Արմենակ մեծ ճաշկերոյթի մը ներկայ եղած է, մեծերու ի պատիւ, մեծերով, մեծ պանդոկի մը մէջ: Բախտաւոր է: Յաջողած կեդրոնականցիները չեն մոռնար իրենց ընկերը:
Սիամանթոն յիշեցէ՛ք. «Այսպէս պատմեց մեր սարսափին ականատես գերմանուհին»:
Այսպէս պատմեց մեր նոր սարսափի ականջալուր եւ ականատես Արմենակ:
- Սիրելի Մակար, այդ ի՜նչ ճաշարան էր, ի՜նչ համադամներ: Հապա՞ մեր շուրջ թրվռացող սպասաւորները: Օբաման կամ Սարքոզին այդքան մեծ թիւով սպասարկողներ ունի՞ն: Եկո՛ւր եւ մի՛ հպարտանար յաջողածներու սեղանին մասնակից ըլլալով: Արագ հաշիւ մը ըրի: Այդ ծախսով դուք եւ մենք տարի մը հանգիստ կ՚ապրէինք:
- Կեդրոնականցի ընկերներդ քեզի չեն նմանիր:
- Ո՛չ, թէեւ լաւ մարդիկ են:
Անհանգստացուցած ըլլալու էին Արմենակը: Ճաշարանով գինովցողը չէր:
- Կերանք, խմեցինք յիշարժան գինին չեմ գիտեր՝ ո՛ր դղեակի ո՛ր տարուան: Սովորութիւն է, ճաշելէ ետք մարսողութեան համար հայը ժողովի կ՚երթայ: Ներկաներն ալ ժողովի պէս կարծիքներ յայտնեցին, ի հարկէ՝ մեծ, աննախընթաց: Մեծերը պզտիկ կարծիք կ՚ունենա՞ն:
Հետաքրքրութիւնս արթնցաւ: Մեծ բաներ պիտի լսէի:
- Ինչե՜ր ըսին: Մէկը տեսակցած է Հայաստանի նախագահին հետ, միւսը՝ երկու անգամ Ամերիկայի նախագահին հետ, երրորդը Ծոցի իշխաններուն հետ` ճարտարապետի հանգամանքով: Պզտիկցած` մտիկ կ՚ընէի:
- Առիթ էր: Բան մը չըսի՞ր մեր դպրոցներուն եւ գիրքերուն մասին:
- Զիս կանխեցիր: Իրենք խօսեցան:
- Ապրի՛ն: Ուրիշներ շատ մը բաներու մասին կը խօսին, բացի դպրոցէն եւ գիրքէն:
- Խօսեցան: Ասոնք զանազան տեղեր «նախագահ» են, կը հասկնաս: Հայկական դպրոց աւարտած Յովհաննէսը եղած է Ջան, եպիսկոպոսին քեռորդին՝ Տիգրանը եղած է Ռիչըրդ, նոր մկրտութիւններ` առանց տէրտէրի: Ռիչըրդ յայտնեց խիստ հետաքրքրական միտք մը, հայ դպրոցը որոշ դասակարգի մը համար է, ինք իր զաւակները կը ղրկէ մեծ վարժարաններ, որպէսզի մեծ համալսարաններ երթան: Ճանը աւելի քաղաքական միտք ունէր: Ըսաւ, որ հայկական վարժարանը Արեւելքի աղքատ երկիրներուն համար է, Եւրոպա, Ամերիկա, եթէ մեր զաւակները հոն երթան, ետ կը մնան: Երրորդը հայ կեանքի մէջ ամէնէն տիրական անձնաւորութիւնն էր, հայկական անունն ալ պահած էր, Պատրիկ, հաւանօրէն անոր համար, որ օտարներ դիւրութեամբ կ՚ըսէին Փաթրիք: Այս Պատրիկ-Փաթրիքը յայտնեց չնաշխարհիկ կարծիք մը: Ըսաւ, որ ինք հայկական վարժարան չէր գացած, բայց յաջողած էր, հայկական քանի մը կազմակերպութիւններու գլուխը կը գտնուէր, եզրակացուց, որ հայ դպրոցը շատ բանի չի ծառայեր, եթէ եղածներն ալ փակուին, կեանքը կը շարունակուի: Յիշեց մեծանուն հայածնունդ արուեստագէտներ, մեծահարուստներ, տարբեր երկիրներու քաղաքական աւագանիին մաս կազմողներ, օտար լեզուներով յաջողած գրողներ: Եւ ըսել, որ իր «նախագահած» կազմակերպութիւններէն մէկը դպրոցներ կը պահէ, կը հովանաւորէ:
Լռեց: Ի՞նչ ըսէի: Պահ մը ետք, խոր շունչ մը առաւ Արմենակ եւ ըսաւ.
- Կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ Մելգոնեանը փակեցին:
- Կը յիշե՞ս ուրիշ մեծ մը, որ ըսած էր, թէ դպրոց պէտք չէ բանալ, քանի որ հասութաբեր չէ:
- Ուրիշ մեծ մը չէ՞ր ըսած՝ դպրոցի ծրագիրը իմանալով, որ այդ «ջուրի երեսին տրուած սուրի հարուած էր»...
Արմենակ վճարած էր գինը մեծամեծներու հետ, մեծ պանդոկի մեծ ճաշարանին մէջ մեծ-մեծ կերած-խմածին թթուեցնող գինը:
Ափսո՜ս, երանի այդպէս չուտէր եւ չխմէր, որպէսզի ազգը թթուեցնողները զինք չթթուեցնէին:
Արմենակ եզրակացուց.
- Ասոնց լեզուներուն եւ աթոռներուն վրայ արջասպ պէտք է թափել: Մեծ դպրոց գացողները կ՚ըսեն՝ ասիտ սիւլֆիւրիք, իսկ Պոլիս կ՚ըսէինք՝ քեզապ սույու...