ԱՀԱՒՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ԱՅՆՏԵՂ...
Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ...
Դժոխային այս տրամն ի՜նչպէս կրնայ պատմուիլ...
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէք, երէկ կ՚ապրէր, կ՚ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար եւ տակաւին սիրտը յոյսին,
Կը բարձրանար ճահիճէն ուր խրած էր ատենօք,
Թեւերն արդէն կը թօթուէր, ինքզինք արդէն եթերին,
Ամպերուն մէջը կ՚զգար,- եւ ահա ճիշդ այդ պահուն՝
Ոսոխ աստուած մը կարծես, որ դարանած կը դիտէր,
Անոր վրայ արձակեց ամբողջ չարիքն աշխարհի.
Ոտքի հանեց բովանդակ հրէշութիւնը նիրհած՝
Մեծ օձերու, վագրերու, շաքալներու դէմքերով,
Փաթթուեցաւ ոտքերուն, խածատեց կուրծքն ու հասաւ
Անոր վզին, աչքերուն եւ իր ժանիքը մխեց
Ճիշդ ուղեղի՛ն մէջ անոր՝ զոր արիւնին հետ, ահա՛,
Ան կը լզէ հեշտանքով, ան կը ծծէ զգլխած...:
Ահաւոր բա՜ն մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ...
Կ՚սպաննե՜ն ազգ մը այնտեղ որ կեանք ունէր եւ շնորհ,
Ունէր հանճարն ապրելու, նորոգելու ալ ինքզինք,
Գեղեցկացած էր տակաւ ու թարմացած էր, ո՜րքան,
Եւ այդ ազգը մերի՜նն էր ու կ՚սպաննեն զայն հիմա,
Զայն կ՚սպաննեն, օգնութի՜ւն, ա՛հ օգնութի՜ւն, օգնութիւն...:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ



Մեջբերել