«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԿՍԱԾ Է ԻՆՔՆԻՐԵՆ ՎՆԱՍԵԼ»
Կ՛ԸՍԷ ՋԵՅՄՍ ՀՈԼՄԶ
Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի նախագահ, Անկարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ջեյմս Հոլմզ «Հիւռիյեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ քննադատելով խորհուրդի նիստին չմասնակցելու Թուրքիոյ որոշումը, յայտարարած է, որ Անկարա ստեղծուած իրավիճակին մէջ սկսած է ինքնիրեն վնասել։
«Այդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով, սակայն կողմերէն մէկը որոշած է չմասնակցիլ անոր։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիա սկսած է ինքնիրեն վնասել։ Դեսպան Նամըկ Թան պէտք է վերադառնայ Վաշինգտոն», յայտարարած է Հոլմզ։
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին որդեգրման պատճառով Թուրքիա որոշած է չմասնակցիլ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խորհրդանշող կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը հանդիսացող Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովին։
Կարիճը երբ շատ ջղայնանայ ու խայթելիք բան չգտնէ, ինքնիրեն կը խայթէ: