Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: «Վէմ» համահայկական հանդէս

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «Վէմ» համահայկական հանդէս

    «ՎԷՄ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

    Հրապարակի վրայ են «Վէմ» համահայկական հանդէսի առաջին երկու թիւերը, ապրիլ-յունիս 2009 եւ յուլիս-սեպտեմբեր 2009։ Թղթակազմ գեղեցիկ հրատարակութիւն մը՝ կողքի լուրջ ձեւաւորումով, ճերմակ լաւորակ թուղթի վրայ տպուած, շուրջ երկու հարիւր էջի ծաւալով։ Հանդէսին խմբագիրն է ծանօթ հրապարակագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեան։
    Ընթերցողին ուղղուած իր խօսքին մէջ խմբագրութիւնը կ՚անդրադառնայ 1933-1939 տարիներուն Սիմոն Վրացեանի կողմէ խմբագրուած ու Փարիզ հրատարակուած «Վէմ» հանդէսի սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ունեցած դերին, մանաւանդ հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու ճամբով հայապահպանման բերած նպաստին։ Ան լուսարձակի տակ կ՚առնէ «Վէմ»ի այդ օրերու դերակատարութիւնը՝ հայ մտաւորականութիւնը տարանջատող հատուածական պատնէշները յաղթահարելու՝ գաղափարական յստակ ուղղուածութեամբ հանդերձ, այդ գործընթացի հիմնական ազդակ նկատելով գիտական առարկայականութիւնն ու ճշմարտութիւնները ըսելու խմբագրութեան որդեգրած ուղին։
    Այսօր «Վէմ»ի վերահրատարակութիւնը, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, խմբագրութիւնը կը նկատէ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայագէտներու ցանկութեան արտայայտութիւնը՝ նպատակ ունենալով շարունակել Սիմոն Վրացեանի սկսած գործը, ձգտելով միաւորել համասփիւռ հայագէտներու ջանքերը հայ մտաւոր ներուժի գաղափարական տարբերութիւններու յաղթահարումով եւ, առ այդ, կը ճշդէ «Վէմ»ի հետագայ ուղին հետեւեալ երեք կէտերուն մէջ։
    Ա.- Հայոց պատմութեան ու մշակոյթի ուսումնասիրութեան ճամբով նպաստել ազգի գիտական ինքնաճանաչողութեան՝ հիմք ունենալով ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրուած հայրենիքի ամբողջականութեան գաղափարը։
    Բ.- Քննել օտար հայագիտական դպրոցներու տեսական հարցադրումները։ Մշակել եւ կիրարկել հայոց պատմութեան, գրականութեան ու այլ առարկաներու ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները արտաքին աշխարհին հրամցնելու նոր մեթոտաբանութիւն եւ ռազմավարութիւն։
    Գ.- Գիտական քննադատութեան ենթարկել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ ծաւալած ու հետեւողականօրէն գործադրուող թշնամական ռազմավարութիւնները։ Մշակել անոնց դէմ պայքարելու առաջադրանքները եւ անոնց գործնականացման եղանակները եւ զանոնք ներկայացնել ազգին ու պետութեան։
    Վերոյիշեալ նպատակներու իրականացման համար «Վէմ»ի խմբագրութիւնը աշխատակցութեան հրաւիրած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող հայագէտ գիտնականները՝ հիմնուելով ներազգային լայն բազմակարծութեան սկզբունքին վրայ։
    Օրին Սիմոն Վրացեան կրցած էր իր շուրջ համախմբել Արտաշէս Աբեղեանի, Նիկողայոս Ադոնցի, Նիկոլ Աղբալեանի նման գիտնականներ։ Կարդալով «Վէմ»ի խմբագրական խորհուրդին անունները, իր հայաստանեան ու սփիւռքեան հատուածներով, ինչպէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեան, Համլեթ Գէորգեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Երուանդ Փամպուքեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Ռուբինա Փիրումեան եւ ուրիշներ, որոնք կու գան տարբեր շրջանակներէ եւ ունին գաղափարաքաղաքական տարբեր մտածողութիւն, անվարան կրնանք ըսել, որ «Վէմ»ը Հայաստանի եւ սփիւռքի համար ներուժը միաւորելու ճամբան հարթած է։
    Առաջին թիւէն յստակ կը դառնայ, որ հրապարակուած նիւթերը նոր ուսումնասիրութիւններ են, գիտական բարձր մակարդակով աշխատութիւններ՝ տուեալ նիւթի մը շուրջ ընդարձակ ու բազմազան աղբիւրներու, ներառեալ օտար, օգտագործումով ու առարկայական տուեալներով դէպքերու իսկութիւնը պատկերացնելու յստակ բծախնդրութեամբ գրուած։
    Այսպէս, Եդուարդ Դանիէլեանի «Հայաստանն ու հայկական տեղանունները» յօդուածը խոր ուսումնասիրութեան կ՚ենթարկէ հայոց բնապատմական միջավայրը բնութագրող տեղանունները՝ սկսելով հայոց հայրենիքի «Հայք» կամ «Հայաստան» անուններուն արմատները պեղելէ մինչեւ «Անատոլու» հասկացողութիւնը, որուն հիմքը կը կազմէ յունարէն «Անատոլէ» բառը, որ կը նշանակէ՝ «արեւելք», իսկ «անատոլիկոս» բառը՝ «արեւելեան»։ Դանիէլեան նկատել կու տայ, որ Թուրքիոյ եւ անոր համախոհներուն հայկական տեղանունները կեղծելու եւ զանոնք թրքական կեղծ անուններով փոխարինելու քաղաքականութիւնը կը միտի ժխտել հայկական հին ու միջնադարեան պետականութեան հոգեւոր ու մշակութային գոյութիւնը՝ Արեւմտեան Հայաստան, Հայկական Կիլիկիա, Նախիջեւան կամ այլուր, ինչ որ իր կարծիքով, տեղանունները ամրագրուած են հնադարեան սեպագիր ու միջնադարեան գրաւոր սկզբնաղբիւրներու մէջ եւ ընդունուած՝ համաշխարհային պատմագիտական ու աշխարհագրական գրականութեան մէջ։ Դանիէլեան հայութիւնը կը հրաւիրէ այս երեւոյթին հակահարուած տալու՝ գիտական եւ պետական միջոցներու ամբողջական օգտագործումով։
    Ուսանելի է Համլեթ Գէորգեանի «Հայաստան եւ Եւրոպա» աշխատասիրութիւնը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ ազգերու կազմաւորման առանձնայատկութիւնները։ Կը վերլուծէ տարբերութիւնները ազգի կազմաւորման արեւմտեան ըմբռնումին, որ ազգի ձեւաւորումը անպայմանօրէն կը կապէ պետութեան կազմաւորման ու զարգացման հետ, եւ՝ հայ ազգի կազմաւորման պարագաներուն միջեւ, որուն սկիզբ կը նկատէ հայկական լեռնաշխարհին վրայ ապրող էթնիքական-լեզուական ցեղախումբերը, առաւելաբար հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին պատկանող ցեղեր, անոնց մշակութային (ընկերային սովորութիւններ, մշակութային յուշարձաններ), կրօնը (սրբավայրեր ու տաճարներ), հաղորդակցութեան միջոցներ (կամուրջներ, ջրմուղներ) ու վիմագրութիւնը, որ Ն.Ք. 9-6 դարեր համախմբուեցան Ուրարտու թագաւորութեան մէջ, եւ որուն քաղաքական ու պետաիրաւական ժառանգորդը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդը։
    Ապա Գէորգեան կ՚անդրադառնայ հայ-եւրոպական մշակութային յարաբերութիւններուն՝ վեր առնելով հայ մշակոյթի նպաստը թէ՛ հին յունական դասական գրականութեան ու հելլենական շրջանի երկերուն վրայ եւ թէ՛ կանուխ քրիստոնէական ժամանակաշրջանի եկեղեցական աշխատութիւններուն, մանաւանդ հայ եկեղեցական թարգմանական գրականութեան դերին քրիստոնէական դաւանաբանութեան եւ կրօնափիլիսոփայութեան վրայ։
    Յաջորդաբար տեղ գտած են Ռուբէն Սաֆրաստեանի «Հայոց ցեղասպանութեան պետական ծրագիրը» գրութիւնը, որ կ՚անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան օսմանեան Թուրքիոյ պետական բարձրագոյն մարմիններու կողմէ ծրագրուած ըլլալու հանգամանքին՝ մէջբերելով երեք կարեւոր փաստաթուղթեր, շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան ծրագրուած ըլլալու պարագան ցարդ բաւարար ձեւով չէ ուսումնասիրուած:
    Ալպեր Մակարեանի եւ Հայկանուշ Շարուրեանի կողմէ պատրաստուած Լեւոն Շանթի «Հին աստուածները» եւ Ուիլիըմ Կոլտինկի «Սրաձողը» գրութիւնը զուգահեռ մը կը գծէ Լեւոն Շանթի թատրերգութեան եւ Ուիլիըմ Կոլտինկի նորավէպին միջեւ աստուածաբանական տարբեր տեսութիւններու բաղդատութեամբ։
    Ատոմ Մարգարեանի «Համաշխարհային ճգնաժամերի փորձը եւ Հայաստանը» երկար ուսումնասիրութիւնը կ՚անդրադառնայ 2008 եւ 2009 տարեշրջաններուն արեւմտեան ու հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրները հարուածած տնտեսական ճգնաժամին ու անոր՝ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի ընկերային վիճակին վրայ, եւ կ՚առաջարկէ շարք մը միջոցառումներ՝ զայն յաղթահարելու, ծանրանալով մասնաւորաբար Հայաստանի հարկային դրութեան ու դրամավարկային քաղաքականութեան վրայ։
    Լեւոն Լաչինեան ունի երկու գրութիւններ, առաջինը «Դասական շունչը կտաւներում» եւ երկրորդը «Հին Գիւմրին նոր գծանկարներում», որոնք կը շօշափեն գեղարուեստի հարցեր:
    Խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Հայրերը» կը յուշէ, որ պէտք է արժեւորել հայոց պետականութիւնը կերտած գործիչները, ի մասնաւորի՝ Արամն ու Ռոստոմը, այլապէս կասկածի տակ կ՚առնուի անկախ պետականութեան իմաստն ու նշանակութիւնը:
    Արմէն Ասրեանի «Արամ Մանուկեանը» (ծննդեան 130 եւ մահուան 90-ամեակին առիթով) յօդուածը կ՚անդրադառնայ Արամի կազմակերպական կարողութիւններուն ու Հայաստանի անկախութեան կերտման մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին: Արարատ Յակոբեանի «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան աքթը», արագ ակնարկ մըն է յիշեալ փաստաթուղթի իրաւական անխոցելիութեան մասին, որ իր քաղաքական նշանակութիւնը չէ կորսնցուցած նաեւ այսօր, որովհետեւ ան կ՚ամրագրէ հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը:
