Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 4 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 4 հատից

Թեմա: Երուանդ Հ. Քասունի

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Երուանդ Հ. Քասունի

    ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻԻ , ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՒՆԱԿԸ



    Անգութ է գրականութեան լուսանցքին շնչող եւ տարօրինակ հմայքով մը գրագէտները կաշառող հրապարակագրութիւն անուն կուռքը։ Կեանքի անդիմադրելի հեւքին եւ մամուլի գլաններու հրապուրիչ վազքին հետ օրը-օրին քայլ պահելու այս կախարդանքը քանի՜-քանի՜ հայ գրողներ, Նալբանդեանէն մինչեւ Պարոնեան ու Զարդարեան, եւ Թէքէեանէն մինչեւ Ծառուկեան ու Զէյթունցեան, առած է իր ամենազօր իշխանութեան տակ՝ անոնցմէ խլելով իրենց ամենասուղ ժամերը։ Մէկէ աւելի ծածկանունով իր տաղանդն ու օրերը սպառած Օտեանը կրնայ դառնալ լաւագոյն օրինակը այս կամաւոր զոհերուն ու զոհաբերներուն։ Յաճախ պատառ մը հացի պարտադրանքը, իսկ շատ աւելի ամէնօրեայ ներկայութիւն դառնալու եւ կեանքի բազկերակին յարափոփոխ կշռոյթները ամուր բռնելու ներքին անզուսպ պահանջը հայ գրողին պարտադրած է իր կենսաձեւը՝ դառնալու համար ազգային եւ մտաւորական ծառայական առաքելութիւն։ Եւ, օրինակ, Շաւարշ Միսաքեանի նման գրական տոկուն խառնուածքի տէր անհատականութիւններ տարուած են հրապարակագրութեան հրապոյրներէն եւ կեանք մը ամբողջ սպառած տոմս ու խմբագրական հասցնելու գրասեղանին վրայ։ Արեւու լոյսին չափ ծանօթ այս իրականութիւնը անգամ մը եւս խաչաձեւեց մեր մտածումները, երբ սկսանք թերթատել վերջերս լոյս տեսած Երուանդ Հ. Քասունիի «Հայկական սիւնակ... Անհաճոյ ըլլալու երանութիւնը» կրկնակ խորագիրը կրող հատորը։
    Յիսնամեայ հաւատարմութիւն մը՝ «Հայկական սիւնակը...», որ սակայն, բարձրացած է բանաստեղծութեան եւ արձակ գրականութեան կալուածներէն ներս կատարուած նախափորձերու կամայ-ակամայ ողջակէզ մարմինին վրայ։ Ուղիղ յիսուն տարի առաջ, «Սփիւռք»ի 28 օգոստոս 1959-ի համարի մէջ, Սիմոն Սիմոնեան եթէ չհիւրընկալէր Երուանդ Հ. Քասունիի «Պէտք է կերտել երկրորդ ոսկեդարը» խորագրեալ հրապարակագրական առաջին յօդուածը... ի՞նչ պիտի ըլլար ճակատագիրը մուսաներ դարպասելու նպատակով գրիչ վերցուցած սկսնակ բանաստեղծին...։ Դժուար է պատասխանել։ Մէկ բան յստակ է սակայն, որ «եթէ»ներով ու «բայց»երով կարելի չէ կենսագրութիւն կազմել կամ ճակատագրական որոշումներ մեկնաբանել։
    Լիբանանահայութեան ազգային-հասարակական, մշակութային ու կրթական եւ եկեղեցական ու քաղաքական հարցերը չէին կրնար անտարբեր ձգել ապագայ պատմաբանը։ Հայագիտութիւնը՝ ասպարէզ, իսկ պատմագրութիւնը՝ մասնագիտութիւն ընտրած երիտասարդ մտաւորականը արդէն գոյացուցած էր այն հաստատ համոզումը, որ պատմագիրին պաշտօնն ու կոչումը կարելի չէ ամփոփել միայն անցեալի էջերը պրպտելու աշխատանքով։ Պատմութիւն՝ կը նշանակէ նաեւ քայլ պահել անմիջական ներկային հետ, մերօրեայ հարցերը քննել անաչառ եւ առարկայական մօտեցումով, դիրքորոշուիլ՝ ըսելու համար անկախ մտաւորականի իր հիմնաւորեալ խօսքը։
    Յետոյ, կար ազատ խօսքի բեմ հանդիսանալու նպատակով Սիմոն Սիմոնեանի հիմնադրած «Սփիւռք»ը՝ իր իւրայատուկ մթնոլորտով ու դասերով։ Տարիներու ընթացքին, այս մեկնակէտէն ճամբայ ելած Երուանդ Հ. Քասունի ինքզինք պիտի հաստատէր «Ջանասէր»ի էջերուն, ապա՝ նաեւ «պիտի այցելէր» «Ազդակ» եւ «Զարթօնք»՝ գլխագիր մտասեւեռում ընտրելով Հայ դպրոցը եւ Հայ Դատը։ Բայց մա՛նաւանդ հայ դպրոցը, որովհետեւ, իր իսկ բառերով՝ «առանց Հայ դպրոցի, Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի, ո՛չ Հայ Մշակոյթ կը պահուի, ո՛չ Հայ Եկեղեցի, ո՛չ Հայ Ազգային Քաղաքական Մտածողութիւն, ո՛չ Հայ Ազգային Դիմագիծ եւ ո՛չ ալ՝ Հայ Դատ։ Հայ Դպրոցին փլուզումը սկիզբն է Սփիւռքի վախճանին, նաեւ՝ Հայաստանի»։
    Ահա թէ ինչու, յիսուն տարի շարունակ, գրիչը ձեռքին ան կը մղէ իր հայ յանձնառու մտաւորականի անդադրում պայքարը, որուն հանդիսարանն է «Հայկական սիւնակ...» խորագրեալ հատորը։ Անշուշտ, իրենց այժմէական հնչեղութիւնը պահած յօդուածներու կողքին, կարելի է հանդիպիլ ժամանակի հոլովոյթին հետ որոշ չափով խամրած գրութիւններու։ Նոյնիսկ կարելի է դանդաղիլ վիճելի տեսակէտներ յառաջ մղող յօդուածներու դիմաց։ Կարելի է չբաժնել «անհաճոյ ըլլալու երանութեամբ» գրիչ վերցուցած Երուանդ Հ. Քասունիի այս կամ այն կարծիքը։ Բայց չյարգել հեղինակին տագնապն ու մտահոգութիւնները՝ կը կասկածինք։ Մնաց, որ, Երուանդ Հ. Քասունի, որքան ալ փորձէ ազատ կարծիքի մեկնակէտէն առաջնորդուիլ՝ չէզոք եւ անգոյն հրապարակագիր մը չէ, այլ, ընդհակառակն, տեսակէտ ունեցող եւ իր մտածումները խիզախաբար բանաձեւող հրապարակագիր մը, որուն յիսնամեայ վաստակին պերճախօս վկայարանն է խնդրոյ առարկայ հատորը։
    Եւ հո՛ս պէտք է փնտռել արժէքը «մամուլի էջերուն մէջ մոռացութեան դատապարտուած այդ էջերը» կորուստէ փրկած Երուանդ Հ. Քասունիի այս նորագոյն գիրքին։
    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Երուանդ Հ. Քասունի

    ՄՇԱԿՈՅԹ...


    Ազգային առողջ դիմագիծ ու գիտակցական հայրենասիրութիւն ունենալու համար պէտք ունինք սերունդի մը՝
    Որ իր մեծագոյն խանդաղատանքին ու հոգածութեան առարկան պիտի դարձնէ հայ մշակոյթը, որքան ալ համեստ ու պարզ ըլլալ թուի ան։
    Մշակոյթը ժողովուրդի մը ամէնէն նուիրական սեփականութիւնն է, որմէ հրաժարիլ, պիտի նշանակէր ուրանալ ինքնուրոյնութեան իրաւունքը եւ դադրիլ սեփական դիմագիծով գոյութիւն ունենալէ։
    Մշակոյթը կարելի չէ վարձու տալ ուրիշին կամ փոխ առնել անկէ։ Հանդերձանքը չէ ան։ Ապրում է ան ու կեանք՝ ժողովուրդի մը միսին ու ոսկորին հետ շաղախուած։
    Ժողովուրդ մը զրկել իր մշակոյթէն, պիտի նշանակէր մարդու մը մարմնէն դուրս քաշել անոր բոլոր ոսկորները, ու թողուլ մսակոյտ մը, որ պիտի դադրի ոտքի վրայ կենալէ եւ դատապարտուի իր գոյութիւնը քաշկռտել որպէս սողուն։
    Հայ ժողովուրդը դարերով ստեղծած է ու կերտած։
    Ստեղծած է իր անսակարկելի հանճարովն ու կերտած յոգնութիւն չճանչցող իր ձեռքերով։ Ու ի՛նչ որ կերտած է, անոր վրայ դրոշմած է իր կնիքը, հայութեան կնիքը։
    Ա՛ն, հայ ժողովուրդը, զոհած է հոգի, միտք եւ նիւթ։ Որքա՛ն կառուցած է ան, այնքան ազնուացած է. որքան շա՛տ բարձրացուցած է մշակոյթի կոթողները, այնքան ամուր հիմներու վրայ դրած է իր գոյութիւնը ու տեւած դարերն ի վար. ապրա՛ծ ու հասած է մեզի, ու ծնած մեզ։
    Մե՛նք, նոր սերունդը հայ ժողովուրդի...
    Եթէ մեզ նախորդող սերունդը՝ բռնացող պայմաններու բերումով չկարողացաւ կերտել ու հարստացնել մեր մշակոյթը, պատճառներ ունէր ան։
    Ներկան մերն է, ու մեր կարգն է աշխատանքի։
    Հայրենիքի մէջ հայ ժողովուրդը սոթտած է իր թեւերը ու լծուած գործի։ Հո՛ն, կը կառուցանէ ան, եւ ի՛նչ որ կը ստեղծէ անոր ռունգներուն կը փչէ հայ մշակոյթի կենսատու շունչը։ Այդպէս կ՚աճին բոլոր կառոյցներն ու ստեղծագործութիւններն այնտեղ։ Ու հայ կեանքը կը դրուի ամէն օր քիչ մը աւելի ամուր հիմերու վրայ։
    Սակայն հոս. հապա՞ գիրքին մէջ այս էջը։
    Արտասահմանի մէջ շատ մը էջեր բացաւ մեր ժողովուրդը. զանազան երկիրներու մէջ էջ մը պատմութիւն ամբողջացնելու ջանքը թափեց ան, բայց յաճախ կէս մնաց պատմութիւնը։ Իսկ հայերէնով սկսած եւ օտար լեզուով ամբողջացնելու վրայ եղող էջը ա՛յդ պատմութեան, ողբերգութիւն է միայն։
    Մեր սերունդը ամէն օր աւելի իր կապերը կը խզէ մեր մշակոյթին հետ։ Օտարին ունեցածը միշտ աւելի հրապուրիչ ու գործնական տեսնելու հիւանդագին մղումը կ՚աւելնայ մեծ չափով։
    Չե՛նք ճանչնար մեր մշակոյթը, մանաւանդ՝ չենք հասկնար զայն. չենք կրնար գնահատել անոր արժէքը որպէս ժառանգութիւն, ու գիտակցական սիրով չէ որ կը մօտենանք անոր։
    Ի՛նչ որ կ՚ընենք հարեւանցի է ու մակերեսային։ Ա՛յս ալ աճող ախտ մըն է մեր երիտասարդութեան մօտ։ Չենք պեղեր, չենք սերտեր, արդի՛ ուսումնական ոգիով չենք մօտենար։
    Արդարեւ ֆոնտով եւ կամ առանց ֆոնտի մը օգնութեան ուսում առած, համալսարանաւարտ քանի՞ երկրաչափ կամ ճարտարապետ սերտեց մեր ճարտարապետութիւնը ու փորձեց քանի մը պատ հիւսել հայկական ոճով. քանի՞ դպրոց եւ սրահ բարձրացուցինք այդ իմաստով. սեփական քանի շէնք կառուցանել տուինք այդպէս։
    Երաժշտանոցներէ ընթացաւարտ, եւ եւրոպական երկիրներու մէջ մասնագիտութիւն ձեռք բերած քանի՞ երիտասարդ ջանաց նստիլ անկիւն մը, եւ աշխատեցաւ հայ երաժշտական գանձարանին մէջ իր լուման նետել։ Քանի՞ հոգի ճգնեցաւ մեր երաժշտական դէմքերը ներկայացնել մեզի եւ օտարներուն։
    Գրականութեան եւ պատմութեան քանի՞ ուսանող ջանաց գիտական գործ մը լոյս աշխարհ բերել, ուր պիտի ներկայացուէր մեր ժողովուրդը իր մշակութային արժէքով, իր պատմութեամբ եւ երազներով։
    Կ՚ընդօրինակենք եւ կը կրկնենք թութակի պէս։
    Գրականութիւնը հազիւ կը շնչէ։
    Ու այս ընթացքով, հեռու չէ անշուշտ այն օրը, երբ պիտի շարունակենք խօսիլ հայերէն՝ առանց հասկնալու սակայն անոր հոգին, որ կ՚ապրի եւ կը շնչէ մեր մշակոյթին մէջ։
    Ու մեր ազգային դիմագիծը պիտի տժգունի քիչ մը եւս...
    Մեզի տրուած ժառանգն ու պարտականութիւնը անոր հակառակը կը պահանջեն սակայն։
    «Սփիւռք», 16 սեպտեմբերի, 1961
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Երուանդ Հ. Քասունի

    ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ՆՈՐ ,ԱՍՏՂեԵՐԸ


    Տարիներ առաջ։ Եգիպտոսի մէջ Կոմիտասի տուած մէկ համերգին առիթով, Տիգրան Կամսարական կը գրէր.
    «Վարդապետ, դուք Մասիսն ու Արագածը փոխադրեցիք հոս պահ մը, ո՞վ ըսաւ, թէ լեռները չեն քալեր...»։
    Իրաւ, ո՞վ ըսաւ...
    Կը քալեն լեռները, հո՛ն, ուր հայ ժողովուրդը կ՚երգէ Կոմիտասի շրթներով, հոն, ուր հայ ժողովուրդը իր տառապանքն ու կարօտը կու լայ, իր աշխատանքն ու բարի հացը կ՚օրհներգէ Կոմիտասի ճպոտին ներքեւ...
    Մեր երգով, ինչպէս մեր մշակոյթի տարբեր արտայայտութիւններով, մենք միշտ ալ փորձած ենք մեզի հետ պտըտցնել Արարատը։ Այդպէս ենք մենք, ու տարբեր չենք կրնար ըլլալ։
    Մեր խօսքերն ու երգերը, մեր տաշուած ու անտաշ քարերը իրենց հետ պիտի պտըտցնեն մեր հոգին, մեր էութիւնը, մեր իղձերն ու երազները։ Արարատը։
    Եւ եթէ դարեր շարունակ, կառչած մեր մեծագոյն յաղթանակներուն՝ մեր գիրերուն եւ մեր ճարտարապետութեան, յաջողեցանք քալել դարերուն հետ, ու ոտք դնել ճարտարապետութեան, յաջողեցանք քալել դարերուն հետ, ու ոտք դնել լուսնարշաւի այս օրերուն, որպէս ժողովուրդ, որ ունի ի՛ր յաղթանակները այս հողագունդին վրայ, քսաներորդ դարու սեմին, Կոմիտասով ու կոմիտասեան հայ երգով, արձանագրեցինք մեր երրորդ յաղթանակը, ձեւ տալով մեր էութեան ամէնէն կատարեալ արտայայտութիւններէն մէկուն...
    Կոմիտաս, ու կոմիտասեան հայ երգ...
    Ըսէք, լեռները կը քալե՞ն...
    Այո, երբ Կոմիտասն է որ կ՚երգէ...
    Ու հոն՝ ուր մեր անզօրութեան եւ կամ անհեռատեսութեան պատճառով կորսնցուցինք մեսրոպեան զէնքի գործածութեան ընդունակութիւնը, ապաւինեցանք կոմիտասեան զէնքին։ Քանի որ նոյնն են Մեսրոպեան ու Կոմիտասեան հայութիւնները։ Մէկը կրնայ փոխարինել միւսը։ Երկուքն ալ Արարատը ունին իրենց հետ, երկուքն ալ Արարատը կը բերեն մեզի...
    Կոմիտասեան այս օրերուն, երբ կռունկները կը թեւածեն մեր հոգիներուն վրայ, ու սիփանայ քաջեր կ՚ելլեն ոտքի մեր սրտերուն մէջ, դժբախտաբար չենք կրնար մեր ականջները փակել այն աղմուկին դէմ, որ հայ երգի դիմակին տակ ապաստանած, սկսած է մուտք գործել մեր տուներէն ներս, բռնանալ մեր մատղաշ սերունդի հոգիներուն, մինչեւ իսկ սպառնալով այնտեղէն դուրս նետել այն երգը, որ գիտէ լեռները շարժել...
    Ո՞վ կ՚անդրադառնայ աղէտին...
    Ո՞վ իրաւունք տուաւ այս աղմկարարներուն, որոնք «երգիչ» կը կոչուին, եւ որոնց «աստղ»ութիւնը հեռուստացոյցի պաստառներուն հասակը ունի միայն, բռնելու հայ երգի հրապարակը...
    Ո՞վ պիտի ըսէ այս «յօրինող»ներուն, որ կեղծիքը չափ ու սահման ունի ի վերջոյ...
    Ով՞ պիտի պոռայ այս «աստղ»երուն երեսն ի վար, թէ բաւ է որքան պղծեցին հայերէն լեզուն...։ Երբ դեռ հայերէն խօսիլ չեն գիտեր, ի՞նչ բանաստեղծութիւն։ Ինչո՞ւ չ՚ըսուիր այս անգէտներուն, որ երբ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէնը իրարու խառնեն, լեզուն ո՛չ մէկ բանի կը նմանի..., որ նախադասութիւնները գէթ իմաստ մը պէտք է ունենան, ու երգը բան մը պէտք է ըսէ...Ո՞վ պիտի ըսէ այս «երգիչ»ներէն ու «երգչուհի»ներէն ոմանց, որ երբ հրապարակը կ՚աղմկեն «յօրինած» եւ «ստեղծած» (մե՜ղք բառերուն) երգերով, թող բարի ըլլան գէթ չմօտենալ լեռներ շարժող մեր երգերուն, ու չաղարտել անոնց էութիւնը...
    Մերձաւոր Արեւելքի հայկական ռատիոժամերէն ոմանք չարաչար կը գործածեն այդ ժամերը։ Այս աղմկարարներու աղմուկը որպէս երգ թող չհրամցուի մեզի։
    Մեղք է հայ երգին։
    Մեղք է հայ ճաշակին։ Պէտք է խնայել հայ նոր սերունդը։ Անոր հոգին լեռներ շարժող երգերու պէտք ունի... այլապէս՝ ալ ի՞նչ Կոմիտաս...
    Մինչդեռ... հեռուստացոյցի պաստառին հասակը ունեցող այս «աստղ»երն ու անոնց «երգ»երը հազիւ ոտքեր կրնան շարժել...
    Բայց նաեւ կ՚ուզենք արդար ըլլալ այն սիրելի անուններուն, որոնք իրենց անհատական ճիգերով, ու իրաւ տաղանդին շնորհիւ, կը փորձեն կենդանի պահել հայ երգը եւ անոր իրաւ հմայքը։ Անուններ, որոնցմէ մէկը այնքան վաղաժամօրէն կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցանք վերջերս...
    Բայց ըսէք, ի՞նչ եղան մեր գաղութի երգչախումբերը... Ո՞ւր կորսուեցան անոնք...։ Տարին անգամ մը, երկու, գէթ կը լեցուէինք կոմիտասեան կենդանի երգով... Անգամ մը, երկու, կը վայելէինք մեր հայրենի բնութիւնը, օրհնութիւնը, Արարատը։
    Իրաւ, ո՞ւր են Կոմիտասի աշակերտները, ու այդ աշակերտներուն աշակերտները... Որո՞նց ձեռքին մէջ մնաց ջահը... ինչո՞ւ չի բոցկլտար ան եւ ինչո՞ւ չի փոխանցուիր։
    Յետոյ, մեղք կ՚ըլլայ Կոմիտասին, ու հազար ափսոս լեռներ շարժող մեր երգերուն...
    «Ջանասէր», 1 եւ 15 դեկտեմբերի, 1969

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Երուանդ Հ. Քասունի

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Երուանդ Օտեան (1869- 1926)
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Արևմտահայ և սփյուռքահայ գրականություն
    Գրառումներ: 1
    Վերջինը: 31.08.2011, 18:45

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •