
ԹԼԿԱՏԻՆՑԻԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՌԱՊԱՇԱՐԱՅԻՆ ԵՐԱՆԳՆԵՐԸ
ԳԱՒԱՌԱԲԱՐԲԱՌԱՅԻՆ ԲԱՌԵՐ
Թլկատինցի, գիտակցաբար եւ յատուկ զգուշութեամբ, իր լեզուի բառապաշարին մէջ, գաւառաբարբառային շերտերուն տուած է մասնայատուկ տեղ մը, որպէսզի գիւղական ու գեղջկական, նաեւ գաւառային ու բարբառային երանգը կարենայ պահել, առանց չափազանցութիւններու ու ծայրայեղութիւններու երթալու:
Իր միջամտութիւններու բերումով, թէ՝ հերոսներու արտասանութեամբ, գաւառաբարբառային բառերը, անուանումներն ու ոճերը, Թլկատինցիի գրականութեան այս մարզը յագեցուցած են գիւղական գողտրիկ երփներանգով մը, երբ միտք մը, խօսք մը կամ մէջբերում մը կատարած է:
Անխուսափելի դարձած է այդ տարրերու արձանագրութիւնը, ամէն անգամ որ Թլկատինցի՝ իր կամ իր գործող կերպարին անունով հանդէս եկած է, հեռու կապկումի կամ ընդօրինակումի որեւէ մարմաջէ:
Ահաւասիկ կարգ մը նմոյշներ.
«Խելքերնիս ո՛ր դի (կողմ) որ հակի» (3):
«Հապա հետերնիս եղող սա մետաղաձոյլ ճժիկնե՞րը, կը խանծին, կը խորվին, ձէնիկ (քնքոյշ ձայն) չեն հաներ» (4):
«Հայոց վարժարանը եկեղեցիին վերօք (վերեւ), որդը խոզակէն փախած բունիկ մըն է» (8):
«Տէր հայրերուն հետ մեր խօսակցութեան կուռ մասը վերջացած՝ քամուք (քամուած հեղուկ) մը մնացեր է, պահ պահ ալ կը յօրանջենք» (13):
«Ալ անկէ վերջը անձրեւ ու կարկուտ ի՛նչչափ որ սիրտ կրնային քմել (ճմլել)» (20):
«Անկէ հատ մը ձեռուընիս (ձեռքեր)՝ երկրագունտը ձեռքի մէջ բռնած ըլլալու վէս վիզը կը ցցէինք» (20):
«Կարմիր մուճակ, կարմիր քղլիկ (կարճ զգեստ), կարմիրը սիրուն գոյնն է ամէնուն ալ վրայ» (21):
«Մինչեւ որ ժամուն զանգակը ամէնքն ալ իրենց տնուըները (տուները) ղրկէ, շատերն ալ ուղղակի եկեղեցի» (22):
«Ականջի ու աչքի խոստուկով (զիլ ձանով) տանջուողներ լսուած են» (29):
«Երկինքի երեւոյթներուն վրայ կը ժաժէ (շարժել) պռկըները» (31):
«Թողին զինքը ու մէկիկ մէկիկ մարանց (սայլի անիւներու) երդերուն տակ գացին» (33):
«Կծու հով մը կար որ պսակէն դարձող ան քանի մը տարէց հարսնեւորներու փեսամանտիքը (փեսային ընկերակցող երիտասարդներ) պզտիկ պզտիկ, եթէ գինիի ծով մըն ալ երթային ցամքեցնէին տեղերնին» (37):
«Շատ աննշան ու գռզիկ (բոյս) թուփին վրայ, նանկ (անկէ) սիրուն աղջիկ մը կ՚երթայ...» (38):
«Աս տարին ահա անմիջապէս Տեբոյենց տղին բրշակը (աւերուած) շէն կերպարանք մը կ՚առնէ» (42):
«Տարին անգամ մը կաղամախի պէս կտրտուէին ու ժիր կնձնիի (վրացական ծագումով՝ վիզ) մը պէս ալ մարագին առիքին (առաստաղի վարի մասը) տակ սիւներու գործածուէին» (43):
«Թլկատինէն ծնան շէնիկ(ք) (մարդաբնակ տեղ) մըն է եղեր (44):
«Խելագարի մը ըղունկներով բզիկ բզիկ ընելու բարկանքներ (կրքոտ բարկութիւն) մը կը ցուցնէր» (46):
«Կասկած չունէր թէ մէկ օրէն միւսը իրենց օճաղը պիտի մրեղէր (ոչնչացնել)» (47):
«Բզէզ հովիւ մը զիրենք փայտէ սամիի մը տակ կը գճկեցնէ (ծունկի բերել), ան ատեն մաշուած ցուլի մը չափ խոնարհ» (53):
«Երեք եղբայրներս, այդ դէպքով մաղին տակը մնալու դատապարտուած հաւձագեր (հաւու ձագեր), ամէն օր ալ մեր պատճառները ունէինք վախնալու» (59):
«Ես ալ առիքին դարձեկները (տանիքի գերանները) պիտի համրէի որ խիղճ ընէին, քիչ մըն ալ ուրիշ կողմ, ուրիշ բաներով մը երթային հետաքրքրուէին» (63):
«Մէկը զպունիս (կանացի երկար զգեստ) կարմիրը կը ծաղրէր» (63):
«Տարիին մէջ քանի օր ունեցայ խնդկոտ (վազվզուք)» (66):
«Եփուելիք հացն ալ չարեկէն (չորսէն մէկը) պակաս չպիտի ըլլայ...» (127):
«Դեռ նոյն ատեն երեւակայել ան կնկուկն (խեղճ, թշուառ կին) ալ՝ որ իր լուացքի տաշտին գլուխը փեռեկոտած դիրքի մը մէջ» (142):
«Բարեկամ ընթերցողուհիներուն համար աւելի երջանիկ բաշդբեր (բարեբախտ) նոր տարի մը կը մաղթէ» (143):
«Ո՛վ շփէր, շրջշրջէր (ինքն իր վրայ դարձնէր), միշտ անոր վրայ, անոր բերանին մէջ նոյն միատեսակ խօսքերը պիտի գտնէր» (156):
«Ունի երեք-չորս հատ ժմնած (հասցուցած, մեծցուցած) տղաքներ, հարսներ...» (162):
«Թրթակ խազերով մեղրոտ բառեր մը, կը գենկեզնան (կ՚աղաչեն) կարծես» (177):
«Քվքվանքներուն (կարկաչներուն), արեւի աշխարհին ունայնութիւնը կը շեշտէին» (181):
«Անդիէն լուսաւորչական աղբրուկ (եղբայր-իկ) մըն ալ... պիտի ըսէր անոր. «Բերանդ, պարո՛ն, գաւաթը կը կլլես» (199):
«Պզտիկ փոս մը բանալով կը թաղեմ, կակուղ՝ մինինիկ (փաղաքշականօրէն փոքրիկ) գերեզման մը» (203):
«Կարծիքներու տեսակ մըն ալ այն թէ՝ խեռ (ըմբոստ), խենդ զաւակներու հայր մը եղած ըլլայ ան» (219):
«Իր պաշտօնական կնիքը անգամ իր այս սիրականին որձակին (աքլորին) կը յանձնէ» (252):
«Կ՚անցնի տարի մը, բուն նշանածը խելթփած (խելակորոյս) ապուշութեան մը մէջ... կը հանդիպի Պէքիրին....» (255):
«Անխօս՝ գլխիկոր՝ ինչպէս արընտէր (պարտական) յանցաւոր մը, ձայն ձուն չի կրնար հանել» (255):
«Շատ օրեր, աղուոր, լոյս մրշաղներու (տաքուկ տեղ) տակ ամրան գիրուկ շողերը շփեր էք երեսի վրայ» (336):
«Ծիրանիին տերեւները աչքին, երեսին վրայ կը շփտէ (նետել)» (343):
«Գետինը խառնտեղն (խռնուած) ու պոզ խոտը կը ծածկէին» (366):
«Պատկից (դրկից) դրացի էինք հետը» (378):
ՆՈՐԱԿԵՐՏ ԿԱՄ ԻՆՔՆԱԿԵՐՏ ԲԱՌԵՐ
Թլկատինցիի բառապաշարային շերտաւորումի ամէնէն ինքնատիպ մասը կը կազմէ նորակերտ բառերու բաժինը, իր նորակերտական կառոյցով, յղացքով ու դասաւորումով:
Անկասկած, ինչպէս իր սերնդակիցներէն շատեր, Թլկատինցին եւս հետամուտ է նոր բառերու կերտումով գրականութիւն մշակելու քայլին, խորապէս համոզուած ըլլալով որ ատիկա կ՚օժանդակէ գեղարուեստական ստեղծագործութեան թարմութեան եւ նաեւ հայոց լեզուի հարստացումի գործին:
Իրաւամբ, Թլկատինցի՝ իր երեւակայական եւ իրապաշտական գրականութիւնը մշակելու ժամանակ, երբեմն չբաւարարուելով առանց այդ ալ հայոց լեզուի առատ բառապաշարէն, փորձութեան ենթարկուած է նոր բառեր կերտելու նախաձեռնութեան:
Ի պատիւ իրեն, յաջողած է ատոր մէջ, մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ իր խռովքն ու զգացումը ուզած է աւելի ցայտուն կերպով արտայայտել, որուն համար թէ՛ ինք այդ ընդունակութիւնը ունեցած է, թէ՛ ալ հայոց լեզուն այդ առաձգականութիւնը:
Ճիշդ է, թէ կարգ մը բառեր այսօր չունին շրջանառութեան արժեչափեր, ոմանք ալ կրնան վիճելի ըլլալ, այդուհանդերձ, Թլկատինցի չի դադրիր այդ բնագաւառէն ներս ըլլալ նորարար մը, իր իւրայատուկ նորարարութեամբ եւ իւրատեսակ ներմուծութեամբ:
Արձանագրելին այն է, որ Թլկատինցի կրցած է նորակերտութեան տալ հմայք մը, հարազատ մնալով հայոց լեզուի կենսունակութեան կշռոյթին, առանց իյնալու ձախաւերութեան ու ձախողութեան յորձանուտին մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք օրինակներու շարք մը.
«Մթնշղեր (մութը կոխած) է այլ եւս, բայց մինչեւ արեւը խօսք կը հասկնայ, մեր ալ բանը կը բուսնի ստուգիւ» (4):
«Գիւղին բողկի պէս թարմուկ (նորաբոյս) երեխաները ապագայ մարդը դարբնելու իմաստն ունի» (8, 61)։ «... Կրնային դիւրուկ (դիւրին) համաձայնութեան գալ» (8):
«Փողոցին լայնքն ու նեղքը (նեղուածքը) ոտքին տակ կը մաշին» (18):
«Վերերն ալ խատուտիկ թռչուններու բիւրաձայն (բազմաձայն) շվոցներ կային» (20):
«Իրենց երգին ու ձայնոլորումներուն (ձայնային ելեւէջներուն) յայտնած հնհնուքներով կասկածելի կ՚ըլլան» (28):
«Կենցաղիկ (կենցաղային) խելքովը, յարգանքի տեսակ մը սուղ ակնածանքը ծնցուցեր էր գեղի ամբողջին մէջ» (32):
«Սանկ շարք մը ահա պատճառներ, որով ո՛ւր երթայ, ո՛ր հողտէրի (հողատիրոջ) ալ դիմէ, մարդով, միջնորդով մուտք խնդրէ արտին մէջ» (35):
«Ըսուածներէն հէնց հարսնառի (փեսային կողմէ հարսը եկեղեցի տանող մարդ) ներկայութիւն մը կը խնդրէ» (41):
«Գեղը, այդ առանձնուկ (միայնակ) միջավայրը, ուր չես գիտեր թէ որ մեկնակէտէ սկսած կնոջ մը ճամբորդութիւնը» (43):
«Երկու այս ճախնածին (ճախճախային ծնունդ) հրէշները պահ մը... շոգի ամպերուն մէջ կը կորսուին» (54):
«Զուա՛րթ, զուա՛րթ, զուա՛րթ դաշտէն տունը այսպէս, տունէն դաշտը ծծղերես (ծիծաղուն երես)» (68):
«Միայն մէկու մը հետ չ՚ուզեր մազի թելով մը իր ճահիլութիւնը բահաւանդել (աւարտել)» (76):
«Աչքին մէկ ծայրովը գոնէ չպիտի ուզէ դիտող մը ըլլալ Լուսիկին գեղանազ (գեղեցկաճկուն) շնորհքին ու հտպիտներուն» (81):
«Պարկեշտուկ (փաղաքշականօրէն՝ խիստ պարկեշտ) որբեւարիի մը կուշտին... ուզած չէր անգամ օր մը դուրս նայիլ» (83):
«Կարասներ, ես ըսեմ տասը, դուն հասկցիր քսան ու աւելի թիւով, փեթակի չափ խոշոր, խոշորափոր (հաստափոր) բաներ» (95):
«Դուռներուն առաջքը վայրկենապէս կարմիր ծով մը կը կոհականայ (կ՚ալեկոծուի)» (95):
«Բնավայրին թարմագեղ (նորագեղ) կուսութիւններէն հատի մը փնտռտուքն ընէր» (105):
«Յաճախ գահավէժ ափափներու (եզերքներու) կառչած՝ պահ մը միայն... վայրկենային» (110):
«Երկու ճաշակամոլ (ճաշակաւոր) էֆէնտիներու բաժին կը մնար» (134):
«Խաչկպած (ծալլուած) ու տրտում՝ մտածել որ տունին այն կողմը դատարկ մնացին մառանին ամանները» (140):
«Ձեր ոսկի ու եբենոս մազերուն հիւսքն ու յետուռոյցքը (յետոյքին դուրս ցցուած մասը)» (141):
«Սուրբ Աստուր, լման ութսունամենի (ութսունամեայ) մը, իրաւ, շա՛տ տարօրինակ» (156):
«Խեղկտուքներ (խեղկատակութիւններ) չէինք ըներ անոր ամէն անգամ որ զինք առանձին կը գտնէինք» (156-157):
«Ճերմակ գերեզմանամերձ (գերեզմանին մօտ ապրող) ծերուկը տարին ի բուն ժամը կը պառկի» (157):
«Ան ատեն հէքեաթունակ (հեքիաթանման) բաներ կը պատմէին մեզի» (158):
«Աղմուկ կը շինէ ան անբարոյ մոլորածին (մոլորութիւններով ծնած) շուրջը ու իրեն ալ ոչ մէկը կ՚ըլլայ մեղադրող» (159):
«Այս գեղը այն տուներով համայնաւեր (աւերներով լի) հեղհեղի մը բռնուած ըլլայ» (174):
«Յօրանջումներով Տ. Պօղոսի մը սնամէջ բարբառոյքներովը (շաղակրատանքներով) կը լուսցնեն» (181):
«Բիւրեղիկ (մաքրամաքուր) ճշմարտութիւններու անմահական սնունդն ունին իրենց հոգիներուն համար» (181):
«Իրենց աշխարհուրաց (աշխարհն ուրացող) բողոքականին տրտմութիւնով սգաւորի ճրագ մը կը մլմլցնէին տուներնուն մէջ» (183):
«Օղաբեր (օղի մատուցող) խոնախի ճոխութիւնով տունին յարմարած կնիկը կ՚ըլլայ» (197):
«Բնական է որ ան բոլորիս ալ վրայ հաւասար նայուածք պատէ, ինչպէս գորովազեղ (գորովով զեղուն) հաւու մը աչքերը» (206):
«Երկար տարիներ քովերնիս քաղքենուհի (քաղքենիացած իգական) մը կ՚ապրէր» (210):
«Ինչպէ՛ս ան Թլկատինցի աղջիկներէն տօնուած նահատակուհի (կին նահատակ) մը կը մնայ ամէն տարի» (210):
«Քներգ (քունի երգ) մը կամ պարերգ մը կ՚ըլլար սկսածը (211):
«Գիշերամէջին (գիշերուան ընթացքին) կու լայ, տղու մը պէս կու լայ» (218):
«Անոր ծայրին վրայ համակ միազանգուած (միակտուր) ժայռով պալատի մը կառուցումը հնարաւորուի» (221):
«Հաւասարապաշտ (հաւասարաչափ) տաքտիքի մը համաձայն, իրենց բաժինները կը փախցնեն» (226):
«Մէկը մոռնալու իր բռնաճիգ (բանական ճնշումով) զսպումներուն մէջ տակաւին, կը հանդիպի յանկարծ ուրիշ ցաւ մը վայել» (233):
«Իր պատարագը նշանաւոր ու հիահրաշ (հոյակերտ) անով որ խորանին առջեւ կայնած պահուն «կ՚երեւայ ու չ՚երեւար» եղեր» (253):
«Պատտակէն (պատի տակէն) կ՚անցնի ու կը տեսնայ որ ան պատուհանը նստեր է» (255):
«Գետնէն հազիւ թիզ ու կէս վեր դեռ փլփլուկ հողզանգուածներ (հողակոյտեր) որ հայ գեղի մը տուները պիտի ըլլան» (273):
«Բռնօրէն խողխողուած մարտելու պէս եղերավերջ (եղեռնական աւարտով) ճգնաժամի մը մէջ կը հեւային կը հռնտային» (273):
«Հիմա հոն շէն օրրաններու ճռինչն ու զուարթ ճլուըլտիւնները ամայասէր (ամայութիւնը սիրող) ծղրիթներուն» (275):
«Հրարծարծ (հուրով լի) շունչին տակ բռնկցնէք ձեր կրակները» (276):
«Ճակատագիրն ալ այդ ճամբուն վրայ տրուած է վերջակիտուիլ (աւարտիլ)» (287):
«Հասարակաց յօժար ծառայարկու (ծառայող) մըն է» (288):
«Մատիս ծայրովը ան կլորուկ (կլորակ), ճերմակ ապակին կը շփեմ» (298):
«Ուլօվայի բաժինն է աւելի շէն ու խիտ ամփոփոյքներով (ամփոփումներով)» (307):
«Նշանակած ըլլայ մեր այս ճարտարագիւտ (ճարտարակերտ) թիւնէլները» (314):
«Ներսը տեղ գտնէր... ճիշդ շնչառք (շունչ տուող) մը» (340):
«Գնացքը պզտիկներուն կողմէ կոճղեզին կամ հողխնձորին (գետնախնձորին) հրապոյրովը կը սկսի» (248):
*
* *
Թլկատինցի, հայ գրականութեան մէջ ընդհանրապէս եւ հայ գաւառական գիւղագրական գրականութեան մէջ մասնաւորաբար, միշտ պահած է իր տեղը, մինչեւ օրս մնալով այդ մարզի տիրական ներկայացուցիչներէն:
Իր ստեղծագործական ժառանգը համեստ ըլլալով հանդերձ, կը ներկայացնէ կշռելի որակ մը, իբրեւ գրական սեռ, գրական ուղղութիւն ու գրական հարստութիւն, որուն մէջ իր լեզուն եւս կը մնայ գերազանցապէս պերճախօս վկայութիւն մը՝ իր հանրամատչելիութեամբ ու հաղորդականութեամբ:
Թլկատինցի՝ արեւմտահայ իրապաշտ շարժումի անուանի կերտիչներէն, իր գրականութեան նպատակասլացութեամբ ու լեզուական անսայթաքութեամբ, կը հանդիսանայ ապրող գրականամշակ մը ու լեզուամտածող մը:
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
(Հատուած)
«
Ազդակ»