    Վերոնշեալ երեք յօդուածները, ինչպէս նաեւ հանդէսի վաւերագիրներու բաժինին մէջ տեղ գտած Աւագ Յարութիւնեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ դատավարութեան թղթածրարները» ուսումնասիրութիւնը, ուր լայն անդրադարձ կը կատարուի ցարական իշխանութիւններուն կողմէ ՀՅԴ-ի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն, ի մասնաւորի՝ Յովհաննէս Թումանեանի ձերբակալման պարագաներուն, անոր՝ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ ունեցած գործունէութեան ու անոր դատավարութեան հետ կապուած փաստաթուղթերու հրատարակման, կը յստակացնեն «Վէմ»ի գաղափարական ուղղուածութիւնը:
    Սուսանա Յովհաննիսեանի «Մեծերի հանդիպումները» (Յովհաննէս Թումանեան եւ Կոմիտաս) վաւերագրական ուսումնասիրութիւն մըն է հայ մշակոյթի երկու հսկաներուն բազմաթիւ հանդիպումներուն ու անոնց ընթացքին անոնց միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւններուն ու արծարծուած հարցերուն մասին, որոնց թեման գրական եւ գեղարուեստական հարցերու կողքին ընդգրկած է մասնաւորաբար կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ապրող հայութեան օտարամոլութիւնը եւ անոր դէմ պայքարի միջոցներու որոնումը: Այդ վիճաբանութիւններու եզրայանգումը եղած է այն, թէ գրականութիւնը, երաժշտութիւնը ու ընդհանրապէս հոգեւոր մշակոյթի զարգացումը կը հանդիսանան հայապահպանման լաւագոյն զէնքը:
    Գիտագործական բաժնին մէջ Գէորգ Ստեփանեան կը վերլուծէ ադրբէջանցիներու ցեղային ծագումնաբանութեան խնդիրները՝ փաստագրական տուեալներով ժխտելով անոնց ազնուական ծագում ունենալը:
    Նոյն բաժնին մէջ Փառանձեմ Մէյթիխանեան կը կատարէ «Եղեռն բառի լեզուական քննութիւնը»:
    Գրախօսութիւններ բաժնին մէջ, յաջորդաբար Գէորգ Ստեփանեան եւ Մուրատ Հասրաթեան ունին հակիրճ երկու գրախօսականներ, առաջինը Արտակ Մաղալեանի «Արցախի մելիքութիւնները եւ մելիքական տները 17-19 դարերուն» գիրքի մասին, հրատարակուած՝ 2007-ին, Երեւան: Իսկ երկրորդը Համլեթ Պետրոսեանի «Խաչքար. ծագումը, գործառոյթը, պատկերագրութիւնը, իմաստաբանութիւն» գործին մասին, հրատարակուած՝ 2008-ին, կրկին Երեւան:
    «Վաւերագրեր» բաժնին մէջ տեղ գտած է նաեւ Գոհար Աւագեանի «Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածների արձանագրութիւնները» խորագրեալ եւ Ադանայի ջարդերուն վերաբերեալ արխիւային արժէք ներկայացնող տեղեկագրական բնոյթով:
    Նամակներու շարք մը, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Եղիշէ Դուրեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մատթէոս Իզմիրլեանի միջեւ:
    Թիւը կ՚աւարտի 1933-1939 տարեշրջաններուն «Վէմ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներու մատենագրութեամբ, ուր նշուած են յօդուածի վերնագիրը, հեղինակի անունը, հրատարակութեան տարին ու հանդէսի թիւը, բոլորը՝ բնաբանական դասաւորումով ցուցակագրուած:
    «Վէմ»ի վերահրատարակութեան առիթով անոր առաջին թիւին մասին կատարուած այս ակնարկը նպատակ ունի ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հոն շօշափուած նիւթերու այլազանութեան, ակադեմական մակարդակին ու գաղափարաքաղաքական ուղղուածութեան վրայ, նկատել տալով, որ «Վէմ»ը հայ ժողովուրդի մասին պատմագիտական, գրականագիտական, մշակութային, հնագիտական, գեղարուեստական, յուշագրական, ընկերաբանական, տնտեսագիտական ու այլ ուսումնասիրութիւններով կը միտի հայ նոր սերունդին ու յատկապէս անոր քաղաքականացած ու յանձնառու հատուածին համար ստեղծել կարելիութիւնը՝ փաստագրական տուեալներու հիմամբ, առարկայական ու գիտական մօտեցումով ճանչնալու ազգը, որպէսզի պատրաստ ըլլայ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու միտումով տարուող ռազմավարութեան դէմ լաւագոյնս պայքարիլ: «Վէմ»ը նաեւ հայ ուսուցիչին, հրապարակագրին ու հանրային գործիչին համար կարեւոր աղբիւր պիտի ըլլայ վերաթարմացնելու իրենց գիտելիքները. վերջապէս, ան պիտի նպաստէ ընթերցասէր հասարակութեան ընդհանուր զարգացման:
    Նման լուրջ հրատարակութեան մը նպաստը հայագիտութեան անթերի եւ ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ հանդէսը լոյս տեսնէր մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, ինչպէս նաեւ խմբագրութիւնը յօդուածագիրներէն խնդրէր գիտական եզրաբանութիւններուն հայերէն սահմանումներու գործածութիւնը: Ասով հանդերձ, «Վէմ»ի նոր հրատարակութիւնը իր բովանդակութեամբ, գիտական մակարդակով, գաղափարական խորքով ու պատմաքաղաքական ուղղութեամբ կու գայ հարստացնելու ցարդ հրատարակուող հայագիտական հանդէսներու սեղմ շարքը:

