Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայկական հարստութեան կողոպուտի եւ գողութեան նիւթը մանրամասնօրէն շօշափող ուսումնասիրութիւնները տակաւին անբաւարար են։
Գնահատելի հետեւողական աշխատանքի արդիւնքով, ամերիկահայ հետազօտող բժշ. Հրայր Գարակէօզեան եւ դասախօս Եայիր Օրոն, 2009 թուականին, Նիու Ճըրզիի մէջ հրատարակեցին «Գերազանց անարդարութիւն. Ցեղասպանութիւն եւ հայկական հարստութեան գողութիւն» վերնագրով գիրքը։
160 էջերէ բաղկացած սոյն գիրքը կը բովանդակէ հետեւեալ 10 գլուխները. «Օսմանեան հայերը», «Բարենորոգումներէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն», «Հազարաւոր հայերու ապահովագրութիւններ», «Ցեղասպանութիւն եւ զոհուածներու ապահովագրութիւններու վաւերականութիւնը», «Մեղանչողները կը պահանջեն», «Ապահովագրողները կը հակառակին», «Ով կ’երաշխաւորէ», «Տոլարի քաղաքականութիւնը եւ ազգի մը բնաջնջումը», «Պահանջներու հաստատութիւն առանց մահուան վկայագիրներու», «1915-ի Պերլինի ոսկիի պահեստը Թուրքիոյ հաշուին», «1916-ի Բեռլինի ոսկիի պահեստը իթթիհատականներու կողմէ»։ Գիրքը օժտուած է բացատրողական ամփոփումով, յաւելուածներով եւ ցանկերով։
Հեղինակները քննարկման առարկայ դարձուցած են Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած հայերու ունեցուածքի գողութիւնը։
Գիրքը կը սկսի հակիրճ անդրադարձով՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու իրավիճակին։ Ապա ցոյց կը տրուի, թէ ապահովագրողները կը գիտակցէին, որ ջարդերը կատարուած են թուրք կառավարութեան հաւանութեամբ։ Միւս կողմէ, կը բացայայտուի, թէ կեանքի ապահովագրութիւններու շահի ժխտումը խաղ մըն է՝ ապահովագրական ընկերութիւններուն կողմէ։
Իսկ երկրորդ գլուխին մէջ կ’ուսումնասիրուին ամերիկեան արխիւներէն որոշ փաստաթուղթեր, որոնք կ’ապացուցեն, թէ 1915-ի ջարդերու գիշերը հայեր գնած են հազարաւոր ապահովագրութիւններ՝ եւրոպական եւ ամերիկեան ընկերութիւններէ։
Գիրքին մէջ մէջբերումներ կատարուած են նաեւ Նիւ Եորք «Լայֆ ինշուրընս»ի եւ «Եունիըն վի» ընկերութիւններու արխիւային նիւթերէն, որոնք կը փաստեն, թէ այդ ընկերութիւնները Թուրքիոյ մէջ մեծածաւալ գործունէութիւն տարած են հայերու հետ։
Ըստ Հրայր Գարակէօզեանին, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը հիմնուած է քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներու վրայ։ Ան կը հաստատէ, թէ այսօր աւելի աշխատանք պահանջուած է հաւաքելու համար բոլոր հայերու ցանկը, որոնք նախացեղասպանութեան շրջանին ապահովագրուած էին ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններու կողմէ։
«Գերազանց անարդարութիւն. Ցեղասպանութիւն եւ հայկական հարստութեան գողութիւն» գիրքը կարեւոր ներդրում մըն է աւելի լաւ հասկնալու համար Ցեղասպանութեան ժամանակ հայկական հարստութեան կորուստի խնդիրները։
Ն. Ա.
«ԱԶԴԱԿ»