«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»

,,2009-ին Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ «Հայ մամուլը Յունաստանի մէջ» խորագրեալ հետազօտութիւնը՝ իբրեւ հրատարակութիւն «Արմենիքա» պարբերաթերթի։ 70 էջերէ բաղկացած սոյն գործին հեղինակն է Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեան, որուն գրութիւններուն յունարէն բնագիրը հայերէնի թարգմանած է Յարութիւն Քիւրքճեան եւ հրատարակութեան պատրաստած՝ Մայք Չիլինկիրեան։
,,Յունահայ մամուլի ցուցակագրումը կանոնաւոր կերպով կատարած է Յովհաննէս Սարգիս Աղապատեան, ըստ որուն, յունահայ մամուլը կ՚ընդգրկէ երկու հիմնական շրջաններ։
,,Առաջին շրջանը կը վերաբերի 1894-1896-ի հայկական կոտորածներուն, երբ բազմաթիւ գաղթական հայեր փախուստ տալով համիտեան բռնակալութենէն՝ կ՚ապաստանին Յունաստան։ Իսկ երկրորդ շրջանը կը սկսի 1921-1922-ին, փոքրասիական յոյն ռազմաճակատի անկումէն ետք, երբ 80,000 հայեր կը հաստատուին Յունաստան։
,,Ըստ Աղապատեանի, հիւսիսային Յունաստանի հայերէն առաջին թերթն էր «Ալիք»ը, որ կը հրատարակուէր Սելանիկի մէջ, 1923-ին։ Սոյն թերթին խմբագիրն էր Լեւոն Մոզեան եւ հրատարակիչը՝ Գէորգ Փափազեան։ Իր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով խմբագիր Մոզեան կը յանձնէ թերթին ղեկը Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէին եւ յուլիս 1925-ին կը մեկնի Ֆրանսա։
,,Այս շրջանին կը հրատարակուին նաեւ «Նոր ալիք» թերթը, «Նոր այգ» ուսանողական տարեգիրքը, «Օլիմպոս» բժշկական, գիտական եւ գրական ամսաթերթը, «Աշխատանք», «Աշխատանքի մոծակ» երգիծական թերթը եւ «Կսմիթ» երգիծական կիրակնօրեայ թերթը, որուն խմբագիրն էր Կարօ Գէորգեան։
,,Ըստ հեղինակին, լրագրող, հրատարակիչ եւ գրագէտ Կարօ Գէորգեան (1895-1975) ծնած է Քոմոթինի, ուր ստանալէ ետք իր նախնական կրթութիւնը, ուսանած է Պարտիզակի ամերիկեան կոլեջը եւ աւարտած՝ 1912-ին։ Վարած է ուսուցչական պաշտօն Փիլիպէի (Բուլգարիա), Ալեքսանդրուպոլիսի եւ Քսանթիի ազգային վարժարաններուն մէջ։ 1921-22 աշխատակցած է Պոլսոյ դաշնակցական օրգան «Ճակատամարտ» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ՝ յունահայ թերթերու, ստորագրելով յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ՝ այլազան ծածկանուններով։ 1922-1939 տարեշրջաններուն բերած է ան իր գործօն մասնակցութիւնը Սելանիկի (Թեսաղոնիկէ) եւ Աթէնքի ազգային, գրական եւ մշակութային կեանքին։ Հաւաքած է օգտագործելի նիւթեր յունահայ համայնքներու պատմութեան վերաբերեալ եւ 1954-էն մինչեւ 1968 լոյս ընծայած զանոնք «Ամենուն տարեգիրքը» խորագրեալ հատորներուն մէջ։
,,Հեղինակը կ՚ըսէ, թէ «Հորիզոն» ազգային-քաղաքական եւ գրական թերթ մըն է, որ լոյս տեսաւ 16 հոկտեմբեր 1927-ին՝ խմբագրութեամբ Կարօ Գէորգեանի։ 1927-ի նոյեմբերին «Ալիք» եւ «Հորիզոն» թերթերը կը միաձուլուին եւ կը վերահրատարակուին 10 փետրուար 1928-ին «Հորիզոն» անունով, որ կը դառնայ Դաշնակցութեան Խօսնակը։
,,Տասնամեակ մը ետք «Հորիզոն»ի հրատարակութիւնը կը խանգարուի Յոաննիս Մետաքսասի բռնատիրութեան պատճառով, որ գրաքննութեան կ՚ենթարկէր Յունաստանի մամուլը։ Զինուորական յիշեալ իշխանութիւնը չէր թոյլատրեր, որ «Հորիզոն» հրատարակէր հակաթուրք յօդուածներ։ Նոյն կացութեան մատնուեցաւ նաեւ «Հայ քնար» երգարանը, որ սակայն հրատարակուեցաւ, երբ տպագրողը ցոյց տալով երգարանի կողքը զարդարող Կոմիտասի նկարը, ներկայացուց զայն գրաքննական սպասարկութեան պաշտօնեաներուն՝ իբրեւ կրօնական հրատարակութիւն։
,,Արդարեւ, պետութիւնը կը պարտադրէր հայ թերթերուն, որ չտպեն հակաթուրք հարցեր արծարծող գրութիւններ եւ չհրատարակեն միջհամայնքային լարուածութիւն հրահրող յօդուածներ։ Կը հրահանգէր, որ գովքը հիւսեն միայն մենատիրական վարչակարգին։ Հետեւաբար, այս անտանելի պայմաններուն տակ, որոշուեցաւ միաձուլել «Հորիզոն»ը՝ «Նոր օր»ի հետ։
,,Եւ որպէսզի «Հորիզոն»ի փակումով չվարկաբեկուին Յունաստանի զինուորական վարիչները, թերթին պատասխանատուները անոր փակումին համար արտօնութիւն խնդրեցին գրաքննիչ իշխանութենէն՝ վերագրելով թերթին փակումը տնտեսական տագնապալի կացութեան։ «Հորիզոն»ի վերջին թիւը լոյս տեսաւ 8 սեպտեմբեր 1937-ին։
,,Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեան կ՚ըսէ, թէ «Ալիք»էն ետք, «Նոր Օր»ը յունահայ գաղութին երկրորդ դաշնակցական թերթն է, որ լոյս տեսաւ Աթէնքի մէջ, 25 մարտ 1923-ին, իբրեւ շաբաթաթերթ։ «Նոր Օր»ի հրատարակիչներն էին՝ Գաբրիէլ Լազեան, Անտոն Կազել, Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սեւաչեան։ Սոյն թերթը կարճ ժամանակ մը դարձաւ երկօրեայ եւ 1 յունուար 1924-էն մինչեւ 1944-ի սեպտեմբերը հրատարակուեցաւ իբրեւ իրիկնային օրաթերթ։ Ապա լոյս տեսաւ «Ազատ օր» անունին տակ, որ 1944-էն մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ջամբելով հոգեմտաւոր սնունդ՝ Յունաստանի հայ ժողովուրդին։
,,Աղապատեան կ՚ըսէ, թէ Գաբրիէլ Լազեան ո՛չ միայն վարչական պատասխանատուն էր «Նոր օր» թերթին, այլ ինքն էր միայն, որ կու տար անոր կուսակցական ուղղութիւն եւ կը կատարէր ընտրութիւնը հրատարակուող յօդուածներու։
,,Արդարեւ, Գաբրիէլ Լազեան ծնած է Երզնկա, 1893-ին, ուսանած է Պոլսոյ Հարբիյէ զինուորական վարժարանը եւ ծառայած՝ օսմանեան բանակի մէջ իբրեւ սպայ։ 1915-ի Ապրիլեան եղեռնին զոհ կ՚երթան իր գերդաստանին բոլոր անդամները, շուրջ 70 հոգի։
,,1919-ին կնոջը՝ Նաթալիին հետ կը հաստատուի Հայաստան, ուր կը գործէ հայկական բանակին մէջ։ ,,Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կ՚աքսորուի Սիբերիա։ Սակայն 1921-ին կը յաջողի Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Բաթումի ճամբով փախուստ տալ դէպի Զմիւռնիա, ուր կը միանայ յունական բանակին։ ,,Զմիւռնիոյ ճակատի անկումէն ետք կ՚անցնի Յունաստան։ Որոշ ժամանակ մը ետք կը մեկնի Կահիրէ, ուր կ՚աշխատակցի «Յուսաբեր» թերթին, մինչեւ իր մահը՝ 1959։ Գրած է գիրքեր Հայկական հարցի եւ ազատագրական պայքարին մասին։
,,Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւատին «Նոր օր» թերթը փակուած էր։ Նոր թերթ մը կեանքի կոչուեցաւ «Ազատ օր» անունով, որ լոյս տեսաւ 25 փետրուար 1945-ին։ Սոյն թերթին խմբագրութիւնը յաջորդաբար ստանձնեցին Յովհաննէս Չաքրեան, Օննիկ Զաքարեան եւ Սեդրակ Գոհարունի, որոնց կարճատեւ գործունէութենէն ետք, 1950-ին, պատասխանատու խմբագիր նշանակուեցաւ բանաստեղծ եւ լրագրող Վազգէն Եսայեան։
,,Եսայեան ծնած է Կարին, 1908-ին։ Կանուխ տարիքին ընտանեօք կը փոխադրուի Յունաստան։ Ուսումը կը ստանայ ֆրանսական կոլեջին մէջ, ուր ֆրանսերէնին կողքին կը սորվի նաեւ յունարէն։ 1926-ին կը հաստատուի Աթէնք եւ կը հետեւի յունական գրականութեան։
,,1938-ին Քուլիս Ալեպիս բանաստեղծին հետ յունարէնի կը թարգմանէ եւ կը հրատարակէ «Հայկական մուսա» խորագրով հայերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ 1949-ին հայերէնի կը թարգմանէ 98 յոյն բանաստեղծներու գործերէն ընտիր էջեր եւ կը հրատարակէ զանոնք «Հելլենական քնար» խորագիրով։ Ձգած է իր ետին երկու անտիպ քերթողական գործեր եւ թարգմանութիւններ՝ օտար հեղինակներէ։ Եղած է «Ազատ օր»ի հիմնադիրներէն եւ զայն խմբագրած 1950-էն մինչեւ իր մահը, 1978։
,,Վազգէն Եսայեանի մահէն ետք «Ազատ օր» թերթին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Յովսէփ Պարազեան։ Իսկ 2006-ին պատասխանատու խմբագիր-հրատարակիչի պաշտօնները յանձն կ՚առնէ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։
,,Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Յունաստանի մէջ կը հրատարակուին հետեւեալ թերթերը. «Մարզաշխարհ», «Հայ գիր», «Նոր կեանք», «Գրաբեր», «Գրասէր», «Պատգամաբեր», «Հայորդիներ», «Հայ ֆետայի», «Խորան» եւ բազում ուրիշներ։
,,Իբրեւ եզրակացութիւն՝ կ՚ուզենք հաստատել, թէ «Հայ մամուլը Յունաստանի մէջ» խորագրեալ իր ուսումնասիրութեամբ, Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեան կը փորձէ ներկայացնել ամբողջական պատկերը Յունաստանի մէջ 19-րդ դարէն մինչեւ այսօր լոյս տեսած հայկական այլազան թերթերու։ ,,Նկատելի է, որ հեղինակը տարած է բծախնդիր աշխատանք՝ փնտռելով, համադրելով եւ հատորի վերածելով յունահայ մամուլի մասին բաւարար ծանօթութիւններ, որոնք, անկասկած, երախտագիտութեամբ պիտի օգտագործուին ապագայ գրականագէտներու կողմէ։

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Յունիս 2010
Բեյրութ
«Ազդակ»