«ԲԱՌԵՐԻ ՈՍԿԻՆ»
(ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)
(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ)
2009-ին, աշխատասիրութեամբ հայրենի բանասէր, գրականագէտ եւ արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեանի (Եուրի Խաչատրեան), Երեւանի Սարգիս Խաչենց հրատարակչութիւնը «Փրինթինֆօ» ՍՊԸ ARS POETICA մատենաշարով լոյս ընծայեց բանաստեղծ եւ արձակագիր Կոստան Զարեանի (1885-1969) «Բառերի ոսկին» խորագրեալ ծաւալուն հատորը, որ կը բաղկանայ 688 էջերէ եւ կը բովանդակէ Զարեանի ցարդ հրատարակուած եւ անտիպ բանաստեղծութիւնները։
Կոստան Զարեան կանուխ տարիքին մուտք գործած է գրական ասպարէզ, ստորագրելով ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով թէ՛ արձակ եւ թէ չափածոյ գրութիւններ։ 1910-էն ետք միայն սկսած է գրել հայոց լեզուով իր մտերիմ բարեկամներէն բելգիացի բանաստեղծ Էմիլ Վերհարնի թելադրանքով։
«Օրերի պսակը» միակ քերթողագիրքն է, զոր Կոստան Զարեան գրած է հայերէնով իր կենդանութեան եւ հրատարակած՝ 1922 թուականին Մ. Տէր Սահակեան տպարանը, Կ. Պոլիս։
Հետագային, 1971-ին, «Օրերի պսակը» քերթողագիրքը կը վերահրատարակուի «Բեմ» հրատարակչութեան կողմէ, Բեյրութ։
Կոստան Զարեան գրած է բազմաթիւ չափածոյ գրութիւններ մինչեւ մահ, սակայն անոնք մնացին անյայտ եւ անծանօթ ընթերցող հասարակութեան։
Այս իրողութիւնը Երուանդ Տէր Խաչատրեան կը բացատրէ՝ թուելով կարգ մը պատճառներ։ Բայց, ըստ իրեն, հիմնական պատճառը այն է, որ Կոստան Զարեան չէ հրապարակած իր բանաստեղծութիւնները իրենց ժամանակին։ Այսուհանդերձ, կ՚ըսէ, թէ Զարեանի բանաստեղծական բովանդակ ժառանգութիւնը, հակառակ այս երեւոյթին, կը պահէ իր հմայքն ու գրաւչութիւնը գեղապաշտ սերունդի վաւերական գրողներու գրական ստեղծագործութիւններու շարքին։
Ըստ Երուանդ Տէր Խաչատրեանի, «Օրերի պսակը» խորագրեալ ստեղծագործութեամբ, Կոստան Զարեան կը ներկայացնէ Մեծ եղեռնի աննախընթաց ողբերգութիւնը, այս կապակցութեամբ, Զարեան կ՚ըսէ, թէ բանաստեղծութիւնը եթէ օտար ազգերու համար գեղեցկութեան նուաճում է, սակայն հայուն համար բանաստեղծութիւնը «հոգեկան հաց է», «վիճակ է եւ կոչում», «հայ ոգու արմատի արմատն է» եւ «մանաւանդ մարդկայինին մարդկայինը վերադարձնող հոգեկանութիւն»։ Կ՚ըսէ, թէ բանաստեղծը այս բնորոշումով կրնայ երգել իր ազգին տառապանքը եւ զայն արտայայտել յուզիչ պատկերացումներով։
Պէտք է ըսել, թէ Կոստան Զարեանի քերթողական գործերուն մէջ կը ծաւալի մեղմ ու քաղցր թախծութիւն մը, որ կը կազմէ ենթահողը իր խոհական ապրումներուն։ Այս մտավիճակը կը բացայայտուի «Օրերի պսակը» քերթողագիրքէն մէջբերուած հետեւեալ տողերով.
«Խոհերս այսօր
մի ցաւ են աղուոր -
երազի գըլգլուն մեղմազանգ տրտունջ»։
Յիշեալ տողերու թելադրականութեամբ, Զարեան կը պարուրուի անկարեկիր տրտմութեամբ եւ պահ մը կը տարուի մտածելու, թէ՝
«Սե՛ւ է հացը սեղանի վրայ
օրերի։
Ու ժամերը օձապսակ
մեր բախտի,
կաքաւում են, խօլ եւ անյագ
այն աւերակ, խոպան հանդում
որուն մարդիկ կեանք են ասում»։
Հայ ժողովուրդի արիւնոտ տառապանքը կը նկարագրէ Զարեան ձիւնին վրայ թառած թեւաբեկ ու վիրաւոր աղաւնիի մը այլաբանական կերպարով, ուր կենսախայտ ջերմութիւն կը հայցէ ձիւնէն.
«Նա զարնում էր ձիւնը սաւանացած՝
որպէսզի տաք լինի թեւին
որպէսզի տաք լինի մարմինիկին։
Բայց ձիւնը տաք չտուաւ,
աչքերը սառած
աղաւնին մեռաւ», կ՚ըսէ բանաստեղծը։
Զարեանի «Օրերի պսակը» քերթողագիրքին մէջ համատարած երեւոյթ մըն է տխրութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ հայոց Մայր եկեղեցին, ուր ողբերգ մը կու լայ «խոնարհ ու դժբախտ մի Աստուածածին»։ Եւ ակնարկելով այս դառնակսկիծ իրողութեան՝ Զարեան կ՚ըսէ.
«Այնտեղ եղերգի ես վեհ վարդապետ
ես պատարագիչ նոր խորհուրդների,
սաղմոս եմ ասում ասուպների հետ,
ծնծղայ եմ շարժում խայթող ցաւերի
եւ խաչուած մարդի հոսուն արիւնից,
սպաննուած մարմինից՝
ոսկեզարդ սկիհում իմ տաղերգութեան
մասունք եմ վառում հեծող տրտմութեան»։
Տխրութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ հայրենիքը իր բովանդակ էութեամբ, որուն դաշտերը, լեռներն ու աղբիւրները ունին մելամաղձոտ մեղեդիներ։ Զարեանի բնութագրած հայրենիքը այն երկիրն է, ուր սարերն ու հովիտները ունին ցաւոտ յիշատակներ, այստեղ՝ վիշապներ եւ վայրի սողուններ.
«Նենգոտ ոստերով պարեր բռնեցին,
այստեղ դժոխքի սեւ փողը հնչեց
սեւ փողը ոճիր ոռնացող կանչի,
պատռած միսերի ծնծղանը ձայնեց։
Այստեղ սողացին ստուերները մահի»։
Այսուհանդերձ, կ՚ըսէ Կոստան Զարեան, մեր հայրենիքը, հակառակ աղքատ ու դժբախտ ըլլալուն եւ հակառակ իր կրած ահաւոր տանջանքներուն, «Հրաշքների՜ երկիր է», որ ունի ապրելու ներզօր ուժականութիւն, յարատեւ եռանդ եւ իր ապագայ երազը քանդակելու ունի հրաշազօր կամք։
Երուանդ Տէր Խաչատրեան կ՚ըսէ, թէ «Օրերի պսակը» քերթողագիրքի «Ասացուածներ»ը Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգստեան երգեր են, որոնց մէջ յատկանշական է «Ասացուած կախաղան բարձրացողի համար» բանաստեղծութիւնը, ուր Զարեան կ՚ոգեկոչէ յիշատակը նահատակ գրագէտ Գեղամ Բարսեղեանի։
Երուանդ Տէր Խաչատրեան կ՚ըսէ, թէ Կոստան Զարեան խորապէս կը յուզուի, երբ Եղեռնի զոհերէն՝ Կոմիտաս Վարդապետ կը վախճանի Փարիզի Վիլ Ժուիֆ հիւանդանոցին մէջ, 1935 թուականի հոկտեմբերի 22-ին։ Ապա, 1936-ի մայիսին, Կոմիտասի աճիւնը կը փոխադրուի Երեւան։ Այս տխուր առիթով Զարեան կը գրէ հանճարեղ երաժիշտին մասին սրտառուչ բանաստեղծութիւն մը, որմէ կը ներկայացնենք հետեւեալ հատուածը.
«Բարի ճանապարհ, վարդապետ, վերադարձ բարի...
Դիակառքիդ մօտից, գարունն էլ ահա,
ծամերը թափած,
Սահում է կամաց, մատերը դնում
երկնակամարի
Սրինգների բիւրեղ ձայների վրայ,
Որպէսզի դեղնած շրթերիդ ծայրի
վշտահար գիծը,
Աշխարհը խաւար մեռած աչքերիդ,
Օտար քաղաքի արեւով մեկնեն
եւ ճառագայթի
Ճակատդ ըմբոստ։
Բարի ճանապարհ, վարդապետ,
վերադարձ բարի...»:
Արդարեւ, գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան տարած է խմբագրական խղճամիտ աշխատանք՝ երեւան հանելով, համադրելով եւ ծաւալուն հատորի վերածելով մամուլի էջերուն ցրուած կամ ցարդ անտիպ մնացած Կոստան Զարեանի բազմաթիւ բանաստեղծութիւնները։ Պէտք է ըսել, թէ առանց Տէր Խաչատրեանի գովելի նախաձեռնութեան, Կոստան Զարեանի բանաստեղծական լրիւ վաստակը պիտի մնար գրասէր ընթերցողներու լայն խաւին համար անյայտ եւ անծանօթ գեղեցկութիւն մը...
Կը գնահատենք Երուանդ Տէր Խաչատրեանի անձին մէջ ճաշակաւոր խմբագիրն ու հմուտ բանասէրը, որ օժտած է Կոստան Զարեանի «Բառերի ոսկին» հատորը «Ծանօթագրութիւններ» եւ «Բանաստեղծութեան ուղին» խորագիրները կրող մատենագիտական զոյգ բաժիններով։



Մեջբերել