«ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՍՑԷԱԳՐՈՒԱԾ Է ՆԱԵՒ...
Քիչ հրատարակութիւններ ունինք, որոնք հայ մշակոյթի մեծութեան եւ տարողութեան համապատասխան կշիռ կը ներկայացնեն: Կրնանք այդ քիչերէն համարել «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ն ու հայոց պատմութեան նուիրուած բազմահատորեակը՝ հակառակ իրենց միակողմանի ըլլալուն եւ կամ՝ մասնակի թերութիւններուն: Նմանօրինակ երեւոյթի մը դիմաց կը գտնուինք, երբ կը սկսինք կարդալ կամ թերթատել «Հայ արուեստի պատմութիւնը»: Խօսքը կը վերաբերի անցնող տարուան ընթացքին «Զանգակ 97» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած եւ մօտաւորապէս 600 գեղատիպ էջերէ բաղկացած այն հատորին, որուն հեղինակներն են չորս ականաւոր ու վաստակաշատ արուեստաբաններ. Արարատ Աղասեան, Հրաւանդ Յակոբեան, Մուրատ Հասրաթեան եւ Վիգէն Ղազարեան:
Այս հատորին մէջ, գունատիպ պատկերներու ընկերակցութեամբ, կը ներկայացուին հայ ճարտարապետական, քանդակի, մանրանկարչական եւ գեղանկարչական տարբեր շրջաններն ու երեւոյթները՝ սկսեալ նախնադարէն մինչեւ մեր օրերը: Ճարտարապետութեան բոլոր բաժիններու հեղինակը Մուրատ Հասրաթեանն է, քանդակի, մանրանկարչութեան եւ անոնց հետ առնչուող արուեստի տեսակներու մասին եղած ուսումնասիրութիւնները ստորագրած են Հրաւանդ Յակոբեանն ու Վիգէն Ղազարեանը: ԺԸ., ԺԹ. եւ Ի. դարու հայ կերպարուեստի պատմութիւնը գրած, վերլուծած եւ արժեւորած է Արարատ Աղասեան: Իսկ «Սփիւռքահայ արուեստը» բաժնի հեղինակը Վիգէն Ղազարեանն է: Այս բաժինը հակիրճ է, ուրկէ կը բացակայի նաեւ ճարտարապետութիւնը ամբողջութեամբ, հասկնալի պատճառներով:
Ինչպէս հրատարակիչները կը վկայեն, այս խիստ շահեկան եւ արժէքաւոր հատորը «հասցէագրուած է ուսանողներին, մասնագէտներին եւ արուեստասէր հասարակութեանը»: Այս հաստատութեան վրայ կարելի է աւելցնել աւելի կարեւոր հանգամանք մը, որուն կ՚ակնարկէ «Զանգակ 97» հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն Սոկրատ Մկրտչեան: Ան կ՚ըսէ. «Ազգային արուեստի պատմութեան ճանաչումը ազգային ինքնութեան շարունակականութեան նախապայմանն ու երաշխիքն է, իսկ արուեստի պատմութեան որեւէ դրուագի կորուստը կարելի է համեմատել առանց պայքարի յանձնուած հողի հետ»:
Տրուած ըլլալով, որ «ազգային արուեստը ազգային մշակոյթի առանցքն է», եւ տրուած ըլլալով, որ ազգը կը բնորոշուի, կ՚արժեւորուի ու կը գնահատուի իր ինքնուրոյն ու բարձրորակ մշակոյթով, ապա ինքնաճանաչման եւ ինքնութեան փնտռտուքի գործընթացին մէջ «Հայ արուեստի պատմութիւնը» կենսական եւ յոյժ կարեւոր տեղ կը գրաւէ:
Այսօր ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնաորոնման հարցը այժմէական ու հրատապ է, յատկապէս՝ սփիւռքի տարածքին: Գրեթէ ամէն օր ականջալուր կ՚ըլլանք, թէ կան ծագումով բազմաթիւ հայեր, որոնք կ՚որոնեն իրենց արմատները: Քիչ չէ բռնի ուժով իսլամացած այն հայերուն թիւը, որոնց սերունդները եւս այսօր կ՚ուզեն վերադառնալ իրենց պապենական արեան եւ ազգային պատկանելիութեան: Այս իմաստով, այս հրատարակութիւնը կրկնակի արժէք եւ նշանակութիւն կը զգենու մեզի համար: Այս պատճառով այս հրատարակութիւնը հարկաւոր է կատարելագործել ու թարգմանել օտար լեզուներու, որոնց շարքին նաեւ՝ թրքերէնի:
Սփիւռքի հարուստ եւ բազմատեսակ ճարտարապետութիւնն ու կերպարուեստը մէկ կողմէ կապուած ըլլալով մեր ազգային արմատներուն եւ, միւս կողմէ, առնչուելով տեղական, ըսել կ՚ուզենք՝ ոչ հայկական մշակոյթներու հետ, իբրեւ այդպիսին եւս շահեկան եւ հետաքրքրական են՝ թէ՛ մեզի եւ թէ՛ օտարներուն համար: Այս իսկ պատճառով հարկաւոր է գրել սփիւռքահայ ճարտարապետութեան պատմութիւնը եւս եւ համալրել կերպարուեստի բաժինը՝ ներկայացնելու համար զայն ըստ արժանւոյն:
Այս հատորին բովանդակութեան, բնոյթին եւ նպատակներուն մասին որոշ գաղափար մը տալու համար քովի սիւնակներով կ՚արտատպենք Մուրատ Հասրաթեանի գրած յառաջաբանը:



Մեջբերել