատեգ, աւելի յարմար տեսայՙ վարը, կամերիս մեջ, երբ կլիւչնիկը դուռը պինդ կփակէ վրաս, պառկիլ մահճիս վրայ եւ սկսիլ կռիւը...
    Բայց, փա՜ռք Աստծոյ, ազատուեցի աւելորդ տեղ արիւն թափելու հարկէն: Հինգ վայրկեան ետքը քննիչն ինքն արդէն ինքնասպան եղաւ:
    Երբ անցաւ Փարիզի իմ բարեկամին ղրկածս նամակի քննութեանըՙ ըսաւ.
    - Դուն յայտնի, մեծ գրող ես, քո ամէն մեկ բառ արտասահման պատգամի տեղ կընդունուի. չէ՞ որ իւրաքանչիւր գանգատդ վատ վիճակիդ մասին կանդրադառնայ դուրսի հայութեան մտայնութեանը վրայՙ հանդէպ մեր կառավարութեան: Նամակդ գրելուն մտածեցի՞ր այն հետեւանքներուն վրայ, որ կրնար առաջ գալ, եթե յանկարծ Փարիզի բարեկամդ նամակդ միամտաբար մամուլին յանձներ...
    Այսպէս, ուրեմն, ինծի «մեծ» համարող ներկայ քննիչս զարկաւ սպաննեց հինգ րոպէ առաջ «փոշի» համարող քննիչիս:
    Ի՜նչ լաւ է խաղաղ նստիլ եւ դիտել, թէ ինչպէ՜ս մեկ ուրիշը թշնամուդ կջարդէ...
    Երբ կռիւն աւարտուեց ու դիակները հավաքուած էին ռազմադաշտէն, քննիչս իր խաղաղ քննութեանն անցաւ:
    Բայց քննիչս, եթէ համետագործ ծնուած ըլլարՙ տարեկան մեկ համետ չէր ծախի: Առանց ձիու հասակին ու ծաւալին նայելու, համետներ կպատրաստէ եւ կստիպէ, որ գրաստները յարմարուեն իր ձեռագործին:
    «Փոշիէն» ետքը, երբ ինծի «մեծ», «յայտնի» կանուաներ, ես պահ մը իրապէս մեծ համարեցի ինծի. դուն մի՛ ըսեր, քննիչս կմեծցնէ ինծի, որ իր նախապէս պատրաստած մեծ յանցանքը տեղավորէ կռնակիս...

    Որ կը տանիմ լռութեամբ իմ հանդէպ ցոյց տրուած բոլոր անարդարութիւններն այդ անկէ է, որ կուզեմ չափել թէ մարդ արարածը որքան է «գայլ»: Ես անընդհատ խորացող ջրհոր մըն եմ, որ թոյլ կուտամ թշնամիիս անվերջ իջեցնել իր դոյլն, անոր պարանի ողջ երկարութիւնն ստուգելու համար: Չէ՞ ես աշխարհ եմ եկել հանդիսատէսի, եւ ոչ դերակատարի մտքով:
    Երկուշաբթի 23 . - Դատաստանիս օրը խնդրեցի դատաւորիս մեղադրական ակտիս պատճէնն ինծի յանձնել, չտուաւ: Իսկ ես սաստիկ պէտք կը զգամ յանցանքներուս ցանկինՙ մեկ-մեկ ուղղուելու համար:
    Կը յիշեմ: Փարիզի բարեկամիս նամակով գանգատեր եմ վիճակէս: Դուրս գալուս պիտի գրեմ, թէ շատ երջանիկ կապրիմ: Այդ հեշտ է:
    Յետոյ: 1921 թւին, ուրեմն ասկէ 15 տարի առաջ, Թաւրիզ եմ գացեր: Այլեւս չեմ երթար:
    Բարեկամիս տունը այցի եկած տիկնոջ մը պատմութեանը այն մասին, որ այս տարի շինարարութիւնը թոյլ կընթանայ, լսած ու հակահարուած չեմ տուած: Դուրս ելլելուս պիտի լսեմ ու հակահարուած տամ:
    Չորրորդ յանցանքս... չորրորդ յանցանքս... չորրորդ յանցանքս:
    Տէր Աստուած, ո՞ւր կորաւ սա չորրորդ յանցանքս... հա՛, ես կապ ունիմ դաշնակցական Տերոյեանի հետ: Տերոյեանը, թէեւ դաշնակցական չեմՙ կըսէ, բայց կարելի է ինքը չի գիտերՙ կապերս կտրեմ պիտի:
    Հինգերորդ յանցանքս... յիշեցի: Տասը տարի առաջ անտիպ յօդուած մըն եմ գրեր, որու մէջ չեմ յիշեր, ինչը սխալ է գրուած: Կելլեմ դուրս, գիծ կը քաշեմ սխալիս վրա, վերը ճիշտը կը գրեմ:
    Վեցերորդ սխալս...
    Տէ՜ր Աստուած, վեցերորդ սխալս... Չէ, չեմ յիշեր, պէտք է դատարանն անպատճառ մեղադրանաց պատճէնը մեղադրեալին յանձնյ, որպէսզի ան նայէՙ ուղղուէ:
    1936 թ.

    Երեքշաբթի 17 . - Այսօր լրացաւ իմ աքսորանքին 12-րդ տարին: Տասներկու տարի առաջ, ճիշտ այս օր ինծի բանտիս կամերայէն հանեցին, բերին յատուկ տեսակցութեան յարմարցուցած այն սենեակը, ուր «յանցաւորները» Սիբիր աքսորելէ առաջ վերջին տեսակցութիւնը կուտան իրենց հարազատներուն:
    Կինս, երեք փոքրիկ երեխաներս սպռած կեցած են բարձր ու լայն սեղանի այն կողմը: Ես «օրինական» հեռաւորութեան վրա աչքերս կրցածիս չափ կը ճոռթեմ նայելու այն փոքրիկներիս, որոց գուցէ յավիտեանս չտեսնեմ: Կինս բան մը կուզէ ըսել, բայց չի կրնար: Անիկա գրպանէն կը հանէ 50 ռուբլի դրամ եւ կը մեկնէ տեսակցութեան հսկիչին, որ ինծի տայ:
    - Վերջին խնայողութիւնս, - հազիւ կարտասանէ կինս սեղանի միւս ծայրէն եւ կուլայ:
    Հսկիչն ըստ ձեւի գազան, բայց ըստ էութեան «մարդ» կերեւայ ինծի: Կը դառնամ իրեն շատ անվստահ.
    - Ընկե՛ր, գուցէ թոյլ տաք վերջին անգամ համբուրել փոքրիկներիս...
    Անիկա պահ մը մտածեց, ապա զգուշութեան համար շրջապատը եւ դռնէն դուրս նայեց ու ըսաւ.
    - Պայմանով միայն, որ իւրաքանչիւրին մեկ անգամ միայն համբուրես, եւ այդ բոլորը ակնթարթ մը քաշէ. այլապէս եթէ բռնուեմՙ այլեւս փրկութիւն չկայ ինծի:
    Այնպէս ըրէ, որ պետութիւնն ալ չտուժէ:
    Ու սաստիկ վախով ճամբայ տուաւ, որ ընտանիքիս մօտենամ:
    Երբ գրկեցի առաջին փոքրիկս, մոռնալով խոստումս, աշխարհի բոլոր օրէնքներն ու պետութիւնները, սկսեցի տեղատարափ համբուրել:
    - Բաւ է, բաւ է, խղճայ ինծի, ես ալ երեխայի տէր եմ, - կը ձայնէ հսկիչս սարսափի ու յուզմունքի մէջ ալեկոծ:
    Բայց իզուր, հրացանէն դուրս թռած գնդակն այլեւս ետ չի դառնար...
    Վերջէն, երբ պետական բոլոր օրէնքներն խախտելով կարօտս առեր էի, նայեցայՙ հսկիչիս երեսը գոյն չէր մնացեր, հազիւուժ ունեցաւ արտասանելու.
    - Քաղաքացի՛ կալանաւոր, ինքդ դատէ, եթէ ամէն աքսորական իր ընտանիքին այսպէս անխնայ համբուրէ, մեր պետութիւնը կրնա՞յ դիմանալ:
    Վերջն, ի՞նչ երկարացունեմՙ եղածն եղած էր:
    Ես երեք տարի «հեռաւոր աքսոր» գացի: Երբ հեռաւորն աւարտեցի, անկէ վերջ բերին ու հիմա «մօտաւոր աքսոր» ղրկեցին: Հիմա «մօտաւոր աքսորիս» իններորդ դասարանն եմ, տասնամեակն աւարտեմ, նայինք վերջըՙ կառավարութիւնը աքսորի ո՞ր կուրսերը կը ղրկէՙ «մշտական աքսորականի» կոչում տալու համար:
    Պարտքս կը համարեմ ըսել, որ ներկայ աքսորիս հսկիչս, նորէն մարդկային բաներ ունի մէջը: Տարին անգամ մը թոյլ կուտայ, որ տունս երթամ եւ տեսնեմ ընտանիքս, պատուիրելով, սակայն, որ կարճ, շատ կարճ տեսնուեմ:
    Կը պատահի, որ երբեմն անսաստելով հսկիչիս պատուէրըՙ երկար կը տեսնուեմ ու երբ աքսորավայրս վերադառնալով կը տեսնեմ, որ պետութիւնը չի կործանուեր տակաւին, գոհունակութեամբ կըսեմ ինքս ինծի.
    - Չէ՜, մեր պետութիւնը արդէն ամրացեր է, կարելի է անխնայ տեսնուել ընտանիքի հետ...

    1947 թ.
    «ԱԶԳ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ. ՄԱՐԴԸ` ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ - մաս 1

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ. ՄԱՐԴԸ` ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ


    Շուտով կը դիմաւորենք Լեռ Կամսարի ծննդեան 125-ամեակ` 2013 տարեթիւը: Ահա հանգրուան-առիթ մը, թէկուզ պայմանական, անդրադարձի եւ արժեւորման: Եւ մանաւանդ` կարելի հրաւէր մը ինքնաճանաչումի:


    Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան մէջ բացառիկ պարագայ կը կայացնէ երգիծաբան Լեռ Կամսարը` Արամ Թոմաղեանը կամ Թովմասեանը, իր կենսագրական վարքով – ե՛ւ գործով: Իր կեանքն ու անհատականութիւնը, արդէն, զինք շեշտօրէն կ՛անջատեն ընթացիկ դէմքերու շարքէն: Ծնած Վան` 1887-ին, կազմաւորուած Արեւմտահայաստանի այդ ոստանին մէջ դարասկիզբի տարիներուն, ապրած` պատերազմ ու գոյամարտ, ապա Առաջին հանրապետութեան տարիները,- ան ի վերջոյ ինքզինք գտած է խորհրդային վարչակարգի տակ: Յատկապէս 1930-ականներէն մինչեւ 60-ականներու կէսի իր շիջումը ստեղծագործած` ծանօթ դաժան պայմաններու մէջ, ցուցաբերած է անհաւատալի ուղղամտութիւն եւ յանդգնութիւն, յաճախ – իր բառով` մահապուրծ, այսինքն` պարզ դիպուածի պարտելով խուսափումը ֆիզիքական ջնջումէ. միւս կողմէ տեսնելով` կտրուկ արգելումը իր գործունէութեան եւ աղճատումը իր վաստակին(¹):
    Լեռ Կամսարի` խորհրդային վարչակարգի տակ ապրած աւելի քան քառասուն տարիները կը նշուին չորս ժողովածուներով` «Անվաւեր մեռելներ», «Ազգային այբբենարան», «Վրիպած արցունքներ» եւ «Գրաբար մարդիկ», հրատարակուած յաջորդաբար` 1924-ին, 1926-ին, 1934-ին եւ… 1959-ին: Այս գործերը անշուշտ խնամքով ականազերծուած էին գրաքննութեան նախանձախնդիր փոյթով եւ միայն մասնակի պատկեր մը կու տային լեռկամսարեան պայթուցիկ երգիծանքէն: Առաջին երեքը, արդէն օրին` հեղինակի ձերբակալման-բանտարկման պահուն արգելքի տակ դրուած, պիտի չքանային հրապարակէն` նաեւ անշուշտ զրկուելով վերատպումի ամէն առիթէ: Չորրորդը` «Գրաբար մարդիկ»-ը, միակ գործը, որ հեղինակի աքսորէ դարձին ու իր ողջուցը հրատարակուեցաւ, գրեթէ բացառաբար կը կիրարկէ կենցաղային երգիծանք մը, իր կարգին հաստատելով նոյն ականազերծումն ու անվնասութիւնը – հեռաւոր գաղափար մը միայն տալով երգիծաբանի իսկական դիմագիծին մասին:
    Հինգերորդ ժողովածուն` «Մարդ տանու շորերով», 1965-ին, արդէն տպուած-պատրաստ, թէեւ 50 մամուլէն ծուատուած-վերածուած 20 մամուլի, վերջին պահու իր խափանումով (հետեւանք` Սունդուկեան թատրոնի տնօրէն Ղ. Ղազարեանի ճնշումներուն` անոր հովանաւորչական բարքերը թիրախ դարձնող տոմսէ մը դրդուած), մահացու հարուածը պիտի տար ծեր ու հիւանդ գրագէտի կեանքին, առաջացնելով կաթուած, ապա եւ, քանի մը օր անց, անխուսափելի դարձած մահը…: Մինչ այդ, խափանուած հատորը մասամբ արդէն առաքուած էր գրավաճառանոցները, եւ ձեռքի տակէ վաճառուած` իր 10,000 տպաքանակի անճշդելի մէկ համեմատութեամբ…
    Խորհրդային վարչակարգի վերջին տասնամեակին` կը նշուի հրատարակութիւնը երկու հատորներու եւս` «Միհատորեակ» (1980) եւ «Երկեր» (1988): Այս վերջինը, «Սովետական գրող»-ի հուսկ արտադրութիւններէն մէկը, աւելի քան 500 էջի վրայ տարածուած նիւթերու ընտրութեամբ եւ ներածող երկարապատում վերլուծութեամբ, կը կրէ խորհրդային ուղղափառութեան նո՛յն հին, ծանր կնիքը, ինչպէս իր նախորդները – կարծես փերեսթրոյքա մը չըլլայ եկած` խարխլելու կայսրութեան մենատիրական հիմերը…:
    Լեռ Կամսարի անկաշկանդ, վաւերական հրատարակութիւնները կը սկսին նո՛յն այդ տարին` 1988-ին…
    Լեռ Կամսարի այսպիսի արժեւորում` իբրեւ ճառագայթուն միտք եւ բազմակողմանի երգիծաբան, եւ որ ներկայ փորձի ստորագրողը կը բաժնէ լիովին, ոմանց մօտ -կը թուի- կրնայ տակաւին արթնցնել վերապահութիւններ, տեղիք տալ որոշ առարկութիւններու: Ուրիշներ պիտի մղուին փորձութեան (նոյն շփոթին մէկ ա՛յլ դրսեւորումը) զինք դնելու երկրորդ կարգի շարքային երգիծաբաններու կողքին, «հնակարկատ երգիծաբաններու»`(²) կամսարեան բնորոշումով մը. կամ անպայմա՛ն իր առիթով եւ իր հետ յիշատակելու զանոնք – հայրենի գրիչներ, թէ սփիւռքահայ…:
    Այսպիսի իրողութիւն մը հաւանօրէն, վերագրելի է եթէ ոչ գրական-մարդկային չափանիշներու խախտումի մը, ապա գոնէ` վաստակի անբաւարար ծանօթութեան…:
    Գալով գործին,- Լեռ Կամսարի վաստակը սեւեռող ամէն փորձ, անմիջապէս ու անխուսափելիօրէն, կը գտնուի երգիծաբան-գրողի եւ Մարդու ակնյայտ առնչութեան, նոյնացմա՛ն փաստին առջեւ: Աւելի՛ն` ընթերցողը անոր գործին մէջ -գործի մեծ մասի պարագային- պիտի չգտնէ գրական երկի յատուկ յօրինում ու կառոյց` դրուագներ, հանգոյցներ, կերպարներ…: Կամ այս բոլորը պիտի գտնէ` երկրորդաբար նշուած ու դասաւորուած գլխաւոր կերպարին` նոյնինքն երգիծաբան-հեղինակի անձին շուրջ: Ճի՛շդ ինչպէս կը պատահի Յ. Պարոնեանի գործերուն հետ, գոնէ անոնցմէ ամենակարեւորներուն:

    Որքա՛ն ճիշդ կ՛ըսէ Շահէն Թաթիկեան. «Ես խօսում եմ Լեռ Կամսար մարդու մասին, որովհետեւ նրա անձն ու ստեղծագործութիւնը բացառիկօրէն ներդաշնակ էին (…) Նրա մասին չի կարելի ասել, թէ բազմաժանր կամ ոճական բազմազանութեամբ ու պրպտումներով աչքի ընկած հեղինակ է: Թւում է, թէ նա ամենեւին հոգ չի տարել գեղեցիկ արտայայտութիւններ որոնելու, գրական հնարքներ բանեցնելու ուղղութեամբ: Նա պատմում էր ազատ, անկաշկանդ (…) կարդում ես, անցնում,- յիշողութեանդ մէջ բովանդակութիւնը, արծարծուած խնդիրները մնում են. բայց, թւում է, թէ չի մնում ոչ մի կերպար, այսպէս ասած` կենտրոնական գործող անձ: Բայց դա միայն թուացեալ է: Կամսարի անձ-հերոսը, որի մտքերի, զգացումների, քաղաքացիական կեցուածքի բացայայտմանն է նուիրուած նրա ստեղծագործութիւնը,- այդ կենտրոնական անձը, այդ կերպարը հէնց ինքն է, հեղինակը, իսկ միւս կողմանից էլ` ժամանակը, ի դէմս դարաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնների»(³):

    Ուրեմն, մարդկային լեցուն ներկայութիւն մը` հարցերու էական եւ անզարդ, անշպար ներկայացումով. հարստութիւն աշխարհայեացքի եւ բարոյական անհատ-մարդու: Ու միւս կողմէ` աստիճանաւորուած վերաբերում կեանքի իրականութիւններու հանդէպ, այսինքն երգիծանք` բազմակողմանի եւ այլազան: Յատկութիւններ, որոնք նոյնպէս կը խօսին Յակոբ Պարոնեանի հետ հոգեմտաւոր ու գրական խոր նմանութիւններէ, առնչութիւններէ:
    Ինչ որ կ՛արժէ կատարել, կ՛առաջադրուի հոս, նախ` մերձեցում մըն է Լեռ Կամսարի` իր վաստակին, երգիծանքի ձեւերու պատկերացման ու կիրարկումին մէջէն, ապա` եւ մանաւանդ` ուրուագծումը լեռկամսարեան անհատականութեան ու հոգեմտաւոր աշխարհին` իր ամենաբնորոշ գիծերով:
    Ուրեմն, ներկայ փորձը պիտի չլծուի «գրականագիտական» աւանդական քննութեան մը. պիտի զանցառուին «զուտ գրական» երկերը` յօգուտ քրոնիկային-օրագրայիններու(4):
    Քրոնիկային, թէեւ անձնաշեշտ հոծ վաստակի մը վրայ այս կեդրոնացումը, անոր առաջնահերթութեան ընդգծումը համազօր չէ անտեսելու այլ գործեր – կամ առհասարակ` «ստեղծագործական» բնութագրուող ոլորտը վաստակին: Պարզապէս` ներկայ փորձին միտումը ատիկա չէ.

    առաջադրուածը, անգամ մը եւս, մարդու մը կենդանագրին եւ հոգեմտաւոր աշխարհի ուրուագծման ճիգն է, իր գործի «մեթոտային» կիրարկումներուն եւ բովանդակութեան զոյգ, ընդելոյզ ցանցերուն մէջէն վերծանուած
    Ուրիշ կողմէ մը, նկատի առած` Լեռ Կամսարի գործին աղճատումը եւ անոր ներկայ հրատարակութեան տիտղոսներու տպաքանակային սահմանափակութիւնը (ուրեմն եւ բնագիրներու անբաւարար տրամադրելիութիւնը հրապարակի վրայ ու անհատներու մօտ), այս աշխատասիրութիւնը մէջբերումներ պիտի կատարէ ծաւալուն չափերով: Նոյնիսկ եթէ ատիկա չի համապատասխաներ առհասարակ` աշխատասիրողի մեթոտային նախընտրութիւններուն…

    ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
    «Սերում են նրանք եւ ա՛յն ծերուկից,
    Որ նախընտրում էր քնել տակառում.
    Սերում են նրանք եւ ա՛յն պատանուց,
    Որ սիրահարուեց իր իսկ պատկերին:


    «Անվտանգ` ինչպէս հրդեհն արեւի,
    Անվնաս` ինչպէս օգտակար լորտուն
    Վախ են ներշնչում պետութիւնների`
    Մինչեւ իսկ իրենց կամքի հակառակ:


    «Արքաների հետ խօսում են «դու»-ով,
    Եթէ, ի հարկէ, լսում են նրանց,
    Իսկ թէ չեն լսում` մէ՜կ է, չե՛ն լռի,
    Կը խօսեն թէկուզ իրենց կօշկի՛ հետ:


    «… Բայց չեն վախենում նրանք չար մահից.
    Ապրում են դժուար, ու մեռնում են հեշտ»(5):


    Երգիծաբանին կենսապայմանն ու կենսապայքարը, տարապայմանօրէն դժնդակ, ծանր կնիք են դրած կեանքի իր ընդհանրական պատկերացման վրայ, ու հեգնանքի իրենց յղումներով կը միջամտեն ասոր գծագրման իր բոլոր փորձերուն:
    Փորձելով բնութագրել Լեռ Կամսարի անհատականութիւնը ուրուագծային ձեւով, պիտի ըսէի, որ լեռկամսարեան խառնուածքը` նախ` անպայման որ կը պարփակէ Դիոգինէս մը եւ Նարգիս մը: Եթէ ոչ` «սիրահարած` իր իսկ պատկերին», ան անզիջող անհատապաշտ է: Ապա, ինչպէս «տակառի մէջ քնել» նախընտրող շնական ծերուկը, ան-ընկերական է` օր-ցերեկով ակորայի երկայնքին լապտերը ձեռքը «Մարդ» փնտռող: Ու անպատկա՛ռ ալ, «արքաների հետ դու-ով» խօսելու աստիճան:
    Անընկերային այս գիծերուն, առանց հակադրելու անոնց, հարկ է աւելցնել «անվնաս օգտակար»-ութեան մը անզանցառելի գիծը, որ զինք կը մղէ սոկրատեան բանական, «իրաւախոհական» կեցուածքի, մարդու ու յատկապէս` երգիծաբան գրագէտի ընկերային պարտաւորութիւններու ստանձնման ու կատարման ճամբով: Ասիկա` մինչեւ որ ընկերա-քաղաքական համակարգի ախտերէն, գոյապայքարի ու «ընկերներու» հարուածներէն ձեռնթափ, յուսահատ` յանգի համլետեան ողբերգական «Լինել, թէ չլինել» հարցադրումին` կեանքի անհեթեթութեան հետ առճակատուած…

    ԿԵՆՍԱՊԱՅՄԱՆԸ` ԴԱԺԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

    Ծնած ու կեանքի առաջին տասնամեակները ապրած` օսմանեան լուծի տակ հեծող հայութեան ծոցին, Լեռ Կամսար` պատերազմէ եւ գաղթէ անցնելով` դարձած է հայրենակորոյս: Բայց իր կեանքի երկրորդ կէսը իրեն վերապահած է այլապէս դաժան ճակատագիր: 1921-ին Պարսկաստանէն Երեւան վերադարձած` փորձած է մասնակցութիւն բերել հայրենի երկրի կառուցումին: Բայց, չհաշուած կանուխէն իսկ զգալի կաշկանդումները, յատկապէս 30-ականներու սկիզբին, իր անկաշկանդ ու անվախ հեգնանքին պատճառով, բախած է գրչեղբայրներու հալածանքին, արժանանալով յատկապէս իր երէկի բարեկամ եւ տաղանդաւոր բանաստեղծին` Ե. Չարենցի անձնական թշնամութեան եւ ատոր հետեւանք «զտումին», այսինքն պաշտօնազրկման(6):
    Վերահաստատուած` շնորհիւ Ա. Խանջեանի հասկացողութեան եւ Ս. Սրապիոնեան-Լուկաշինի անխախտ համակրանքին, երգիծաբանը 1935-ի ճնշումներու սկզբնական շրջանին զոհ պիտի դառնայ հերթական մատնութեան եւ գրեթէ տարի մը բանտարկումէ ետք` աքսորուի Սիպերիա, դատապարտուած եռամեայ տաժանակրութեան: Իսկ 1939-ի վերադարձէն ետք, ներքին աքսորի պիտի ղրկուի Բասարգեչար, Սեւանի մօտ(7):
    Համաներումին` 1954-ին, իբր անմեղ` ազատ արձակուած, պիտի ճաշակէ հոգիի «տաժանակրութիւն»(8): Ոչ միայն իրեն պիտի մերժուի գրական մամուլի բեմ, այլեւ նոր մատնութիւն մը` 1918-ին գրուած ծանօթ «լենինեան» ֆելիետոնի մատնանշումով, զինք պիտի զրկէ ե՛ւ թոշակէ, ե՛ւ ապրելի բնակարանի մը իրաւունքէն:
    Այս բոլորի իբր դառն եզրակացութիւն, երգիծաբանը ահա ինչպէ՛ս կը բանաձեւէ իր կեանքի ուղին.

    «Ես յաճախ եմ մտածել գրել իմ կենսագրութիւնը, բայց հնարաւոր չեմ գտել:
    «Գրել կենսագրութիւն, նշանակում է նորից ապրել մի անգամ ապրած կեանքը, իսկ իմ կեանքը այնպիսին չի, որ հնար լինի երկու անգամ ապրել: Իմ կեանքի օրերն իրար ետեւ շարուած տառապանքի օրեր են, տասն անգամ ստոյգ մահից մազապուրծ: Ի՞նչ երաշխիք, որ երկրորդ ապրելուս դրանցից մէկնումէկին զոհ չեմ գնայ…
    «Ես անգամ գոհ չեմ, որ մի անգամ ամբողջական ապրել եմ իմ կեանքը: Եթէ ինձանից կախուած լինէր, մի քառորդով կ՛ապրէի: Այն էլ նրա համար, որ կեանքի մասին մի թեթեւ գաղափար կազմած մեռնէի:
    «Իմ անցած 70 տարիներից միայն 35 տարին է իմը եղել, իսկ մնացեալ կէսը այլեւս ինձ չի պատկանել, այլ Սովետական կառավարութեանը, որ ինչ կամեցել է` արել է ինձ:
    «… Ո՛չ, չեմ կարող իմ կեանքը գրել: Ինձանով հետաքրքրուողներին կ՛ասեմ.
    «- Ես ինձանից տեղեկութիւն չունեմ, Սովետական իշխանութեանը հարցրէք…»(9):

    Լեռ Կամսարի ապրած գաղափարա-քաղաքական դժոխքը ի հարկէ խորապէս պայմանաւորած է իր աշխարհիմացութիւնը, կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Այդ պայմանաւորումին ներքեւ պիտի տեսնենք աւելի խոր սկեպտիկութիւն մը, ակնոստիկական զուսպ յոռետեսութիւն մը: Բայց այս մասին` աւելի վար: Հոս ունկնդրելին` այդ խորքի դրսեւորման գրեթէ բոլոր առիթներուն միջամտող` խորհրդային մարդու դրամային նոտերն են, յաճախանքի մը յամառութեամբ: Ինչպէս վերի մէջբերումը ցոյց կու տար արդէն, ու նաեւ կ՛երեւի հետեւող տողերուն մէջ.

    «Ես տրանզիտով աշխարհ եկայ, տրանզիտով էլ հեռանում եմ աշխարհից` առանց վագոնիս պատուհանը բաց անելու: [...]
    «Դատարկ վագոնում որքան ուժ ունեմ բղաւում եմ` Մարդի՜կ, հեռու բոլշեւիկեան կառավարութիւնից, այդ վարդապետութիւնը ոճիր է մարդկային բանականութեան հանդէպ… Փախէ՛ք դրանից…
    «Իմ ձայնը, սակայն, դիպչում է գնացքի պատուհանին ու ինձ վերադառնում [...]
    «Աստուա՜ծ, ա՜յ տնաշէն, առանց քեզ էլ, տեսնում ես, բոլշեւիկները մեզ սպաննում են, էլ դու ինչո՞ւ ես մէջ ընկել: Ո՞վ է տեսել` մէկին երկու անգամ սպաննեն: Ինչո՞ւ ինձ բաց վագոնով գերեզման չես տանում, որ ճանապարհին մի քանի ճշմարտութիւններ ասեմ մարդկութեանը»(10):

    Խորհրդային կարգերու անխնայ խարանումը, կամսարեան գործին մէջ յաճախանքային ներկայութեամբ ամենաներկայ,- լրիւ չ՛արգիլեր սակայն համաշխարհային քաղաքականութեան ոլորտին մուտքը հոն, որքան ալ` նուազ զգալի ներկայութիւն մը արտօնելով անոր: Ինք եւս կ՛անդրադառնայ այդ սահմանափակումին, մինչ կ՛արտայայտուի Արեւմտեան աշխարհի հարցերուն մասին, որակապէս նոյնքան յաջող ակնարկներով ու ակնարկութիւններով: Երկու օրինակ միայն.

    «Փոքրիկ տղաս օրն ի բուն կը ճռուողէ, բայց րոպէ մը որ ձայնը կտրեց` մայրը, գիտնալով պատճառը, քովը կը շտապէ, «Աշոտիկ, ա՞յ կ՛ընես» ըսելով:
    «Իտալիան, որ ժամանակ մը Մուսոլինու բերնով կը ճռուողէր Անգլիոյ եւ Ֆրանսիոյ հետ, աս չորս ամիս է ձայնը կտրեր է: Անպատճառ «այ» կ՛ընէ:
    «Թերթերը կ՛ըսեն, թէ մութին մէջ Խորհրդային Ռուսաստանին դուռները կը փնտռէ»(11):
    Կամ`
    «Թէեւ կտրուած ենք դուրսի աշխարհէն ու կ՛ապրինք խորհրդային սնտուկին մէջ, բայց բանալիին ծակէն անգամ կ՛երեւի, որ քաղաքական հորիզոնին վրայ բաներ մը կը դառնան:
    «Թուրքիա, օրինակ, «մարդասէր» է դարձեր եւ «սիրով» տեղ կու տայ Իտալիայի գաղթականներուն: Այո՛, Թուրքիան մարդասիրութեան վարժանքներ կ՛ընէ: Այսօր Իտալիոյ կը սիրէ, վաղը Անգլիոյ, միւս օրը Ֆրանսիոյ…»(12):


    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Լ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
    Հոկտեմբեր, 2011
    Աթէնք

    (1) Այսօր, մինչ կը փորձուի գնահատումը այդ վաստակին, պէտք է ի սկզբանէ ու տեւաբար նկատի ունենալ անոր հրատարակութեան կիսկատար, ողբերգականօրէն աղճատուած վիճակը: Եւ յիշել ու արդէ՛ն շեշտել, որ ստալինեան գրաքննութեան դաժան մկրատները, սիբիրական թէ ներքին աքսորներու մէջ լռութեան դատապարտուած կեանքի քսանամեայ ամենաբեղուն շրջան մը, պարտիական գամփռներու, թէ «գրչեղբայր»-ներու շղթայազերծած անգութ հալածանքները, մառաններու հողին տակ կճուճներու մէջ թաղուած ու մասամբ փճացած ձեռագիրներու ոդիսականները,- անբաժան են եղած լեռկամսարեան գողգոթայէն: Շնորհիւ իր թոռնուհի Վանուհի Թովմասեանի անսակարկ նուիրումին` 1990-ական թուականներէն սկսեալ, հրատարակութեան հասած իր գործը, թէեւ էական` երգիծաբանի դիմագիծի նորովի ստեղծման համար, վաստակի ամբողջութեան մէկ մասն է միայն, յաճախ նաեւ հում վիճակի մէջ, զուրկ մնացած հեղինակային գուրգուրոտ վերընթերցումէ եւ սրբագրութիւններէ: Ինչպէս անկէ յառնող գրական թէ՛ մարդկային դիմագծումները մէկ մասը կը կազմեն Լեռ Կամսարի ամբողջական գործին: Առանց մոռնալու կորսուածը, մենք ստիպուած ենք յղուիլ տրուածին, անծանօթ ամբողջութեան մը մեզի աւանդուած ծանօթ այդ մնացորդին (տե՛ս ծնթգրթ. 4):
    (2) Տե՛ս «Պարոնեանի գրական հասցէն», «Մարդը տանու շորերով», Եր., հրատ. «Հայաստան», 1965, էջ 317:
    (3) Տե՛ս «Գրական թերթ», Լեռ Կամսարի նուիրուած բացառիկ թիւ, 25/11/1988:
    (4) Լեռ Կամսարի անխառն եւ անեղծ դիմագիծը երեւան բերող առաջին հրատարակութիւնը, իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ` 1988-ին, կատարուեցաւ Երեւան, արդէն հասունցած փերեսթրոյքայի բաւական ազատ պայմաններուն մէջ: Ուշացած այս ճանաչումին պատիւը կ՛երթայ` երբեմնի իր հիւրընկալին, հարկադրաբար ժլատ բայց կարելին չխնայող երգիծաթերթ «Ոզնի»-ին, ապա եւ «Գրական թերթ»-ին:
    Քանի մը տարի ետք, Պէյրութ` 1994-ին, «Շիրակ» հրատարակչատունն էր որ, Կ. Հաննէսեանի գուրգուրոտ նախաձեռնութեամբ, լոյս կ՛ընծայէր նշեալ երկու թերթերու այդ բացառիկներու նիւթերը` բազմաթիւ անտիպ էջեր եւ Լեռ Կամսարի յիշատակին նուիրուած վկայութիւններ, «Լեռ Կամսար – Տպուած եւ անտիպ էջեր» խորագրով:
    Աւելի ուշ` կը հրատարակուէր օրագիրին մէկ փոքրիկ մասը` «Կարմիր օրեր» տիտղոսին տակ («Նայիրի» հրատ., Երեւան, 2000 թ.):
    Վերջին տասնամեակին, յաջորդաբար, հրատարակուեցան` փոքրածաւալ «Սաստիկ կոմունիստներ» պարսաւ-կատակերգութիւնը (2001), որուն արժէքը, լեռկամսարեան գրականութենէն թատերգական նոր նմուշ մը տրամադրելէ աւելի` իր յառաջաբանին մէջ է - զօրեղ շեշտերով կտակ-պատգամ մը (մասամբ քաղուած օրագրային էջերէ): Ապա վերջապէս` «Մահապուրծ օրագիր»-ը (2008), որ կը պարփակէ երգիծաբանին կեանքի ամենաբախտորոշ մէկ տասնամեակի (1925-1935) օրագրային նոթերը, նաեւ, շնորհիւ հրատարակիչ թոռնուհիին` Վանուհի Թովմասեանի յառաջաբանին – միանգամայն սրտառուչ յիշատակարան` մարդու եւ գործի կրկնակ գողգոթային նուիրուած, թանկագին վկայութիւններով ու տեղեկութիւններով: Նոյն տարին` կը հրատարակուի «Խաղք ու խայտառակ աշխարհ» հատորը: Վերջապէս, յաջորդաբար 2009-ին եւ 2010-ին, լոյս կը տեսնեն «Սոցիալիզմի Սահարա» եւ «Բանտիս օրագիրը», հայրենակիցներու եւ հիացողներու մեկենասութեամբ:
    Կը մնայ յիշատակել նաեւ անտիպ էջերու պարբերական հրատարակումը մամուլի օրգաններու մէջ, ինչպէս` բացի վերոնշեալ ռահվիրաներէն` «Ազգ»-ի, «Ազատամարտ-Վարուժան»-ի եւ «Ազդակ գրական»-ի էջերուն (այս վերջինը` Պէյրութ):
    Յայտնաբերման ու բանասիրական մեկնաբանութեան կարօտ բաւակա՛ն բան կայ տակաւին` առնչուող Լեռ Կամսարի վաստակի տպուած եւ դեռ անտիպ մասերուն, ապա եւ իր բազմախոց կեանքի պատմութեան – սկիզբէն մինչեւ աւարտը:
    (5) «Վարք մեծաց», Պարոյր Սեւակ, «Մարդը ափի մէջ», «Հայպետհրատ», Եր.,1963, էջ 57:
    (6) «Բանտիս օրագիրը», էջ 35:
    (7) «Կարմիր օրեր», էջ 412:
    (8) Անդ, էջ 15:
    (9) «Սաստիկ կոմունիստներ», Եր., հրատ. «Զանգակ-97», 2001, էջ 6:
    (10) Անդ, էջ 7:
    (11) «Մահապուրծ օրագիր», էջ 19:
    (12) Անդ, էջ 53:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. #8
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Լեռ Կամսար. Մարդը` գործին մէջէն- մաս 2

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ. ՄԱՐԴԸ` ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ

    Դիոգինէս եւ Նարգիս

    Վերառնելով այս մասի սկիզբը կատարած նկարագրաբանական բնորոշումներս, նախ, Լեռ Կամսարի մօտ կ՛ուզեմ ուրուագծել «դիոգինեան» տիպարը:
    Ամենաբնորոշ գիծը այս տիպարին` անկեղծութիւնը: Անկեղծութիւն` մինչեւ հակա-ընկերայնութիւն, «անպատկառութիւն»: Իր նախկին բարեկամ եւ ապա «տաղանդաւոր զրպարտող» Չարենցի բառերով` «ցինիկ», ուրեմն շնական, անկեղծութիւն: Որ` յարաբերական վերաբերմունքէն` կը հասնի մինչեւ արհամարհանք` սեփական արտաքինի հանդէպ - ինչ որ կ՛երեւի օրագիրի հետեւեալ տողերէն..
    «Ճիշդն ասած, մի վերարկուի ու մի գլխարկի գնողունակութիւն ունեմ, այդքան փող կայ մօտս, բայց ո՛չ նոր վերարկու եմ գնում, ո՛չ գլխարկ (…) Հիմա նոր կոստում (…) կրում են միայն «գիտական աշխատողները, գրողներն ու պատասխանատու աշխատողները»:(…) նրանց չնմանուելու համար պատրաստ եմ … անգամ Ադամի մերկութեամբ պտտել: (…) [նրանք] աչքը Ստալինին տնկած, սպասում են մի բան մտածի, որ իրենք այդ միտքը քջջեն ու ապականեն ողջ գիտութիւնը (…) Ո՛չ, թողէք ես կարկատած հնոտիներով քայլեմ այնպէս, ինչպէս քայլում են մեր երկրում բոլոր ինքնուրոյն, լուրջ ու ազնիւ մարդիկ»(13):

    Այլ տեղ, մղձաւանջ դարձած բնակարանի հարցը մեկնաբանելով, ուղղակի ինք պիտի յիշէ շնական փիլիսոփան. «Խօսելով ըստ էութեան, ասեմ, որ ես, որպէս մարդ, շատ եմ սակաւապէտ, Դիոգինէսի տակառի մէջ էլ կարող եմ ապրել…»(14):

    Նոյն կեցուածքին մէկ այլ դրսեւորումը` խորշանքը ճանաչումէ, մեծարանքէ: Իսահակեանի 80-ամեակի յոբելեանին առթիւ, Լեռ Կամսար կը գրէ.
    «Աւետիք Իսահակեանը չնայած քառասունհինգ տարի է, ինչ շոյւում այս կառավարութեան կողմից, դարձեալ մեծարանքին չդիմացաւ (…) Խեղճ բանաստեղծը սա մի ամիս է` պառկել, անկողնում կը տնքայ (…) Ինչ պիտի լինի իմ դրութիւնը, եթէ, տէր մի արասցէ, կառավարութիւնը կամենայ իմ ութսունամեակն էլ այսպէս տօնել:
    «Ես (…) ինչպէ՞ս պիտի դիմանամ այդ մեծարանքի կարկուտին (…) Ես զզւում եմ արիւնոտ ձեռքերով շոյուելուց»(15):

    Երգիծաբանին մօտ, ընկերայնօրէն «անպատշաճը» ըսելու հակումը զինք երբեմն անվարան կը տանի մինչեւ խորհրդային… արտաքնոցները, բառի փոխաբերական թէ` իրական իմաստներով:
    «Մինչեւ 28 թիւը պետութիւնը ուժ ունէր` ահագին տուներ կառուցեց Երեւանի մէջ: 28-ին ուժը պակսեց` հազիւ կը քանդէր միայն: Հիմա քանդելու ուժ իսկ չի մնացեր վրան, հիմա ուժ չունի անգամ ոտքի ճանապարհ երթալու` հիմա կը կեղտոտէ վրան:
    «Ո՛ր պաշտօնատունը կ՛ուզես մտիր` արտաքնոցները լեցուած են: Անասելի հոտը վարակեր է` դուրսէն այնքան քանդակազարդ Հոկժողկոմատի շէնքը, եւ առանց թաշկինակը քթին սեղմելու անհնար է ներս մտնել (…): Ի տես այս երեւոյթին` չեմ կրնար չբացականչել.
    «- Ո՜վ Աստուած, իր կեղտոտութիւնը ափ մը հողով ծածկող կատուի մը առաքինութիւնը տուր սա մեր «Ամերիկային հասնող ու անցնող» կառավարութեանը…»(16):

    «Մեծ»երու մեծութիւնը լրիւ անտեսող մարդն է Լեռ Կամսար: Իր զանազան «զրոյցները» աշխարհահռչակ դէմքերու հետ` այդ անտեսումին, հեգնական մտերմութեան կնիքը կը կրեն միշտ: Ինչպէս Կարլ Մարքսի ուղղուած իր մի քանի «դիմումներուն մէջ».
    «Կա՜րլ Մարքս, է՜յ, ի՞նչ ես տապանաքարը քաշել գլխիդ` պառկել Անգլիայում: Վե՜ր կաց, վե՛ր կաց, տես քո հիմնադրած սոցիալիզմն ինչ օյին բերեց աշխարհի գլխին:
    «Զարմանում եմ: Դու խելքը գլխին գերմանացի էիր, ինչպէ՞ս կարողացար այսպիսի յիմար թէորիա ստեղծել եւ փաթաթել մարդկութեան վզին: (…)»(17):

    Ուրիշ տեղ`
    «Ո՜վ Գրիգոր Լուսաւորիչ, բաւական է պատմութեան գրքերում դարերով պատմես քո քաշած տանջանքների մասին:
    «Տասնհինգ տարի Խոր վիրապում ապրելն ի՜նչ մեծ տանջանք է: Ճիշտ է, այնտեղ կային օձեր եւ կարիճներ, բայց (…) կ՛երեւի «անմեղ» մարդու չեն դիպչում նրանք:
    «Դու «Խոր Վիրապ» արի ու Սովետական Ռուսաստանում տես(…)»:
    «Տրդատ թագաւորը քեզ գլխիվայր ծառից կախեց ու քացախ լցնել տուեց յետոյքդ, իսկ սովետական կառավարութիւնը մեզ ծառից կախել եւ նոյն տեղը սոցիալիզմ է լցնում:
    «Սոցիալիզմը քացախ չէ, հա՜, այդ լաւ իմանաս…»(18):

    Դիոգինեան այս «ցինիկութիւն»ը դրսեւորում կը գտնէ նաեւ իր անձնական-ընտանեկան կեանքին մէջ:
    Մայրական պատկերը, այս բիրտ իրապաշտութեան լոյսին տակ, կը մերկանայ իր «սրբութենէն»: «Երբ կ՛երգեմ -կ՛ըսէ- Շահազիզին «Ես լսեցի մի անուշ ձայն, իմ ծերացած մօր մօտ էր» երգը, մօր կարօտէն քիչ կը մնայ, որ լամ: Բայց երբ կը նայիմ կենդանի` իննսուն տարեկան մօրս, իր դարն ապրած, եսասէր, փնթփնթան(մարդ կը դժուարանայ վերարտադրել հոս` իր շարած բոլոր որակումները – Յ. Ք.) այդ պառաւին, որ օրն ի բուն թախտի ծայրին նստած է…» եւն.: Եւ աւարտին` կը հասնի թեւաւոր խօսքը. «Մօրը դիտելու է մանուկի աչքերով միայն»(19):

    Կեանքի իր լծակիցը` կինը, որ բազմամեայ հոգերէն ու չքաւորութեան խաչը կրելէ սպառած-դառնացած է, այլապէ՛ս կ՛արժանանայ իր «իրապաշտ», յաճախ «ցինիկ» արժեւորումին.
    «Ես որ մեռնեմ, պիտի գնամ Սոկրատէսի կողքին թաղուեմ: Իմ ու Սոկրատէսի մէջ շատ ընդհանուր բան կայ: Ճիշդ է` նրա խելքը չունեմ, բայց նրա կինն ունեմ: (…) Այս յոյն փիլիսոփան ունենում է մի կին` Աստծոյ պատիժ (…): Մեռնելուցս յետոյ, ահա այս պատուական մարդու մօտ է որ ուզում եմ գնալ: Նման զնմանն կը սիրէ, ասում է առածը: (…) Այսպէս, ես ու Սոկրատէսը, դարդ դարդի տուած, կ՛երթանք շատ երկար…»(20):

    Ի հարկէ, Սոկրատէսի հետ «շատ ընդհանուր բան» ունի մեր երգիծաբանը, աւելի հարազատ ու «լուրջ» գիծեր, քան հոս բերուածը: Ատիկա` վարը:
    Աւելի ընդհանրական ու աւելի խարանիչ` Չարենցի «ռոմանս անսէրեան» շրջանի մասին իր հոյակապ երգիծա-վերլուծումը (1923)(21), ապա անոր բարոյական-քրէական սայթաքումներուն առիթով յետադարձաբար ներկայացուած իր դիրքաւորումը իսկապէս բառերը չծամող «ցինիկ անկեղծ» նկարագրի կնիքը կը կրեն:
    Քանի մը տող` այս վերջին դիրքաւորումէն.
    «Ես ու Չարենցը երկար տարիներ մտերիմ ընկերներ էինք եւ իբրեւ գրողներ` փոխադարձաբար գնահատում էինք իրար ու յարգում:
    «Այդ` այնքան ժամանակ, երբ դեռ չէր սկսել իր այլանդակ սեռական սանձարձակութիւնները: Իսկ այն օրուանից երբ սեռական կեանքում այլասերուեց` խտրութիւն չդնելով մարդկային երկու սեռերի միջեւ, օրիորդների հետ սկսեց ատրճանակի լեզուով խօսել եւ սրա-նրա վրայ կրակել, յետոյ բանտարկուել, ես թողի նրա բարեկամութիւնը, եւ մի ֆելիետոն գրեցի, որի պատճառով թշնամացանք…»(22):

    Շնական փիլիսոփայի «անպատշաճ» լեզուն կանգ չ՛առներ հոս. կ՛անցնի աւելի անդին – մանաւանդ երբ` միշտ հեռու ձրիութենէ` պէտք է վկայել վարչակարգի ընդունած հրէշային անմարդկայնութիւններուն մասին.
    «Ասում են` երկրագունդը … իր առանցքի շուրջն է դառնում… Բայց ես այդ բանը ոչ տեսնում եմ, ոչ զգում: Ի՞նչ կարող եմ ասել: (…)
    «Ես պատմել եմ ուզում աչքովս տեսած մի առանցքի մասին, որի շուրջն իրօք որ շարժւում է աշխարհը, եւ այդ առանցքը (սիրտներդ պինդ բռնէք` չվախենաք) մարդու առնանդամն է… Այո, ողջ կենդանական աշխարհը այդ անամօթ առանցքի շուրջն է դառնում դժբախտաբար»:

    Ու կը պատմէ նախկին բանտապետի մը զրոյցը` իր «նախկին կոմունիստ» ընկերներուն հետ: Տեղի չգոյութեան պատճառով հրահանգ ստացած կալանաւորները «մաղելու»` «այբբենական կարգով» գնդակահարելու, սարսափահար կիները կանչելով` «ի տրիտուր իմ հաղորդած «լաւ լուրերի» (ամուսիններու իբրեւ թէ մահէ փրկուած ըլլալուն մասին) «ժամադրութիւն էի նշանակում` հիւրանոցում յատուկ այդ նպատակի համար վարձած սենեակում, ընդունում էի գիշերները, ու… փառաւորուի՛ր, Վարդան…
    «Ամբողջ երեք տարի գիշերներն իմ օգնականին հրաման էի տալիս նրանց ամուսինները տանել ու գնդակահարել, իսկ ես հիւրանոց էի շտապում` նրանց կանանց վայելելու…»

    Երգիծաբանը կը յարէ.
    «Ահա քեզ առանցք, եւ իրօք որ անամօթ առանցք: Մարդկային այս անլուր արհաւիրքի ժամին, փոխանակ մի պահ կանգ առնելու, անպատկառօրէն շարունակում է իր պտոյտը»(23):
    Կրնան անպատկառ հնչել նաեւ երգիծաբանին կրկնուած զրոյցները «Աստուծոյ հետ», մանաւանդ հաւատացեալ կամ աւանդապաշտ ականջներու: Երբ, օրինակ, կը պատմէ`
    «Երկնքում ման էի գալիս. Աստուծոյ դռնից անցնելիս, ասացի մի մտնեմ` տեսնեմ ի՞նչ է անում մեր բիձէն:
    «Տեսնեմ` ինչ որ թղթեր առաջին` գծագրում է:
    «- Ա՛յ Աստուած, ի՞նչ ես անում:
    «- Նոր մարդ եմ ստեղծելու, պրոեկտ եմ կազմում:
    «… – Եթէ չես նեղանայ, քեզ մի խորհուրդ տամ…»:

    Ու պահ մը «զրոյցէ» ետք`
    «Վեր կացայ գնալու:
    «- Ո՞ւր,- ասաց Աստուած,- նստիր տիեզերքն էլ կառուցենք, ապա գնա:
    «Բա՛ն չունես,- ասացի,- կարագի հերթ եմ պահել: Ես իմ կէս քիլօ կարագը թողնեմ` գամ քեզ համար տիեզե՞րք կառուցեմ:»(24):
    Աւելի անդին`
    «Աստուած ըսի` Քրիստոսը միտքս ընկաւ:
    «Հետաքրքիր է` այդ տղան ի՞նչ է անում հիմա երկնքում:
    «Աստուած, ինքզինքը հազար տեսակ ասէկոսէների ենթարկելով, [նրան] ունեցաւ Մարիամից: Դրանով ուզում էր մարդկութիւնը փրկել` փրկեց: Հետեւաբար, նրան այլեւս անելիք չի մնում. ինչո՞ւ շտատների կրճատման տակ չի դնում նրան…»(25):
    Սկեպտիկ-ակնոսթիք մարդու գունաւորում մը, համատարած աստիճանաչափի վրայ, զգալի է յաճախ լեռկամսարեան աշխարհի հորիզոնին: Հոս` օրինակ մը միայն, ուր կը շեշտուի հայեացքներու այդ երանգը.
    «Երբ ես ինքս ինձ հետ համագումար կամ որեւէ «պլենում» եմ գումարում, այնտեղ այնքան բազմազան կարծիքներ են յայտնւում, որ չգիտեմ` որին հետեւեմ: Քուէարկութեանն էլ ոչ մի կարծիք մեծամասնութիւն չի շահում, ու ես մնում եմ շուարած:
    «Օրինակ:
    «Մի կարծիք իմ մէջ վեր է կենում եւ ասում, որ ազգութիւնները աւելորդ բաներ են: անվերջ պատերազմների պատճառ…
    «Գեղեցիկ կարծիք է, չէ՞…
    «Բայց դուք տեսէք, թէ այս գեղեցիկ կարծիքը ինչպէս է հերքում իմ երկրորդ կարծիքը…»(26): Ու կը շարունակուի…
    Այս Դիոգինէսը իր կողքին կը պահէ Նարգիս մը, պիտի թուէր` իրեն հակադրուող, բայց խորքին մէջ` կարելի է հաստատել` զինք լրացնող:
    Նարգիսական վերաբերումի բնորոշ օրինակ, թէկուզ հիւթեղ հիւմորով համեմուած, հատորի սա մուտքը.
    «Դուք գիտէ՞ք, որ ես բազմաթիւ շնորհներով օժտուած մի մարդ եմ: Բայց չեմ խնդրում ձեզ ինձ գովել, որովհետեւ ես ձեզանից աւելի լաւ կարող եմ այդ անել»:
    Եւ կը թուէ իր շնորհները, միշտ` նոյն հիւմորով – «զարմանալի կոմիկ դերասան»էն` մինչեւ ուսուցչութիւն, անցնելով ֆելիետոն-հրապարակագրութենէն ու բեմբասացութենէն: Ապա, պահելով նոյն անդիմադրելի շեշտը, կ՛անցնի նկարագրային առաքինութիւններուն. «Իսկ ինչ վերաբերում է իմ քաջութեանն ու արիութեանը` Աստուած հեռու տանի: Ոչ չափ եմ ճանաչում, ոչ սահման:
    «Այն ժամանակ, երբ ողջ Սովետական Միութիւնում մարդիկ անգամ չէին համարձակում տնքալ, (…) ես դուրս եկայ ու հրապարակաւ յայտարարեցի.
    «- Թուրք կառավարութիւնը լաւ է ձեր կառավարութիւնից…
    «Իսկ յայտնի է, որ համաշխարհային քարտէսի վրայ Թուրքիան ամենակեղտոտ կառավարութիւնն է:
    «Դրանից յետոյ, ճիշտ է, ես քսան տարուայ տաժանակրութեան դատապարտուեցի եւ բեւեռ քշուեցի, բայց բեւեռային տարածութիւնն էլ շատ քիչ էր արգելելու համար, որ ես իմ նողկանքը արտայայտեմ բոշեւիկեան կառավարութեանը…
    «Հիմա ճանաչեցի՞ք ինձ»(27):
    Կը հետեւի այս գիծերուն առնչուող ակնոստիկ-էսթետ գիծերու նոյնքան ուշագրաւ բնութագրում մը.
    «Իմ ողջ կեանքում փնտռել եմ մի բան` արժանի դաւանելու ու չեմ գտել: Գիտեմ, սա մեծ դժբախտութիւն է. գիտեմ, հաւատ, կրօն, դաւանանք, աշխարհայեացք, իդէալ – սրանք ձեռնափայտերն են, որոնք մարդիկ բռնում են սովորաբար մօր արգանդից գերեզման գնալու ճանապարհին…»:
    Քիչ մը աւելի վար` կու գայ ճշգրտում.
    «Խօսելով իմ մասին` ասացի, որ դաւանանք չունեմ: Բայց մի՞թէ հնարաւոր է այդ: Ոչ, ի հարկէ:(…) Ինձ թւում է` նա, ով ասում է` ոչ մի դաւանանք չունեմ, ուզում է ասել, որ բոլոր դաւանանքները միասին ունեմ: Անկուսակցականին ամենայն իրաւամբ պան-կուսակցական կարելի է անուանել: [Նա] «աչքը դուրս» տղամարդու նման` ման է ածում իր ախորժակը բոլոր գաղափարների վրայ:
    «Ես այդ կողմից կատարեալ Դոն Ժուան եմ: Գեղեցիկ գաղափար մը տեսնելուն պէս` անմիջապէս «նրան ձեռքը կը խնդրեմ»(28):
    Եւ դեռ, ուրիշ տեղ (1926 կամ 1927), խօսքը ուղղած Աշոտ Յովհաննիսեանին`
    «… դուք, դաստիարակի մը հոգատարութեամբ, ցանկացել էք, որ ես աշխարհայեացք ունենամ: (…) Խորհուրդ կու տաք քաղգրագիտութիւն սովորելու: (…)
    «Քաղգրագիտութիւնը այնքան, ինչքան հարկաւոր է սոցիալիստ (հետեւաբար եւ կոմունիստ) չլինելու համար` գիտեմ:
    «Գալով դաւանանքիս, ընթացիկները երկուսն են` քրիստոնէութիւն եւ սոցիալիզմ, որք հաւասար չափով հաւատք են պահանջում իրենց հետեւողներից. մի բան որ իմ մէջ իսպառ բացակայում է:
    «Քրիստոնէութիւնը եւ մարքսիզմը, որպէս միտք, որպէս իդէա (որին չպէտք է հասնել), պատիւ է բերում իր հանճարեղ հեղինակներին միայն` Քրիստոսին եւ Մարքսին(29):

    Ինքնուրոյնութեան այս յամառ որոնողը իր շուրջ թութակ-հետեւողներ միայն պիտի տեսնէր անշուշտ:

    «Ձեռքս ինկաւ Ռուսաստանի աշխարհագրութեան գիրք մը, որ շատ հին է:
    «Ինձի եթէ յանձնարարուի կազմել նոր մը, այսպէս կը կազմեմ:
    «Ռուսաստանը, կ՛ըսեմ, անտառապատ երկիր մըն է: Ցարի ժամանակ նշանաւոր էր իր սպիտակ արջերով, խորհրդային տարիներուն` կարմիր թութակներով: Այժմ Ռուսիոյ մէջ կը հաշւուի մէկ միլիոն թութակ մօտաւորապէս, որք նոյնութեամբ կը կրկնեն Լենինի ըսածները, շատերը մինչեւ անգամ չըսածները, այսինքն այն խօսքերը, որ Լենինը պիտի ըսէր, եթէ ողջ ըլլար»(30):

    Հաւաքապաշտ համակարգերու ուխտեալ հակառակորդ այս անհատապաշտը իր տեսակէտը ունի անհատի դերին մասին` իբր պատմական գործօնի: Իր օրինակը կու գայ 1950-ականներու Արեւմտեան աշխարհէն.
    «- Անհատը դեր չունի պատմութեան մէջ,- ասում են այն ժամանակ, երբ հակառակի պէս միա՛յն անհատը դեր ունի պատմութեան մէջ:
    «Նայեցէ՛ք դը Գոլին: Տեսա՞ք, ինչպէս իշխանութեան գլուխն անցնելուն պէս` «ջրիկ» Ֆրանսիան յանկարծ պնդացաւ: (…) Ապա նոյն դը Գոլը Ֆրանսիայի մազերը կը խուզի, կ՛ուղարկի բաղնիք եւ կ՛ասի.- Գնա՛, սրանցից յետոյ գաղափարների հետ զգուշ վարուիր, մի անգամ որ աղտոտուեցիր` քեզ մաքրող չի լինի…»(31):

    Անհատի դերի շեշտումին զուգահեռ, կ՛արտայայտուի ընդհանուր վերապահութիւնը` բոլոր հաւաքական օրկաններու հանդէպ – եկեղեցի ու պարտիա` «նոյն տոպրակի մէջ».
    «Փողոցում քահանայ տեսայ: Այնպէս հաստատուն քայլերով եկեղեցի էր գնում, կարծես, իրօք, Աստուած գոյութիւն ունի:
    «Մինչդեռ եկեղեցի, Կենտկոմ, մարքսիզմ-լենինիզմի ինստիտուտ եւ նման վիճելի հիմնարկներ գնալիս` նրանց տէրտէրները պէտք է տարակուսելի ընթացք առնեն, երբեմն ետ դառնան, ապա շարունակեն, ամէն նոր քայլին երկար ու բարակ դատեն, ու եթէ հիմնարկի շէնքին հասնելիս անգամ համոզուեն, որ սուտ հիմնարկ են մտնում` անմիջապէս ետ դառնան, ճշմարիտ գործին հետեւեն»(32):

    Յարակարծային, պարադոքսալ իրողութիւն մը սակայն, որուն կրնանք հանդիպիլ ճի՛շդ լեռկամսարեան տիպի հարուստ անհատականութիւններու մօտ.- Այս Դիոգինէս-Նարգիսը, ցինիկ-անկեղծ ու անհատապաշտ, տէր է յուզական-զգացական հոծ աշխարհի մը` բացուած դէպի դուրս: Հոծ աշխարհ` որքան ալ ծածուկ, որքան ալ պարագայաբար երեւան ելլող:
    Զգայուն ու այլասէր, մարդասէ՛ր-ընկերասէր մարդու այդ աշխարհին յայտնաբերիչ են ճգնաժամային կացութիւններ, ինչպէս չեկայի ուղղած իր մերժումը` Ստ. Զօրեանի, Աւ. Իսահակեանի եւ Գ. Լեւոնեանի մասին «տեղեկագրելու», եւ… իր բացայայտում-ազդարարութիւնը անոնց` այդ մասին – իրեն համար այնքան վտանգաւոր քայլ(33): Նոյնքան յայտնաբերիչ` իր ողբերգական կապը` ուշ գտնուած սրտակից բարեկամ Սիմէոն Կիւլոյի հետ, որ ապա Չեկայի կողմէ թունաւորումով պիտի սպաննուէր: Ողբերգական եւ յուզիչ պատմութիւն, ուր Լեռ Կամսարի` Կիւլոյի ուղղած նամակները կը յայտնաբերեն պատանեկան թարմ զգայնութիւն, անմարդ-անընկեր մնացած հոգիի կանչ: Եւ որ անջատ թղթածրարի մը նիւթը կը կազմէ …
    Աւելի առօրեայ, ընթացիկ դրսեւորումներ ալ չեն պակսիր` զգայուն Լեռ Կամսար մը յայտնաբերող: Առօրեայի այդ զգայնութիւնը կ՛արձագանգէ… իր պարտէզը տնկուած թթենիին ուղղած բառերէն.

    «Աշխարհում իմ միակ բարեկամը, իմ մտերիմ ընկերը, իմ գաղափարակիցը, իմ մինուճար թթի ծառն է, պարտէզումս տնկուած:
    «Իսկական կեանքի ընկեր: (…) սարսափահար տուն եմ գալիս եւ փաթաթւում իմ թթի ծառին, որպէս միակ բնական արարածի, որը ոչ թէ մեռնում է օրէցօր, այլ աճում է, բարձրանում եւ փարթամանում:»
    Ու իբր այս սիրոյ ու հարազատութեան աւելի՛ խոր հիմնաւորում`
    «Սովետական կառավարութիւնը քառասուն տարուան մէջ էլ բանտ չթողեց, էլ աքսոր չթողեց, միչուրինեան բոլոր փորձերը կատարեց վրաս, որ ինձ վրայ կոմունիզմ բուսցնէր, բայց ես մնացի «թթի ծառ»` հաւաքելով դրա համար իմ բոլոր ուժերը…
    «… սովետական մարդիկ իրենց կախովի «պտուղների» հետ միասին (…) գերեզման պիտի մտնեն անյուշ ու անյիշատակ, մինչդեռ ես իմ մեռնելուց յետոյ էլ պիտի ապրեմ, որպէսզի ապագայ ազատ սերնդին իմ քաղցր, իմ մեղրածոր «թութը» հրամցնեմ:
    «Թթի ծառ, հոգեակս, եկ գրկեմ քեզ ու անվերջ համբուրեմ»(34):

    Բանական Սոկրատ մը

    Լեռկամսարեան անհատականութեան մասին սկզբնական բնութագրումս կը ներառէր նաեւ «սոկրատեան» բնորոշուած երես մը: Այսինքն` նախ` սոկրատեան տիպի «իրոնիայով» (որ` ուշադի՛ր` հեգնանքէ տարբեր` այս համագիրի մէջ հոմանիշ է քննականութեան, երեւոյթներու տեւական հարցապնդման…), սոկրատեան «միամտութեամբ», աննախապաշարութեամբ: Երես` որ նաեւ կը բնորոշուի անճկելի, խիզախութեան հասնող բայց միշտ զուսպ պարկեշտութեան գիծով մը: Որ կ՛երեւի` օրինակ` Աշ. Յովհաննիսեանի ուղղուած նամակէն, որուն յղուեցայ արդէն.

    «Ընկե՛ր Աշոտ, եթէ ես զուրկ լինէի աշխարհայեացքից, ինչպէս դուք էք կարծում, 21 թուին, երբ Թաւրիզից վերադարձայ, շատերի նման կուս. շարքերը կը մտնէի, ու ես էլ Չարենցի նման խորհրդային փողերով Եւրոպա կ՛երթայի ու այնտեղի կաֆէ-շանտանների կոյսերին աւետիք կու տայի, եւ ոչ թէ սիոնի աղքատների նման մայթերի վրայ այս ու այն «պատասխանատու ընկերոջից» պաշտօն կը մուրայի ամբողջ վեց տարի»:
    Յարութիւն լ. Քիւրքճեան
    Հոկտեմբեր, 2011
    Աթէնք
    13.- «Կարմիր Օրեր», էջ 19:
    14.- Անդ, էջ 460:
    15.- Անդ, էջ 97:
    16.- «Մահապուրծ Օրագիր», էջ 184:
    17.- «Կարմիր Օրեր», էջ 366:
    18.- «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 263:
    19.- «Մահապուրծ Օրագիր», էջ 256:
    20.-«Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 69:
    21.- «Իշաբար շարուած ողորմի (որ Չարենցը թքի վրան», «Շեշտ» պարբերաթերթ (խմբագր. Վ. Թոթովենց), թ. 2, 16 յունիս, 1923: Ներառուած` «Ազգային Այբբենարան»ի մէջ, Եր., 1926, էջ 147:
    22.- «Բանտիս Օրագիրը», էջ 126:
    23.- «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 58:
    24.- «Նոր մարդ», «Երկեր», «Սովետական գրող», Երեւան, 1988, էջ 517:
    25.- «Կարմիր Օրեր», էջ 419:
    26.- Անդ, էջ 450:
    27.- «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 6:
    28.- «Բանտիս Օրագիրը», էջ 41 եւ 46-49
    29.- «Անսկիզբ եւ անաւարտ մի նամակի սեւագրութիւն», «Ազգ – Մշակոյթ», Եր., 10 մայիս, 2008:
    30.- «Մահապուրծ Օրագիր», էջ 28:
    31.- «Կարմիր Օրեր», էջ 335:
    32.- Անդ, էջ 156:
    33.- Ստ. Զօրեան, «Օրագրութիւն», «Նորք», թիւ 4, եՐ., 2006, էջ 76:
    34.- «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 140:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  9. #9
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Լեռ Կամսար. Մարդը` գործին մէջէն – մաս 3

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ. ՄԱՐԴԸ` ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ

    Սոկրատեան կեցուածքը, գիտենք, կը բովանդակէ նաեւ քաղաքացիական գիծ մը, վերապահօրէն «պարտաճանաչ» գիծ – ա՛յն` որ հելլէն իմաստունը պիտի մղէր ընդունելու անարդար մահավճիռը եւ մոլեխինդի բաժակը…: Քաղաքացիական շեշտուած գիծ, որու մասին կը վկայեն Լեռ Կամսարի գործօն մասնակցութիւնը Վանի հերոսամարտին, ապա կամաւորական տարազով` ներկայութիւնը Սարիղամիշ` 1918-ին (ուրկէ ճակատի հրամանատար Դրօ Կանայեան զինք ետ թիկունք պիտի ղրկէ` «Քեզ որ մի բան պատահի` բա մեզ ո՞վ է ծաղրելու, գնա, ա՛յ մարդ, գնա`, քո գործն ուրիշ է, դու քո գործով զբաղուի» առարկութեամբ (35): Կամ` 1921-ի փետրուարէն ու ապրիլէն ետք, Պարսկաստան նահանջին իր մասնակցութիւնը, դրդուած կացինահար զոհերուն թաղում նախաձեռնելու քայլին, որուն համար… պատիժ կը սպառնար իրեն եւ գործակիցներու (36): Նոյն քաղաքացիական գիծը կը խօսի իր մէջ, երբ` արտասահման անցնելու պարբերաբար յայտնած իր փափաքին ակնարկելով` կը ճշդէ.
    «Մեզ սաստիկ արգելուած է արտասահման գնալը, դրա համար էլ սաստիկ ցանկանում եմ արտասահման գնալ:
    «Եթէ արտասահմանի դուռը ազատօրէն բաց լինէր մեր առջեւ, կարծում էք կ՛ուզենայի՞ գնալ: Բնա՛ւ երբեք: Ո՞վ իր հայրենի երկիրը թողած` պանդխտութեան ճամբայ բռնի: Ոչ ոք» (37):
    Ապա՛. կուսակցութիւններու եւ քաղաքական գործիչներու քննադատ ու ձաղկիչ այս անկուսակցականը, իր իսկ բառախաղային բնորոշումով` «պանկուսակցականը», որքան անխնայ` նոյնքան արդար է եղած միշտ: Եւ գիտցած է գնահատել նախախորհրդային քաղաքական այն ուժերը, որոնք, հանրապետական խորհրդարանի մէջ իրեն «չէզոք պատգամաւորների լիդերի» (38) աթոռը առաջարկելէ ետք (առաջարկ` որ ինք պիտի չընդունէր անշուշտ), կը շարունակէին տեսնել ու գնահատել իր խայթոցներուն բուժիչ յատկութիւնը:
    Խորհրդային տասնամեակներու թաւալքին հետ, երգիծաբանը կարօտով ու աճող գուրգուրանքով պիտի վերյիշէ այսպիսի բարքեր ու վերաբերում, անհամեմատ աւելի պարկեշտ ու դեմոկրատական` քան սպաննող ներկան: Սկսած առաջին տասնամեակէն, ուր իր անսպառ հեգնանքին թիրախը կը դառնան խորհրդային մամուլի մէջ «Դաշնակցութեան մահը» աւետող ամէնօրեայ լուրերը,- անցեալ/ներկայ այս հակադրումը աստիճանաբար պիտի դառնայ աւելի շեշտակի, ոգեկոչումները` աւելի կարօտալի: Հոս մի քանի կարճ ակնարկութիւն միայն.
    «Այն ժամանակ, երբ մեր երկիրն ազատ էր, մարդիկ ունէին ոչ միայն մասնաւոր սեփականութիւն, այլ սեփական համոզմունք (…) Կար մրցում ամէն բանի, հետեւաբար կեանք կար ամէն բանում (…) կուսակցութիւնների լիդերներ բեմ էին բարձրանում իրենց գաղափարները տարածելու, մէկը ծափահարւում էր, միւսը շւացւում, լինում էին բացճակատ յաղթողներ (…)» (39):
    Այսպիսի կարօտի արտայայտութիւն է այն դրուագը, ուր` դաշնամուրին առջեւ նստած` «Կարկուտ տեղաց…» կը նուագէ, «մի կողմից էլ «Սա դաշնակցական երգ է…» մտածելով եւ մտովի զինք ձերբակալելու գալիք չեկիստներուն պատասխանելով… (40):
    Կամ երբ կը յայտարարէ`
    «Հայ իրականութեան մէջ, Դաշնակցութիւնն եղել է այն, ինչ Մամիկոնեան նախարարութիւնը հնում:
    «Այսինքն:
    «Երբ հայ ազգը իր ամէն տեսակ նեղութեան մէջ օգնութեան է կանչել, անմիջապէս իր սուրն առած նրան օգնութեան է փութացել, չխնայելով իր կեանքը…» (41):
    Անշուշտ երգիծաբանը առաւե՛լ «լեռկամսարեան» է, երբ քաղաքական ուժերը կը գնահատէ` ո՛չ կարօտի զգացական մղումներով, այլ ազատութիւններու յարգանքի եւ մարդկայնութեան չափանիշներով: Ինչպէս, երբ` վերահաստատելով անկախ մարդու իր այդ կարգավիճակը ի պէտս «Սովետական Հայաստանի» բութ խմբագիրին ու Կենտկոմի, կը յայտարարէ. «Ես որ դաշնակցական թերթերում գրում էի` դաշնակ չէի, հիմա էլ` որ ձեր թերթումն եմ գրում` բոլշեւիկ չեմ…», ու կ՛աւելցնէ` «Ձեր թերութիւնները կը ծաղրեմ այն թափով, ինչ դաշնակցականներինն էի ծաղրում իրենց թերթերում…» (42): Կամ երբ կը յիշէ. «Դաշնակցութիւնը ինքն իր ձեռքով էր փակցնում իր հիւանդ տեղերին ինձ, եւ ես ձեռաց առողջացնում էի նրան» (43):
    Նոյն այս գիծը պիտի թելադրէ երգիծաբանին փորձել իրաւախոհութիւն, կոմպրոմիս` կրկնուած դիմումներով վարչակարգի մեծերուն: Ի հարկէ` ձախողութեան դատապարտուած դիմումներ, քանի իրեն համար բացարձակ նախապայման պիտի պահէր պարկեշտութիւնն ու արժանաւորութիւնը:
    Երբ կը հակինք իրաւախոհութեան այս փորձերուն վրայ, հարկ է անդրադառնալ կարիքի ահաւոր բեռան մասին, որ երկար տարիներ ծանրացեր է երգիծաբանի ուսերուն: Այս մէկը` կ՛առնչուի Չարենցի ղեկավարած «Զտումի» պատմութեան.
    «Աստուած իբր գերագոյն պատիժ Ադամին տուեց իր ճակատի քրտինքով աշխատելու եւ ապրելու պատիժը. այսօր այդ պատիժը պարգեւ է արդէն, որից [զրկում են] ինձ, չասելով սակայն` ինչո՛վ պիտի ապրեմ դուրս գալով «դրախտից»:
    «Եթէ խնդիրը ինձ, կնոջս եւ 90-ամեայ մօրս վերաբերէր` ոչինչ. ես կ՛օգտուէի «Սոկրատէսի բաժակից» առանց ամենայն ափսոսանքի (…) Ծերունի մօրս կը հրամայէի արագացնել քայլերը, մի բան էլ կինս կ՛անէր: Բայց բանը նրանում է, որ ես միակ կերակրողն եմ երեք փոքրիկների, որոնցից մեծը միայն վեց տարեկան է, եւ որոնք, տանը նստած, ողջ օրը «Լենին պապի» են մեծարում եւ «Տրակտոր ջան» երգում (…) Նրանց հետ ի՞նչ պիտի անել» (44):
    Իրաւախոհական դիմումի օրինակ` կենտկոմի քարտուղար Զարոբեանի ուղղած նամակներէն մէկը.
    «[Զ. Գրիգորեանին] դիմեցի եւ հետեւեալ պատասխանը ստացայ.
    «- Մենք առայժմ սուր ֆելիետոնի կարիք չունենք:
    «Պատասխանեցի.
    «Ես բութ ֆելիետոն էլ կարող եմ գրել, եթէ այդ Ձեզ հարկաւոր է» (45):
    Իրաւախոհական հակումը պարագայական չէ միայն. աշխարհայեացքային ամբողջ խորք մը ունի.
    «Մէկը եթէ ինձ հարցնելու լինի` ի՞նչ հասարակարգ ես ցանկանում, ես կը պատասխանեմ` մի հասարակարգ, ուր մարդ ազատ լինի իր բոլոր գործերում եւ վերանայ միջամտութիւնը: Այսինքն` անարխիզմ:
    «Ու եթէ այդ մէկը, ընդառաջելով իմ ցանկութեանը, սկսի պետական չափառները քանդել, ես նրա ձեռքը պիտի բռնեմ ու աւելացնեմ անմիջապէս.
    «- Այո՛, բայց հնարաւոր չէ այդ: Մենք Ռոբինզոն Կրուզօ չենք ու չենք ապրում մենաւոր կղզում…» (46):

    Իրաւախոհական գիծը կը դադրի տիրող ըլլալէ – մանաւանդ երբ զուր անցած են բանական «զիջումի» բոլոր քայլերը, գզրոցային մնալու դատապարտուած ձեռագիրներու տրցակներ ձգելով միայն իրեն (առաւել` անոնց բռնագրաւման ու հետեւող պատուհասումին վտանգը): Տիրողը հոս` անզիջող սկզբունքայնութիւնն է, թէեւ Դիոգինէս-Կամսար պիտի չախորժէր այս բառերէն – այնքան բնական է իր մօտ ու ինքնաբուխ` սկզբունքային այդ պարկեշտութիւնը: «Պլենում»ի ահաւոր երգիծա-պարսաւագիրը դրօշի պէս ծածանեցնող երգիծաբանը, այսպէս, իրաւացիօրէն պիտի մեղադրէ «մեր պատուարժան գրողներէն Իսահակեանն ու Շիրվանզադէն», որոնք «Փարիզէն խորհրդային իշխանութեան կողմէ Հայաստան են հրաւիրուած, ամսական 250 ռուբլով սոցիալիստ ըլլալու համար…: Յիշեալ գրողները ըստ ռոճկացուցակի փետրուարի 15-ին արդէն սոցիալիստ են եւ խզեր են իրենց բոլոր կապերը ազգային շրջանակներու հետ … Ահա այսպէս կ՛ըլլայ բոլոր գրողներուն վախճանը, որոնք իրենց քարոզած «անկաշառութենէն» ու «մաքրութենէն» պատառ մը չեն կտրեր անդին դներ, իրենց ծերութեան օրերը զարդարելու եւ պատուով մեռնելու համար…» (47):

    Ճիշդ է, որ Իսահակեանի հանդէպ այս խստութիւնը պիտի մեղմանայ, յայտնօրէն` հետագայ անձնական շփումներու ու համակրանքի իբր հետեւանք – առանց սակայն լրիւ անհետանալու: Այս վերաբերումին անդրադարձ եղաւ աւելի վեր: Նոյնպիսի ներողամիտ, համակրական վերաբերում կը հաստատենք Ստ. Զօրեանի հանդէպ, որուն ուղղուած իր նամակը (1965), սիրալիր բայց մեղմօրէն մեղադրական, շատ բնորոշ է դարձեալ.
    «… ես մեծ հաճոյքով եմ կարդում քո պատմուածքները … Դու զուսպ ես եւ չափաւոր ոչ միայն քո գրուածքներում, այլեւ քո առօրեայ կեանքում …Դու որպէս իսկական գրող, ճիշդ է որոշ տուրք տուիր սրանց արտառոց սոցիալիզմին (…), բայց ով քեզ անձամբ ճանաչում է` գիտի դրանք ոսկորներ էին, որոնք գցեցիր «շան» առաջ, որպէսզի թոյլ տայ քեզ զբաղուել իսկական արուեստով:
    «Ստեփան, դու շատ լաւ գրող ես, ապրե՛ս, աւելի Զօրեան դառնաս: Բայց…
    «Բայց դու մի մեծ մեղք ունես: Դու սքանչելի պատկերացնում ես անցեալը, զանց առնելով քո ապրած դարաշրջանը…» (48):
    «Անցեալապաշտութեան» նոյն մեղքով պիտի ամբաստանուին նաեւ Դեմիրճեան, Ն. Զարեան եւ այլք: Տեղի տալով հեգնական մեկնաբանութեան մը. «Այսքա՛ն էլ բուռն զզուանք դէպի սովետական կարգերն ու իր թեմաները…» (49):
    Հակադիր ուղղութեամբ մը, երգիծաբանը կը շնորհաւորէ Շոլոխովը, որ` «մեծ գրող` (…) «գրում է միայն ճշմարտութիւնը»:
    «Երբ ես կարդացի նրա «Հերկած խոպանի» առաջին հատորը` ասացի:
    «- Սրա երկրորդ հատորը չի լինի:
    «Եւ իսկապէս էլ, նրա երկրորդ հատորը չգրեց Շոլոխովը:
    «Ինչո՞ւ:
    «Որովհետեւ նա իր վէպի առաջին հատորում միանգամայն ճշմարտացիօրէն տալով բոլշեւիկների` հին կարգերը տապալելու պատմութիւնը, բնականաբար երկրորդ հատորում պիտի տար նոր կարգերի կառուցումն, որ… գոյութիւն չունի» (50):


    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Լ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
    (35) «Կարմիր Օրեր», էջ 8:
    (36) Անդ, էջ 406:
    (37) Անդ, էջ 355:
    (38) «Դիւան Լեռ Կամսարի», «Ազատամարտ – Վարուժան», թ. 7 (20), նոյեմբեր 1994:
    (39) «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 135:
    (40) «Կարմիր Օրեր», էջ 381:
    (41) Անդ, էջ 197:
    (42) Անդ, էջ 187:
    (43) Անդ, էջ 365:
    (44) «Բանտիս Օրագիրը», էջ 48:
    (45) «Կա՞յ արդեօք վերադարձի մի նշոյլ կամ Բնաւեր, տնաւեր վասպուրականցին», Վանուհի Թովմասեան, «Ազգ – Մշակոյթ», Եր., 21 ապրիլ, 2007:
    (46) «Կարմիր Օրեր», էջ 340-341:
    (47) «Մահապուրծ Օրագիր», էջ 174:
    (48) «Նամակ Ստեփան Զօրեանին», «Ազգ – Մշակոյթ», Եր., 19 դեկտ. 2009:
    (49) «Կարմիր Օրեր», էջ 70:
    (50) Անդ, էջ 364:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  10. #10
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Լեռ Կամսար. Մարդը` գործին մէջէն. մաս 4

    ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ. ՄԱՐԴԸ` ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ
    ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
    («ԱՐԱԳԻԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՈՎ»)


    Վարչակարգի հանդէպ ատելութիւնը, կենսապայմանի դառնութիւնը եւ կոչումին խորապէս գիտակից արժանաւոր գրագէտի հպարտութիւնն ու յանձնառութեան տրամադրութիւնը, փոխնիփոխ` աւելի կամ նուազ շեշտումով, կ՛երեւին բոլոր օրագրային գործերուն մէջ:
    Ի հակադրութիւն բազմիցս շեշտուած այս վիճակին`

    «Շատ արժէքաւոր մտքեր ու կարծիքներ ունեմ ես, բայց դռնէդուռ ընկած, ոչ մի սովետական թերթի չեմ կարող վաճառել դրանք ու օրուայ հացիս փողն աշխատել:
    «Խմբագիրներն ինձ հարցնում են.
    «- Մարքսն էլ այդպիսի կարծիք յայտնե՞լ է:
    «- Ո՛չ,- պատասխանում եմ:
    «- Էնգելսն է՞լ չի յայտնել:
    «- Ո՛չ:
    «- Լենի՞նը:
    «- Ո՛չ (…)
    «- Մեզ պէտք չեն ուրեմն քո կարծիքները …
    «- Բայց յայտնած կարծիքներս ուշադրութեան արժանի բաներ են:
    «- Եթէ արժէքաւոր լինէին, նրանց կողմից յայտնուած կը լինէին…»(51):

    Վարդան Աճեմեանին ուղղուած նամակը, վերը յիշատակուած, բնորոշ է զայրացած ինքնահաւաստումի, սեփական արժէքի հռչակման` ընդդէմ պետա-պարտիական «պատուիրուած» գրականութեան:

    «Անմխիթար վիճակ է ապրում ոչ միայն մեր թատրոնը, այլ ողջ գրականութիւնը (…)
    «Ի՞նչն է սովետական գրականութեան այս անմխիթար վիճակի պատճառը: Այն, որ մեր ղեկավարները արուեստն ուզում են ի սպաս դնել միայն մի գաղափարի, հաշուի չառնելով, որ աշխարհում գոյութիւն ունեն նաեւ այլ գաղափարներ: Արուեստը գոյութիւն ունեցող բոլոր գաղափարների սինթեզն է: (…) գրողը չի կարող միայն մի գաղափարի երկրպագելով արուեստին ծառայել:
    «Բայց, սիրելի՛ Վարդան, թողնենք այս բոլորը եւ վերադառնանք իմ պիեսի մասին քո յայտնած կարծիքին: (…) ես ուզում եմ իմանալ. դու իմ պիեսը քո ո՞ր աչքով ես կարդացել, պետակա՞ն թէ մասնաւոր: Եթէ (…) պետական` այդ ոչինչ: Պետութեան ամէն ինչը փոփոխական է, սկսած ղեկավարներից մինչեւ կոլխոզային սիստեմը, որը հիմա սկսել է սովխոզի վերածուել:
    «Հիմա` խօսքի կարճը: Դու իմ պիեսը չես հաւանել, այնպէս չէ՞:
    «Եթէ «Սունդուկեանի թատրոնին» կից գոյութիւն ունենար նաեւ մի «Պնդուկեան թատրոն», եւ ինքս այնտեղ ներկայացնէի իմ պիեսը, դու պիտի տեսնէիր, թէ ինչպէս «Սունդուկեանի» հանդիսատեսները ջրվէժի նման «Պնդուկեան» կը լցուէին տեսնելու ներկայացումս…»(52):

    Իր բազմաթիւ դիմումներէն մէկուն մէջ, Լեռ Կամսար պիտի շեշտէ.

    «Ես իմ ժանրի մէջ ներկայիս միակ եւ հայ ժողովրդից սիրուած հեղինակ եմ: Աւետիք Իսահակեանը 30-ական թուականներին ինձ գրում էր Փարիզից. «Դու ամբողջ արտասահմանում միակ կարդացուող հեղինակն ես»: (…) Նոյն սէրն ու համակրանքը վայելում եմ նաեւ երկրի ներսում: Բասարգեչարում, ուր ապրում էի քաղաքից վտարուելուս հետեւանքով, իմ տունը ուխտատեղի էր բոլոր այնտեղ այցելողների համար»(53):

    Թէ բառացիօրէն համրութեան դատապարտուած հեղինակը, արժանապատիւ եւ սեփական արժէքին խորապէս գիտակից, ի՛նչ ողբերգութիւն կ՛ապրի,- կրնանք դատել կարդալով այսպիսի համեմատութիւն մը, անսպասելի պաթեթիք` երգիծաբանի մը համար.

    «Ա՜յ խմբագիր,… ֆելիետոնս բերում եմ քեզ` չես տպում քո թերթում. «Սովետական Հայաստանին» եմ տանում` չի տպում, բա ես ի՞նչ հող տամ գլխիս:
    «Յիսուսն էլ մի մսուր ճարեց Բեթղեհէմ քաղաքում ծնուելու համար. ախր ես այդ «մսուրից» էլ զուրկ եմ: Պէտք է մտնել վերջապէս այն «մօր» դրութեան մէջ, որ տառապում է երկունքի ցաւով ու տեղ չի գտնում ծնելու համար»(54):
    Յայտնաբերիչ գրողի կոչումի` նոյնքան որքան յուզական խառնուածքի,- քնարական այս զրոյցը իր թանաքամանին հետ.

    «Հոգեակ թանաքաման, ծանր ու քառակուսի քո գոյութիւնը թող անպակաս լինի սեղանիս վրայ: Ես դեռ շատ ասելիքներ ունեմ: Քո հիւրընկալ լայն բերանը թող յաւերժ բաց մնայ… Ե՛կ իմ ծուռ գրիչ, եկ «ծուռ նստենք շիտակ խօսենք…»(55):

    Գրողի կոչումի կողքին, կը հանդիպինք երգիծաբանի իրաւունք ու պարտաւորութիւններ յուշող բազմաթիւ արտայայտութիւններու, նոյնպէս տարազուած` տպաւորիչ փոխաբերութիւն-համեմատութիւններով: Երբեմն` կրկին` ծնունդ տալով թեւաւոր խօսքի անմոռանալի նմուշներու: Ինչպէս հետեւող երկու օրինակներուն մէջ.

    «Անսուրբ թռչուններից` անգղն ու արագիլը տրադիցիոն կարգով առանձին իրաւունքներ են վայելում (…) Արագիլին սպաննելն անգամ մեղք է համարւում, եւ այդ անճոռնի թռչունը (…) շինում է իր բոյնը մարդկանց տան կտուրին (…) Ինչո՞ւ:
    «Որովհետեւ արագիլը ոչնչացնում է մարդկանց թշնամիներին` կռկռան գորտին, օձին եւ այլ թունաւոր մորեխների:
    «Եթէ յանձնաժողովը գտնի, որ ես իրաւունք ունեմ ապրել, թող գրի, որ թոյլատրուած է ինձ ապրել այս երկրում արագիլի իրաւունքով…»(56):

    Ուրիշ տեղ. «Ես պրոլետ գրող չեմ, ու գրելիս ոչ թէ Չեկայի կամ Ցեկայի բերնին եմ նայում, այլ ուղիղ
    առջեւս դրուած տետրակիս: Ես օազիսի արմաւենի եմ, որ չեմ կարող պտուղ չտալ, անգամ եթէ իմանամ, որ ուտող չի լինի»(57):

    Ինչպէս միշտ, սրտառուչ զսպութիւն եւ արժանաւորութիւն կը բխին Լեռ Կամսարի կեանքի վերջին տասնամեակի հետեւեալ դիմումէն եւս.

    «Ես ծեր եմ արդէն եւ տրամւայում երիտասարդ ուղեւորները իրենց տեղն են առաջարկում ինձ, բայց ես գլխումս ունեմ ամբարած բազմաթիւ չասուած մտքեր, որոնց ափսոսում եմ հետս գերեզման տանել: Ուզում եմ քամել, մզել իմ էութիւնը ու մարդկութեան պիտանի մտքերս աշխարհին թողնել ու հետս գերեզման տանել միայն իմ մահկանացու մասը, որն ոչ ոքի է հարկաւոր…»(58):

    Գրագէտի արժէքի ու արժանաւորութեան թեմայով` լեռկամսարեան գործին մէջ յատուկ տեղ ունին, շատ կանուխէն, Յակոբ Պարոնեանի առնչուող ակնարկներ, մի քանի ամբողջակա՛ն գրութիւններ, որոնց կարգին` երկու զրոյցներ - «Պարոնեանի գրական հասցէն» եւ «Պարոնեանը Հայաստանում» (երկուքն ալ` 1964): Նախ` հատուած մը առաջինէն.

    «Կան աստուածներ, որ իրօք «ամէն տեղ են»:
    «Դրանցից մէկն է հայ երգիծաբանութեան աստուած Յակոբ Պարոնեանը:
    «Մենք գրողներ շատ ունենք: Մանաւանդ հիմա: Բայց այս գրողներից շատերը չեն համարձակւում առանց իրեն` ընթերցողի դուռը ծեծելու ներս մտնել…
    «Իսկ երբ Պարոնեանն է մօտենում, ընթերցողը, դրան ետեւ սպասողի նման, ոտնաձայնից կռահում է Պարոնեանի մերձեցումը եւ անմիջապէս դուռը բացում է ասելով.
    «- Ո՞ւր ես. մեռայ քեզ սպասելով: (…)
    «Երգիծաբանութիւնը գրականութեան մէջ ամենադեֆիցիտային «ապրանքն» է: Կեանքի մէջ շատ կան լալու բաներ, եւ մարդն էլ իր կեանքի վերջակէտը դնում է լացով:
    «Ձեզ եմ թողնում երեւակայել, թէ այսպիսի մարդը ինչքան պիտի ցանկանայ կեանքի մէջ գէթ մի անգամ ծիծաղել:
    «Իսկ այդ ծաղրը քեզ կու տայ միայն Յակոբ Պարոնեանը:
    «Կան, ի հարկէ, նաեւ հնակարկատ երգիծաբաններ, որոնց գործերը, քարթոնից շինուած կօշիկների նման, խանութից տուն գալիս` ճանապարհին… ծակւում են:
    «… Առանց ծիծաղի կեանք չկայ…»

    Հատուածը կ՛աւարտի դարձեալ թեւաւոր խօսքով մը. «Ստեղծագործութեան ժամանակ եթէ Աստուածը իր վրայ ծիծաղէր, Աբդուլ Համիտի նման անգութ մարդ չէր ստեղծի»(59):

    Իսկ «Պարոնեանը Հայաստանում» կը բեմադրէ գլուխ-գլխի զրոյց մը` Լեռ Կամսարի եւ իր հոգեհօր միջեւ: Զայն Հայաստան հրաւիրելով, երգիծաբանը, Հայաստանի «թերութիւնները» խոստովանելով հանդերձ, իբրեւ թէ կը փորձէ Պարոնեանը «վերադաստիարակել»: Զուր ճիգ.

    «… Այնքան բորբոքուեց մեծ երգիծաբանը, որ ես վախեցայ այս վիճակով նրան Հայաստան բերել: Իր զայրոյթը մեղմել փորձելով` ասացի.
    «- Ոտքդ պագնեմ` հանդարտուի՛ր: Ամէն երկիր իր սովորոյթն ունի: Մեզ մօտ ոեւէ մէկին չի կարելի ուղղակի աւանակ անուանել: Նա «որոշ չափով» է աւանակ: Նրանց` ում աւանակ ես անուանելու` ջորի պիտի ասես նախ. իսկ «չորքոտանի» ասել` այդ արդէն անհնար է: Մեզ մօտ մէկը ինչ յանցանք էլ գործելու լինի` երեք ոտից աւելին արտօնուած չի ունենալու: Երկու, ամենաշատը` երեք:
    «- Ինչո՞ւ, ձեր երկրում ոտքի պակասութի՞ւն կայ:
    «- Ոչ, ոտներ շատ ունենք, բայց խոմ չի կարելի մեր ունեցած բոլոր ոտները բերել շարել մի յանցաւորի տակ:
    «- Լա՛ւ, երկու ոտքով ալ կը գոհանամ. տո՛ւր ատոնց անունները, որ «Ազգային Ջոջեր» գրեմ:
    «- Անուն տալ չի կարելի: Պէտք է գրես` «որոշ մարդիկ» կամ «ոմանք»:
    «- Անանկ է նէ, ես Հայաստան չեմ գար,- ասաց Պարոնեանը եւ տեղը նստեց: – Գամ` դերանուննե՞ր ծաղրեմ:
    « [...] – Կը գրէք «Ազգային Փոքրեր»… Ի՞նչ տարբերութիւն:
    « – Փոքրերի մասին թող փոքր երգիծաբաններ գրեն, ես չեմ կարող…»(60):

    Դառն եզրայանգումներու պահուն եւս, Լեռ Կամսար կը պահէ «մեծի» արժանաւորութիւն ու արժանապատւութիւն.
    «Բոլշեւիկեան կառավարութիւնը հեքիաթի այն վիշապն եղաւ, որ նստած իմ եւ ժողովրդի մէջտեղ, արգելեց ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն իրար հետ: Ինձ Բեւեռ աքսորեց ու վառեց գրքերս, որ չկարդան, վերադարձիս էլ այնպէս խցեց բերանս, որ ծպտուն չհանեմ:
    «- Ինչո՞ւ:
    «- Որ չգոռամ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ…»(61):
    ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Լ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ


    (51) Անդ, էջ 71:
    (52) Տե՛ս ծնթգրթ. 28:
    (53) «Բանտիս Օրագիրը», էջ 129:
    (54) «Դիւան Լեռ Կամսարի», «Ազատամարտ – Վարուժան», N 7 (20), Եր., նոյեմբեր 1994:
    (55) «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 30:
    (56) «Բանտիս Օրագիրը», էջ 48:
    (57) «Լոյս է տեսել «Սոցիալիզմի Սահարան», Վանուհի Թովմասեան, «Ազգ – Մշակոյթ», Եր., 7 նոյ. 2009:
    (58) «Ժամանակի կամ աւելի ճիշտ իր խելքի զոհը», Վանուհի Թովմասեան, «Ազգ – Մշակոյթ», 20-10-2007:
    (59) «Մարդը տանու շորերով», Եր., հրատ. «Հայաստան», 1965, էջ 317: Հրատարակման պահուն կալանքի ենթարկուած այս հատորին մասին, տե՛ս ծնթգր. 1: Տե՛ս նաեւ «Տպուած եւ անտիպ էջեր», էջ 317:
    (60) Անդ, էջ 319:
    (61) «Սաստիկ Կոմունիստներ», էջ 7:
    «ԱԶԴԱԿ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Էջ 1 2-ից 1 2 ՎերջինըՎերջինը

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •