Այստեղ կը տեղադրեմ Արաբ եւ Իսլամ աշխարհին հետ Թուրքիայի մերձեցման մասին գրութիւններ:
Այստեղ կը տեղադրեմ Արաբ եւ Իսլամ աշխարհին հետ Թուրքիայի մերձեցման մասին գրութիւններ:
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ԿԱՐՄԻՐ ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ ԲԱԽՏԸ ԿԸ ԲԵՐԷ
Սուլթան Համիդի բախտը նորէն բերել սկսած է, իր գահընկէցութենէն հարիւր տարի ետք։ 19-րդ դարու վերջին քառորդը եւ 20-րդ դարու սկիզբը արիւնով ներկելէ եւ բռնութեամբ կնքելէ ետք, այսօր իրեն ի պատիւ կը պատրաստուի ֆիլմաշար։ Եգիպտացիք են նախաձեռնողները այս. չեմ գիտեր՝ ի՜նչ որակում տալ այս արարքին...
Մենք մեր մէջ ունինք մարդեր, որոնք կը ջանան Վասակ Սիւնիին վրայ անցընել անմեղութեան պատմուճանը։ Այնքան ատեն որ մարդ ըսուածին լեզուն ոսկոր չունի, մերթ նաեւ գրպանն ալ չի լեցուիր, ամէն բան կրնայ ըսուիլ կամ կատարուիլ...
Սուլթան Համիդ եւրոպական եւ ամերիկեան մամուլին կողմէ, իր սարքած ջարդերուն պատճառով, որակուած էր «Կարմիր սուլթան»... Իր սարքած զանգուածային ջարդերու ահաւոր տրամային առաջին արարը բեմադրած էր Բուլգարիոյ մէջ։ Բուլգարացիներուն անկախութեան ձգտումները ճզմելու եւ Օսմանեան կայսրութեան սահմանները եւ իր թախթը անխախտ պահելու համար սարքած էր այդ ջարդերը։ Միայն 25,000 հոգիի ջարդը ցնցած էր Եւրոպան։ Այդ «փոքր» յառաջաբանէն ետք, բուն դրաման վերապահած էր Հայաստանին։ Վանի կոտորածները, որոնք մեր պատմական հայրենիքին բոլոր կողմերը տարածուած էին, սուլթանին «բացառիկ» կարողութիւնները ի յայտ բերած էին։ 1894-1896 երկամեակին ընթացքին շուրջ 300,000 հայորդիներ կոտորած էին Համիդի հորդաները եւ կանոնաւոր բանակը։ Եւրոպան զանազան միջոցներով հակադարձեց Համիդի այս արիւնալի բռնարարքներուն։ Առաւելաբար բերանացի եւ գրաւոր բողոքներ կուտակուեցան Կարմիր սուլթանին հասցէին։ Այս բոլորը այնքան ալ բան չէին ըսեր արիւնարբու բռնապետին։ Արդէն կարգ մը եւրոպացի պատասխանատուներ իրազեկ դարձան, որ եւրոպական նաւատորմիղներ Արարատի գագաթը բարձրանալու ո՛չ կարողութիւն, ո՛չ ալ սիրտ ունէին... Ի՜նչ քաջարի ինքնարդարացում ...Եթէ նաւատորմիղ շարժելու մտադրութիւն ունեցած ըլլային, յատկապէս՝ Վիկտորիա թագուհիին վարչապետները, ապա բնաւ զանոնք ցամաք հանելու պէտք չունէին։ Համիդ կը գտնուէր Մարմարայի ափին, Պոլսոյ մէջ...
Սուլթան Համիդ նաեւ կը յիշուի իր կազմած «Համիդիէ գունդեր»ուն պատճառով։ Ասոնք գող-աւազակներ էին, որոնց զէնք, թուր եւ ձի կը տրամադրէր նորի՜ն օգոստափառ սուլթանը՝ մի միայն հայութիւնը թալանելու եւ ընկճելու համար։ Այս արտօնեալ աւազակախումբերը որքա՜ն արցունք եւ արիւն հոսեցուցին հայ ազգի աչքերէն եւ երակներէն...
Այս Կարմիր սուլթանը իր շահատակութիւնները շարունակեց այնքան երկար, որ նոյնիսկ թուրքերը համոզուեցան, որ այդ մարդը կը վատնէր ու կը վտանգէր Օսմանեան կայսրութիւնը։ Ատոր համար ալ ոտքի ելլելով՝ նախ սահմանափակեցին բռնապետին լիազօրութիւնները, մէկ տարի վերջ ի սպառ թռցնելու համար զինք։
Այս մարդուն իշխանութեան տակ կայսրութիւնը բաւական նկատառելի տարածքներ կորսնցուց։ Մարդը ի վիճակի չէր իր մայրաքաղաքին հարեւանութեան մէջ իսկ գտնուող տարածքները, ինչպէս՝ բուլգարական, պահել իր մականին տակ։ Կիպրո՛սն ալ ինք անուշ ընել տուաւ Անգլիոյ, անոր կապոյտ աչուկները փակել տալու, որպէսզի չնկատէր իր անմարդկային արարքները...
Իսկ հիմա, արաբական մեծագոյն երկրին մէջ, ուր սուլթանական Թուրքիայէն ազատագրուելու շատ յառաջատար գաղափարներ ձեւաւորուած էին, հիմա, 21-րդ դարուն, կարգ մը բեմադրիչներ Համիդը փառաբանելու, մարդոց առջեւ զայն բարձրացնելու համար ֆիլմաշար պատրաստելու ելած են։ Յետո՞յ։ Առաջին ակնարկով սա տգեղ կատակ մը կը թուի ըլլալ, բայց այդպէս չէ։ Կատակասէր եգիպտացիք շատ լուրջ եւ վտանգաւոր գործի լծուած են, արիւնարբու, աւելի քան 300 հազար մարդ կոտորած սուլթան մը փառաբանելու զզուելի աշխատանքին։
Իբր թէ այս սուլթանը արաբական հողատարածքները պաշտպանա՜ծ եւ փրկա՜ծ է ծակաչք թշնամիներէ։ Երբ ինք իր պալատէն ո՛չ այնքան հեռու տարածքներ չէ կրցած պաշտպանել, ինչպէ՞ս կրցեր է պաշտպանել արաբական տարածքներ։ Բան մը, որուն ո՛չ մարդկային խելք կրնայ հասնիլ, ո՛չ ալ ամենաուժեղ եւ «իմաստուն» համակարգիչներ կրնան գտնել այս գաղտնիքին ծալքերը...
Մէկ բան կրնայ բացատրութիւն համարուիլ. թրքական քսակը իր լայնաբաց բերնէն առատ դոլարներ հոսեցուցած ըլլալու է բեմագրին, բեմադրիչին եւ ֆիլմաշարը յաջողցնելու լծուած բոլոր մասնակիցներուն... Թուրքիոյ քսակը միշտ լայնաբաց մնացած է լոբբիինգ ընողներու, օտար լրագրողներու եւ քարոզչութեանց համար...
Կարծես, մարդկութիւն ըսուածը ամէնէն ահաւոր բռնատէրին համար իսկ, վերջ ի վերջոյ, արդարացում կը գտնէ։ Օրինակի համար, Լենին եւ Ստալին, իրենց հիմնած վարչակարգին շնորհիւ, տասնեակ միլիոններով մարդոց կեանքերը փճացուցին։ Յատկապէս Ստալին, բացառի՜կ իւրայատկութեամբ, արիւն-արցունք հոսեցուց միլիոնաւորներու աչքերէն։ Իր կենդանութեանը աննախընթաց փառաբանութեան արժանացաւ։ Շատեր վախի պատճառով, իսկ ուրիշներ՝ անկեղծութեամբ, միլիոնաւոր ոտանաւորներ թխեցին ի փառս այդ արիւնարբու հրէշին։ Թատրերգութիւններ ստեղծուեցան, քանդակները ողողեցին ընդարձակ կայսրութեան տարածքները։ Վերջ ի վերջոյ այդ ողբալի զավզակութիւնները վերջ գտան։ Սակայն իր արիւնոտ ձեռքերով գծուած անտրամաբանական եւ անարդար սահմանները ցայսօր կը գոյատեւեն։ Ոչ միայն կը գոյատեւեն, այլ նաեւ սրբագործուած եւ նուիրականացա՜ծ են։ Աշխարհի պետական այրերը, զորօրինակ, կը բարբառին, որ Արցախը Ադրբէջանի կը պատկանի։ Սա Ստալինի սահմանագծումին ամենազարհուրելի անիրաւութիւնն էր։ Իսկ ժողովրդավարակա՜ն եւ ազատակա՜ն վարչաձեւեր կը պահանջեն, որ մենք վերականգնենք Ստալինի սխալը։ Խելք է պէտք այսքան անտրամաբանական բան հասկնալու համար։
Հիմա սուլթան Համիդ կոչեցեալ արիւնարբու հրէշը սրբացնելու եւ հերոսացնելու աշխատանք կը տարուի։ Արաբ այն հերոսները, որոնք պայքարեցան օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, ի՛նչ անունով պիտի որակել։ Այո, Մեքքէի էմիր Շերիֆ Հիւսէյններուն ի՛նչ անուն տալ։ Այդ մարդը ղեկավարեց արաբական ապստամբութիւնը օսմանցիներուն դէմ, Համիդի անմիջական ժառանգորդներուն դէմ։ Արդեօք այդ մարդը դաւաճա՞ն պէտք է կոչել։
Նոյնինքն Համիդի դէմ Եմէնի մէջ ծայր առած ըմբոստութեան հեղինակնե՞րը եւս դաւաճան են արաբ ազգին...
Այսօր արաբական աշխարհը գլուխը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի։ Աջէն թէ ձախէն Էրդողանի եւ անոր գործակիցներուն հասցէին կը բարձրաձայնուին գովասանքներ եւ փառաբանութիւն։ Երախտագիտական զգացումները կը վերածուին մրցանակներու եւ շքանշաններու։ Արաբական աշխարհը իր ղեկը կը ջանայ դնել արիւնոտ ձեռքերուն մէջ, թուրք կոչեցեալ պատասխանատուներու։ Յետո՞յ։
Դաւութօղլու կոչեցեալ աղուէսադէմ քաղաքագէտը, չեմ գիտեր՝ որո՛ւ հրաւէրով, լծուած է միջնորդութեան՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ։ Չզարմանանք, եթէ օր մը Բեյրութի Նահատակաց հրապարակէն վերցուի 1915-ի Ջեմալ փաշայի ձեռքով կախաղան բարձրացուած նահատակներուն յուշարձանը...