    Յ. ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
    «ԱԶԴԱԿ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. «Վէմ» համահայկական հանդէս

    Վրիպում եւ ճշտում՝
    Մեջբերում Tigris-ի խոսքերից Նայել գրառումը
    Գիտագործական բաժնին մէջ Գէորգ Ստեփանեան կը վերլուծէ ադրբէջանցիներու ցեղային ծագումնաբանութեան խնդիրները՝ փաստագրական տուեալներով ժխտելով անոնց ազնուական ծագում ունենալը:
    Գիտագործական բաժնին մէջ Գէորգ Ստեփանեան կը վերլուծէ ադրբէջանցիներու ցեղային ծագումնաբանութեան խնդիրները՝ փաստագրական տուեալներով ժխտելով անոնց աղուանական ծագում ունենալը:

    «Վաւերագրեր» բաժնին մէջ տեղ գտած է նաեւ Գոհար Աւագեանի «Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածների արձանագրութիւնները» խորագրեալ եւ Ադանայի ջարդերուն վերաբերեալ արխիւային արժէք ներկայացնող տեղեկագրական բնոյթով:
    «Վաւերագրեր» բաժնին մէջ տեղ գտած է նաեւ Գոհար Աւագեանի «Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածների արձանագրութիւնները» խորագրեալ եւ Ադանայի ջարդերուն վերաբերեալ արխիւային արժէք ներկայացնող տեղեկագրական բնոյթով նամակներու շարք մը, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Եղիշէ Դուրեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մատթէոս Իզմիրլեանի միջեւ:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Վերլուծություններ, հոդվածներ, լուրեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 23.06.2010, 13:38

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •