ԶԱՏԻԿՆորէ՛ն պատրանասիրութիւնը հայուն... Զատիկ եւ Յարութեան խորհուրդ: Յոյսը՝ աւելի բախտաւոր օրերու, եւ ակնկալութիւնը, որ մեր անհատական եւ հաւաքական իղձերը մեռեալ ձգտում եւ իրաւունք պիտի չմնան: Պիտի մոռցուին, սակայն պիտի չթաղուին: Պիտի ուրացուին եւ ժխտուին, սակայն պիտի չանտեսուին վերջնականօրէն:
«Պատրանասիրութիւն» բառը կը բնորոշէ՞, իսկապէս, հայուն կեցուածքը՝ Յոյսին դէմ յանդիման: Եւ կարելի՞ է մարդկային որեւէ հոգիի մէջ արմատախիլ դարձնել այս յոյսը: Արդեօ՞ք երազը, ըղձանքը, ցնորքը կամ պատրանասիրութիւնները հոգեկան պահանջներ չեն, իրենց կարգին:
Ամէնէն չոր, ամէնէն իրապաշտ, ամէնէն առարկայօրէն դատող մարդն իսկ չունի՞ պատրանքի եւ ցնորքի իր վայրկեանները:
Եւ Զատիկը, բոլոր զատիկները, արդեօ՞ք ծնունդը չեն մարդկային բնական, գրեթէ բնազդական այդ պատրանասիրութեան:
Ի՞նչ ձգտում, ի՞նչ թռիչք, ի՞նչ սլացք կամ ճախրանք պիտի ունենայինք, եթէ յոյսը գոյութիւն չունենար: Եթէ այսօր մեր չունեցածը վաղը ունենալու հաւատքով չապրէինք եւ այդ հաւատքով ալ չգործէինք: Ու կեանքը, մարդէ մարդ եւ ժողովուրդէ ժողովուրդ, երկրէ երկիր եւ ժամանակէ ժամանակ, արդեօ՞ք հաստատած չէ յոյսին, Յարութեան գաղափարին եւ այս «պատրանասիրութեան» գոյութեան իրաւունքը:
Հայուն մէջ, սակայն, յատկապէս շեշտուած է Յարութեան գաղափարին հանդէպ տկարութիւնը:
Առհաւականօրէն, պապենական գծով, մենք ամէնէն աւելի հաւատացած ենք, թէ՝ «օրերը յղի են միշտ», թէ՝ վաղը կրնայ հիմնովին տարբեր ըլլալ այսօրուընէ, թէ՝ յաւիտենական չեն վերելքներն ու անկումները, եւ թէ, վերջապէս, տառապանքն ու երջանկութիւնը այն երկու բեւեռներն են, որոնց միջեւ ճօճանակային երթեւեկով մը կը թաւալի կեանքը:
Քրիստոնէական կրօնը, ընկերային եւ բարոյական իր բովանդակութեամբ, շատ աւելի շեշտած է մեր մէջ՝ հոգեկան այս տրամադրութիւնը: Գողգոթայէն ետք, մենք ուզած եւ սրած ենք տեսնել միշտ Յարութեան արշալոյսը: Մահուան չարաշուք ստուերին ետեւ, նշմարած ենք միշտ անմահութեան հեռանկարը:
Եւ այս հաւատքն է, որ մեր մէջ ստեղծած, առնուազն զարգացուցած է չարքաշութիւնը, յամառ աշխատանքի եւ պայքարի պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ յօժարութիւնը՝ մեզի երկարած դառնութեան բոլոր բաժակները ըմպելու անվախօրէն, հպարտօրէն, գիտակից զոհաբերութեան մը մղումով:
Զատիկ է, այս գիշեր: Ճրագալոյց:
Խաւար կամ կիսամութ մեր ներկային վրայ կրկին պիտի արծարծենք լոյսը: Մեր սուգին, վշտին ու տառապանքին ետեւ, կրկին պիտի փնտռենք մխիթարութիւնը եւ վաղուան ապահով երջանկութիւնը: Չենք կրնար այդպէս չընել, այդպէս չըլլալ, որովհետեւ կեանքը, որ ապրեցաւ մեր ժողովուրդը, սերունդէ սերունդ, այդ հաւատքը եւ վստահութիւնը կը ներշնչէ մեզի:
Անյուսութիւնը դասալքութիւն մըն է: Մեր հոգին հաշտ չէ «իրապաշտութեան» հետ բոլոր անոնց, որոնք դամբանաքար մը զետեղած են անհատական թէ ազգային մեր իղձերուն, իրաւունքներուն եւ երազներուն վրայ, ու հաշտուած, համակերպած են յաւիտենապէս մոռցուած կամ անտեսուած ըլլալու գաղափարին հետ: Յոյսը՝ նոր ճիգ է, նոր աշխատանք, նոր պայքար, նոր ճախր: Գաղափար մը չէ լոկ, այլ դաւանանք մը: Դաւանանք մը չէ միայն, այլ գո՛րծ: Եւ չկայ աշխարհի վրայ որեւէ ուժ, որ կարենայ գործը խափանել:
Զատիկը խաբկանք մը պէտք չէ մնայ: Անպտուղ «պատրանասիրութիւն» մը պէտք չէ մնայ: Միշտ գիտակցելով հանդերձ, թէ բռնական ուժը, զէնքը, չարիքը եւ անարդարութիւնները կրնան յուսախաբ եւ հիասթափ ընել մեզ, նո՛յնքան ու աւելի վճռականութեամբ պիտի հաւատանք, թէ ցնցումները, կթոտումները եւ անկումները վերջնական չեն: Մի՛շտ կրնանք բարձրանալ, մի՛շտ կրնանք ընթանալ, մի՛շտ կրնանք խիզախել: Կրնանք վերապրիլ ու նուաճել:



Մեջբերել