Կան գրողներ, որոնք մահէն ետք կը պահեն յաւիտենապէս անմոռանալի յիշատակ մը իրենց ետին՝ շնորհիւ իրենց ստեղծագործական արդիւնաւէտ գործունէութեան։ Այս սակաւաթիւ գրողներու շարքին կը դասուի պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատ, բուն անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան, որ ծնած է Պոլիս, 10 մայիս 1924-ին։ Կանուխ տարիքին գրել սկսած է բանաստեղծութիւններ՝ աշխատակցելով պոլսահայ պարբերական մամուլին։
Ունի քերթողական հարուստ վաստակ մը, որ հետագային ամփոփուեցաւ Բանաստեղծութիւններ Ա. եւ Բ. հատորներու մէջ։
Արդարեւ, «Բանաստեղծութիւններ Ա.» հատորը կը բովանդակէ 364 բանաստեղծութիւններ՝ հրատարակուած 1960-1990 թուականներուն (Մեծ Քաղաքը, Գունաւոր Սահմաններ, Կանանչ հող, Բարի երկինք, Մէկ քարով երկու գարուն)։
Իսկ «Բանաստեղծութիւններ Բ.» հատորը կը բովանդակէ 213 բանաստեղծութիւններ՝ գրուած 1990-2005 թուականներուն («Մաղ մը ջուր», «Ծայրը ծայրին», «Ջուրը պատէն վեր»)։
Զահրատ մահացած է 21 փետրուար 2007-ին եւ թաղուած՝ Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը։
«Դդումի համ» հատորը լոյս ընծայած «Արաս» հրատարակչատան կողմէ կ՚իմանանք, թէ վերոյիշեալ զոյգ բանաստեղծութիւններու կոթողային հրատարակութենէն ետք, գրասէր բարեկամներու կողմէ, Զահրատի ուղղուած այն հարցումին, թէ այսուհետեւ պիտի շարունակէ՞ արդեօք գրել նոր բանաստեղծութիւններ, վաստակաւոր բանաստեղծը իբրեւ հաստատական պատասխան ըսած է, թէ գրելը՝ «ալ ասկէ վերջ դդումի համ կու տայ...»։
Ակնարկելով սոյն հարցին՝ «Արաս» հրատարակչատունը կ՚ըսէ, թէ տեղեակ էր արդէն այն իրողութեան, թէ Զահրատ կը շարունակէր գրել չափածոյ նոր գործեր՝ 2005-2006 թուականներուն եւ ենթահողը կը պատրաստուէր լռելեայն քերթողական նորաշունչ հատորի մը հրատարակութեան, որ լոյս պիտի տեսնէր «Դդումի համ» խորագրով։ Սակայն անակնկալ մահը անաւարտ թողուց Զահրատի ծրագիրը, որ իրագործուեցաւ իբրեւ յետ մահու հրատարակութիւն, շնորհիւ բանաստեղծին կնոջը՝ Անայիս Եալտըզճեանի, բարեկամներուն, «Արաս» հրատարակչատան աշխատողներուն եւ խմբագիր Արտաշէս Մարկոսեանի հետեւողական ջանքերուն, որոնք խանդաղատանքով քաջալեր հանդիսացան Զահրատի «Դդումի համ» հատորի հրատարակութեան։
Այս յղացքով, կ՚ուզենք յայտնել, թէ 2005-2006 թուականներուն գրի առած իր բանաստեղծութիւնները Դդումի համ որակելով՝ Զահրատ կ՚արտայայտէր այն մտավախութիւնը, թէ անոնք կրկնութիւնը պիտի ըլլային նախորդ տարիներու քերթողական իր գործերուն եւ պիտի չյայտնաբերէին միջօրէի արեգակի ներգործութեամբ խորհրդանշուած երիտասարդական իր ապրումները։
Հակառակ իր կեանքի վերջին շրջանի քերթուածներուն նկատմամբ ցուցաբերած ժխտական վերաբերումին՝ դդումի համ չեն արտաբուրեր անոնք: Այս հաստատումը կը բխի այն ճշմարտութենէն, թէ «Դդումի համ» քերթողագիրքը բովանդակող բանաստեղծութիւնները պահած են իրենց զգացական ներքին կրակը:
Իսկ արեւային տեսակարար ջերմութեան կապակցութեամբ Շահան Շահնուր կ՚արտայայտէ հետեւեալ պատկերաւոր մտածումը.- «Կը յիշեմ Հռովմէական եկեղեցիին պատկանող բարձրաստիճան կղերական մը, ֆրանսացի, որ ի պատասխան թերահաւատի մը այն առարկութեան թէ՝ Քրիստոնէութեան պատգամը արդէն գոյութիւն ունէր հին Յոյներուն եւ նոյնիսկ եգիպտացիներուն մէջ, ըսած է.- «Ճիշդ է, յունիսին խաղող կայ, խաղող կայ նաեւ սեպտեմբերին: Բայց երկուքին միջեւ Արեւ մը անցած է»:
Այս առնչութամբ, պէտք է ըսել ,թէ Զահրատի քերթողական նախորդ եւ նոր գործերուն միջեւ անցաւ արեւ մը նոյնպէս, բայց բանաստեղծը կրցաւ անվթար պահել իր ստեղծագործական արուեստի արեւը, որուն լիառատ զօրութեան եւ լուսապայծառ ճառագայթներուն բացաւ քերթողական իր անսպառ ոգեշնչումներուն լուսամուտները:
Այլաբանական իմաստով, այդ արեւը դարձաւ Զարհատի համար երիտասարդական յարատեւ ոգեւորութիւն, որ իր բազմախայտ յատկութիւններով յանդուգն լողորդի վերածեց տաղանդի իր հասունութեան հասած ծերունազարդ բանաստեղծը: Այս յանդգնութեան ցայտուն օրինակն է «81» խորագրեալ քերթուածը.
«Ինծի այնպէս կը թուի
թէ կը լողամ արգիլեալ ջուրերու մէջ
թէ պիտի
Շանաձուկ մը գլուխը հանէ ջուրէն ու սաստէ
- Ի՞նչ գործ ունիս դուն այստեղ-
Եթէ կրնաս
բացատրէ թէ
Ութսունէն վերջ լողալ սորվիլ
հրաշալի բան մըն է»
Արդարեւ, ըստ Զահրատի, արեւ կը նշանակէ ապրիլ կեանքը հին օրերու սահմանազանձ յանդգնութեամբ: Կը նշանակէ ծերութեան տարիքին գրի առած իր բանաստեղծութիւններէն դդումի համ չառնել երբեք, այլ՝ քաղել անոնցմէ սրտառուչ թելադրանք ու խորհուրդ, ինչպէս կը վկայեն «Հետեւաբար», «Նշանակութիւն», «Եզները», «Ստուեր», «Լուսնաշրջան» եւ «Յաւակնութիւն» խորագրեալ քերթուածները:
Իբրեւ եզրակացութիւն՝ կ՚ուզենք հաստատել, թէ Զահրատի «Դդումի համ» խորագրեալ հատորը, հակառակ ծերութեան տարիքի մէջ գրուած ըլլալուն, պիտի պահէ իր քերթողական մշտանորոգ թարմութիւնը...:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»



Մեջբերել