ՀԱՅ ԳՈՂԳՈԹԱՆ
ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՊԱԼԱՔԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊՐԱԾ ԱՅՆ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆ Է, ՈՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ, ՍԱԿԱՅՆ ԽՈՅՍ ՏՈՒԱԾ Է ԱՔՍՈՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ԵՒ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ԾՊՏՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԵԼՈՎ՝ ԳՐԻ ԱՌԱԾ Է ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲՆԱՋՆՋՈՒՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՀԱՅ ԳՈՂԳՈԹԱՆ»։ ԱՆՈՐ ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐԻ, ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԵՂԲՕՐ ԹՈՌԱՆ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏ PETER BALAKIAN-Ի ԵՒ ԱՐԻՍ ՍԵՒԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ։ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ «WORDS WITHOUT BORDERS» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻԹԻԼԻ ՌԱՈ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԵՒ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ համայնքի ղեկավարներ 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուեցան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Անոնց շարքին էր Գրիգորիս Պալաքեան, հայ վարդապետ մը։ «Կարծէք բոլոր ականաւոր հանրային դէմքերը՝ ազգային ներկայացուցիչներ, յեղափոխականներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, դրամատուներու պաշտօնեաներ եւ մայրաքաղաքին մէջ ուրիշներ ժամադրուած էին հանդիպելու բանտի այս մութ խուցերուն մէջ», գրած է ան հետագային։ Պալաքեան ականատես կը դառնար մշակութային բնաջնջումի պայքարի մը, որ սկիզբ կ՚առնէր, եւ կազմակերպուած էր թրքական պետութեան կողմէ։ Քանի մը օրուան մէջ անոր հետ բանտարկուած հայերէն շատերը շոգեկառքով տարուած էին դէպի ստոյգ մահ՝ կեդրոնական Թուրքիոյ հովիտներուն մէջ։ Յաջորդ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ուրիշներ պիտի հետեւէին ձիով, ձիակառքով, էշով եւ հետիոտն՝ մեռնելու համար հիւսիսային Սուրիոյ հեռաւոր անապատներուն մէջ։
Կոստանդնուպոլսէն 200 մղոն դէպի արեւելք՝ Չանղըրիի բանտին մէջ կաշառքով երկարաձգուած բանտարկութենէ մը ետք, Պալաքեանի կարաւանը սկսած է իր տանջալից երթը դէպի Տէր Զօր, սուրիական այն հեռաւոր տափաստանը, որուն անունը հոմանիշ պիտի դառնար ինքնին մահուան։ «Հայ Գողգոթան» գիրքին առաջին հատորը կը նկարագրէ մէկուկէս ամսուան այս ճամբորդութիւնը, զոր Պալաքեան կատարած է հետիոտն, անօթի, յոգնասպառ, վշտահար, մահուան անխուսափելի ուրուականը, ինչպէս նաեւ՝ ճամբուն վրայ սպաննուած կիներու ու աղջիկներու փտող կմախքներն ու երկար մազերով գանկերը։ «Այնպիսի անասելի տանջանքի օրեր կ՚ապրէինք, որ դժուար էր հասկնալ,- կը գրէ Պալաքեան։- Մեզմէ անոնք, որոնք տակաւին ողջ էին, կը նախանձէին անոնց, որոնք արդէն վճարած էին արիւնալի տանջանքի եւ մահուան իրենց անխուսափելի պարտքը»։
Պալաքեան խոյս տուած է 1916-ի ապրիլին, 18 ժամ տեղատարափ անձրեւի տակ քալելով եւ թաքնուելով լքուած ջաղացքի մը մէջ, ապա՝ իր ճամբան գտնելով դէպի այն բազմաթիւ ընտանիքներէն առաջինը, որ ապաստան պիտի շնորհէր իրեն։ Յաջորդ երկուքուկէս տարիներուն ան ինքզինք ծպտած էր իբրեւ երկաթուղիի պաշտօնեայ, այգիի մէջ աշխատող, մտային հիւանդանոցի հիւանդ եւ գերմանացի զինուոր, ապաստան գտնելով բարեկամներու քով եւ՝ ազնիւ օտարականներու, նոյնիսկ որոշ ժամանակ մը առանձին ապրելով անտառին մէջ, մինչեւ Կոստանդնուպոլիս վերադառնալը։ Հոն՝ 1918-ի աշնան ան սկսած է գրի առնել իր տեսածները եւ ականատեսի իր երկար վկայութիւնները։ «Մահուան այս ճամբէն քալելով,- կը խորհրդածէ Պալաքեան, - կը ձգտէի գիտնալ ամէն ինչ, որ կրնայի իմ ցեղիս նահատակութեան մասին։ Նաեւ կը մտածէի, որ եթէ կարելի էր ձեւով մը վերապրիլ, ապա թերեւս կրնայի լոյս սփռել այս ոճրային արարքներուն վրայ»։ Մինչ այդ, Պալաքեանին սեփական պատմութիւնը՝ իրերայաջորդ փախուստներ, ծպտումներ եւ խուսափումներ ծրագրող կրօնաւորի մը ոդիսականը առասպելի վերածուած էր։ Իր սեփական պատմութիւնը վերադարձած էր իրեն, իր ծպտուած վիճակին մէջ, իբրեւ փրկութեան միայն յոյսի պատմութիւն մը։ «Գէթ եթէ վարդապետը ազատէր, ամբողջ թշուառութիւնն ու դժբախտութիւնը ի զուր պիտի չըլլար», խոստովանած էր հայ կին մը իրեն։
Երբ Բալաքեան պատերազմի աւարտին գտած է իր ազատութիւնը, ան զգացած է «ցաւալի եւ ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը՝ գրելու այս պատմութիւնը»։ «Ցեղասպանութիւն» բառը պիտի ստեղծուէր 30 տարի ետք։ Իր վկայած դէպքերը հասկնալու համար Պալաքեան միայն կրնար յիշել լարուածութիւնները թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ, համաիսլամական եւ համաթրքական ազգայնականութիւնը, որոնք յատկանշած էին Ա. Աշխարհամարտին նախորդ տարիները։ Անոր յուշագրութեան մէջ տագնապի մը հունտերը ակներեւ կը դառնան նախքան բռնարարքներուն սկսիլը։ Պետական եւ կառավարական պաշտօնները անհասանելի ըլլալով՝ եւրոպական կրթութիւն ստացած հայ քրիստոնեաներ պաշտօններ կը ստանձնէին սեփական մարզերու մէջ, միջազգային առեւտուրի, բժշկագիտութեան եւ արուեստներու մէջ, ծաղկելով եւ միաժամանակ գրգռելով իրենց դրացի թուրքերուն նախանձը։ Ռուսիոյ օգնութեամբ հայկական անկախութեան մը կարելիութիւնը եւս կը բարդացնէր թրքական պետութեան ռազմավարական յարաբերութիւնը Առանցքի ուժերուն հետ։ 1914-ի փետրուարին գերման-թուրք ընկերակցութեան նոր նշանակուած ներկայացուցիչը՝ պարոն Ռուդիգըր ֆոն դեր Գոլց փաշա կը վիճէր, թէ Թուրքիոյ հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը արգելք էր Օսմանեան կայսրութեան։ «Թուրքիան նոր աղէտէ մը փրկելու համար անհրաժեշտ է, որ մէկանգամընդմիշտ տեղահանուին գաւառներու մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք կը գտուին ռուս-թրքական սահմանին ճիշդ վրան, եւ զանոնք սահմանային այդ շրջաններէն պէտք է փոխադրել դէպի հարաւ, Հալէպի եւ Միջագետքի մօտերը», կը բացատրէր ֆոն դեր Գոլց։
«Տեղահանելու» այս մեղմաբանութեան խորքը շուտով ակներեւ դարձած էր։ Պալաքեան կը գրէ, թէ 1916-ի սկիզբը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը հրապարակաւ յայտարարած էր՝ «Անհրաժեշտ է բնաջնջել հայերը»։ Երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ականաւոր հայ մտաւորականները արդէն աքսորուած էին կամ՝ լռութեան մատնուած, գաղութը զուրկ էր մնացեալ բնակչութիւնը պաշտպանող ղեկավարութենէ։ Պետութեան ի գործ դրած «տեղահանութիւնները» իրականութեան մէջ զոհերը դէպի մահ քալեցնելու եւ զանոնք սովամահ ընելու արարքներ էին։ Մինչեւ անապատներուն խորերը վերապրած աքսորեալներըկ՚ենթարկուէին տեղւոյն գիւղացիներուն յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ՝ բանտէն նոր արձակուած ոճրագործներու, որոնք ներում ստացած էին՝ իրականացնելու համար պետութեան ամէնէն աղտոտ գործերը։ Նման զանգուածային սպանդ մը վերյիշելով՝ թուրք սպայ մը ի գործ դրուած միջոցները Պալաքեանին կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Պատերազմի ժամանակներ են, փամփուշտները սուղ են։ Հետեւաբար մարդիկ իրենց գիւղերէն առած են այն, ինչ որ կրնային առնել՝ կացիններ, տապարներ, մանգաղներ, բրիչներ, մտրակներ, փորիչներ, բահեր եւ սպանութիւնը ըստ այնմ կը գործէին»։ Մեռնելէ առաջ շատեր կը բռնաբարուէին, կ՚անդամահատուէին, կը գլխատուէին։ Մահէն ետք անոնք կը մերկացուէին, անոնց հագուստներուն մէջ պահուած ընտանեկան հարստութիւնը կը կողոպտուէր եւ մարմինները կը լքուէին անապատին մէջ՝ նեխելու համար»։
Թուրքիոյ տարածքին շուրջ 2.5 միլիոն հայեր կ՚ապրէին 1914-ի սկիզբը։ 1918-ին այս թիւը նուազած էր աւելի քան մէկ միլիոնով։ Պալաքեան ապրած էր՝ տեսնելու համար պատերազմին աւարտը, Օսմանեան կայսրութեան քայքայումը եւ հայկական անկախ հանրապետութեան մը ստեղծումը։ Սակայն թրքական պետութեան ի գործ դրած պատերազմի ոճիրներուն իրական հատուցումը պիտի չկատարուէր։ Իրօք, մինչեւ այսօր Թուրքիոյ պետութիւնը կը մերժէ պաշտօնապէս ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը։ Աւելի քան 90 տարի ետք այս բռնարարքները յիշելն ու անոնց համար հատուցում պահանջելը տակաւին կը մնայ անկախ ուսումնասիրողներու, պատմագէտներու եւ իբրեւ ամբողջութիւն՝ սփիւռքի գործը։ Այս դիտանկիւնէն՝ Պալաքեանի ականատեսի ճշգրիտ եւ հեռատես արձանագրութիւնը անգնահատելի արժէք կը ներկայացնէ։
«Հայ Գողգոթան» մասնաւորաբար կը տարբերի իր լայն հայեցակէտով։ Պալաքեան կը խօսէր սահուն հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն, հանգիստ կը հաղորդակցէր հաւասարապէս քաղաքական վերնախաւին եւ աշխատաւոր խաւին հետ։ Անոր դիւանագիտական ճարտարութիւնը եւ կերպարանափոխուելու տաղանդը առիթ տուած են իրեն, որ աւելի քան երկու տարի ապրի կեղծ անուններով եւ ինքնութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ հայեցակէտեր ներառելու պատերազմի դէպքերու իր տեղեկագրութիւններուն մէջ։ «Հայ Գողգոթան» կ՚արձագանգէ այլազան ձայներով, պատերազմին սկիզբը թուրք կարեկից նախարարի մը ծածուկ ազդարարութիւններով, անգաղտնապահութեան պահու մը պետական գաղտնի հեռագիրներու հասողութեամբ, թուրք սպայի մը սառն այն խոստովանութիւններով, թէ ինք դերակատար էր աւելի քան 42 հազար հոգիի մահուան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ գերմանացի, զուիցերիացի եւ աւստրիացի ուղեւոր-ականատեսներու պարզ ոճով գրի առած վկայութիւններով։ Պալաքեան 4 տարի շրջապատուած է այնպիսի անձերով, որոնք վստահ էին, թէ շուտով պիտի գտնէր իր մահը, կամ ոչ մէկ գաղափար ունէին, թէ ապաստան կը փնտռէր։ Իրմէ վախնալու պատճառ չունենալով՝ այս անձերը ազատօրէն կը խօսէին իրեն հետ։ «Հայ Գողգոթան» գիրքին մէջ ան հարազատօրէն կը վերարտադրէ անոնց վկայութիւնները։ Հեղինակին եղբօր թոռը՝ PETER BALAKIAN, որ թարգմանած է գիրքը, հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ ամբողջական տպաւորութիւնը կը նմանի «բազմաձայն ազդեցութեան»։
Սակայն այս գիրքին բաբախող սիրտը ինքնին Պալաքեանի յստակատես եւ վշտաբեկ ձայնն է։ «Ոհ, իմ փորձութիւններս անտանելի էին,- կը գրէ ան,- որովհետեւ ես միակ վերապրած հովիւն էի իմ բնաջնջուած հօտիս։ Սակայն ես ալ աքսորեալ մըն էի եւ թափառական մը»։ Նոյնիսկ թարգմանութեան մէջ Պալաքեանի ցաւատանջ պատմութիւնը կ՚արտացոլացնէ խռովայոյզ բանաստեղծականութիւն մը։ Այն գիշերը, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մտաւորականները «յատուկ շոգեկառք» մը կը բարձրանան՝ իրենց երկար աքսորը սկսելու համար, Պալաքեան կը գրէ. «Կ՚երթայինք դէպի մեր գերեզմանը, անանուն եւ անյայտ, թաղուելու առ յաւէտ»։ Երբ պայմանները կը վատթարանան, ան կը գրէ. «Մեզմէ ոչ ոք կրնար քնանալ կամ ուտել։ Մեր ախորժակը մարած էր՝ մահուան տեւական մղձաւանջէն, կը մխայինք առանց կրակի, կ՚այրէինք առանց բոցի»։ Պատկերաւոր արտայայտութեան Պալաքեանի շնորհը ակներեւ է նոյնիսկ ամէնէն սարսափելի տեսարաններու նկարագրութեան մէջ։ Զանգուածային վայրագ սպանդի մը մասին ան կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդներ «սպաննուած են կացինով, յօտուող ծառերու պէս»։
Թերեւս նման նկարագրութիւններ կը կրեն ազդեցութիւնը թարգմանիչին, որ ինքնին բանաստեղծ է։ Իբրեւ կրօնաւոր՝ Պալաքեան ճիգ թափած է իր գրական հակումները ենթարկելու ականատեսի իր վկայութեան հիմնական պարտականութեան։ Թէեւ անոր բանաստեղծական լեզուն երբեմն կը դեգերի դէպի ոչ ականատեսի դաշտերը, սակայն ան կը զգուշանայ երեւակայական վերարտադրութեան նման փորձերէ։ Տեղեկագրելով իր լսած այն սպանդը, որուն ընթացքին 10 հազար հոգիէ բաղկացած թուրք խուժան մը սպաննած է աւելի քան 6 հազար հայեր, Պալաքեան կանգ կ՚առնէ արիւնահեղութեան տեսարանը չնկարագրելու համար։ «Կարելի է մանրամասնօրէն երեւակայել, եւ գրել նման ոճիրի մը կամ թատերականութեամբ յատկանշուած իրադարձութեան մասին,- կը գրէ ան,- սակայն նման հզօր երեւակայութիւն մը կը պահանջէ ոճրագործներու յատուկ ներքին կարողութիւններ»։ Պալաքեանի գրական տաղանդները բազմատեսակ են։ Անոր երեւակայութեան զօրութիւնն ու վերստեղծելու կարողութիւնը փոքր դեր չեն խաղցած անոր վերապրումին մէջ։ Սակայն ի վերջոյ ոչ թէ ստեղծագործական այս ուժերը, այլ անոր դիտարկութիւններուն եւ փորձառութեան տարողութիւնն է, որ «Հայ Գողգոթան» կը վերածէ Հայոց ցեղասպանութեան ամուր մէկ պատկերին, ինչպէս նաեւ՝ այն հզօր վկայութեան, զոր կը յուսար տեսնել Պալաքեան։
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ - ՍՐԱՊԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»



Մեջբերել