Այս անհեթեթութեան գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ, ահաւասի՛կ, սուլթան Համիդի նուիրուած այս բացառիկ շնորհը՝ ֆիլմաշարը...
Թուրք ազգեր, հինէն ի վեր, մարդկութեան շնորհած են Աթիլլաներ, Ալփասլաններ, Հուլաղուներ, Ջենգիզ խաներ, Թիմուր Լենկեր եւ... Սուլթան Համիդներ... Շա՜տ երախտապարտ ըլլալու է այս մարդկութիւնը թրքութիւն կոչուած հրէշատիպ «հրաշալիք»ին...
Աստուա՛ծ ողորմի՜ իր՝ Համիդի, բազմահազա՜ր հայ, բուլգար, արաբ, նոյնիսկ թո՛ւրք զոհերուն... Այլ բան կարելի չէ մաղթել։
ՁԻՒՆԱԿԱՆ
«Ազդակ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ՕՍՄԱՆԻՆ ՓՈՐՁԸ` ԼԻԲԱՆԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ
Լիբանանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ուժերը վերջերս բազմամարդ հաւաքով մը հերթական անգամ ոգեկոչեցին երկրի նախկին վարչապետ Ռաֆիկ Հարիրիի յիշատակը՝ անոր նահատակութեան հինգերորդ տարելիցին առիթով: Ամէնամեայ այս ձեռնարկը առիթ է Արեւմուտքին եւ անոր միջինարեւելեան դաշնակիցներուն նեցուկը վայելող այս ուժերուն՝ քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու՝ համաձայն տեղական, շրջանային ու միջազգային դերակատարներուն միջեւ մակընթացութիւններուն եւ պահու թելադրանքներուն: Հետեւաբար այս հաւաքներուն ընթացքին տարօրինակ չէ հանդիպիլ, մասնակից քաղաքական ուժերու դրօշներուն ու կարգախօսներուն կողքին, նաեւ զօրակից պետական օտար դէմքերու պատկերներուն եւ կամ հակառակորդ օտար պետական դէմքերու ծաղրանկարներու: Այս տարուան հաւաքին ապշեցուցիչ նորութիւնը սակայն, գէթ առաջին հայեացքով, թրքական դրօշներու ներկայութիւնն էր: Արդարեւ, հազարաւոր դրօշներու մէջ տեղ-տեղ կ՚երեւէին քանի մը թրքական դրօշներ: Անկախ այն իրողութենէն, թէ ծրագրուա՞ծ, թէ՞ անհատական ինքնաբուխ նախաձեռնութիւն էր կատարուածը, նաեւ ՝անկախ անոր հեղինակներէն ու անմիջական իրագործողներէն, թրքական դրօշներու ներկայութիւնը անցեալ դարասկիզբին թուրք-օսմանեան ոճիրներու զոհ լիբանանցի մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու յիշատակին «Նահատակաց» կոչուած այդ հրապարակին վրայ դիպուածի արդիւնք չէ՝ մեկուսի ու միակ, այլ մէկ արտայայտութիւնն է արմատաւորուող մթնոլորտի ու հոսանքի մը: Խորքին մէջ կատարուածը մէկ դրսեւորումն է վերջին տարիներուն Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած վայրագ թափանցումի քաղաքականութեան:
Հակառակ թուրքեւլիբանանեան եղբայրական յարաբերութիւններու մասին թրքական պնդումներուն, Թուրքիա, պատմական եւ քաղաքական բազմաթիւ պատճառներով, ընդհանրապէս չէ վայելած Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հաւաքականութիւններուն համակրանքը: Իսրայէլի՝ լիբանանեան հողերէն նահանջէն (2000) եւ սուրիական ուժերու հեռացումէն (2005) ետք, սակայն, Անկարա, օգտուելով Լիբանանի քաղաքական տագնապներէն ու առկայ պառակտումէն, նախաձեռնեց Լիբանանի քաղաքական ու ժողովրդային դաշտ իր մուտքին՝ չէզոք, անշահախնդիր միջնորդի եւ շրջանային կայունութեամբ մտահոգի դիմակով: 2006-ի լիբանանեւիսրայէլեան պատերազմին ընթացքին զօրակցելով Լիբանանի՝ Անկարա յատկապէս ջանաց հմայել լիբանանեան դիմադրութիւնը սնուցանող շիի համայնքը, մինչ սիւննի համայնքի վերջին տարիներու քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ ընտրանին Թուրքիան կը նկատեն յաջողակ քաղաքական իսլամի ուսանելի օրինակ: Նշեալ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակեց օժանդակել Լիբանանի՝ մասնակցելով պատերազմի հետեւանքներու վերացման: Ըստ թրքական աղբիւրներու, Անկարա տրամադրեց 50 միլիոն դոլար մարդասիրական օժանդակութիւն, ստանձնեց կառուցումը եւ վերակառուցումը աւելի քան 60 վարժարաններու, բազմաթիւ հանրային պարտէզներու, բժշկական կեդրոններու եւ այլն: Թուրքիա նաեւ յաջողեցաւ ապահովել իր մասնակցութիւնը՝ հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն: Թուրքիա ներկայիս հարաւային Լիբանանի մէջ ունի աւելի քան 1000 զինուոր հաշուող ուժ՝ ցամաքային եւ ծովային բաժիններով: Թուրքիոյ այս «մարդասիրական» միջամտութիւնները ամրագրելու կը ծառայէին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւնները Լիբանան, ներառեալ՝ վարչապետ էրդողանի 2007-ի եւ 2008-ի այցելութիւնները Բեյրութ, որոնց իբրեւ պատասխան՝ Լիբանանի օրուան վարչապետը իր կարգին մեկնեցաւ Անկարա: Յատկանշական էր սակայն Թուրքիոյ նախագահ Աբդուլլա Գիւլի հրաւէրով ապրիլ 2009-ին Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը Թուրքիա: Միշել Սըլեյման, աւելի քան վաթսուն անդամ հաշուող պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով,1950-էն ի վեր Թուրքիա այցելող առաջին Լիբանանի նախագահը հանդիսացաւ: Լիբանանեւթրքական յարաբերութիւնները նոր որակ նուաճեցին վարչապետ Սաադ Հարիրիի Անկարա այցելութեան ընթացքին, երբ ստորագրուեցան գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, փոխադրամիջոցներու եւ զինուորական մարզերուն մէջ գործակցութեան համաձայնագիրներ, որոշուեցաւ հաստատել Բեյրութ-Մերսին ծովային բեռնափոխադրութեան գիծ, ջնջել երկու երկիրներ մուտքի այցեգիրի (վիզա) դրութիւնը եւ երկու տարուան ընթացքին առեւտուրի ծաւալը 900 միլիոնէն հասցնել 5 միլիառ դոլարի:
Վերոնշեալ զարգացումները կարելի է տեղադրել միջպետական յարաբերութիւններու բնականոն զարգացման հոլովոյթի ծիրին մէջ, սակայն երկու հանգամանքներ՝ Լիբանանի թիւրքմեններուն հանդէպ Անկարայի քաղաքականութիւնը եւ Լիբանանի մէջ թրքական աշխուժութեան հակահայ բնոյթը կը մատնեն Թուրքիոյ իսկական նպատակները:
Հիւսիսային Լիբանանը յայտնապէս յատուկ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ համար, տրուած ըլլալով, որ շրջանը ընդհանրապէս ունի սիւննի իսլամ դիմագիծ եւ աւանդ, ու նաեւ հոն կը գտնուի օսմանեան որոշ ճարտարապետական կոթողներու ու կառոյցներու մնացորդացը: Թուրքիոյ դեսպանատան ջանքերով 2006-ին հիւսիսի մայրաքաղաքին՝ Տրիպոլիի մէջ վերանորոգուեցաւ ու վերաբացուեցաւ «Համիդեան ժամացոյցի» աշտարակը, որ 1900-ականներուն կառուցուած ու շրջանի բնակչութեան նուիրուած էր տխրահռչակ սուլթան Աբդուլ Համիդի կողմէ՝ իր գահակալութեան քսանհինգամեակին առիթով, իբրեւ երախտագիտութիւն անոնց հաւատարմութեան: Վերականգնուած այս կոթողի շրջակայ հրապարակը օծուեցաւ Աբդուլ Համիդի անունով: Անկարա նաեւ նախաձեռնած է Տրիպոլիի մեջ օսմանեան այլ կառոյցներու վերականգնումին:
Վերջին տարիներուն Անկարա նաեւ յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ հիւսիսային եւ արեւելեան Լիբանանի որոշ գիւղերու բնակիչ Թիւրքմեններուն: Յուլիս 2009-ին Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Դաւութօղլու, շրջելով այդ գիւղերը, բացումը կատարեց թրքական ֆինանսաւորութեամբ ծրագիրներու ու կառոյցներու: Լիբանանի մէջ օրին Թուրքիոյ դեսպան (այժմ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար) Սերդար Կըլըջի աշխուժ ջանքերով Թուրքիոյ կառավարութիւնը հիւսիսային Լիբանանի Աքքար շրջանի 3000 թիւրքմէն (1) հաշուող թրքախօս Քաուաշիրա գիւղին մէջ կառուցած է դպրոց ու ծրագրած է գիւղը օժտել ջրաբաշխումի ցանցով: Մօտակայ Այդամուն աւանի 2500 թիւրքմէններու դիմագրաւած ըմպելի ջուրի հարցը լուծելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կը կառուցուին ջրհորներ, զուգահեռաբար մշակուած է արդէն վարժարանի մը կառուցման ծրագիրը: Իսկ Աքքարի Բիրէ գիւղին մէջ թրքական ֆինանսաւորմամբ կառուցուած առողջապահական շրջանային կեդրոնին բացումը կատարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Դաւութօղլու անձամբ, յուլիս 2009-ին Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը Լիբանանի արեւելեան Բաալբէք շրջանի Դուրիս եւ ամբողջովին թրքախօս Շամիա գիւղերուն համար հիմնած է դպրոցներ: Լիբանանի թիւրքմէններուն Անկարա նաեւ կը տրամադրէ Թուրքիոյ մէջ համալսարանական ուսման կրթաթոշակներ, որոնց թիւը կ՚աւելնայ տարուէ տարի: Զուգահեռաբար, դարձեալ պետական կարգադրութեամբ, Թուրքիայէն գործուղուած ուսուցիչներ թրքերէնի անվճար ուսուցում կ՚իրականացնեն Լիբանանի թիւրքմէններուն համար: Այս խնամատարական աշխատանքներուն նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ հարաւային Լիբանան հաստատուած թրքական զինուորական ուժը, որ թիւրքմէն որոշ գիւղերու տրամադրած է համակարգիչներ, ելեկտրածին շարժակներ եւ այլն: Ընդունուած է, որ որեւէ տագնապի խաղաղապահ ուժեր մասնակցին նաեւ իրենց տեղակայուած շրջանի ընկերատնտեսական բարգաւաճման, սակայն հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու գտնուող թիւրքմէններուն նպաստ տրամադրելը կը մատնէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ իսկական նպատակները: Ուշագրաւ է նաեւ այն երեւոյթը, որ թիւրքմէններու համար թրքական ֆինանսաւորմամբ կառուցած վարժարանները, որոնք աշխատանքներու աւարտին ըստ կարգի կը յանձնուին լիբանանեան պատկան մարմիններու, տեղական ուսումնական ծրագիրին կողքին նաեւ պիտի ներառեն թրքական կրթական նիւթեր: Նշուած նախաձեռնութիւններուն կողքին, վերջին տարիներուն նաեւ հաստատուած են լիբանանեւթրքական միութիւններ: Այսպէս, Տրիպոլիի մէջ կը գործեն լիբանանեւթրքական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը եւ Տրիպոլիի թիւրքմէնական ընկերակցութիւնը: Թրքական դեսպանատունը նաեւ ձեռք ձգած է արտօնագրեր Բեյրութի, Աքքարի եւ Բաալբեքի մէջ հիմնելու թրքական մշակոյթի կեդրոններ:
Թրքական նախաձեռնութիւններու այս մասնակի թուարկումը բաւարար է ընդգծելու, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ կիրարկած քաղաքականութիւնը կը հետապնդէ շատ աւելին, քան՝ միջպետական կապերու զարգացումը: Այս իրողութիւնը աւելի եւս կը հիմնաւորուի, երբ նկատի առնենք թրքական որոշ քայլերու հակահայ բնոյթի «զուգադիպութիւնը»: Անկախ Լիբանանի մէջ օսմանեան ժառանգութեան եւ թիւրքմէններուն տիրութիւն ընելու իր ջանքերէն, Անկարա ճիգ չի խնայեր ապրիլ ամսուան ընթացքին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի ձեռնարկներու օրերուն, լիբանանեան հրապարակի վրայ հանդէս գալու նախաձեռնութիւններով, որոնք կը միտին շեղել հանրութեան եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը ի նպաստ Թուրքիոյ: Այսպէս, ապրիլ 2009-ին Լիբանանի նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը, իր պաշտօնակից Աբդուլլա Գիւլի հրաւէրով, տեղի կ՚ունենար ապրիլ 24-ի շաբթուան ընթացքին: Նոյն օրերուն, թրքական դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Բեյրութի մէջ սկիզբ կ՚առնէր թրքական մշակոյթի շաբաթը, որուն բացման հանդիսութեան կը մասնակցէին, դեսպանին կողքին, Լիբանանի վարչապետն ու մշակոյթի նախարարը: Նոյնանման բեմագրութիւն մը կը նախատեսուի այս տարի եւս: Արդարեւ, լիբանանեան եւ թրքական առեւտրական շրջանակներ ապրիլ 22-23 պիտի կազմակերպեն խորհրդաժողով մը, ուր պիտի քննարկուին լիբանանեւթրքական տնտեսական եւ ընկերային յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Բնականաբար թրքական այս խաղերը անպատասխան չեն մնար լիբանանահայութեան կողմէ, որուն երիտասարդութիւնը բողոքի հրապարակային արարքներով, իսկ քաղաքական ղեկավարութիւնը բարձրագոյն մակարդակի վրայ փոխանցուած պաշտօնական բողոքով հետեւողականօրէն արտայայտած են լիբանանահայութեան դատապարտումը՝ թրքական թափանցումներուն եւ դժգոհութիւնը՝ այդ խաղերուն մէջ լիբանանի պետական այրերու ներքաշուելուն առնչութեամբ:
Թուրք պետական գործիչներ առիթ չեն փախցներ յայտարարելու, որ Անկարա որդեգրած է ու կը կիրարկէ դրացիներու նկատմամբ «զերօ տագնապ»ի արտաքին քաղաքականութիւնը: Քաղաքականութիւն, որ իրողութեան մէջ կը նպատակադրէ Միջին Արեւելքի, Բալքաններու եւ Կովկասի մէջ Թուրքիոյ՝ «կարգ հաստատող» ուժի վերածումը, ինչպէս կը յայտարարէր Դաւութօղլու՝ ստանձնելով արտաքին գերատեսչութեան պետի պաշտօնը: Դրացի երկիրներու՝ Թուրքիոյ տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական ենթակայեցման միտող այս քաղաքականութիւնը Լիբանանի մէջ յառաջ կ՚ընթանայ մեծ թափով, ոչ միայն շրջանային ուժերու եւ դաշինքներու նպաստաւոր դասաւորումին իբրեւ արդիւնք, այլ նաեւ՝ իբրեւ հետեւանք Լիբանանի քաղաքական ուժերու եւ ղեկավարներու կարճատեսութեան ու «հովանաւորուելու» ներքին բարդոյթին: Այսպիսով հայ-թրքական դիմակայման նոր հանգրուան մըն է, որ բացուած է լիբանանեան հրապարակին վրայ, իսկ դաշտը, ուր կ՚ընթանայ այդ պայքարը, նոյնինքն լիբանանցի քաղաքացին է՝ դիւրահաւատ եւ դիւրահաւան: Ի հեճուկս Թուրքիոյ մեծ ճիգերուն՝ իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ թրքանպաստ մթնոլորտ զարգացնելու եւ հակառակ անոր արձանագրած որոշ յաջողութիւններուն, կազմակերպուած ու նպատակասլաց աշխատանքի շնորհիւ, հակազդող քայլերու կողքին, նաեւ՝ ներգործող քայլերու որդեգրումով, թրքական այս արշաւանքի հակակշռումն ու վնասազերծումը կը մնայ միշտ հասանելի:
Լ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
«Ազդակ»
1) Լիբանանի թիւրքմեններու մասին ժողովրդագրական տուեալները քաղուած են թրքական ուսումնասիրական ՕՐՍԱՄ կեդրոնի Լիբանանի Թիւրքմեններու մասին տեղեկագիրէն՝ http://www.orsam.org.tr/en/showArticle.aspx?ID=139
Վերջին խմբագրող՝ Philosopher: 30.03.2010, 17:36: Պատճառ: Խմբագրվել է հեղինակի խնդրանքով:
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԹԻ ՍԱՆՋԱԿԸ
ՆԵՆԳԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
23 յունիս 1939-ին Ֆրանսա իր հոգատարութեան տակ գտնուող Ալեքսանդրեթի սանջակը կը յանձնէր Թուրքիոյ հայ ազգաբնակչութեան պարտադրելով նոր գաղթ մը։
Ո՞վ կը յիշէ այսօր Ալեքսանդրեթի սանջակը՝ ինքնավար շրջան մը, ծնունդ առած 1918-ին, Կիլիկիոյ հարաւային կողմը, իր Ալեքսանդրեթի նաւահանգիստով, Անտիոք պատմական քաղաքով եւ Մուսա Լեռով։ Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին աւարտը, ան մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան։ 1918-ին Սանջակը դարձաւ ինքնավար շրջան մը՝ ֆրանսական հոգատարութեան տակ, մտնելով Սուրիոյ կազմին մէջ։
23 յունիս 1939-ին ֆրանկո-թրքական համաձայնութեամբ մը Ֆրանսա Թուրքիոյ կը յանձնէր Ալեքսանդրեթի սանջակը՝ հարուած մը տալով Սուրիոյ եւ ստիպելով հայ բնակչութեան՝ անգամ մը եւս գաղթականի ցուպը ձեռք առնելու։
70 տարիներ անցած են այդ թուականէն, բայց այդ օրուան դերակատարներէն ոչ մէկը անդրադարձաւ անոր 70-ամեայ տարեդարձին։ Ո՛չ Սանջակը լքող Ֆրանսան, ո՛չ զայն կորսնցուցած Սուրիան եւ ո՛չ ալ զայն գրաւող Թուրքիան։
Այն պահուն, երբ կասկածները կը սկսին բազմանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 1 սեպտեմբերին ստորագրուած արձանագրութիւններուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ հարցականի տակ կը դրուին թրքական եւ գերհզօր պետութիւններուն մտադրութիւնները, կ՚արժէ վերանայիլ 70 տարի առաջ պատմութեան մէջ արձանագրուած դիւանագիտական աճպարարութիւններուն, անդրադառնալ դէպքին՝ անկէ դասեր քաղելու անհրաժեշտութեամբ։ Կ՚արժէ գիտնալ, թէ ցեղասպան Թուրքիա, որ Ա. Համաշխարհային պատերազմին Գերմանիոյ դաշնակից էր ու 1918-ին պարտուած էր, քսան տարուան ընթացքին` 1938-ի գարնան արժանի կ՚ըլլայ ստանալու Սանջակի նման կարեւոր նահանգ մը։
1918-1936 ՇՐՋԱՆԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
Կարեւոր է մատնանշել, որ 1918-էն ետք Թուրքիա կրցաւ իր սահմանները ընդարձակել։ Արեւելեան ճակատին վրայ ան վերադարձաւ մինչեւ 1829-ի ռուս-թրքական սահմանները, բացի Բաթումի շրջանէն։ Արեւմտեան ճակատի վրայ ան պահեց իր սահմանները, իսկ դէպի հարաւ ան փորձեց իր սահմանները ընդարձակել Սուրիոյ ուղղութեամբ։ Նոյն ատեն ան կրկին միջազգային ասպարէզ մտաւ՝ 1932-ին մաս կազմելով Ազգերու լիգային։ 1936-ին Մոնրոյի ժողովին ան կրկին տիրացաւ նեղուցներու վրայ իր տիրապետութեան։ Այնուհետեւ, ան հաստատեց, որ ժամանակը հասած է պահանջելու Սուրիոյ հիւսիսային հողերը, որոնք ի՛րը նկատելէ երբեք չէր դադրած։ Ան առիթը չկորսնցուց եւ օգտագործեց 1936-էն ի վեր ի նպաստ իրեն եղող միջազգային քաղաքական կացութիւնը։ Այս շրջանին կազմուեցաւ Բերլին-Հռոմ առանցքը, նաեւ՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմի վախը արդէն սկսած էր սարսափեցնել շրջանի ազգերը։
1918-1936 ՇՐՋԱԴԱՐՁԸ
9 սեպտեմբեր 1936-ին ֆրանկո-սուրիական դաշնագիրը՝ Սուրիոյ անկախութեան վերաբերեալ, ոչ մէկ վնաս կը հասցնէր Թուրքիոյ։ Իրականութեան մէջ Թուրքիա ինքզինք պատրաստ չէր զգար ճանչնալու եւ կամ մերժելու այս դաշնագիրը, միայն կ՚ուզէր յիշեցնել, որ Ալեքսանդրեթի սանջակի ինքնավարութիւնը դժուարութեան կրնայ մատնուիլ, եթէ օր մը Սուրիա անկախանայ։ Հետեւաբար, պաշտպանելով հանդերձ ինքնավար վիճակը սանջակին, Թուրքիա կ՚առաջարկէր զայն անջատել Սուրիայէն ու վերածել անկախ հողամասի մը՝ կապուած ֆրանսական իշխանութեան։ Առանց սպասելու այս առնչութեամբ ֆրանսացիներուն հետ համաձայնութեան մը ձեւաւորման՝ Թուրքիա իր արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Թեվֆիկ Ռիւշտիի դատական պայքարի մը կը սկսի Ազգերու լիգայի շրջագիծին մէջ։ Ֆրանսա ընդդիմութիւն ցոյց չի տար՝ չուզելով Թուրքիոյ հետ ուղղակի հակառակութեան մէջ մտնել, եւ ձգելով, որ հարցը լուծուի Ազգերու լիգայի հետ։
1937. ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ
Հոկտեմբեր 1936-էն մինչեւ փետրուար 1937՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին անդուլ աշխատանքը կը սկսի արդիւնաւորուիլ։ Մայիս 1937-ին Ազգերու լիգայի խորհուրդը կը վաւերացնէ այն վիճակը, որով սանջակը կը մնար Սուրիոյ հոգատարութեան տակ՝ ինքնավարութեան լայն իրաւասութիւններով եւ ընտրուած խորհրդարանով։ Այս ձեւը կ՚որդեգրուի 29 նոյեմբեր 1937-ին։
1938. ՍԱՆՋԱԿԻ ԹՐՔԱՑՈՒՄԸ
Թուրքիա յառաջիկայ հանգրուանին կ՚առնէ իր խորամանկ յաջորդ քայլը։ Առանց արտայայտելու սանջակը գրաւելու իր մտադրութիւնը, ան կը յայտնէ, որ սանջակը պէտք է անկախ ըլլայ Սուրիայէն ու Ֆրանսայէն. այնպէս որ, դաշտը պիտի մնար Թուրքիոյ՝ իր ուզածը ընելու։ Առաջին քայլը, որ պէտք էր առնուէր, խորհրդարանին մէջ թուրք ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնը ապահովելն էր. անոնք կ՚ընտրուէին Ազգերու լիգայի ճշդած օրէնքներուն համաձայն։ Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել այս ծրագիրը՝ առանց ժողովուրդին քուէներուն մեծամասնութիւնը ունենալու, որովհետեւ թուրքերը կը կազմէին 220 հազարի հասնող սանջակի բնակչութեան 30-40 առ հարիւրը, ալեւիները՝ 28 առ հարիւրը, արաբները՝ 10 առ հարիւրը, յոյն ուղղափառները, աւետարանականները, հայ կաթողիկէները՝ 8 առ հարիւր։ Թուրքիան ընտրութեան ճամբով ոչ մէկ կարելիութիւն ունէր տիրանալու սանջակին։ 10 մարտ 1938-ին ան կը յաջողի իր կամքը պարտադրել թէ՛ Ֆրանսային եւ թէ Ազգերու լիգային՝ ըսելով, որ խորհրդարանի 40 անդամներէն 22-ը թուրքեր պէտք է ըլլան։ Ընտրութիւնը պիտի կայանար 30 օգոստոսին։ Նախքան ընտրութիւնը՝ Թուրքիա այլ խաղ մը կը խաղայ։ Ան սանջակը կը հռչակէ ֆրանկո-թրքական զինուորական իշխանութեան տակ գտնուող շրջան, իսկ անոր յաջորդ քայլը կ՚ըլլայ սանջակը գրաւել՝ ֆրանսական բանակը դուրս հանելէ ետք։ Ամէն բան կ՚ընթանայ ըստ թրքական ծրագիրին. 3 յուլիսին ֆրանկո-թրքական համաձայնութեամբ երկիրը կը կառավարուէր զինուորական իշխանութեան մը կողմէ՝ երկու կողմերէն մէկական զօրագունդեր պահելով։ Սանջակը թրքացումի ճամբուն վրայ էր՝ զինուորական, վարչական, տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ։
1939. ՍԱՆՋԱԿԻ ԿՑՈՒՄԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Երրորդ քայլը կ՚իրականանայ յունուար 1939-ին. թրքական կառավարութիւնը վերջնականապէս կը տեղեկացնէ ֆրանսական կառավարութեան, որ Ալեքսանդրեթի սանճագը կը միանայ Թուրքիոյ։ Ֆրանսան յոգնած ու ձանձրացած Թուրքիոյ ցուցաբերած յարձակողական կեցուածքէն ու սպառնալիքներէն՝ տեղի կու տայ։ Վերջապէս Ալեքսանդրեթի սանջակը կ՚անցնի Թուրքիոյ. վերջնական դասաւորումները կը կայանան 23 յունիս 1939-ին։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարարն էր Սարաջօղլուն։ Կը մնար ֆրանսական բանակին հեռացումը շրջանէն ու Սուրիոյ նոր սահմաններու ճշդումը։ Կ՚արժէ նշել, թէ 13 յուլիսին, որ վերջնական դասաւորումներուն թուականն էր, առանց սպասելու խառն ժողովի կայացումին՝ թուրքերը կը սկսին սահմաններ ճշդել՝ հասնելով մինչեւ Քեսապի սահմաններ, ուրկէ անդին բնակողները հայեր էին։ Երբ ֆրանսացիները տասը օր ուշացումով՝ 23 յուլիսին կը հասնին վերջին դասաւորումները ընելու համար, իրենք զիրենք կը գտնեն կատարուած իրողութեան դիմաց։ Յաջորդ ինը ամիսներուն երկար բանակցութիւններու կարիք կ՚ըլլայ, որպէսզի կողմերը զիրար հասկնան։ Ի վերջոյ ֆրանսական կողմի կարգ մը զիջումներով համաձայնութիւն մը կը կայանայ, Թուրքիա կրկին Քեսապի հողերէն մաս մը կը կորզէ, իսկ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը լքելով իր հողերը կ՚անցնի այժմու սուրիական Քեսապի կողմը։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Թրքական դիւանագիտութեան մասին խօսելով՝ կարելի է ըսել, որ արտաքնապէս անիկա մեղմ եւ պարկեշտ կը թուի, մինչդեռ խորքին մէջ ան ստորին, փողոցային մակարդակ ունեցող դիւանագիտութիւն մըն է եւ անընդունելի՝ ինքզինք յարգող երկրի մը համար։
Յիշենք քանի մը կէտեր այդ դիւանագիտութենէն. թրքական դիւանագիտութիւնը գիտէ հիանալիօրէն օգտագործել փոխուող ժամանակները եւ անոր համեմատ դիրքորոշումներ ճշդել՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Ան գիտէ, որ հարցերը շատ արագ կ՚ընթանան՝ ամէն վայրկեան նոր կացութեան դէմ յանդիման դնելով զինք։ Անոր դիւանագիտութիւնը յարձակողական է ու չի վարանիր բռնութիւն գործադրելու, նոյն ատեն գիտէ կացութեան համաձայն շարժիլ՝ մէյ մը տաք, մէյ մը պաղ։ Երկերեսայնութեան եւ խաբեբայութեան վարպետն է։ Թուրքիա բացայայտօրէն չպահանջեց Ալեքսանդրեթի սանջակը։ Մինչեւ վերջին վայրկեանը ան ոչ մէկ մտահոգութիւն ցոյց տուաւ սանջակը իրեն միացնելու, բայց վերջաւորութեան ան պահանջեց ամբողջ Ալեքսանդրեթի սանջակը, ներառեալ հայաբնակ Քեսապը՝ առարկելով, որ ինք իր թուրք հայրենակիցներուն իրաւունքները կը պաշտպանէ։ Ինչպէս վերեւ տեսանք, թուրքերը այդ շրջանին մէջ մեծամասնութիւն անգամ չէին։ Ան միշտ ծածկած է արմատական, ցեղապաշտ, ծաւալապաշտ հոգեվիճակը։
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ֆրանսա հետամուտ եղած է «ռէալ փոլիթիք»ի քաղաքականութեան, որ յաճախ զինք առաջնորդած է սխալ ճամբաներ, գործած է սխալներ, որոնցմէ կրնար դիւրաւ խուսափիլ։
Պէտք է վերյիշել, որ 30-ական թուականներու սկիզբները Թուրքիան էր, որ խնդրարկու էր Ֆրանսայի հետ փոխօգնութեան համաձայնագիր մը կնքելու եւ այս վիճակը կը վերանորոգուէր Մոնրոյի ժողովին, 1936-ին։ Այս առաջին սխալին կը հետեւէր երկրորդը, որով Ֆրանսա փոփոխութեան կ՚ենթարկէր Լեւանտի քաղաքականութիւնը՝ ստորագրելով ֆրանկո-սուրիական դաշնագիրը 1936-ին՝ լրիւ շրջադարձ կատարելով սանջակի վիճակին գծով։ Դաշնագիր մը, որով սանջակին վիճակը կը տնօրինուէր Ազգերու լիգայի շրջագիծին մէջ՝ դուրս գալով ֆրանսական հոգատարութեան վիճակէն։ Այս ձեւով առիթ կը տրուէր Թուրքիոյ՝ միջամուխ ըլլալու սանջակի ապագայ վիճակին։
Ֆրանսայի դիւանագիտութիւնը կը մնար տկար՝ բաղդատելով անգլիականին։ Անգլիա երբեք չլքեց Հոնկ Քոնգը, Ճափոնի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, եւ ոչ ալ Մուսուլը յանձնեց Թուրքիոյ, հակառակ անոր որ Մուսուլի մէջ շատ աւելի թուրքեր կային, քան՝ սանջակի մէջ։ Նոյնպէս, Ֆրանսա պէտք եղած ձեւով չկրցաւ պաշտպանել սանջակի մեծամասնութիւն կազմող ոչ թուրք բնակչութիւնը. Ֆրանսա մինչեւ վերջին վայրկեանները կը վստահեցնէր սանճագի ոչ թուրք բնակչութիւնը, որ անոր իրաւունքները ապահովուած են, միշտ ժխտելով բոլոր տարաձայնութիւնները՝ վարագոյրի ետին թուրքերուն հետ այլ դասաւորումներու առնչուող, ինչպիսիք էին 1936-ի եւ 1938-ի համաձայնագիրները թուրքերուն հետ։ Ինչո՞ւ սուտ խօսիլ Սուրիոյ եւ հայերուն, որոնք մինչեւ վերջին վայրկեանը կը հաւատային, որ Ֆրանսա զիրենք պիտի չլքէ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Այս ուսումնասիրութեամբ, կասկածն է, որ մեր մտքերուն մէջ միշտ կը հալածէ մեզ՝ ներկայի հայ-թրքական յարաբերութիւններու մշակման ճիգերու վերաբերեալ։
Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ մեծ պետութիւններու կողմէ տրուած ապահովութիւնը։ Արդեօք գէթ մասամբ մը կարելի՞ է վստահիլ Թուրքիոյ պէս երկրի մը, որ օր մը փոխէ իր վարքը, որ նշանաւոր է իր կեղծիքով, խաբեբայութեամբ եւ անդրդուելիութեամբ՝ իր արձանագրած քաղաքական եւ դիւանագիտական յաջողութիւններով յղփացած։ Ինչպէ՞ս վստահիլ գերհզօր պետութիւններուն, անոնց բանակներուն, դիտորդներուն եւ խաղաղարար ուժերուն։ Սոյն յօդուածը կարդացողը պիտի ըսէ՝ ոչ մէկ ապահովութիւն։ Վերջաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ուժի օրէնքն է, որ կ՚իշխէ։
Ծանօթ. Տիգրիսի.
- Սանջակ - օսմանեան երկրի մէջ որոշ գաւառներու տրուած անուն, մարզ:
- Սուրիական հեռատեսիլի օդերեւութաբանական հաղորդումներուն, Ալեքսանդրեթի շրջանը միշտ Սուրիոյ կազմին մէջն է:
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ԸՍՏ «ՀԻՒՌԻՅԵԹ»Ի
«TRT» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆՈՎ ՍՓՌԵԼ
Թուրքիոյ պետական «TRT» պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը սկսած է արաբերէնով սփռել։ «Ալ Թուրքիյյա» կայանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողան եւ իր խօսքին մէջ Նիզար Կաբբանիի «Յա Սըթ ալդունիա յա Բեյրութ» բանաստեղծութենէն տուներ արտասանած։
Ան նշեց, որ իր խօսքին մէջ ակնարկութիւն կատարած է արաբական մշակոյթի եւ արուեստի ականաւոր դէմքերու, ինչպէս՝ Ըմ Քալսումի, Ֆեյրուզի եւ Մաջիդա Ռումիի։ Էրդողան ըսած է, որ «Ըմ Քալսում, որուն համար կ՚ըսուէր, թէ բոլոր արաբներու ձայնն էր, ան նաեւ թուրքերուն ձայնն է, եւ ինչպէս Նիզար Կաբբանին, Ֆեյրուզը եւ Մաջիդա Ռումին Բեյրութին իրենց խօսքը ուղղեցին, ես եւս խօսքս ձեզի կ՚ուղղեմ», եւ «ինչպէս Մահմուդ Դարուիշ մեզի եւ ձեզի է, ահաւասիկ Նաջիբ Ֆադելը մեզի եւ ձեզի է»։
Էրդողան ըսած է, որ «մենք եւ արաբները եղունգին եւ միսին պէս ենք, մենք մէկ ձեռքի մատներուն պէս ենք», եւ նշած է, որ Պոլսոյ ճակատագիրը կապուած է Կահիրէի, Բեյրութի, Դամասկոսի, Երուսաղէմի, Մեքքայի, Մադինայի, Տրիպոլիի, Բաղդադի եւ Խարթումի ճակատագիրին հետ։ Ան յայտնած է, որ թուրքերուն տխրութիւնը արաբներուն տխրութիւնն է, իսկ ուրախութիւնը՝ արաբներուն ուրախութիւնը։ Էրդողան յայտարարած է, որ ոչ ոք պիտի յաջողի եղբայրներու միջեւ պառակտումի հունտեր ցանել։
Ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Իբրահիմ Շահին կը յայտնէ, որ «TRT»ի նոր կայանը կարելի պիտի դարձնէ, որ Թուրքիան եւ արաբական երկիրները ուղղակի կերպով եւ աւելի լաւ զիրար ճանչնան։
Շահին կիրակի օր Պոլսոյ Դոլմաբահչէ պալատին մէջ արաբերէն կայանի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ 350 միլիոն անձեր երեք արբանեակներու միջոցով պիտի կարենան հետեւիլ թրքական պետական կայանի յայտագիրներուն։
«TRT» արաբերէնը պիտի սփռուի իւրաքանչիւր օր քսանչորս ժամ։ Պիտի սփռենք շարք մը յայտագիրներ, ներառեալ քաղաքական եւ մարզական հաղորդաշարեր, շարժանկարներ եւ ֆիլմաշարեր։ Կեդրոնատեղին Պոլսոյ մէջ գտնուող կայանը նաեւ ուղղակի եթեր պիտի սփռէ Կահիրէէն, Բեյրութէն, Դամասկոսէն եւ Անկարայէն», աւելցուց ան։ Կայանը կը կոչուի «Ալ-Թուրքիյյա»։
Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Բիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ իրենք արաբական կայան մը բանալով լաւ քայլ մը առած են։ «Մենք՝ իբրեւ նոյն աշխարհագրութեան, մշակոյթի, պատմութեան եւ հաւատքի ժողովուրդներ, պիտի կարենանք «TRT»ի ճամբով իրարու հետ կապ հաստատել»։
Արընչ յայտնեց, որ առնուազն մէկ տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր «TRT արաբերէն»ի վրայ՝ աւելցնելով, որ այս կայանին ճամբով կապ պիտի հաստատուի 300 միլիոն մարդոց հետ։
Կայանը պիտի սփռէ նաեւ կիներու, մանուկներու յայտագիրներ, վաւերագրական ժապաւէններ եւ լուրեր։
«ԱԶԴԱԿ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ` ԹՐՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
Լիբիոյ Սերթ քաղաքին մէջ կայացած արաբական վեհաժողովը առիթ էր վերստին ամրապնդելու Թուրքիոյ ուժեղ ներկայութիւնը եւ արաբական տկարութիւնը։ Այսպէս արտայայտուեցան արաբական բազմաթիւ լրատուամիջոցներ։ Էրդողանի ցուցադրական բուռն ելոյթէն ետք անոնք վերլուծեցին եղելութիւնը եւ Էրդողանը համարեցին արաբական վեհաժողովին աստղը։
Իսկ վեհաժողովը ինքնին մեծ բեմ մը դարձաւ թրքական դերակատարութեան վերելք ապահովելու եւ արաբական դերակատարութեան նսեմացման, ուր ցայտուն կերպով արաբական անկարողութիւնը հաստատուեցաւ, եւ Էրտողանը վերածուեցաւ «արաբներու բանբերի»։
«Թուրքերը կու գան» վերնագրի տակ յայտնի լրագրող Ֆիհմի Հուէդի ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ մէկ այլ երեւոյթի մը վրայ։ Նշենք, որ անշուշտ այս երեւոյթը արաբական մամուլի նիւթ դարձաւ վերջին օրերուն։ Մանաւանդ որ արաբական վեհաժողովի մասնակցող պատուիրակութիւններու նախագահներուն ուշադրութիւնը գրաւած էր նիստերու օրերուն։
Ուրեմն, իւրաքանչիւր մասնակցող պատուիրակութիւն կ’ընդունուէր շարան մը գեղեցիկ, բարձրահասակ երիտասարդուհիներու կողմէ, որոնք կտրտուած արաբերէնով կամ քիչ մը աւելի լաւ առոգանութեամբ անգլերէնով ողջոյնի խօսքեր կ’ուղղէին բարձրաստիճան հիւրերուն։ Սակայն իրարու մէջ անոնք կը խօսէին թրքերէն։ Անոնց կը միանային նոյն տուեալներով երիտասարդներ։ Այդ խմբակները ողողուած էին՝ իրենց ժպիտը տարածելու կեցութեան վայրերուն, ժողովասրահներուն եւ ճաշասրահներուն մէջ։
Հետաքրքրութիւն յառաջացնող 1000 մատուցողներէ բաղկացած այս խմբակները կը պատկանին թրքական ընկերութեան մը, որ տասը միլիոն դոլարի մրցոյթը շահելով՝ կրցաւ իր ծառայութիւնները մատուցել արաբական վեհաժողովի մասնակցողներուն։
Այդ ընկերութեան ծառայութիւնները կ’ընդգրկեն նաեւ մաքրութեան, արդուկի եւ ճաշի մատուցում, որուն համար Թուրքիայէն յատուկ Լիբիա ղրկուեցան ուտելիքներ՝ թրքական ճաշատեսակներ պատրաստելու համար։
Արաբական մամուլը կը բացատրէ, թէ թրքական հետքը ներկայ էր նաեւ քաղաքին մէջ շքեղ պալատներու, առանձնատուներու, համալիրներու եւ հիւրասրահներու կառուցման մէջ։
Վեհաժողովին համար կառուցուեցան նաեւ յատուկ շէնքեր՝ դէտերուն եւ լրագրողներուն համար. հոն նոյնպէս ամէն ինչ թրքական էր՝ սկսեալ կահոյքէն, պատուհաններէն, դռներէն, պնակներէն եւ այլն. «Ամէն ինչ Անադոլուէն էր», կ’ըսէ արաբ լրագրողը։ Այս երեւոյթին վրայ կ’աւելնայ անշուշտ քաղաքական աշխուժութիւնը, որ մեծ տեղ պիտի գրաւէ արաբական պարապութեան մէջ։
Յատկանշական էր արաբական մամուլին մէջ այն տեսակէտը, թէ արաբները հաւաքուեցան ըստ սովորութեան եւ վեհաժողով գումարեցին, սակայն արաբական վեհաժողովէն միակ օգտուողը Թուրքիան էր, «անոր համար թրքական ֆեսը ուրախութեամբ կ’օրօրուի՝ ամէն տեղ իր դերակատարութիւնը պարտադրելով, աման, եա Ռաբբի, աման», կ’աւելցնէ լրագրողը։
«Սերթի վեհաժողով»ի կամ «Երուսաղէմի վեհաժողով»ի լուսարձակները գրաւեց Էրդողանը, որ ինն անգամ արժանացաւ ծափահարութեան, ինչ որ ինծի մտածել կու տայ «նոր օսմանիզմ»ի վերակենդանացման հանգրուանի առկայութեան մասին՝ ըլլայ հին կայսրութեան հակումով, թէ՛ քաղաքական հակումով։
Արաբական մամուլի ներկայացուցիչներուն համար Լիբիոյ խոհանոցներուն մէջ թրքական ներկայութիւնը արդէն յստակ կը դարձնէ, թէ Թուրքիոյ ռազմավարական եւ երկարաժամկէտ քաղաքականութիւնը ուսումնասիրուած է։
Վեհաժողովին մէջ թրքական տնտեսական ներկայութիւնը ճամբայ բացաւ արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական ներկայութեան, սակայն մեծ անհանգստութիւն պատճառեց մամուլին, քանի որ զբօսաշրջային թրքական մուտքը ամփոփեց արաբներուն անկարողութիւնը։
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ԵՐԲ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՆԵՂ ՕՐԵՐՈՒՆ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ
Թուրք-սուրիական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւններու մասին ընդհանուր համոզում գոյացած էր` տասնամեակի մը ընթացքին ստորագրուած բազմաթիւ համաձայնագիրներու եւ զանազան բնագաւառներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընդմէջէն:
Սակայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական շարժումը եւ իրադարձութիւնները կրնան նման ուղղութիւն փոխել:
Սուրիոյ հետ կապուած վերջին օրերուն տարածուած լուրերէն հաւանաբար ամենաուժեղն էր Պոլսոյ մէջ ընդդիմադիր սուրիացիներու հանդիպումը:
Երկրի քաղաքական իրավիճակին հետեւողները կրնան վերջին շաբաթներուն Թուրքիայէն հասած հանգրուանային նշոյլները տեսնել:
Այդ նշոյլները սկսան, երբ պաշտօնական Թուրքիան Ասադէն պահանջեց կասեցնել բռնութիւնը, իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկել եւ կատարել բարենորոգումները շուտափոյթ կերպով: Թրքական տեսանկիւնէն, այդ բարձրամիտ խրատները կամ դասերը ականջ չգտան:
Անկէ ետք կայացաւ սուրիացի Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդի մամլոյ ասուլիսը Պոլսոյ մէջ, հակառակ անոր, որ Թուրքիան յայտարարութեամբ մը հերքեց այդ խմբակին նման յայտարարութիւններու որդեգրումը:
Վերջին օրերուն հարցերը զարգացան, երբ «Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք» վերնագրի տակ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` կազմակերպութեամբ թրքական քաղաքացիական մարմիններու, որոնք կը գործեն «Քաղաքական երկխօսութեան Պոլսոյ ամբիոն» անունին տակ: Այդ խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան թրքական եւ սուրիական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք պահանջեցին սուրիական կառավարութենէն բռնութիւնը անմիջապէս կասեցնել եւ բարենորոգումները կիրարկել` բազմակուսակցական դրութիւնը որդեգրելով:
Խորհրդաժողովի փակման յայտարարութեան մէջ նշուած էր մասնակիցներուն պահանջը` Սուրիոյ մէջ կասեցնել ձերբակալութիւնները, մամուլի եւ խօսքի ազատութիւն եւ նորացուած հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործման թոյլտուութիւն:
Իրականութեան մէջ սոյն հաւաքը առիթ մըն էր բացայայտելու Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հանդէպ թրքական քաղաքական եւ նոյնիսկ պաշտօնական դիրքորոշումը:
«Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք»ին մասնակիցները Արաբական լիգային կոչ ուղղեցին սուրիացի քաղաքացիները պաշտպանելու:
Վերադառնալով թրքական հանգրուաններուն, ուրեմն, վերջինը եղաւ Սուրիոյ մէջ թուրք դեսպանին Անկարա կանչուիլը, հաւանաբար զեկոյց տալու համար:
Այս նախաձեռնութիւններուն կողքին, կարելի չէ չտեսնել քրտական գործօնը, որ անհանգստացուցած էր Թուրքիան, այն երկիրը, որ կը հպարտանայ Սուրիոյ առջեւ իր բարենորոգումներով, բազմակուսակցականութեամբ, մոռնալով լրագրողներու եւ փոքրամասնութիւններու բռնութիւնը:
Նման նախաձեռնութիւններ չէին վայելեր Թուրքիոյ եւ իր մամուլին: Ոչ ալ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան` Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններուն Աւագ Ուրբաթի մասին յայտարարութիւնը, որուն մէջ Սուրիան առանձնացուած է բռնակալ երկիրներու շարքին` անտեսելով բնակչութեան մեծ տոկոսին զօրակցութիւնը նախագահին:
Կ՛ենթադրուի, որ Պոլսոյ սոյն հաւաքը պետական բնոյթ չէ ստացած, սակայն անիկա կատարուեցաւ «օր ցերեկով», եւ ի դիմաց լրատուական պնդումներուն, որոնք կը շեշտեն, թէ թրքական կառավարութիւնը եւ թրքական ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հետաքրքրուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններով: Ըստ թրքական մամուլին, «որեւէ նախատեսուած բեմագրութիւններ դիմագրաւելու համար բոլոր միջոցները նախաձեռնուած են»:
Կ՛եզրակացնենք, որ բարձրացուած ձայները կը բաւարարեն միայն թրքական շահերը եւ արդիւնք են արաբական աշխարհին մէջ իր ծաւալման կծկուելու վախին:
Թէ Թուրքիոյ պաշտօնական հեռաւորութիւնը Պոլսոյ հաւաքներէն որքա՞ն է, չենք գիտեր, սակայն քաջ գիտենք, որ անիկա հեռու է արաբական առածէն` «Բարեկամը նեղ օրերու համար է»:
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ29.04.2011
«Ազդակ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
ՍՈՒՐԻԱ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆԹուրքիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Նիդալ Կաբալան թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանը հատող եւ դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող ահաբեկիչներուն դէմ քայլերու դիմելու:
Դեսպան Կաբալան «Հիւռիյեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համաձայնութիւն մը ունինք: Այս համաձայնութեան մէջ ներառուած է մէկ երկրէն միւսը ահաբեկիչներու եւ զինեալներու երթեւեկը: Վերջին ամիսներուն այդ համաձայնագիրին ծիրին մէջ ՔԱԿ-ի հազարաւոր ահաբեկիչներ յանձնած ենք: Ուստի, եթէ Իսլամ եղբայրներու կամ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու ոեւէ անդամ կայ, կը սպասենք, որ մեր թուրք բարեկամները զանոնք մեզի յանձնեն»:
Սուրիացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Հիւռիյեթ»ին ըսաւ, որ «Սուրիա ուժեղ կերպով կը հաւատայ, թէ տասնեակներով զինեալ խմբաւորումներ բացայայտ կամ ծածուկ կերպով ներթափանցած են եւ Թուրքիա մուտք գործած են, ուստի Դամասկոս կը սպասէ, որ Անկարա այդ զինեալ խմբակները իրեն յանձնէ»:
Անկարայի մէջ Սուրիոյ դեսպանը նաեւ յուսախաբութիւն յայտնեց, որ սուրիական երեսփոխանական պատուիրակութեան մը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայաններ այցելել: «Անոնք 2.5 ժամ սպասելէ ետք վերադարձան, երբ իրենց ըսուեցաւ, որ համակարգիչի դրութիւնը խանգարուած է: Մենք նախարարութենէն մուտք գործելու թոյլտուութիւն ստացած էինք, սակայն անոնք որոշեցին վերադառնալ, որովհետեւ չէին կրնար գաղթակայաններ մուտք գործել կամ անոնց մօտենալ», նշեց դեսպան Կաբալան:
Դեսպան Կաբալան նաեւ ընդգծեց, որ նոյն օրը քուեյթցի երեսփոխաններու պատուիրակութեան մը գաղթակայաններ մուտքը արտօնուած էր: «Քուեյթեան պատուիրակութեան եւ Անջելինա Ջոլիին գաղթակայաններ մուտքը արտօնուեցաւ: Սակայն սուրիացի երեսփոխաններուն` ոչ: Կարեւոր էր, որովհետեւ երեսփոխանները տեղական կարգ մը կրօնական ղեկավարներու հետ էին: Անոնք չուզեցին լարուածութիւն ստեղծել: Տեղի ունեցածը երկակի չափանիշերու կիրարկում է», ըսաւ ան:
Թրքական «Սաբահ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Դաւութօղլու պիտի մեկնի միջինարեւելեան երկիրներ շրջապտոյտի մը. Դաւութօղլու սոյն շրջապտոյտին ընթացքին պիտի այցելէ Սուրիա, Յորդանան, Իրան եւ Սէուդական Արաբիա: Այդ երկիրներուն մէջ հանդիպումներուն օրակարգը պիտի կազմէ Սուրիոյ կացութիւնը, Պաղեստինի մէջ ազգային միութեան կառավարութեան մը կազմութիւնն ու շրջանային այլ հարցեր: Դաւութօղլուի շրջապտոյտին ժամանակացոյցը տակաւին յստակ չէ:
Թրքական պաշտօնական աղբիւրներ «Շարկ Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիա «անհանգստութիւն կը զգայ սուրիական շարժումներէն, որոնք կրնան լարուածութեան մակարդակը բարձրացնել եւ դուռ բանալ անբաղձալի դիպաշարերու»: Աղբիւրները սուրիական զինեալ ուժերուն շարժումները «գրգռութիւն» նկատեցին:
Նշենք, որ սուրիական իշխանութիւնները արտօնած են միջազգային լրագրողներուն Սուրիա վերադարձը: Սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը շաբաթ օր գրած էր, որ Սուրիոյ տագնապը վերջ գտած է, իսկ սուրիացիները կը պատրաստուին հակառակ ուղղութեամբ յարձակումի հանգրուանին:
Սուրիոյ ներքին ընդդիմութիւնը երէկ Դամասկոսի «Սամիրամիս» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովին` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը: Ըստ մասնակիցներուն, ժողովին մասնակցութեան համար հրաւէր ուղղուած է նաեւ արտերկիր գտնուող ընդդիմութեան, սակայն վերջինիս ներկայացուցիչներէն ոչ ոք ընդառաջած է հրաւէրին:
«ԱԶԴԱԿ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
Թուրքիայի արտաքնոց նախարար Դաւութօղլուի "Zero problem with neighbours".
Պաշտոնական Դամասկոսը որոշում է կայացրել այլևս ապրանքներ չներմուծել Թուրքիայից։
Ինչպէս գրում է թուրքական «Ռադիկալ» օրաթերթը, Սիրիայի իշխանութիւնների կողմից կայացուած այդ որոշումն ուժի մեջ է մտել սեպտեմբերի 25-ից։
Թուրքական կողմը կարծում է, որ Դամասկոսը նման որոշում է կայացրել Թուրքիային պատժելու համար։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիայի վարչապէտ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը յայտարարել էր, որ Անկարան Վաշինգտոնի հետ համատեղ պատրաստւում է պատժամիջոցներ կիրառել Սիրիայի դեմ։ Բացի այդ, Էրդողանն ասել էր, որ Թուրքիան փակել է իր օդային տարածքը Սիրիային սպառազինութիւն մատակարարող ինքնաթիռների համար։«Թերթ»
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ԵՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ ԵՆ ՈՐՊԷՍ ԽԱՂԱՔԱՐՏ» ԱՍՈՒՄ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀՅԴ-Ի ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նախ հետաքրքիր է` լիբանանահայութեան ի՞նչ շահեր էք ներկայացնում Լիբանանի խորհրդարանում:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Ըստ Լիբանանի ընտրական օրէնքի, իւրաքանչիւր թեկնածու ներկայանում է համայնքային պատկանելութեամբ, սակայն ընտրուելուց յետոյ նա պարտաւոր է ներկայացնել համայն Լիբանանի ժողովրդի շահերը: Յստակ է այն, որ Լիբանանի իւրաքանչիւր համայնք պէտք է ունենայ երեսփոխան խորհրդարանում: Չնայած այն հանգամանքին, որ ներկայացնում ենք Լիբանանի ողջ ժողովրդի շահերը, մեր կիզակէտը, բնականաբար, մնում է լիբանանահայերի իրաւունքների պաշտպանութիւնը, ինչը, վստահաբար կարող եմ ասել, որ իրականացւում է պաշտօնական բաւական բարձր հիմքերով: Ընդ որում, նկատենք, որ Հայաստանից դուրս Լիբանանն աշխարհի միակ պետութիւնն է, որ Սուրբ Ծննդեան տօնը` յունուարի 6-ը, հռչակել է որպէս պետական տօն: Այդ օրը պետական բոլոր հաստատութիւնները փակ են լինում: Անշուշտ, դա կատարուել է երեսփոխանների ջանքերի շնորհիւ: Ինչ վերաբերում է Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ճանաչմանը, ապա նշեմ, որ աշխարհի տարբեր խորհրդարանների կարեւոր որոշումներից մէկը Լիբանանի խորհրդարանի 2000թ. մայիսին ընդունած որոշումն է: Ընդհանուր առմամբ, քաղաքական բոլոր կողմերի հետ մեր յարաբերութիւնները բարիդրացիական են` հակուած լինելով Լիբանանի համայնքների միջեւ խաղաղ գոյակցութեան:
Հ.- Այնուամենայնիւ, Սուրիայում տեղի ունեցող դէպքերից յետոյ բաւական լարուած վիճակ ստեղծուեց Լիբանանի եւ Թուրքիայի միջեւ: Երկու երկրների յարաբերութիւնների ակնյայտ խզումը հաստատեց նաեւ մօտ 1 ամիս առաջ ոչ միայն Լիբանանում, այլեւ արաբական աշխարհում Թուրքիայի դեսպանատների ծրագրերի սառեցումը: Ինչո՞վ է պայմանաւորուած Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կտրուկ շրջադարձը:
Յ. Բ.- Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է դիտել Թուրքիայի` դէպի տարածաշրջան նոր քաղաքականութեան որդեգրման ծիրի մէջ, ինչը յատկապէս արտացոլուեց Թուրքիայի վարչապետ Էրդողանի եւ արտաքին գործերի նախարար Դաւութօղլուի իշխանութեան գալուց յետոյ: Այն պահին, երբ Թուրքիան այլեւս յուսախաբ եղաւ Եւրոմիութեանն անդամակցուելու հարցում, Միացեալ Նահանգների եւ եւրոպական պետութիւնների կողմից թելադրուեց այս անգամ աչքերը յառել դէպի Միջին Արեւելք: Յատկապէս արաբական երկրներ, որտեղ մի կողմից` կան տնտեսական հսկայ հնարաւորութիւններ, միւս կողմից Թուրքիան որպէս իսլամական, ինչպէս նաեւ սիւննի պետութիւն, կարող է հաւասարակշռել Իրանի` տարածաշրջանում ունեցած ուժը: Իսկ Իրանը շիի պետութիւն է, եւ, ինչպէս գիտենք, սիւննի եւ շիի համայնքների միջեւ կան դարաւոր հակասութիւններ: Ինչեւէ, նման գործելաոճով Թուրքիան պէտք է դառնայ արեւմտեան եւ արաբական աշխարհի միջեւ կապող կամուրջ:
Հ.- Այսինքն կարելի է ենթադրել, որ Թուրքիան խաղաքա՞րտ է արեւմտեան երկրների համար:
Յ. Բ.- Ոչ թէ կարելի է ենթադրել, այլ յստակ է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութիւնը Թուրքիային օգտագործում են իբրեւ խաղաքարտ` արաբական աշխարհի վրայ ազդեցութիւն թողնելու համար: Իսկ Թուրքիան, որ այսօր ներկայանում է չափաւոր իսլամութիւն ունեցող պետութիւն արաբական աշխարհի մէջ (արաբական աշխարհում առաւելապէս հետեւում են իսլամ կրօնին), արժանացաւ բնական ընկալման եւ ընդունելութեան արաբական աշխարհի մէջ, ինչն առաւել քան ամրապնդեցին Թուրքիայի վարչապետ Էրդողանի թատերական ելոյթները` յատկապէս Տաւոսում Իսրայէլի վարչապետի հետ տեղի ունեցած միջադէպը, երբ Էրդողանը ցուցադրաբար լքեց դահլիճը: Միեւնոյն ժամանակ Արաբական խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղարը մնաց սրահում` բեմի վրայ: Դրան յաջորդեց մէկ այլ կատակերգութիւն, երբ Իսրայէլում Թուրքիայի դեսպանի ընդունելութեան ժամանակ Իսրայէլի արտաքին գործերի նախարարութեան մի պաշտօնատար անձ Թուրքիայի դեսպանին նստել էր տուել աւելի ցածր աթոռի, հետեւաբար Թուրքիան թուրքական արժանապատուութիւնը վիրաւորելու համար Իսրայէլից պահանջեց ներողութիւն խնդրել, ինչը չարեց Իսրայէլը: Երրորդը` «Մաւի Մարմարա» նաւի հռչակաւոր պատմութիւնն էր: Այս ամէնից յետոյ Թուրքիան, ի դէմս վարչապետ Էրդողանի, թողեց նոր իսլամ հերոսի, ղեկավարի տպաւորութիւն արաբական աշխարհում: Սակայն կատարուածը Էրդողանի կողմից պարզապէս քաղաքական աքթ էր, գործողութիւն, ինչը ենթադրում է, որ չկան արաբ ղեկավարներ, որ պահանջում են Կազայի ազատագրում կամ Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ սահմանների բացում, որպէսզի պաղեստինցիներն ունենան ազատ ելումուտ: Որպէս սրա հետեւութիւն‘ Էրտողանը միայն պահանջեց, որ Իսրայէլը ներողութիւն խնդրի, բայց` ոչ աւելին: Իսկ վերջերս Թուրքիան յայտարարեց, որ կը խզի զինուորական յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ` միաժամանակ նշելով, որ Իսրայէլը չի պահում առեւտրային բարոյականութիւնը Թուրքիայի հետ: Այլ խօսքով` Թուրքիան 6 անօդաչու, իսրայէլեան արտադրութեամբ օդանաւ էր ուղարկել Իսրայէլ` նորոգելու նպատակով: Իսրայէլը չէր յարգել ժամկէտները եւե հետեւաբար, օդանաւերը չէր վերադարձրել Թուրքիա: Դա Իսրայէլի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների խզման պատճառներից մէկն է: Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիան յայտարարեց, որ կը տեղադրի հակահրթիռային վահան իր հողի վրայ, ինչը կատարուեց Միացեալ Նահանգների‘ Ռուսաստանի դէմ պահանջով: Երրորդ հիմնական հարցը Թուրքիայի «Զերօ խնդիրներ հարեւանների հետ» քաղաքականութեան դրսեւորումն էր ինչը փաստացի չյաջողուեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ` Իրանի, Կիպրոսի, Յունաստանի, ինչպէս եւ Սուրիայի դէպքում: Եւ փաստը վկայում է, որ Սուրիայում կատարուող դէպքերի կարեւոր մասի ետեւում կանգնել է Թուրքիան, թէեւ, նախքան այդ դէպքերը, խօսում էին Սուրիայի եւ Թուրքիայի միջեւ ռազմավարական բարեկամութեան մասին: Թուրքիան, տեսնելով Արեւմուտքի, այսպէս ասած, դիրքաւորումը Պաշար Ասատի եւ նրա կառավարութեան դէմ, իր վարանոտ կեցուածքը փոխեց` տեղ տալով սուրիական վարչակարգի ընդդիմադիր գործիչներին, սահմանները բացելով սուրիացի գաղթականների առջեւ: Թուրքիան փորձում է ձեւաւորել իբրեւ միջամտող դերակատարի ծանրակշիռ կերպար արաբական աշխարհում, մասնաւորապէս` Եգիպտոսում, Լիպիայում եւ Սուրիայում, որտեղ յստակ է տնտեսական գերհսկայ շահոյթներ ունենալու մտայնութիւնը:
Հ.- Վերջերս հրապարակումներ եղան այն մասին, թէ Թուրքիան իր մարտանաւերը դուրս է բերելու Միջերկրական ծով: Խօսակցութիւններ կային Իսրայէլի դէմ ծովային կարճատեւ պատերազմ սկսելու մասին: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Թուրքիայի այս քայլը:
Յ. Բ.- Այո՛, օրեր առաջ հրապարակուեց, որ Թուրքիան իր մարտանաւերն է ուղարկելու Միջերկրական ծով: Առաջին ենթադրութիւնն այն էր, որ այդ մարտանաւերն օգտագործուելու են ի հակակշիռ իսրայէլական ուժերին: Սակայն վերջերս, ըստ իրենց յայտարարութիւնների իրենք կատարում են քարիւղի եւ բնական կազի արտադրութիւնների պեղումներ կիպրական ծովեզերքին, ինչը նշանակում է, որ մարտանաւերը ոչ թէ Իսրայէլի դէմ են, այլ` քարիւղի հանքերը պաշտպանելու համար: Թուրքիայի երկդէմ այս քաղաքականութեան, այսպէս ասած, դիմակն այլեւս պատռուել է արաբական աշխարհում: Դեռեւս 2 տարի մենք խօսում էինք Թուրքիայի իրական դիմակի մասին, ինչին շատերը չէին հաւատում: Նրանք, ովքեր այպանում էին մեզ, թէ մտածում ենք Թուրքիայի մասին` որպէս հայեր, այսօր ականատես են լինում Թուրքիայի պատեհապաշտ, տնտեսական մեծ շահոյթներ փնտռելու կեցուածքին: Վերջին հաշուով Թուրքիա-Լիբանան-Սուրիա-Յորդանան ազատ գօտու ստեղծմամբ միակ շահողը կրկին Թուրքիան էր, որը նոյն շահերն ունեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան պարագայում, երբ արաբական աշխարհից հսկայ թուով մարդիկ, օգտուելով մուտքի արտօնագրի ազատ լինելու հանգամանքից, գնացին Թուրքիա, մինչդեռ Թուրքիայից դէպի արաբական աշխարհ զբօսաշրջիկներ գրեթէ չեկան (ի հարկէ, ես կողմ չեմ, որ նրանք գան): Սակայն Թուրքիան տակաւին չգիտի, որ օսմանցու կերպարը դրականօրէն չի ընդունւում արաբական աշխարհում, որտեղ չեն կարող հանդուրժել Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, ըստ որի` ինքը կը գայ նոր օսմանեան քաղաքականութեամբ: Այս մասին լայնօրէն խօսւում է նաեւ լրատուամիջոցներում: Միգուցէ Թուրքիայի կերպարն ընդունուի կրօնական կապուածութեան կամ Իրանի հետ քաղաքական հաւասարակշռութիւն պահպանելու պատճառներով, բայց ամէնքն էլ լաւատեղեակ են, որ այս շրջանում թուրքը տնտեսական, ընկերային, արուեստի ճանապարհով անում է այն, ինչ 400 տարի առաջ չյաջողեց կատարել զէնքի ուժով:
Հ.- Պարոն Բագրատունի, ձեր խօսքի մէջ անդրադարձաք Թուրքիայի‘ Հայաստանի հետ զերօ խնդիրներ ունենալու քաղաքականութեան ձախողմանը, սակայն յատկապէս վերջերս բաւական աշխուժ են Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան ծրագրերը: Տուեալ պարագայում որտե՞ղ է այդ ձախողումը:
Յ. Բ.- Քաղաքական կեանքի մէջ, ժողովուրդների միջեւ, յատկապէս թշնամական մթնոլորտ ունեցող երկրներում յարաբերութիւնների բնականոնացում չի կարող լինել ստորագրութեամբ կամ վերեւից պարտադրուած համաձայնութիւններով: Թերեւս դրա լաւագոյն օրինակը Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ է, երբ պետական մակարդակով ստորագրուեցին համաձայնագրեր: Այնինչ հնարաւոր չէ բարելաւել իսրայէլցիների եւ եգիպտացիների միջեւ յարաբերութիւնները: Շաբաթներ առաջ Գահիրէում ցուցարարները, յարձակուելով Իսրայէլի դեսպանատան վրայ այրեցին դրօշները, իսկ դեսպանին ուղարկեցին տուն: Ճիշտ է` Թուրքիան փորձում է զերօ խնդիրներ ունենալ Հայաստանի հետ: Դրա լաւագոյն օրինակը Ցիւրիխում ստորագրուած համաձայնագրերն են, երբ ճնշում գործադրեցին Հայաստանի վրայ: Հետաքրքիր էր` համաձայնագրի ստորագրումից 1 ժամ յետոյ ես հարցազրոյցի էի հրաւիրուել արաբական «Ալջազիրա» հեռուստատեսութիւն, որտեղ Թուրքիայի նախագահի խորհրդականը յայտարարեց, որ համաձայնագրի մէջ արծածւում է Հայոց ցեղասպանութեան, ԼՂՀ-ի եւ սահմանների բացման հարցերը: Մինչդեռ այս ամէնը հերքում էին Հայաստանի իշխանութիւնները: Կարծում եմ` այլեւս ժամանակն է, որ Հայաստանը ետ կանչի իր ստորագրութիւնը‘ հարցը հանելով խորհրդարանի օրակարգից:
Հ.- Այնուամենայնիւ, Թուրքիայի հետ մակերեսային երկխօսութիւնն ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ռազմատենչ յայտարարութիւններով զբաղուող Ազրպէյճանի վրայ:
Յ. Բ.- Թուրքիան սահմանների բացմամբ հսկայական գին է պահանջում մեզնից` միաժամանակ պահանջելով նաեւ ԼՂՀ-ի հարցի լուծումը: Կարծում եմ` այս երկու խնդիրների միջեւ չի կարելի սակարկութիւն անել: Վստահ եմ, որ Հայաստանի նախագահից մինչեւ ամենապարզ քաղաքական մարդը Արցախի մէկ հատիկ փոշին չի զիջի սահմանների բացման դիմաց: Առերես, ի հարկէ Ադրբէջանը կը յայտնի իր դժգոհութիւնը Թուրքիայից: Եթէ Ազրպէյճանը վստահ լինի իր ուժերին, այսօր եւեթ կը յարձակուի Արցախի վրայ: Սակայն դա չի նշանակում, որ եթէ այսօր չունի այդ ուժը, վաղը եւս չի ունենայ: Թէ՛ հայրենիքում, թէ՛ Արցախում մենք եւս պէտք է պատրաստ լինենք պատերազմի վերսկսմանը:
Հ.- Այսինքն` ըստ ձեզ, պատերազմն անխուսափելի՞ է:
Յ. Բ.- Կը յուսամ, որ այդպէս չի լինի, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան համար պէտք է անենք հնարաւոր ամէն բան: Իսկ ինչ վերաբերում է զիջումների մասին խօսակցութիւններին, կարող եմ ասել, որ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքում զիջումի մասին խօսելը նշանակում է` պարտութիւն: Ենթադրում եմ, որ ինչքան մենք ամուր մնանք մեր հողերում, այդքան Ադրբէջանը պարտաւորուած կը լինի զիջումների գնալ:
Հ.- Այդ դէպքում ի՞նչ շահ ունի Միացեալ Նահանգները Հայաստան-Թուրքիա-Ադրբէջան համատեքստում:
Յ. Բ.- Նախ` բնական է, որ Միացեալ Նահանգներում ձեռնտու են տարածաշրջաններում տեղի ունեցող բաժանումները: Չմոռանանք, որ տարիներ առաջ խօսւում էր կառուցուող քաոսի, իսկ աւելի ուշ` Նոր Միջին Արեւելքի մասին, ինչը նշանակում է` գոյութիւն ունեցող միջինարեւելեան պետութիւնները բաժան-բաժան անել: Փաստացի` Իրաքը բաժանուեց 3 մասի` Քուրդստան, շիի եւ սիւննի Իրաք, Սուդանը բաժանուեց 2 մասի, Եմենը դեռ չգիտենք, թէ դէպի ուր է գնում, Լիբիայի պատերազմը դեռ չի աւարտուել, բայց ներքին բաժանումի տանող պատերազմ է: Սուրիայի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը եւս ունեն երկիրը մասնատելու քաղաքականութիւն: Միեւնոյն ժամանակ վախ կայ, որ Սուրիայում կատարուող որեւէ բաժանում կարող է անդրադառնալ Թուրքիայի վրայ` այն մասնատելու համար: Եւ դա է պատճառը, որ Թուրքիան ամէն բան անում է ստեղծուած իրավիճակից նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: Այս ամէնին աւելանում է Իսրայէլի գոյութեան խնդիրը, որը յայտարարեց հրէական: Այսինքն` տարածաշրջանում սոսկ ազգային դիմագծով պետութիւն, ինչը հարուած է այն վարկածին, համաձայն որի` Միջին Արեւելքը խաղաղ գոյակցութեան շրջան է, որտեղ կան 3 աստուածային կրօններ` հրեայ իսլամ եւ քրիստոնէութիւն: Հետեւաբար, Իսրայէլի այդ մօտեցմամբ երեւան է գալիս նման բաժանում, ըստ որի` Սուրիան կ՛ունենայ ալեւի, սիւննի, դիւրզի պետութիւն, Լիբանանի մէջ կը լինեն քրիստոնեայ, իսլամ պետութիւններ, որոնցից իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ առաձին վարչակազմ: Ոչ վաղ անցեալում Եգիպտոսում ղպտի քրիստոնեաները յայտարարեցին առանձին պետութիւն ունենալու մասին, ինչը Նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու ճանապարհն էր, որպէսզի Միացեալ Նահանգները նոր հնարաւորութիւններ ստանձնելու կարգավիճակ ունենան: Կովկասեան տարածաշրջանի պարագայում պէտք է խօսել, թէ Միացեալ Նահանգները ի՞նչ են փորձում անել Ռուսաստանի դէմ, ինչի մասին վկայում է Վրաստանի օրինակը: Ադրբէջանը Ռուսաստանի հետ իր յարաբերութիւնները պահելով հանդերձ` ունի ամերիկեան կողմնորոշում, որի մէկ կապը նաեւ Իսրայէլի հետ է (ադրբէջանական բանակի հիմնական խորհրդատուները եւ մարզողները իսրայէլցիներն են): Տուեալ պարագայում ամբողջ տարածաշրջանում մնում է Հայաստանը, որը մի կողմից` պաշարուած է Թուրքիայից, Վրաստանի հետ տեւաբար խնդիրներ ունի, եւ միակ շնչառութիւնը Իրանն է, որը դարձեալ Միացեալ Նահանգների քաղաքականութեան համար կարեւոր շրջան է, եւ որի ոչնչացման համար Միացեալ Նահանգներ որեւէ բան չեն խնայի: Ինչեւէ, ենթադրում եմ, որ աշխարհը չի սահմանափակւում միայն Իսրայէլով եւ Միացեալ Նահանգներով: Այն ամէնը, ինչ Միացեալ Նահանգները կարողացաւ կատարել Իրաքի կամ Լիբիայի դէպքում, մինչ օրս չի կարողանում կատարել Սուրիայում: Այն, ինչ այսօր կատարւում է, համաշխարհային պատերազմի տարբերակներից է: Նոյնը կատարւում էր Պաղ պատերազմի ժամանակ: Իսկ հիմա առանցքը Միջին Արեւելքն է, եւ յոյսով եմ, որ արաբական աշխարհը կ՛ունենայ բաւական գիտակցութիւն իր ապագայի մասին մտածելու: Ինչ վերաբերում է Հայաստանին, ապա մենք ունենք երկիր պահելու լուրջ խնդիր: Իսկ այլ խնդիրների մասին դեռ չեմ խօսում: Յանուն տնտեսական շահերի` չենք կարող հայրենիք կորցնել, այլ կերպ ասած` Հայաստանն ու հայութիւնն ամէն ինչից վեր են:
Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:
Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)