,,, Թէ ինչո՛ւ երբեմն արեւմտահայերէն, երբեմն ալ արեւելահայերէն կը գրեմ. մտածեցի: Միտքիս մէջ, եթէ կայ, այն որ կարդացողս արեւելահայ է, ինքնաբերաբար արեւելահայերէն կը գրեմ, եւ ոչ թէ կը դժուարանամ այս կամ այն տարբերակով արտայայտուիլ:
,,, Արդեօք արեւմտահայերէն կարդացողներ կա՞ն: Մնա՞ց մարդկային այս տեսակը: Արեւմտահայ շատ կայ, սակայն արեւնմտահայերէն կարդացող եւ գրելն իմացո՞ղ...
,,,Արդեօք սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ ստեղնաշարով հայերէն գրել կը սորվեցնե՞ն, թէ՞ դասապահերը խճողուած են, ու ժամանակ չկայ մանրուքով զբաղելու: Քիլոներով մատիտ ու թուղթ կայ տանը... Ձմեռնամուտին, աշակերտներուն համար որպէս գրենական պիտոյք, մեկական ստեղնաշար (keyboard) եւ համակարգիչ գնել սխալ չէ: Արդեօք պէտք չէ՞ հայերէնի դասապահին լեզուն ստեղնաշարով գրելը վարժեցնեն:
-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*
,,,
,,,Ոմանք, մեր արեւմտահայերէն, արեւելահայերէնի համար կը պատճառաբանեն, իբր անհասկանալի լեզու է: Եթէ խօսքը գրական արեւելահայերէնի գրեալ եւ արտասանեալ վիճակի մասին է, բոլորովին արդարանալի չէ, քանի որ ամէն օր արեւմտահայերէն կարդացող արեւմտահայը, հաստատօրէն կը հասկընայ իբր անհասկանալի գրական արեւելահայերէնը: Իրողապէս, այդ արեւմտահայի՝ արեւմտահայերէնի բառապաշարի, եւ ընդհանրապէս լեզուի տիրապետումն է կաղ, այլեւ ան նոյնիսկ գրական արեւմտահայերէնը դժուար կը հասկընայ, որովհետեւ առնչութիւն չունի անոր հետ, եւ «արեւմտահայերէն գիտեմ» ըսելով նշել կուզէ՝ «խօսակցականը գիտեմ», անոր աղքատ եւ պարզունակ բառապաշարով ու խօսքի ձեւերով:
,,,Սփիւռքի տարածքին, հայաշատ գաղութներուն մէջ, ո՞րքան է ամէնաշատ տպուող թերթի տպաքանակը: Եօ՞թ հարիւր, հազա՞ր: Եւ հրատարակութեան մեծամասնը կը հանգրուանէ աստղերն ու ծանուցումները կարդացողներու ձեռքերուն մէջ: Սեղանիս վրայի թերթը վերցնողներուն մեծամասնութիւնը (երկու հոգի) նայեցաւ աստղերուն: «Ի՞նչ կըսեն աստղերը»: Ո՛վ մարդ, նայի՛ր ինչ կ’ըսեն մտաւորականները, յօդուածագիրները, քաղաքագէտներն ու մշակութաբանները. իմացի՛ր աշխարհի բանը, հասկըցի՛ր շրջող իրադարձութիւնները, գիտցի՛ր ազգիդ վիճակը:
,,,Այսօրուայ լուրերուն մէջ, Ահմեդը, Դաւութօղլուն՝ «Սահմանը նոյնիսկ ժամանակաւոր չի բացուելու»:
Ծո քեզի ալ, սահմանիդ ալ անէ՛ծք: Տեղ մը գրած էի, խնդրողի դերի մէջ պէտք չէ ըլլանք: Ասիկա, առաջին հերթին շառաչուն ապտակ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ անոր վարչակարգի երեսին, շրա՛խ:
,,,Ամերիկան էր, որ ուզեց, առաջին հերթին, Թուրքիոյ միջոցաւ մտնել Անդրկովկաս. «հաշտեցնել», հարթեցնել, արդուկել միտքերն ու գլուխները, գիծ բանալ, ճամբայ բանալ, գործել ու աշխատեցնել:
,,,Ամերիկան, յետայսու, որեւէ կարծիք կամ կամք թելադրողի դիրքին մէջ չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ իր հովանաւորեալ շփացած «երախան», թռչունլանդը, այսպիսի խոչընդոտող դերի մէջ է, մարդկութեան ու անոր անսահման յարաբերութեան մէջ: Բրաւո՛ սենյոր Ահմեդ, շատ խելամիտ «զերո պրոբլեմջի» ես:
,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,,Կուռքերն ու Հայոց Պատմութեան դասերը
,,,Ինչպէս գիտենք, դաստիարակուած ենք, որ Աստուած չի սխալիր, անսխալական է: Նոյն տրամաբանութեամբ, կուռքի վերածուածներն ու դիցերը անսխալական համարելու հակում ունեցած ենք եւ ունինք:
Կը կարծեմ թէ Հայ ժողովուրդի անհայրենիք մնացած զանգուածը, որ մեր ազգի 60 տոկոսէն աւելին է, ,,,իրաւունք ունի քննելու Հայոց Պատմութեան կուռքի վերածուած հերոսներն ու դերակատարները, ովքեր ուղղակի եւ անուղղակի պատճառ հանդիսացան Հայոց Պետութեան թուլացմանն ու կործանմանը:
,,,Ո՛չ թէ պետութիւնը վերականգնել ուզողները, ովքեր ոչինչ ունենալով վաղուց կորսուածը վերադարձնել ուզեցին (դարձեալ քննելի է), այլ՝ եղածը ձեռքէն փախցնողն ու կորսնցնողը:
,,,Ո՞րքան է իտալացիներուն թուաքանակը. ութսո՞ւն միլիոն, հարիւր քսա՞ն միլիոն: Իտալիայէն դուրս 70 միլիոն իտալացի չկայ: Իտալիոյ 90 տոկոս տարածքը ուրիշները չեն բռնագրաւած. իտալացիները կրնան եւ կրցան մոռնալ օտար իշխողներու պատճառած զուլումները (ցեղասպանութիւն չեն), քանի որ համախումբ իրենց հայրենիքին մէջն են: Ջենովա, Ֆլորենցա, Ուդինեզէ, Բոլոնիա, Նեապոլ, Վենեցիա, բոլորը, բոլորը իրենց տեղն են: Ազգային գետնի վրայ այնքա՜ն հանգիստ են, որ սկսան ազգը, երկրային ազգութիւնը փոքրացնել եւ դարձնել քաղաքային ազգութիւն, ճղճիմութեան հասնելով, եւ ահա՛ Հռոմն ընդդէմ Ֆլորենցայի, յանուն սին փառութեան, վասն արձանի Դաւթին, Միքելէ Անջելոյի: Իտալացին թախծելու իրաւունք ունի միայն գեղանի կորուսեալ իտալուհիին համար (Չնայած այս դարուն շատ ալ թախծելու պատճառներ չկան):
,,,Ճիշտ չէ նաեւ մտածել, որ հայոց արքաներն ու իշխանները, նախարարներն ու ազատները, ունեցած են ա՛յն ազգային գաղափարախօսութիւնը, ա՛յն ազգային մտածելակերպն ու զգացումները, զորս ունինք մենք հիմա: Այդ ժամանակ, երբ չկային մշակութային շատ մը արժէքներ, որ ունինք հիմա, երբ դեռ չէինք կրած այն հալածանքները ու չէինք ունեցած այն կորուստները, մարդոց ազգային գաղափարները աւելի նախնական էին, հարուստ չէին հայրենասիրական ու ազգասիրական եւ քաղաքական մտային աշխատանքի արդիւնք գրականութիւնն ու հասկացութիւնները: Ժողովուրդին հասու գրականութիւնը բանաւոր էր: Կը կարդանք հին պատմագիրներու եւ արքաներու գրածները, օրինակի համար, որպէս նմոյշ՝ «Ես, Սալմասարս, Նինուէի Տիրակալը, Աշուրի եւ Բելի ծառան, գացի, կտրեցի, բերի, ջրեցի... »: ,,,Կամ հռոմէացի պատմագիր մը՝ «Տիրանը պատերազմեցաւ Ներոնի դէմ»: Ժողովուրդներու մասին չէ խօսքը, չկան անոնց կամքերը, ազգային նպատակներն ու իղձերը, Երկիրը կը պատերազմի, սակայն մեկ անձի կամքն է թելադրողը: Անհատներն են, եւ այդ անհատներով է պայմանաւոր պատմագրութեան մէջ տեղ գտած ժողովուրդներու եւ ազգերու ներկայի աշխարհայեացքները: Հայաստանի թագաւորն է, հայերու թագաւորն է, սակայն բռնակալ է, -այժմու հասկացողութեամբ անշուշտ,- եւ ինքն է եւ իր աստուածները, իր արարքներու դրդապատճառներն ու մղիչ ուժերը: Մենք որեւէ պատճառ չունինք մտածելու, որ այդ ժամանակուայ արքաներն ու թագաւորները սրտցաւ եղած են ժողովուրդին հանդէպ եւ գիշերը ցերեկին խառնելով մտատանջուած ու աշխատած են ժողովուրդի՝ ազգի անվտանգութեան, բարօրութեան եւ զարգացման համար: Ազգի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնն ու զարգացումը խիստ կապակցուած է իշխող նախարարի կամ թագաւորի անվտանգութեան, բարօրութեան եւ զարգացման հետ: Չկայ արձանագրութիւն մը, ուր ժողովուրդն է որոշողը կամ ժողովուրդի պահանջն է թելադրիչը, այս կամ այն քաղաքականութեան, պատերազմին կամ խաղաղութեան:
,,,Հետեւաբար ոչ ճշգրիտ է տալ «հայրենասէր», «ազգասէր» տիտղոսները: Թագասէր, աթոռասէր, իշխանութիւն սիրող... թերեւս: Այլապէս ինչո՞վ բացատրել Վասպուրականը Սեբաստիայով փոխելը. Տարօնը թողլով Բիւզանդիայի ծառայութեան մէջ մտնելը. Երուանդունիները հարելով Սելեւկեացիներու ենթակայ թագաւորութիւն հաստատելը, որ հետագային, բարեբախտ պայմաններու բերումով, ինքզինք արդարացուց: Ամբողջ նախարարութիւններ, մեծով-փոքրով, արուով եւ էգով բնաջինջ կը դառնային, անոր գլխաւոր նախարարի դաւաճանութեան պատճառով: Դաւաճանութիւն մը, որ այժմեան դաւաճանութիւններուն չի նմանիր, այլ թագաւորի կամքին հակառակիլ կը նշանակէ, վասնզի թագաւորն է երկրի վրայի սկիզբն ու վերջը, օրէնքն ու ժողովուրդը, խիղճն ու ազգութիւնը: Եւ մենք տեսանք Վահեվահեաններու եւ Սլկունիներու ոչնչանալը: Այսօր ասանկ բան չի կրնար պատահիլ: Յաջորդ օրը ամէն համացանցային կայքերը կը տեղեկացնեն, եւ ոչնչացնողը կը խայտառակեն՝ սաստելով եւ անկումը պատրաստելով:
Եւ մենք մեր կռապաշտութեամբ, կուռքեր շինելու հակումով, քառասուն կոյսերը սպանողը, բռնաբարողը, Սուրբ հռչակել կրնանք: Քաղաքական շահը այդ կը պահանջէ, քանի որ ան զղջացած է եւ դարձի եկած, եւ Աստուծոյ խօսքը տարածողի դերին մէջ մտած: