ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸ` ԴԷՊԻ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՖԱՅՈՒՄԻ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐԵՆ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԻՐԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐԸ։ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԱԶԱՏ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՔԵՐՈՒ ՄԷՋ (ԲԼՈԳ) ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՇԱՏԵՐ ԻՐԵՆՑ ՀԻԱՑՈՒՄԸ Կ՚ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆ՝ Ի ՏԵՍ ԱՆՈՆՑ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԵԱՆ։ ՍՏՈՐԵՒ՝ ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՆՄԱՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
«Արսինոյի սրնգահար Դիոգինեսը»։
,,,Հռոմէական կայսրութեան արեւելեան կէսը մշակոյթներու հարուստ ձուլարան մըն էր։ Բնիկ մշակոյթներ երկար ժամանակ ապրած էին յունական եւ պարսկական մշակոյթներու մակընթացութեան եւ հոսքին փորձառութիւնը եւ ըստ այնմ որդեգրած էին որոշ ուղղութիւններ։ ,,,Նուաճող ժողովուրդներ հակամէտ էին միախառնուելու նուաճուած ժողովուրդներուն հետ։ Ն. Ք. 300- Ն. Ք. 30-ի միջեւ Եգիպտոսի վրայ կ՚իշխէին Պտղոմէոսեան թագաւորական հարստութեան յոյն-եգիպտացի իշխանաւորները։ Երբ հռոմէացիք նուաճեցին Եգիպտոսը, անոնք աւելցուցին նոր խաւ մը՝ ստեղծելով յունա-հռոմէա-ղպտիական մշակոյթը, որուն մտածողութիւնը յունական էր, վարչաձեւը՝ հռոմէական եւ կրօնը՝ եգիպտական։
,,,Յունա-հռոմէա-ղպտիական մշակոյթին գլխաւոր վայրերէն մէկը այսօրուան Կահիրէի հարաւը գտնուող Ֆայումի աւազանն է։ Յ. Ք. 1-350 այս մշակոյթին մէջ ժողովրդականութիւն կը վայելէր մեռեալներուն դիմանկարները գծելու եւ զանոնք զմռսուած մարմիններուն վրայ զետեղելու սովորութիւնը։ Այս դիմանկարները կ՚արտացոլեն եգիպտացիներուն եւ յոյներուն միաձուլումը, սակայն նաեւ ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս հռոմէական նորաձեւութիւններն ու մազի յարդարանքը իրենց ազդեցութիւնը գործած են Ֆայումի ժողովուրդին վրայ։
Շուրջ 900 դիմանկարներ իրենց պայծառ գոյներով գոյատեւած են աւազանին չոր օդին շնորհիւ եւ ծանօթ են իբրեւ Ֆայումի դիմանկարներ։ Անոնք իրագործուած են մեղրամոմի կամ ջուրի մէջ լուծուած ներկերով, փայտի վրայ կամ գաճով ծեփուած կտաւի, եւ ճշգրիտ մանրամասնութիւններով կը պատկերեն յունահռոմէական ժամանակներու Եգիպտոսի բնակիչները։ Անոնք կը կազմեն գեղարուեստական հարուստ ժառանգութիւն մը եւ պատուհան մը կը բանան յունա-հռոմէա-ղպտիական աշխարհի վերնախաւին վրայ։
Ջոն Բըրգըր իր «Դը շէյփ աֆ է փոքեթ» գիրքին մէջ գրութիւն մը ունի Ֆայումի դիմանկարներուն վերաբերեալ, ուր կը գրէ.
«Անոնք ցարդ գոյատեւած ամէնէն կանուխ դիմանկարներն են, գծուած են այն ժամանակներուն, երբ կը գրուէին Նոր Կտակարանի աւետարանները։ Սակայն ինչո՞ւ անոնք այսքան անմիջական կը թուին այսօր։ Ինչո՞ւ անոնց անհատականութիւնը կը նմանի մեզի։ Ինչո՞ւ անոնց արտաքին տեսքը շատ աւելի ժամանակակից կը թուի, քան՝ անոնց յաջորդած եւրոպական աւանդական արուեստի երկու հազար տարուան մէջ որեւէ այլ իրագործում։ Ֆայումի դիմանկարները մեզ կը հմայեն այնպէս, կարծէք մէկ ամիս առաջ գծուած են»։ Ինչո՞ւ։ Հանելուկ մըն է այս...»։
«Հետեւաբար, երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մէկը դէմ յանդիման կու գայ Ֆայումի դէմքերուն լռութեան եւ պահ մը կանգ կ՚առնէ։ Պատկերուած տղամարդիկն ու կիները որեւէ պահանջ չեն ներկայացներ, որեւէ դիմում չեն կատարեր. այսուհանդերձ, իրենք զիրենք կենդանի կը յայտարարեն, ինչպէս նաեւ՝ զիրենք դիտող ոեւէ անձ։ Հակառակ իրենց դիւրաբեկ վիճակին՝ անոնք կը վերակենդանացնեն մոռցուած յարգանք մը իրենց անձին նկատմամբ։ Անոնք կը հաստատեն, թէ հակառակ ամէն ինչի՝ կեանքը պարգեւ մըն էր եւ է»։
Մոմիաներուն դէմքին վրայ զետեղուած դիմանկարներուն մեծ մասը այժմ վերցուած է։ Անոնք կը պատկերեն մէկ անձ, անոր գլուխը կամ իրանին վերի մասը՝ դիմացէն։ Խորապատկերը ընդհանրապէս միագոյն է եւ երբեմն զարդանմուշներ կը կրէ։ Գեղարուեստական աւանդութեան առումով, պատկերները աւելի սերած են յունահռոմէական աւանդութիւններէ, քան՝ եգիպտական։ Ֆայումի աւազանին բնակչութիւնը Պտղոմէոսեան ժամանակներուն մեծապէս ուռճացած էր յոյն գաղթականներով, սկիզբը՝ վեթերան զինուորներով, որոնք հաստատուած են շրջանին մէջ։
Իբրեւ արուեստի գործ՝ ամէնէն աւելի գեղեցիկ է դիմանկարը Դիոգինես անունով երիտասարդի մը, որ յայտնապէս երաժիշտ էր, որովհետեւ անոր զմռսուած մարմինը պարունակող դագաղին վրայ արձանագրութիւն մը զայն կը կոչէ «Արսինոյի սրնգահար Դիոգինեսը» եւ «Դիոգինեսը, որ տաւիղին հետ կ՚ապրէր, երբ կենդանի էր»։ Երիտասարդին արտայայտիչ դէմքին վրայ կը նշմարենք վճռակամութիւն մը՝ նպատակ մը իրագործելու։ Անոր աչքերը կը ներգրաւեն մեզ, ապրող անձի մը աչքերուն պէս։
Ֆայումի դիմանկարները կը հպին մեր զգացումներուն, որովհետեւ կը նային ուղղակի մեզի։ Անոնք կ՚ըսեն. «Յիշեցէ՛ք զիս, օր մը ես կենդանի էի, կը խնդայի, ճիշդ ձեզի պէս»։
Կ՚անդրադառնանք այս ճշմարտութեան եւ անիկա կը յուզէ մեզ։