ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՎ ՏԱՐԲԵՐՈՒԱԾ
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԷ ՄԸ Ի ՎԵՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ՕՏԱՐԱԼԵԶՈՒ ՎԷՊԵՐՈՎ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԻՐԵՆՑ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՆԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԵՂԵԼ ԱՆՈՐ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ՝ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։ PETER BALAKIAN-Ի «BLACK DOG OF FATE»Ը ՑԱՐԴ ԱՄԷՆԷՆ ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑԸ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ԳՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ՍԵՌԻՆ ՄԷՋ։ ԱՅԺՄ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՈՍԿԱՆԵԱՆԻ ՌՈՒՄԱՆԵՐԷՆՈՎ ԳՐԻ ԱՌԱԾ «ՔԱՐԹԻԱ ՍՈՓԹԵԼԸՐ»Ը (ՇՇՈՒԿՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔ, 528 ԷՋ) ԵՒՍ ԳՐԱԿԱՆ, ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՏԻՊԱՐՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐՈՒՄՈՎ, ԻՆՉՊԷՍ Ի ՅԱՅՏ ԿՈՒ ԳԱՅ «ՀԱԱՐԵՑ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ-ՌՈՒՄԱՆԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՌԻՐԻ ՍԻԼՎԻԱ ՄԷՅՆԸՐԻ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԷՆ
Ոչ ոք կ՚ակնկալէր, որ Վարուժան Ոսկանեան գրէր ռումանական գրականութեան լաւագոյն վէպը։ Ի վերջոյ ան մինչեւ վերջերս Ռումանիոյ դրամական հարցերու նախարարն էր։ Ան տնտեսագէտ է եւ թուաբանագէտ, տաղանդաւոր հռետոր, փայլուն մտաւորական, Ռումանահայերու (ռումինահայերու-Տ.) միութեան նախագահը եւ փոխնախագահը
Ռումանիոյ գրագէտներու միութեան։
Թէեւ ան բանաստեղծութիւն գրած է անցեալին, սակայն այս գիրքը (որ տակաւին անգլերէնի չէ թարգմանուած) բոլորովին տարբեր է։ Անոր առաջին արձակ գործին՝ «Շշուկներու գիրք»ին առաջին էջէն կը պատահի անհաւատալին եւ անակնկալը յստակ է ու հզօր. ասիկա դասական գործ մըն է, գրական ճշմարիտ ոգեկոչում մը։ Ոսկանեանի շշուկները իրապէս կը կախարդեն։ Անկախ մշակութային պատկանելիութենէ կամ քաղաքական-գրական առնչութենէ՝ ընթերցողներ կ՚արիւնին կորսուածներուն հետ, կը հետապնդուին եւ խոյս կու տան անոնց հետ եւ կը դառնան հայեր՝ անոնց պէս։
Ոսկանեան, ռումանահայ մը, ինչպէ՞ս կը յաջողի պատկերել դէպքերը եւ միաժամանակ բարձրացնել ընթերցողը եւ խորացնել անոր մարդկային արժէքներու ըմբռնումն ու հաւատքը։ Ինչպէ՞ս ան կը ստեղծէ խօսակցական լեզու մը, որ ունի տիեզերական վաւերականութիւն։ Առանց քարոզելու, առանց յուզականութեան եւ առանց գերակշռող յանցանքի զգացումի՝ ան թոյլ կու տայ, որ իրողութիւնները խօսին իրենց մասին, միաժամանակ դառնալով հետզհետէ աւելի վստահելի եւ համոզիչ պատմող մը, որ կը բացատրէ անհասկնալին։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան դէպքերը պատկերելով՝ Ոսկանեան կ՚արթնցնէ մեր սեփական փորձառութիւնները, մեր ցաւն ու մեր կեանքը, զորս ապրած ենք արիւնալի 20-րդ դարուն, առանց վահանի եւ զրահանդերձի, մեր քայքայուած կեանքը։ Քայքայուած, սակայն վերապրող եւ վերակենդանացող, որպէսզի առիթ տայ մեզի յայտարարելու՝ մենք գոյութիւն ունինք, մենք վերապրած ենք եւ այժմ պէտք է նաեւ գոյատեւենք իբրեւ մարդ՝ հակառակ պատահածին եւ անոր պատճառով։
«Մենք չենք տարբերիր մեր ինքնութեամբ, այլ կը տարբերինք մեռելներով, զորս մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սգայ», կ՚ըսէ վիպասանին մեծ հայրը՝ Կարապետ, Մոլդովայի փոքրիկ մէկ գիւղին՝ Ֆոչսանիի մէջ։ Կարապետ, որ կը շեշտէ, թէ բոլորէն աւելի համով է հովին համը, եւ կը հաւատայ, թէ այնքան ատեն որ կ՚ապրինք, անմահ ենք, նմանութիւն մը կը գտնէ հայկական գորգերուն եւ Աստուածաշունչին միջեւ։ «Երկուքին մէջ կարելի է գտնել ամէն ինչ, արարչագործութենէն մինչեւ այսօր», կ՚ըսէ ան։
Մեծ հայրը ունէր «գրեթէ քանթեան» աշխարհահայեացք մը. «Երդիքը գլխուդ վերեւ, խորանը աչքերուդ առջեւ եւ փափուկ գորգը ոտքերուդ տակ»։
Իրականութեան մէջ «Շշուկներու գիրք»ը կը պարունակէ նաեւ այլ գիրք մը, որ ամբողջութեամբ կը բաղկանայ անտարբեր երեւոյթով այս մեծ հօր սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուած իմաստութեան մարգարիտներէն. «Մի՛ աճապարեր,- կ՚ըսէ ան,- շահողը հազուադէպօրէն բուն յաղթողն է։ Պատմութիւնը կերտած են պարտուածները եւ ոչ՝ յաղթողները։ Ի վերջոյ յաղթանակ՝ կը նշանակէ դուրս գալ պատմութենէն։ Ճիշդ այս պատճառով Կարապետ մեծ հայրը կը մտածէր, թէ իրական հերոսները, որոնք պատմութիւն կը կերտեն, հրամանատարները չեն, այլ՝ բանաստեղծները, իսկ բուն պատերազմները պէտք չէ փնտռել ձիերուն սմբակներուն տակ»։
«Յաղթանակը,- կ՚ըսէ Սդարաք մեծ հայրը, որ կու գայ Քրայովայէն,- ուրիշներուն արիւնը թափելու ուժը չէ։ Յաղթանակը սեփական արիւնը թափելու ուժն է»։
Իւրաքանչիւր մեծ գրագէտ ամէն բանէ առաջ բանաստեղծ է։ Այս վէպին իւրաքանչիւր մասնիկը հարուստ է փոխաբերութեամբ։ Հեղինակը կուռ եւ ճշգրիտ բառերու գործածութեամբ կը ստեղծէ զգացական ելեկտրական լարուածութիւն մը. կարծէք ընթերցողը մաս կը կազմէ պատահող դէպքերուն։ Երբ ռուս զինուոր մը կը սպառնայ պատմողին մեծ հօր եւ կը հրամայէ հեռանալ փողոցէն, հեղինակը կը գրէ. «Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ է լռութիւնը, եթէ իր թիկունքին լսած չէ զէնքի մը բլթակին ձայնը»։ Ուրիշ տեղ մը բանտը կը նկարագրուի իբրեւ խոնաւութիւնը, որ կու գայ եւ կ՚երթայ, «եւ այն վայրկեանին, որ կը թափանցէ ոսկորներուդ մէջ, զայն կը կրես ներքուստ»։
Գիրքը կը յաջողի խորասուզուիլ մեր հոգիին մէջ՝ հաւանաբար իր բանաստեղծական տիպարներուն հարստութեամբ, եւ որովհետեւ «հոգին չի կրնար մտածել պատկերի մը բացակայութեան», ինչպէս սորվեցուցած է մեզի Արիստոտել։
«ԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՂԻ»
Իր մեծ հայրերուն ընտանիքներուն յուշերը պատմելէ ետք (գրեթէ բան չենք գիտեր անոր ծնողներուն ընտանիքներուն մասին), հեղինակը կեանքի կը կոչէ հայկական իր դիւցազներգութիւնը, որ կը գոյատեւէ եւ կը ժայթքի բաց վէրքերէ։ Այսուհանդերձ, ան կը գրէ. «Իւրաքանչիւր բաց վէրք սկիզբն է անաւարտ ուղիի մը։ Կը վնասուիս այն չափով, որ կը դարմանուի անիկա»։ Իսկ մեռելնե՞րը։ «Մեռելները իրենց բնակարանէն փոխադրուած են դարաններուն վրայ դրուած լուսանկարներուն մէջ» կամ՝ «Լուսանկարը վերածուած է ներողամտութեան այն խնդրանքին, զորս կ՚ուղղեն անոնք, որոնք այս խուճապահար դարուն հեռացան՝ հրաժեշտի ժամանակ չունենալով»։
Վերգիլիոսի ցուցմունքներով՝ Դանթէ բանաստեղծի իր երեւակայութեան մէջ կառուցած է դժոխքի մռայլ տարածքները։ Ոսկանեան մեզ կ՚առաջնորդէ 20-րդ դարու սկիզբը իր ժողովուրդին ապրած դժոխքին ընդմէջէն։ Ան մանրակրկիտ կերպով կը վերակառուցէ այս դժոխքը՝ հիմնուելով պատմական արձանագրութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ իր սեփական ներշնչումին իբրեւ բանաստեղծ եւ գրագէտ։
Հեղինակը զայրոյթով չի դիտեր անցեալը։ Ան կ՚ապրի ներկային մէջ եւ մեզ կը տանի իրեն հետ։ Ընթերցողին համար յստակ է, որ եթէ ծնած ըլլար այլ վայրի մը եւ այլ ժամանակի մը մէջ, կրնար նոյնինքն իր նկարագրած հայերէն մէկը ըլլալ։
Հեղինակին համաձայն, «մահէն աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ յիշողութիւնը»։ «Իմ մէջս կը կրեմ բազմաթիւ կեանքեր. ամէնէն իրական կեանքերը օձերու պէս փնջուած այն կեանքերն են, զորս չեմ ապրած», կը գրէ ան։
«Շշուկներու գիրք»ին մէջ իւրաքանչիւր տիպար իւրայատուկ է եւ իրական պարագայ մը։ Ոսկանեան, որ չի պատկանիր անոնց ժամանակաշրջանին, չէր կրնար ապրած ըլլալ անոնց կեանքերը։ Սակայն իւրաքանչիւր տիպար, զոր ան կը պատկերէ իր եզակի սովորութիւններով, երազներով եւ պատմութեամբ, կը միանայ միւս տիպարներուն՝ կազմելու համար անձերու փունջ մը։ Այս անձերը իրարու կ՚աղերսուին մարդկային պատուհասի մը կապերով եւ նեարդներով։ Պատուհաս մը, որ հայերը կը նկատէր մարդկային զանգուած մը, զոր պէտք էր բնաջնջել։ Ոսկանեան կը գրէ. «Այն բոլոր միջոցները, զորս անոնք ի գործ դրին հայերը սպաննելու համար Անատոլիայի ճամբաներուն վրայ, ծառայեցին նացիներուն՝ ընդդէմ հրեաներուն, այն տարբերութեամբ, որ նացիական արգելավայրերուն մէջ հրեաները թիւեր ունէին իրենց թեւերուն»։
Զարմանալի է, որ նոյնը կը տեսնենք նաեւ հայերուն քով. այն սերունդը, որ վերապրեցաւ ցեղասպանութենէն, նոյնիսկ անոնց զաւակները, չէին խօսեր Անատոլիայի մէջ ապրուած սարսափներուն մասին։ Վերապրողներու սերունդը մահացած է եւ անոնց հետ թաղուած են անոնց յիշողութիւնները։ Յանկարծ երրորդ սերունդը անդրադարձած է, թէ ոչինչ գիտէ իր ընտանիքին եւ ժողովուրդին սպանդին մասին։ Արդեօք ասիկա հոգեկան խո՞ց մըն է, որ կը շարունակուի ամբողջ կեանք մը, յանցա՞նք է, ամօ՞թ։
Բեռլինի մէջ 2007-ի Գրականութեան միջազգային փառատօնին պատուոյ հիւրը՝ Դաւիդ Գրոսման իր խօսքին մեծ մասը յատկացուցած էր այս երեւոյթին։ Հետաքրքրական է, որ ան «շշուկներ» բառը գործածած էր պարունակի մը մէջ, որ կը բացատրէր, թէ ինչո՛ւ կը մերժէր պատասխանել իր զաւկին հարցումին. «Ի՞նչ ըրին հրեաները։ Չուզեցի ըսել իրեն, թէ ի՛նչ ըրին։ Ես, որ հասակ նետած էի նոյն լռութեան մէջ եւ կտրատ շշուկներով, որոնք զիս լեցուցած էին զանազան վախերով եւ մղձաւանջներով, գրած էի գիրք մը՝ տղու մը մասին, որ կը խելագարի՝ իր ծնողներուն լռութեան պատճառով, յանկարծ կը հասկնային ծնողներս եւ բարեկամներուս ծնողները, որոնք նախընտրած էին լուռ մնալ,- ըսած էր Գրոսման։- Կը զգայի, որ եթէ ըսէի, նոյնիսկ եթէ զգուշութեամբ ակնարկէի պատահածին, իմ 3 տարեկան մանչիս մաքրամաքուր էութիւնը ձեւով մը պիտի ապականէր, եւ թէ՝ այն վայրկեանին, որ նման բրտութեան մը կարելիութիւններով սկսէր կազմուիլ անոր մանկունակ եւ անմեղ գիտակցութիւնը, ան երբեք նոյն մանուկը պիտի չըլլար։ Ան այլեւս բնաւ մանուկ մը պիտի չըլլար»։
Ամենադոյզն կասկածը չկայ, թէ նմանութիւն մը կայ Գրոսմանի լռութեան, անոր կտրատուած շշուկներուն եւ Ոսկանեանի գիրքին մէջ պատկերուած շշուկներուն միջեւ։ Այնպէս՝ ինչպէս գեղանկարիչ մը բազմաթիւ գոյներ իրարու կը խառնէ իւրայատուկ երանգ մը ստեղծելու համար, նոյնպէս ալ «Շշուկներու գիրք»ը լեցուն է թիւերով, տուեալներով, պատմական փաստերով եւ գրական դիմանկարներով, որոնք մեզ աստիճանաբար կը մօտեցնեն իրականութեան պատկերին։ Թերեւս սովորական գրագէտ մը պիտի չյաջողէր փոխանցել ճշգրիտ եւ մանրակրկիտ այս մանրամասնութիւնները կամ թերեւս անձնատուր պիտի ըլլար զգացական եւ բարոյախօսական զեղումներու։ Սակայն Ոսկանեան սովորական գրագէտ մը չէ։ Ան գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի նաւարկէ շքեղօրէն եւ վայելչութեամբ, դիցաբանական այն ոլորապտոյտ աւազանին մէջ, ուր հրէշ մը կուլ կու տար նաւավարները:
Պատրաստող՝
Լ. Կիւլոյեան-Սրապեան
«
ԱԶԴԱԿ»