,,,, ,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,,, ,,,,ՄԱՅՐԸ
,,,,
«Պէտք է սատկին գեաւուրները լուսատենչ,–
,,,, ,,,, ,,,, ,,,,«Հայերն ըմբոստ, անհաւատ,–
«Պէտք է ջնջուի՜ն: Իղձերն անոնց չունին վերջ»:
,,, ,,,, ,,,, ,,, Ըստամբոլին կա՛մքն է ատ:
,,,,
Ու տարագի՛ր կ’երթան Հայեր՝ յանձըւած
,,,,, ,,,, ,,,, ,,Ոստիկանի մտրակին.
Ո՛չ տէր ունին, ո՛չ մեկ պաշտպան կամ աստուած.
,,,, ,,,, ,,,, ,,,Կ’անիծեն լոյսն արեւին:
,,,,
Մէջերնին կան ծերեր, կիներ, մանուկներ
,,,, ,,,, ,,,, ,,,Եւ աղջիկներ ծաղկատի.
Քանի՛ օրեր անոնք անդուլ են քալեր
,,,, ,,,, ,,,, ,,,Ճամբաներէ փըշալի:
,,,,
Ու դեռ կ’երթան նօթի, ծարաւ, տրտմագին,
,,,, ,,,, ,,,, ,Մինչեւ որ ա՛լ ուժասպառ՝
Վէրքերն իրենց քարերուն դէմ արիւնին,
,,,, ,,,, ,,,, Իյնան գետին գլխիվար:
,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,,{
Կին մը յանկարծ ճամբուն մէջտեղ կը կանգնի
,,,, ,,,, ,,,,Եւ՝ մազերը փետելով՝
Կը ծնրադրէ իր հինգամեայ գեղանի՝
,,,, ,,,, ,,,,Այլ մահամերձ զաւկին քով:
,,,,
Ոստիկաններն ամեհօրէն կը գոռան.
,,,, ,,,, ,,,,«Շո՛ւտ քալեցէք, գեաւուրներ,
«Պէտք է քալէք. դեռ երկա՜ր է ձեր ճամբան»,
,,,, ,,,, ,,,,Ու կը շաչեն մտրակներ:
,,,,
Ոստիկանին լուտանքներն էն չի՛ լըսեր,
,,,, ,,,, ,,,,Չըզգար ցաւը մտրակին.
Չէ՞ որ մայր է եւ սրտին մէջ ունի սէր.
,,,, ,,,, ,,,,Հոգին՝ մատա՛ղ է զաւկին:
,,,,
Ի՞նչ ես կեցեր, դեռ կ’սպասես, է՜յ պոռնիկ –
,,,, ,,,, ,,,,Ոստիկան մը կը պոռայ –
«Չե՞ս տեսներ, որ խումբը կ’երթայ աւասիկ.
,,,, ,,,, ,,,,Քեզ կը ծեծե՜մ անխընայ»:
,,,,
Բայց էն՝ անշարժ՝ նըման քարէ արձանի,
,,,, ,,,, ,,,,Դեռ կ’սպասէ զաւկին մօտ.
Կ’զգայ, որ իր յոյսը միակ կը մեռնի՜, –
,,,, ,,,, ,,,,Միա՛կ որդին՝ պառկած հոդ:
,,,,
Խումբէն ոմանք կը թախանձեն Հայուհին՝
,,,, ,,,, ,,,,Որ շուտ իրենց միանայ.
«Երթա՛նք, կ’ըսեն, թո՛ղ զաւակդ իր վիճակին.
,,,, ,,,, ,,,,«Աստուած զանի կը հոգայ»:
,,,,
«Վայրկեա՛ն մըն ալ –կը պաղատի հէգ այրին –
,,,, ,,,, ,,,, «Ըսպասեցէքվայրկեան մ’ալ.
«Հրեշտակներն եկեր՝ որդիս կը տանին
,,,, ,,,, ,,,, ,«Հանդէսի՜ մը լուսափայլ...»:
,,,,
«Հերի՛ք որքան մըռըլտացիր, խելագա՛ր,
,,,, ,,,, ,,,,– Գոռաց կրկին ժանդարման –
«Ոտքի՛ ելիր. շան լակոտի մը համար
,,,, ,,,, ,,,,«Միթէ մոռցա՞ր քու ճամբան»:
,,,,
«Տեսէ՛ք, ահա կը քընանայ իմ որդիս,
,,,, ,,,, ,,,,– Կը զառանցէ մայրը հէգ –
«Հիմա երթանք ո՛ւր որ կ’ուզէք. տարէ՛ք զիս
,,,, ,,,, ,,,,«Փոսի մը մէջ նետեցէք»:
,,,,
Եւ իր սրտէն պոռթկալով ճիչ մը վայրագ՝
,,,, ,,,, ,,,,Ճամբայ կ’իյնայ...: Խե՜նթ է էն.
Մազերն հովին՝ կը քրքջայ. «Պատարա՜գ,
,,,, ,,,, ,,,,«Մեռա՜ւ աստուած տրտմօրէն...»:
,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,,{
Արեւն աշնան, արիւնոտ աչք մը իբրեւ,
,,,, ,,,, ,,,, Լեռան ետեւ կը մարի.
Վերէն կ’անցնի ագռաւներու տարմը սեւ,
,,,, ,,,, ,,,,Հոտն առած մեկ նոր որսի:
Իկոնիա, 1916 Նոյ.,,,, ,,,, ,, Իսրայէլ Տխրունի



Մեջբերել