ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Հայրենի աղբիւրներ,
Ամանորի խորհրդաւոր լուսածագին,
Երբ ձեր պայծառ ակունքներէն յորդաբուխ
Պահ մը ոսկի եւ մարգարիտ կը հոսի,
Ո՞վ արդեօք ձեզ կու գայ այցի
Եւ հոգիին դատարկ սափորը կ՚երկարէ
Ձեր գանձերուն անսպառ:
Հայրենի աղբիւրներ,
Ձեր ջուրերուն բիւրեղ արծաթն ու ոսկին,
Գիտեմ, ի զուր կը հոսին
Ամայութեան մէջ չարաշուք
Մեր հրկիզուած շէներուն,
Մեր սգաւոր, անտառներուն, լեռներուն...
Հայրենի աղբիւրներ,
Ո՛չ ոք, ո՛չ ոք մեզմէ զատ
- Ձեր հարազատ զաւակներէն տարագիր -
Գիտէ գաղտնիքն հրաշազան
Ձեր ջուրերու ոսկեհնչիւն համերգին,
Որ մեր հողին ընդերքներէն կը ժայթքէ.
Ո՛չ ոք, ո՛չ ոք մեզմէ զատ
Կրնայ հասնիլ ձեր ոսկեղէն խորհուրդին,
Ադամանդեայ ձեր լոյսին,
Որ դարաւոր մեր անցեալէն կը բխի:
Հայրենի աղբիւրներ,
Երկրէ երկիր մենք ահա
Կ՚ըմպենք օտար աղբիւրներէ անհամար
Ու կը մնանք միշտ ծարաւ,
Մեզ կ՚օրօրեն բազում ջուրեր խոխոջուն
Եւ ալեակներ ներդաշնակ,
Բայց մեր արեան մէջ անվերջ
Անմահական կարկաչը ձեր կը հնչէ...
Հայրենի աղբիւրներ,
Մեղրի պէս քաղցր ու կաթի պէս հարազատ,
Հրատոչոր պապակը մեր շրթներուն
Ձեզ կ՚որոնէ ամէն տեղ.
Անդնդախոր պարապը մեր սրտերուն
Դուք լոկ կրնաք լեցնել
Ձեր խայտանքով սիրազեղ:
Հայրենի աղբիւրներ,
Աւանդական այս պահուն,
Ամանորի խորհրդագեղ այգաբացին,
Ձեր ակերէն անխափան
Արդեօք հիմա դարձեալ ոսկի՞ կը հոսի
Թէ ձեր ջուրերն են պղտոր,
Վշտի արցունք, հեկեկանք,
Կարօտի կանչ, ընդվզումի յորդ հեղեղ
Եւ անէծքի դառն թոյն...
Հայրենի աղբիւրներ,
Ձեր ջուրերուն չափ յորդահոս հաւատքով
Օր մը կրկին պիտի դառնանք մենք ձեզի
Եւ արբեցած ձեր գինիով անապակ՝
Պիտի մեր կեանքը ծաղկի,
Ձեր ջուրերուն պէս լուսեղէն եւ անմահ...
Մ. ԻՇԽԱՆ



Մեջբերել