Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 1 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 1 հատից

Թեմա: Բ. Աշխարհամարտը Եւ Մարտիրոս Սարեանը

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Բ. Աշխարհամարտը Եւ Մարտիրոս Սարեանը

    ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԸ ԵՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆԸ

    Հայ մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանը 1941 թուականի պատերազմին բօթը կը լսէ Երեւանի մէջ. անոր կրտսեր որդին՝ Ղազարոսը երկու տարի է՝ կը ծառայէր Կարմիր բանակին մէջ եւ արդէն կը պատրաստուէր տուն վերադառնալու, սակայն կը սկսի պատերազմը, եւ փոխարէնը կը յայտնուի ռազմական գործողութիւններու ամէնէն տաք կէտին վրայ՝ Լվովէն ոչ հեռու՝ հակաօդային գումարտակին մէջ, եւ կ՚իյնայ ծանր մարտերու եւ շրջապատման մեջ:
    Դժուար էր Վարպետին վիճակը. երկիրը պատերազմ կ՚ապրէր, եւ սիրելի որդին, որ նոր աւարտած էր Մոսկուայի Գնեսինների անուան երաժշտական ուսումնարանը եւ ստեղծագործական ծաղկուն շրջանին մէջ էր, պատերազմի դաշտն էր: Եւ հակառակ իր ունեցած ազդեցիկ շրջանակին ու ծանօթութիւններուն՝ Սարեան չփորձեց միջամտել՝ Ղազարոսը տուն վերադարձնելու, մինչդեռ այդ օրերուն փառք ապրող արուեստագէտի մէկ հեռաձայնն իսկ բաւական էր՝ որդին պատերազմ մեկնելու պարտաւորութենէն ազատելու համար: Ան համոզուած էր, որ իր որդին միւսներէն ոչինչով առաւել կամ պակաս է եւ պէտք է կատարէ հայրենիքին հանդէպ պարտքը... Բայց մի՞թէ հայրական սիրտը կրնար հանգիստ բաբախել, երբ զաւկին կեանքը ամէն վայրկեան վտանգուած էր: Սարեանը չկորսնցուց հոգիի արիութիւնը եւ սփոփում գտաւ աշխատանքի մէջ: Անոր ստեղծագործութեան գլխաւոր խնդիրը պատերազմի տարիներուն եւս մնաց կեանքի գեղեցկութեան պատկերումը: Վարուեցաւ այնպէս, ինչպէս վարուած էր 1915 թուականին՝ սկսաւ խելայեղօրէն գծել ծաղիկներ: Ի դէպ, քանի որ յիշեցինք 1915-ը, հոս միջանկեալ տեղեկութիւն մը նշենք. քիչեր գիտեն, որ երիտասարդ Մարտիրոս Սարեանը Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթական «Հայութեան օգնութեան խորհուրդ»ի փոխնախագահն էր եւ Ռուսիայէն, ուր ծնած էր, Էջմիածին եկած էր՝ օգնելու սովի ու համաճարակի ճիրաններու մէջ տառապող հայրենակիցներուն: Դժնդակ պատկերները հոգեկան ցնցումի կը հասցնեն Սարեանը, եւ քիչ մնացած էր, որ ան ալ արժանանար մեր միւս մեծութեան՝ Կոմիտասի ճակատագրին: Սարեանը կը տեղափոխեն Թիֆլիս՝ բուժման: Բուժումէն ետք ան ոչինչ կը գծէ՝ ծաղիկներէ եւ երբեմն ալ՝ պտուղներէ զատ՝ այդ կերպ փորձելով խաղաղեցնել իր հոգին: Ան տաղանդաւոր նկարիչ էր, այդ ծանր ու տառապալի զգացումներուն տակ կրնար ամէն ինչ ալ գծել, սակայն գծածը ծաղիկներ էին՝ մարդոց ու աշխարհի առջեւ խելայեղօրէն բացուած ծաղիկներ: Ի՞նչ կը տեսնէր Սարեան իր ծաղիկներուն մէջ՝ ինքը գիտէ միայն, բայց այսօր, դիտելով յետեղեռնեան շրջանի սարեանական ծաղիկները, կը համոզուինք, որ սովորական չէին ատոնք. Վարպետը համոզուած էր, որ ողբին վրայ ողբ աւելցնելով՝ չես բուժեր մարդկային սրտին անմխիթար վէրքերը: Պայծառ ու բարի լիցքերով միայն կարելի էր մեղմել անծայրածիր ցաւը, որ որքան անհատական, նոյնքան ալ համազգային էր: Ի դէպ, 1915-1920 թթ. Սարեանը շատ քիչ գեղանկարած է, սակայն զբաղած է հայրենանուէր գործունէութեամբ։ Էջմիածնի մէջ հայ գաղթականներուն օգնելէ զատ, 1916-ին Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է առաջին «Հայ նկարիչներու միութան» ստեղծման, 1919-ին Ռոստովի մէջ հիմնած է հայկական թանգարան:
    ... Շատ են սարեանական ծաղիկները նաեւ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, ինչը կը վկայէ, որ Վարպետը դարձեալ հոգեկան մեծ խռովքի մէջ եղած է, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր այն սկզբունքին, որ մահը պէտք է յաղթահարել ապրելով եւ ապրեցնող բաներ գեղանկարելով: Այդ տարիներու անոր բնանկարներէն են՝ «Զօրաւոր եւ ծաղկած ծիրանենի», «Սեւան», «Բասարգեչար», «Շամշադին», «Գառնի»:
    Ծաղիկներէ եւ հայաստանեան բնապատկերներէ զատ, Սարեան պատերազմի տարիներուն գծած է նաեւ մարդիկ՝ համոզուած ըլլալով, որ կեանքը, մանաւանդ պատերազմի ժամանակ, նախ եւ առաջ կ՚արժեւորուի մարդոցմով: Եւ ճիշդ այդ տարիներուն էր, որ Մարտիրոս Սարեան կերտեց իր լաւագոյն գործերու մէկ մասը՝ ժամանակակիցներու դիմանկարներու ամբողջ պատկերասրահ մը՝ Յովսէփ Օրբելի, Կարօ Հալաբեան, Ալեքսանդր Սպենդիարեան, Հրաչեայ Աճառեան, Յովհաննէս Իսակով, Վաղարշ Վաղարշեան, Պաւել Լիսիցեան, Մարիետա Շահինեան, Սուրէն Քոչարեան, Ստեփան Զօրեան, Յովհաննէս Շիրազ, Արամ Խաչատրեան, Աբրահամ Էֆրոս, Նելսոն Ստեփանեան, Միխայիլ Լոզինսկի եւ շատ մը ուրիշներու դիմանկարներ: Անոնցմէ շատ-շատերը մեր մտապատկերներուն մէջ մինչեւ այսօր կան Սարեանի վրձնած կտաւներով: Հետագային, Ճարտարապետներու միութեան խնդրանքով, Սարեան կրկնեց ու նորովի մեկնաբանեց Ալեքսանդր Թամանեանի Թորոս Թորամանեանի կերպարները՝ ստեղծելով անոնց ծանօթ դիմանկարները:
    1941 թուականին Վարպետը կը ստեղծէ զարմանալի կտաւ մը՝ «Նկարչի կեանքէն» խորագրով: Ան կը յաջողի մէկ նկարի մէջ ներդաշնակօրէն պատկերել ներկան ու ցանկալի ապագան. շատ ծանօթ կտաւ մըն է՝ նկարչի կնոջ՝ Լուսիկ Սարեանի ձեռքի պտուղը հայելային մոգական ձեւափոխման իբրեւ արդիւնք կը վերածուի զինուոր որդիէն սպասուած ցանկալի նամակի: Այդ մէկ հատիկ նամակէն կախուած էր Սարեանի ընտանիքին երջանկութիւնը: Կրտսեր Սարեանէն ընտանիքը ամիսներ շարունակ լուր չունէր եւ գիշեր ու ցերեկ նամակի կը սպասէր. մարտի դաշտէն առաջին նամակը Երեւան կը հասնի 1942 թուականի յունուարին, որ թուագրուած էր 16 հոկտեմբեր: Պատասխան նամակին մէջ հոգատար ու անհանգիստ հայրը ուշացումով կը շնորհաւորէ զաւակին տարեդարձը՝ 30 սեպտեմբերին լրացած էր անոր 22 տարին: Ուրախալի լուրը, որ զաւակը ողջ ու առողջ է, Սարեանը կը մղէ ստեղծելու ուրիշ կտաւ մը՝ «1942 թուականի գարունը»: Տակաւին քանի՞ գարուն ետք պէտք էր աւարտեր պատերազմը, բայց գեղանկարիչը գիտէր արժեւորել ճշմարիտ երջանկութեան պահերը եւ մոլեգին կը գծէ գարունը, ծաղկած պարտէզը, վարդերը, իր շատ ու շատ սիրելի կինը՝ Լուսիկը: 1943 թուականին Մ. Սարեան կը ստեղծէ «Ինքնադիմանկար» եւ «Երեք հասակ» գլուխ-գործոցները: Վերացական բնանկարին խորքը պատկերուած է գեղանկարիչին տունը: Հորիզոնին՝ Արարատի ձիւնածածկ գագաթն է: Տուն, հայրենիք, Արարատ... Մեծ արուեստագէտը հաւատացած էր, որ այս բոլորին համար արժէ ապրիլ, կռուիլ, մաքառիլ, եւ արուեստագէտը կ՚ոգեկոչէ իր երեք հասակները՝ պաշտպանելու հայրենեաց հողը՝ թշնամիի ոտնձգութիւններէն: Ան ալ երկրի զինուոր է եւ կը պայքարի իր արուեստով՝ ձեռքին մատիտ, վրձին եւ ներկապնակ...
    Սպասման երկար ու դժուար երկրորդ շրջանը կը տեւէ հինգ ամիս: Մարտիրոս Սարեանը կեանքին մէջ առաջին անգամ մօրուք կը ձգէ, այնքան ժամանակ, մինչեւ զաւակէն կրկին լուր ստանայ. «Այսօր ստացայ քու փոքրիկ նամակդ… Քեզ շատ կարօտցած եմ: Շուտով չորս տարին կը լրանայ , որ մենք զիրար չենք տեսած: Ես, ի հարկէ, այս ընթացքին կամքէ անկախ կրցած եմ ծերանալ…»
    Ծանօթ է Վարպետին՝«Երեք հասակ» նկարը, ուր Վարպետը ինքզինք պատկերած է երեք տարբեր տարիքներու մէջ, եւ այդ կերպարներէն մէկը մօրուքով է: Հետագային Ղազարոս իր նամակներուն մէջ հօրը գրած է՝ «Պատերազմի գացի, որպէսզի դուն կարենաս ստեղծագործել»: Եւ իրաւ, այդ ծանր տարիներուն Սարեանը ստեղծած է արժէքաւոր գործեր, հինգ տարուան ընթացքին գծելով անհաւատալի թիւով՝ 322 աշխատանք, որոնցմէ 139-ը՝ գեղանկարներ, եւ 1941-1945 թուականներուն գծած Վարպետի գործերը կը կազմեն անոր հաւաքածոյին լաւագոյն մասերէն մէկը:
    Սարեան, այնուամենայնիւ, զերծ չի մնար պատերազմի դժնդակ արձագանգներէն եւ կը ստեղծէ գրաֆիկական կարգ մը աշխատանքներ, որոնց մէջ ան կը պատկերէ Արզնիի ռազմական հիւանդանոցին մէջ բուժուող վիրաւոր զինուորները եւ բուժքոյրերը, Ստալինգրադի աւերակները, Քիեւի ծխացող կիսաքանդ շէնքներն ու անճանաչելի դարձած Քրեշչաթիքը, Մոսկուայի կամ Քիեւի կառամատոյցներուն մէջ խռնուած մարդիկ եւ զինուորականները: Իսկ «Ֆաշիստական բորենիները» վերնագրուած փլաքաթը Սարեանը գծած է պատերազմի առաջին օրերուն. ատիկա գեղանկարիչին ստեղծած միակ փլաքաթն է՝ Եւրոպայի քարտէսը, որուն վրայ յարձակած են բորենիները եւ կը յօշոտեն զայն...
    Պատերազմի աւարտին՝ յաղթանակի առիթով, Վարպետը կրկին կը գծէ ծաղիկներ եւ Բ. Աշխարհամարտի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն կը նուիրէ իր՝ երբեւիցէ գծած մեծագոյն նաթիւրմորթը՝ հազարաւոր ծաղիկներ, հազարաւոր ճակատագրերու եւ ծաղիկներու վիթխարի հրավառութիւն մը …
    Ի դէպ, Մարտիրոս Սարեան ամուսնացած էր գրող Ղազարոս Աղայեանի աղջկան հետ, եւ գրող Ղազարոս Աղայեանի պատուին ալ Ղազարոս կոչած են կրտսեր որդին: Յաղթահարելով պատերազմի ժամանակ զաւակ կորսնցնելու վտանգը՝ Սարեանին սակայն վիճակուած էր 82 տարեկանին ապրիլ 45-ամեայ աւագ զաւակին մահուան վիշտը. հայագէտ Սարգիս Սարեան՝ մտաւորականներու շրջանակին մէջ ծանօթ՝ Սարիկ, 1962-ին զոհ կ՚երթայ ինքնաշարժի արկածի եւ Վարպետը, ծանր տանելով աւագ զաւակին կորուստը, ամիսներով կը փակուի տունը եւ չ՚ուզեր արուեստանոց երթալ ու գծել: Ան այդ օրերուն ըսած է՝ «ամօթ է, որ ես կ՚ապրիմ»: Անոնց տունը յաճախակի այցելող գեղանկարիչներէն էր Հենրիկ Սիրաւեանը: Օր մը ան, այցելելով Վարպետին, ըսաւ. «Վարպե՛տ, երազիս մէջ Սարիկը տեսած եմ, ըսաւ՝ մեծ հայելին բարձրացուցէք վեր թող հայրիկը ինքնանկար ընէ»: Սարեան կը հարցնէ՝ իրա՞ւ կ՚ըսես, Հենրի՛կ: «Այո, Վարպե՛տ», կը պատասխանէ Սիրաւեանը: Սարեանը կեցաւ, նայեցաւ, լռեց, ըսաւ՝ «դէ գնացէք, բարձրացուցէք»: Եւ գծեց իր ծանօթ ինքնանկարը՝ ինք կ՚երեւի հայելիի մէջէն, քովը կինն է, բան մը կ՚ընէ ձեռքերով, հաւանաբար բուրդ կը հիւսէ: Զաւկին մահէն ետք այդ նկարը առաջինը եղած է, ատկէ ետք բարձրացած է արուեստանոց ու գծած է:
    Ինչ կը վերաբերի Սարեանի կրտսեր որդիին՝ Ղազարոս Սարեանին, ան ոչ միայն կը կռուի եւ կը մասնակցի Կարմիր բանակի ծանր մարտերուն, այլ նաեւ այդ տարիներուն կը ծանօթանայ կնոջ մը հետ եւ կ՚ամուսնանայ, սակայն հետագային կը ձգէ կինը, եւ 1968 թուականին, երբ արդէն անուանի երաժիշտ էր եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս ու տնօրէն, կ'ամուսնանայ իր ուսանողուհիներէն Արաքսիին հետ: Ղազարոս Սարեան կը մահանայ Երեւան. 1991 ինքնաշարժի արկածէն մահացած էր 22-ամեայ իր աղջիկը, եւ հայրը շատ չի դիմանար ատկէ ետք: Արաքսի Սարեան այսօր սարեանական ընտանիքի աւանդութիւնները պահող տաղանդաւոր երաժշտագէտ մըն է, որ Սարեանի թոռնիկներուն հետ կը ղեկավարէ մեծ Վարպետին տուն-թանգարանը եւ տէր կը դառնայ Սարեան մեծ ու պարտաւորեցնող անունին: Եւ նոյն այդ թանգարանին ջանքերով ալ այս տարի ըստ պատշաճի կը նշուի Մարտիրոս Սարեանին ծննդեան 130-ամեակը:


    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 11.05.2010, 11:10:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •