Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 1 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 1 հատից

Թեմա: «Գրականագիտական Հանդէս»

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «Գրականագիտական Հանդէս»

    «ՏՊԱՔԱՆԱԿԸ՝ 300»
    («ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ»Ի ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՒԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)



    Արտերկրի մէկ մութ եւ աշխարհէն կտրուած անկիւնը, հայ գիր ու մշակոյթի երկրպագուի մը կամ անանուն եւ անդէմ գրամոլի մը կողմէ հրատարակուած դեղին ու անբովանդակ անձնական նախաձեռնութեան մը մասին չէ խօսքը։ Սխալ չէ նաեւ իբրեւ խորագիր ճշդուած տպաքանակը՝ 300, իսկ հրատարակութեան վայրը այլ քաղաք մը չէ... եթէ ոչ դեռ երկու տասնամեակ առաջ, քանի մը տասնեակ հազարով եւ նոյնիսկ աւելի քան 100,000-ով գիրքերու լոյս ընծայումը ողջունող «լոյսերի ծով» մեր քաղաքամայր Երեւանը։ Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Ինստիտուտի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան միացեալ ջանքերով 2004-էն ի վեր հրատարակուող «Գրականագիտական հանդէս»ի նորագոյն թիւին, այսինքն՝ 2008-2009 տարուան նախատեսուած համարները մէկ գիրքի մէջ ամփոփած հրատարակութեան։ Ի միջի այլոց հատոր մը չէ շարքին Թ.-Ժ. համարը հանդիսացող այս վերջին օղակը «Գրականագիտական հանդէս»ի, որ, ինչպէս իր նախորդները, միջակ ծաւալի (20x14,5 սմ) 371 էջերուն մէջ ամփոփուած ծաւալուն աշխատասիրութիւններով եւ աւելի սահմանափակ էջեր գրաւած յօդուածներով մտաւորական բարձր գիտակցութեան եւ պատասխանատու նուիրումի մէկ խօսուն ապացոյցը կրնայ հանդիսանալ՝ յար եւ նման զինք կանխած համարներուն։
    Մտքերը թարմացնելու կամ անտեղեակներուն այս լուրջ ու բովանդակալից հրատարակութիւնը ծանօթացնելու համար կ՚արժէ աւելցնել, որ «Գրապատմական հարցեր», «Տեսական», «Գրականութիւն եւ քննաբանութիւն», «Արտասահմանեան գրականութիւն», «Արուեստ», «Արխիւ» եւ «Յոբելեանական» խորագրեալ իր եօթը գլուխներով ներկայացող 2008-2009 տարուան Ա.-Բ. միացեալ համարը ընթերցողին կը հրամցնէ մեծաւ մասամբ հայրենի, բայց նաեւ սփիւռքահայ եւ օտար 25 հանրածանօթ ակադեմականներու, գրականագէտներու եւ մտաւորականներու ստորագրութիւնները կրող թանկարժէք նիւթեր, ինչպէս՝ Աելիտա Դոլուխանեանի «Բացառիկ տեղեկութիւններ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ Ֆրեդերիկ Մակլերի Հայաստան կատարած ուղեգրութիւնից», Արքմենիկ Նիկողոսեանի «Վկայաբանութիւնն ու վարքը», Առաքել Դաւրիժեցու «Գիրք պատմութեանց» աշխատութեան կառուցուածքում», Յասմիկ Խեչիկեանի «Արդիապաշտութեան ուղղութիւնները 20-րդ դարասկիզբի հայ քննադատութեան գնահատութեամբ», Աշոտ Ալեքսանեանի «Գեղարուեստի եւ փիլիսոփայութեան մոդեռնիզմի ակունքներում», Կիմ Աղաբեկեանի «Մեծ բարեկամութեան լուսեղէն հետագիծը», Մարի Ռոզ Աբուսեֆեանի «Ո՞վ է հայը՝ Յ. Օշականի «Ծակ պտուկը» վէպը», Աննա Վարդազարեանի «Ակսել Բակունցի ակնարկները», Անդրանիկ Սարիբեկեանի ուժի փիլիսոփայութիւնը Ռ. Զարդարեանի արձակ բանաստեղծութիւններում ու լեգենդներում», Գագիկ Խաչիկեանի «Աւետիս Ահարոնեանի սփի«Ազատութիւնը եւ ւռքեան շրջանի արձակը», Վազգէն Գաբրիէլեանի «Դանիէլ Վարուժան՝ մեծագոյն փառքերից մէկը մեր նոր գրականութեան» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնները կամ նոյնիսկ հատորին մէջ տեղ գտած կարճ, բայց իրենց կուռ բովանդակութեամբ յատկանշուող յօդուածները (օրինակ՝ Ֆելիքս Մելոյեանի Ռուբէն Յովսէփեանի 70-ամեակին առիթով գրած «Գիրը ամենազօր եւ ապաւէն» ուրուանկարը)։ Անկեղծ եւ արդարադատ ըլլալու համար պէտք է ընդգծել, որ վաւերական մտաւորականի պատասխանատու, խորաթափանց եւ նորահայեաց մօտեցումով գրուած ուսումնասիրութիւններ են հատորին բոլոր նիւթերը անխտիր, որոնց ընթերցումը կ՚առթէ մտաւորական խոր բաւարարութիւն եւ հոգեկան ու իմացական բացառիկ հաճոյք։
    Վերադառնանք բուն նիւթին՝ «տպաքանակը 300»։ Տխուր իրողութիւն մը, որ ցաւալի, աւելի ճիշդ՝ դատապարտելի երեւոյթ մը դարձաւ 300-է աւելի պաշտօնական եւ նոյնքան մը անպաշտօն գրողներ, ոչ նուազ արուեստագէտներ, հարիւրաւոր լրագրողներ եւ հայ լեզուի ու գրականութեան բանակ մը դասախօսներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ հաշուող Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որուն մտաւորական մարդուժը, փաստօրէն, կը տառապի գիրք չկարդալու ահաւոր ախտէն։
    «Գրականագիտութիւնը գիտակցութեան կարեւոր արտայայտութիւններից է, այն ընդգրկում է ոչ միայն գեղարուեստական խօսքն իր ամբողջ բարդութեամբ, այլեւ հասարակական շարժումներն ու ժամանակը» մուտքով իր ընթերցողներուն հետ զրոյցի նստած «Գրականագիտական հանդէս»ի խմբագրութիւնը իրաւունք ունի ակնկալելու, որ իր շուրջ՝ յատկապէս, եւ հայագիտական-գրականագիտական նման լուրջ հրատարակութիւններու շուրջ՝ ընդհանրապէս, խմբուին մեծ թիւով հայ երիտասարդ աշխատակիցներ ու ընթերցողներ, այլ խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մտաւորական-իմացական բովանդակ մարդուժը, որպէսզի ստեղծագործ երկխօսութեամբ վերամրապնդուին մտաւորական-իմացական հիմնասիւները հայ մշակոյթի տաճարին եւ առաջանայ առողջ, կենսունակ ու բարձրամակարդակ մտաւորական ա՛յն թարմաշունչ մթնոլորտը, որ պիտի շեփորէ նոր խիզախումներու ժամը եւ մեր վաղուան օրը պիտի առաջնորդէ «դէպի աղբիւրը լոյսին»։
    Ա՛յս կը պահանջէ նորաշունչ հայ իմացական-ստեղծագործական շարժումը։ Ինչ ալ ըլլան մերօրեայ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական պայմանները, իր ազգային արժանապատուութեամբ հպարտ եւ հայ մշակոյթի յաղթագնաց ապագայով մտահոգ՝ ո՛չ մէկ կառոյց, ո՛չ մէկ միութիւն, ո՛չ մէկ խմբաւորում եւ նոյնիսկ ո՛չ մէկ գիտակից հայ, ան ըլլայ մտաւորական թէ պարզ ընթերցող, կրնայ անմասն մնալ համընդհանուր նուիրումի եւ ծառայութեան այս համազգային պարտականութենէն, որպէսզի բոլորին բոլորանուէր մասնակցութեամբ օր առաջ դրուի վերջակէտը այս ախտագին վիճակին եւ «Գրականագիտական հանդէս»ի նման պատուաբեր հրատարակութիւններու վերջին էջին վրայ չարձանագրուի երբե՛ք՝ «տպաքանակը՝ 300»։

    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    «Ազդակ»


    (1) Ռուբէն Զարդարեան.- Ցայգալոյս, Երեւան, 1959, էջ 342: Այսուհետ այս գրքից կատարուող մէջբերումների համապատասխան էջը կը նշուի տեքստում:
    (2) ,Ապագայե, Փարիզ, 1936, 18-19 ապրիլ։
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Philosopher (22.02.2010)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •