ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ
Առտու մը դեռ մթնշաղ՝
Կը ծաւալուէր շող ու շաղ,
Ծաղկանց մէջ քեզ տեսայ ես,
Կը ժպտէիր լուսնոյ պէս։
Աչերդ սիրոյ ատրուշան,
Մատներդ էին գիրգ շուշան,
Այտերդ վարդի նոր թերթեր,
Նայուածքդ ծնէր նոր եթեր։
Սիրտս թռա՜ւ ոտքիդ տակ,
Սիրեցի քեզ, իմս հրեշտակ...
Սիրով եղան ձիւն մազեր,
Ըսին՝ կեանքը երազ էր։
Մինչդեռ դու չես սիրեր զիս,
Մ՚իշխեր գոնէ տկար սրտիս.
Ուր որ երթամ, դէմքդ ինձ հետ՝
Նայուածք չէ այդ... մահո՜ւ նետ։
Երբ անտառին խորըն նսեմ
Կ՚երթամ լալ լուռ մենաճեմ,
Դարձեալ հոն կը գտնես զիս,
Տերեւներէն կը խօսիս։
Երբ առուակին եզերքը՝
Նըստիմ սփոփել իմ վէրքը՝
Դարձեալ դու կը գտնես զիս,
Ալեաց մէջէն կը ժպտիս։
Երբ լեռները կը փախչիմ,
Որ չտեսնեմ քեզ, հանգչիմ,
Հողմոյն մէջէն կը խօսիս,
Թէ՝ դու բնաւ չես սիրեր զիս։
Լուսնի լոյսով գիշերը
Երբ ցօղեն իմ աչերը,
Դարձեալ դու կը գտնես զիս,
Աստղերուն մէջ կը ժպտիս։
Իսկ գերեզման երբ մտնեմ,
Քեզ հոն պիտի չգտնեմ...
Մնաս բարեա՜ւ... հայուհիս,
Անգո՜ւթ, արցունք մ՚ալ չունիս։
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ



Մեջբերել