ԱՐԵԱՆ ՃՐԱԳԸ
Երկիրը որքա՜ն ընդարձակ է ցաւին պէս...
որքա՜ն քալեցինք եւ մեր կարաւաններու գիշերը
ծանր վախի գիշեր է
անիկա իր թանձրութեամբը ճնշեց
եւ մենք լացինք սրտին աւերակներուն վրայ
մինչեւ առաւօտեան աստղը ուժաթափ
մարեցաւ
մեր լայնածիր ցաւերուն հովանիին տակ
որքան դժուարացաւ խլեակները հաւաքել
մեկնողներուն մնացորդացով
անոնք մահուան պահը չտեսան
բացի երկինքէն որ կը նեղնար
եւ գիւղերը
որոնք փաշային ժամանակի վայրագութենէն
կը փախչէին
երկիրը որքա՜ն ընդարձակ է...
եւ հայուն արեան ճրագը
կը գունաւորէ ուղեծիրերուն դէմքը
երբ զանոնք կը լուսաւորէ որպէս անձրեւ
եւ առաւօտ
եւ արցունք Քրիստոսի ճանապարհէն
գացողներուն համար
անոնց թաշկինակները փոթորիկին դիմաց
կը ծածանին վերջին բաժանումով
կը շրջին ահաբեկած մարդոց սարսուռին վրայ
իբրեւ երկարաձիգ լացէ առագաստներ
որոնք կ’անցնին սպանդի շքերթին մէջ
անոնց անունները այդ բոլոր
գերեզմանները գիտեն
արեգակին ճակատը զանոնք կը ճանչնայ
իրենց ձայնը գիտէ զանոնք
լռութեան դրոշմը զանոնք կը ճանչնայ
եւ աքսորավայրերուն հողը
երկիրը որքա՜ն ընդարձակ է
իմ հայ ստնտուիս երազներուն պէս...
ահա զիս կը դիեցնէ
մինչ սիրոյ Աւետարան մը կը բանայ
եւ իր անմեղութեան կաթով ինծի կը գծէ
մահուան պատկերը.
ա՜հ... որքան քալեցինք
եւ մեր կարաւաններու գիշերը յոգնեցուցիչ է,
փոթորիկները ցուրտով զայն ցրուեցին
եւ մոլորած հայերը
մահուան պահուն կ’երգեն
կեցցէ՛ն վսեմութեան լեռները
կ’ապրինք ինչպէս որ կը ցանկայ սէրը
կ’ապրինք ինչպէս որ մեզի համար կը ցանկան
,,,, ,,,, ,,,, ,,յաւերժութեան թռչունները
Դոկտ. Ահմադ Ալ Դուրայս
(Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆ)
«Գանձասար», Դեկտեմբեր Ա., 2010



Մեջբերել
