Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 4 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 4 հատից

Թեմա: Ստեփան Ալաջաջեան

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ստեփան Ալաջաջեան

    ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ - ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՋԱՋԵԱՆ (1924-2010)
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ստեփան Ալաջաջեան

    ՉԽՈՆԱՐՀՈՂ ԵՂԷԳՆԵՐՈՒե ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐԸ


    ...Յունուար 3-ին, իր ծննդեան 86-րդ տարեդարձը պիտի տօնէր հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի մեծ վարպետներէն Ստեփան Ալաջաջեանը։
    ...Բայց ճակատագիրը դասաւորեց այնպէս, որ «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպով անմահութիւն նուաճած հայ գրողը, իր ծննդեան 86-րդ տարեդարձին քանի մը օր մնացած՝ առյաւէտ հեռանայ այս աշխարհէն...
    ...Տարաբախտ կեանք մը ունեցաւ Ս. Ալաջաջեան։ Կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը եւ ստոյգ մահէ փրկուեցաւ 1980-ականներու սկզբնաւորութեան, երբ վիրահատեցին եւ ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց ձայնի, կեանքին մնացեալ ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը բնաւ ձեռքէն վար չդրաւ եւ անդուլ իր սիրտն ու միտքը բաց պահեց ընթերցողին առջեւ։
    ...Եւ այդպէս, տասնամեակներու մաքառումէ ետք, 23 դեկտեմբեր 2010-ին, Լոս Անջելեսի մէջ շիջեցաւ աստղը հայ արձակի ու հայ մտքի տաղանդաշատ այս ներկայացուցիչին։
    ...Յաւերժութեան սահմանուած Պատգամի տէր գրագէտը եղաւ Ալաջաջեան, որ նաեւ իր կենսագրութեամբ պատգամաբերը դարձաւ մեր ժողովուրդի «հայրենադարձ սերունդին»։
    ...19-րդ դարավերջին թափ առած եւ 20-րդ դարասկիզբին պատմական դարձակէտ նուաճած հայ ազգային–ազատագրական շարժումին խորախորհուրդ Պատգամը, Ալաջաջեանի գրչին տակ, սերունդներուն մատուցուեցաւ «Չխոնարհող եղէգներ»ու սրտառուչ պատկերով։ Թրքական լուծին եւ եաթաղանին դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ծառացումը, մանաւա՛նդ գերագոյն զոհաբերութեան գնով պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը շրջելու եւ ազատութիւն նուաճելու հայկական մարտունակութիւնը իրենց յաղթահասակ մարմնաւորումը գտան Ալաջաջեանի ապրեցուցած մարդկային «եղէգներ»ով, որոնք ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու ենթարկուելով հանդերձ՝ բնաւ «չխոնարհուեցին»...
    ...Նաեւ հայրենադարձի իր խառն ու հակասական կենսագրութեամբ, սերունդի մը իւրայատուկ պատգամաբերը դարձաւ Ս. Ալաջաջեան։ 1946-ին ներգաղթեց Հայաստան, խորհրդային կարգերուն «յարմարուելու» տիրական հոսանքին հետ քայլ պահողներէն եղաւ, համայնավարական ամբողջատիրութեան աստիճաններէն բարձրացաւ, բայց իր մտքին ու հոգիին խորերէն միշտ ալ ուրիշ «Աստուծոյ» երկրպագեց Ալաջաջեան, որ 1991-ին արտագաղթեց Հայաստանէն եւ մինչեւ իր վախճանը մնայուն բնակութիւն հաստատեց Լոս Անջելեսի մէջ։ Յատկանշականօրէն իր «հայրենաթողութիւնը» թիրախ չդարձաւ քարկոծումի, ոչ ալ 1991-էն ետք իր ունեցած հակախորհրդային սուր քննադատութիւնները վերապահութեամբ ընկալուեցան։ Աւելի՛ն. հայու հայրենասիրութեան նոր որակ եւ բովանդակութիւն ներարկող պատգամաբեր մը եղաւ իր թէ՛ հայրենադարձութեամբ, թէ՛ հայրենիքէն ֆիզիկական հեռացումով... Բայց այդ մէկը արդէն առանձին քննարկման նիւթ է։
    ...Տաղանդաւոր գրողը ծնած էր Հալեպ, Սուրիա, զեյթունցի Եղիա Ալաջաջեանի յարկին տակ։ ...Կրթական ու գրական իր կազմաւորումը ստացած երիտասարդ էր, երբ 1946-ին ընտանեօք տեղափոխուեցան Հայաստան ու հաստատուեցան Զեյթուն թաղամասը։ 1951-ին աւարտեց Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան ճիւղը, իսկ 1957-ին ԽՍՀՄ Գրողների միութեանն առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացները (Մոսկուա): ...1957-1963-ին մաս կազմեց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագրութեան՝ իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ: 1966-1967 ստանձնեց «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պատասխանատուութիւնը։ 1967-1975 եղաւ Հայաստանի սովետական գրողների միութեան վարչութեան քարտուղար։ Իսկ 1980-էն ետք ստանձնեց ՀԽՍՀ մշակոյթի նախարարութեան Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին տնօրէնութիւնը։
    ...1991 թուին Ս. Ալաջաջեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անջելես, ուր հիմնեց եւ հրատարակեց «Համայնապատկեր» ամսագիրը։ Իր կեանքին վերջին 19 տարիները Հայաստանէն հեռու ապրելով հանդերձ, Ալաջաջեան ոչ մէկ պարագայի խզուեցաւ հայրենի իրականութենէն։ Թափով շարունակեց գրել ինչպէս գեղարուեստական նոր երկեր, նոյնպէս եւ յուշագրական գործեր։ 2008-ին արժանացաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալին՝ առ ի գնահատանք տասնամեակներու իր ստեղծագործական վաստակին եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան։
    ...Ս. Ալաջաջեանի գրական առաջին գործը՝ «Ծովուն երգը» ոտանաւորը լոյս տեսած է 1939-ին, 15 տարեկանին, Բեյրութ հրատարակուող «Պատանեկան Արձագանգ» պարբերաթերթի էջերուն։ Իսկ 1942-ին Հալեպի «Տիգրիս» տպարանը լոյս ընծայած է 18-ամեայ հեղինակին քերթուածներու երեխայրիքը՝ «Վշտի ծաղիկներ» գրքոյկը, 47 էջով։
    ...Հայաստան ներգաղթէն ետք Ս. Ալաջաջեան նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ 1953-էն սկսեալ, յաջորդաբար, լոյս ընծայեց «Անապատում», «Պարտութիւն», «Փիւնիկ» ու «Առանց հայրենիքի» վիպակները, նաեւ՝ «Եռաթեւ ծիածան», «Մադլէնն ապրում է Փարիզում» ու «Արծիւն ու հովիւը» պատմուածքներու ժողովածուները, ինչպէս նաեւ՝ «Այգիների աշխարհում» ակնարկը։
    ...Բայց Ալաջաջեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը կապուեցաւ «Եղէգները չխոնարհուեցին» երկհատոր վէպի հրատարակութեան՝ 1966-ին եւ 1967-ին։ Հայ ազգային-ազատագրական շարժումէն վերցուած կերպարներով ու դրուագներով հեղինակը նորովի շունչով ընթերցողին հասցուց հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքին խորհուրդն ու պատգամը։ Ոչ միայն գաղափարական իր խորքով, այլեւ գեղարուեստական իր մշակումով Ալաջաջեանի արձակը վերանորոգեց հայ գրականութիւնը։ ...Պատումի անմիջականութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, պարզ ու գեղեցիկ ոճով կերպարներու եւ պահերու հոգեբանական շնչաւորումը կազմեցին հիմքը Ալաջաջեանի գեղարուեստական ոճին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործը արժանացնելով հայ ժամանակակից գրականութեան գլուխ գործոցներու պատուանդանին։
    ...Քաջալերուած իր վէպին գտած յաջողութենէն, Ալաջաջեան թափով շարունակեց ստեղծագործել։ 1977-ին լոյս ընծայեց «Վերածնունդ» ժողովածուն, ուր տեղ գտաւ անոր «Զարմանալի Հայաստան» գործը։ Հետեւեցաւ «Անառագաստ նաւակներ» վիպակը, 1978-ին, 128 էջով։ Իսկ 1980-1981 իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց «Ապառաժները արտասուել գիտեն» եւ «Ոսկեգոյն ծիրկաթին» վիպակները։
    ...Ալաջաջեան փորձեց եւ յաջողեցաւ նաեւ շարժանկարի համար բեմագրութիւններու մշակումին մէջ։ Հենրիկ Մալեանի հետ համահեղինակ եղաւ, 1980-ին, «Հայֆիլմ»ի գլուխ գործոցներէն համարուող, ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնի բեմագրութեան։ Ալաջաջեանի հեղինակութիւնն է, նոյնպէս «Հայֆիլմ»ի կողմէ նկարահանուած, «Ճերմակ անուրջներ» ժապաւէնի բեմագրութիւնը։
    ...Հայրենիքի մէջ Ալաջաջեանի ստեղծագործած վերջին գործը եղաւ «Չսպիացած վէրք» երկհատոր վէպը, 1989-1990։ Իսկ 1991-էն ետք, արդէն Լոս Անջելես հաստատուած, Ալաջաջեան լոյս ընծայեց «Լուսաւորեալ խորաններ» յուշագրութիւնը, 1993-ին. «... Եւ ատրուշաններ» խորագրով դարձեալ յուշագրական գործը, 1995-ին։ Յաջորդեց «Ճամփեզրի վրայ» ժողովածուն, 1998-ին։ «Վաթսունականք»ը՝ 2002-ին։ «Ձայն բազմաց»ը՝ 2008-ին։ «Հայ մամուլի էջերում (1957-2005)»ը՝ 2008-ին, ուր մէկտեղուած են բազմավաստակ գրողին ու խմբագրին յօդուածներու, ակնարկներու, քննական ուսումնասիրութեանց, գրախօսականներու, դիմանկարներու եւ հարցազրոյցներու ընտրանին։
    ...«Յորձանուտը»՝ 2009-ին, դարձեալ յուշեր: «Վերջին հունձքը»՝ 2010-ին։
    ...2009-ին, Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ Ս. Ալաջաջեանի ծննդեան 85-ամեակը։
    ...Ալաջաջեանի գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, բուլղարերէնի, էստոներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու՝ արժանանալով առանձին հրատարակութեանց։
    ...Նաեւ ինք՝ Ս. Ալաջաջեան տաղանդաւոր թարգմանիչ էր։ Շեքսպիրի եւ Ժան-Փոլ Սարթրի կարեւոր գործերը հայացուցած է։

    ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Philosopher (15.01.2011)

  4. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ստեփան Ալաջաջեանի կորուստը

    ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ



    Մարդ ակամայ կը մտածէ.- այդ շէնշող, կորովի մարդը ինչպէ՜ս կը բաժնուի կեանքէն:
    Զինք կը յիշեմ պատանի տարիքէն: Լեւոն Լեւոնեանի «Ուսումնասիրաց» վարժարանը կը յաճախէինք: Ինք 9-րդ դասարանի աշակերտ էր, եսՙ 3-րդ:
    Զբօսանքին, մեծերը դպրոցի բակին մէկ անկիւնը կը հաւաքուէին, իսկ մենքՙ փոքրերս, կը վախնայինք իրենց մօտենալէ:
    Մենք իրարու կ՛ըսէինք.- Ստեփանը զեյթունցի է եղեր: Զեյթունցիները քաջ կ՛ըլլան, զէնք կ՛ունենան, հապա՜... Գաղտնի խօսք մը ըսելու պէս կ՛արտայայտուէինք:
    Ժամանակները սահեցան աներեւակայելի արագութեամբ:
    Ստեփանը միջնակարգը աւարտելէ ետք երկրորդական ուսման համար դարձաւ աշակերտը հայոց հիմնած Հալեպի քոլեճին: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այդ դպրոցը Ամերիկեան քոլեճ կը կոչէին: Ստեփան Ալաճաճեանը աւարտեց Հալեպի քոլեճը եւ տակաւին Ամերիկեան համալսարանի մէջ իր ուսումը շարունակելու համար Բեյրութ չմեկնած 18 տարեկան հասակին, 1942-ին հրապարակեց բանաստեղծութիւններու գիրք մըՙ «Վիշտի ծաղիկներ»:
    Ուրեմն, ըսինք, մեր ճանչցած Ստեփանը թէ՛ զէնք գործածել գիտէ, թէ՛ բանաստեղծ է:
    Ըսինք.- Ժամանակները շուտ կը սահէին. հովէն ու ջուրէն շատ աւելի արագ: Եւ ահա 1946: Ինչո՞վ էր նշանաւոր այս տարին մեզիՙ հայերուս համար: Հնչած էր երկիր վերադառնալու վաղուց սպասուած զանգը:
    Եւ ահա՛, ի պատասխան այդ կոչին, Բեյրութի Ամերիկեան համալսարանի խումբ մը ուսանողներ կիսատ թողլով իրենց ուսումը կ՛որոշեն մեկնիլ Հայաստան: Այս խումբին մէջն էին այլոց կարգին Գրիգոր Քեշիշեանը, Շահէ Վարսեանը, Ստեփան Ալաճաճեանը:
    Երեքն ալ սկսնակ գրողներ էին: Կ՛երթային երկրին ծառայելու:
    Ստեփանին ընկերներէն Շահնուրը, եղբայրը բանաստեղծը Զարեհ Մելքոնեանին, նախընտրեց Ամերիկա մեկնիլ: Հայաստանը փոքր էր, Ամերիկանՙ մեծ: Մեծին գացողը կրնայ մեծ դառնալ:
    Բայց Ստեփանին ընկերներէն Մուշեղ Թահմիզեանը գնաց Հայաստան, հաստատուեցաւ Լենինական (այժմ Գիւմրի) եւ հոն դարձաւ ուսուցիչ, գրեց գիրքՙ Ռուբէն Սեւակի մասին եւ թարգմանիչ դարձաւ, գրական գործերու թարգմանիչ:
    Մեծ Ամերիկա մեկնող Շահնուրը ո՛ւր հասաւ չեմ գիտեր, բայց Ստեփան Ալաճաճեանը փոքր Հայաստանի մէջ մեծ մարդ դարձաւ, մե՜ծ որպէս գրող: Հրատարակեց բազմաթիւ գիրքեր. վէպ, վիպակ, պատմուածքներ: Լեզուներ գիտէր, աւելցաւ ռուսերէնը ու կատարեց թարգմանութիւններ Շեյքսփիրէն, Սարոյեանէն:
    Ստեփան Ալաճաճեանին գիրքերը թարգմանուեցան ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, չեխերէնի, բուլղարերէնի եւ այլ լեզուներու: Զեյթունէն ետք Երեւանի հողը թեւեր տուաւ Ստեփանին: Բացի իր գրած գիրքերէն, ունեցաւ պետական պաշտօններ նաեւ:
    Ստեփան Ալաճաճեանը բեմի մարդ էր նաեւ, բայց ոչՙ որպէս դերասան, այլՙ բեմախօս:
    Երբեմն շատ վատ են այդ «բայցերը»: 1980 թուականին բժիշկները ստիպուեցան վիրահատել գրողին ձայնալարերը:
    Այս մասին յատուկ պատմուածք մը գրած է Ստեփան.- Թէ ինչպէ՞ս վիրահատութենէն առաջ, Ստեփանը սկսած է հիւանդանոցին մէջ խօսիլ պոռալով: Երբ հարց տուած են իրեն, թէ ինչո՞ւ պոռալով կ՛արտայայուի... պատասխանած է.- վերջին անգամ գէթ, հարազատ ձայնս լսել կ՛ուզեմ... ես այդ պատմուածք-վիպակը կարդացի այն օրը, երբ Դամասկոսի պետական հիւանդանոցին մէջ հիւանդի մը ձայնալարի վիրահատման անեսթէզին կու տայի: Իմ հիւանդս Ստեփանին պէս չպոռաց, լո՜ւռ, խոկումի մէջ էր: Այդ օրը ես եւս Ստեփանին հոգեկան միեւնոյն ապրումները ունեցայ:
    Չկարծէք յանկարծ, որ Ստեփան Ալաճաճեանին կեանքը դժբախտութեամբ անցաւ: Ամուսնացաւ, լաւ ընտանիք կազմեց, ունեցաւ խելամիտ զաւակներ, բոլորն ուր որ ալ գացին մնացին զեյթունցի: Երջանիկ մարդ էր Ստեփան Ալաճաճեանը, նախ իր հրատարակած գիրքերով եւ յետոյ, յետոյին մասին կ՛ուզեմ պարզաբանել միտքս.- 2002-ին Լոս Անջելեսի մէջ Ալաճաճեանը լոյսին բերաւ կարգ մը գաղտնիքներ հրատարակելով «Վաթսունականք» գիրքը: Բաներ, որոնց մասին չէր գրած իր երեւանեան կեանքին ընթացքին:
    Եւ ահա գեղեցիկ օր մը, զոր սիրով կրնանք օրերուն օրը կոչել, Յակով Զարոբեան Երեւանի Ծիծեռնակաբերդին վրայ լուցկին մտցուց պատրոյգի երիզի մը եւ ժայռաբեկորներու որոտը լեցուց շրջապատը... ի՛նչ պատահած էր: Հոն կեանք պիտի առնէր ու երկինքն ի վեր, որպէս համաշխարհային բողոք բարձրանար հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանը:
    Այդ պահուն տեղւոյն վրայ ներկայ եղած են շարք մը մտաւորականներու կողքին Ստեփան Ալաճաճեանն ու Պարոյր Սեւակը: Երջանկութիւն չէ՞ այս մէկը, երբ խորհրդային իշխանութիւնները կը հրամանագրեն կառուցել Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշարձան, թուրքին ըսելու համար, որ ինք ցեղասպան է: Նոյնը աշխարհին յստակ դարձնելու համար:
    Ուրիշ տեղ մըն ալ Պարոյր Սեւակին հետ եղած է Ալաճաճեան, երբ իրենք, Մոսկուայի մէջ Մաքսիմ Գորկիի անունը կրող գրական բարձրագոյն ուսման կը հետեւէին, երբ Պ. Սեւակ այդ օրերուն կը գրէր իր եւ բոլորիս «Անլռելի զանգակատուն»ը, որպէսզի կեանքին վերջին մասը լռութեամբ Կոմիտասը վերստին խօսէր, վերստին երգէր ու բոլորս երգելու մղէր.- «Զինուոր ես, կռանալ մի, մեր դռնից հեռանալ մի...
    Ըսի՞ թէ Բեյրութի Ամերիկեան համալսարանի իրենց բարձրագոյն ուսումը կիսատ թողլով Հայաստան մեկնող բոլոր երիտասարդները աւարտեցին Երեւանի համալսարանները - Ստեփան Ալաճաճեանը Երեւանի պետական համալսարանը աւարտեց 1951 թ-ին:
    Երեւանի մէջ Ստեփանը բանաստեղծութենէն անցաւ արձակի:
    Այստեղ ժամանակը իր երթին մասնակից ըրաւ Ալաճաճեանը. ժամանակի թեւին կառչած դարձաւ հոն լոյս տեսնող «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ: Ալաճաճեանը դարձաւ Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար, 1966-1967-ին Հայպետհրատի գեղարուեստական գրականութեան խմբագիր, 1980-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն:
    Ստեփանին գիրքերը ժամանակի կողքին վազքի մէջ են ու անուն կը բերեն իրեն.- «Անապատում», «Պարտութիւն», «Եռաթեւ ծիածան», «Մադլէնն ապրում է Փարիզում», «Անառագաստ նաւակներ», «Ապառաժները արտասուել գիտեն», «Չսպիացած վէրք», «Լուսաւորեալ խորաններ», «Ատրուշաններ» - ասոնց մէկ մասը «Վաթսունականք»ին հետ` լոյս ընծայուած Լոս Անջելեսի մէջ: Ու վերջապէս այս վերջիններէն առաջ լոյս կը տեսնէ Ալաճաճեանի գլուխ-գործոց վէպը, որ տպուեցաւ կրկնակի անգամՙ «Եղէգները չխոնարհուեցին»:
    Եթէ օր մը թուրքերը «սեփականացուցին» Զեյթունը, Ալաճաճեանը իր այս վէպով ազատագրեց Զեյթունը:
    Այնքա՜ն կենսալի են վէպին հերոսները, այնքան իրա՛ւ, պատերազմական ընդհանրումները, որ կարդալու միջոցին կ՛ըսէք.- Ալաճաճեանը ոչ թէ կը վիպէ, այլ ինք, անձնապէս մասնակից է յիշեալ մաքառումներուն եւ հերոսագրութեան:
    Ընթերցողները եւ ոչ միայն զեյթունցիները մեծապէս գոհ մնացին այս վէպէն:
    Սփիւռքի մէջ Ալաճաճեանի «Վաթսունականք»ը նոյնպէս լաւ ընդունուեցաւ:
    Ալաճաճեանը եղած է նաեւ Սփիւռքահայերու հետ մշակութային կապի կոմիտէի վարչութեան անդամ եւ «Հայ-արաբ բարեկամութեան» ընկերութեան նախագահ:
    Հայրենիքի մէջ ի՛նչ պաշտօն ալ վարեց, ճիշտ մարդըՙ ճիշդ պաշտօնի վրայ գտնուեցաւ:
    Ամերիկա մեկնելէն ետք Ստեփան Ալաճաճեանը չմեկուսացաւ, թէեւ իր ձայնը դարձաւ խռպոտ, ձայնալարերուն վիրահատումին պատճառաւ, բայց գրիչը մնաց հնչեղ ու հասաւ շատ ընթերցողներու:
    Ստեփանին դուստրը հրատարակեց «Առագաստ» գրական հանդէսը Լոս Անջելեսի մէջ: Այս գործին մէջ եւս ինք իր աղջկան կողքին էր:
    Ալաճաճեանը ուր ալ ըլլար, իր ձայնը հայու ձայն էր, զեյթունցիի ձայն էր եւ ի՛նչ ալ ընէրՙ ամբողջովի՛ն վասն յաւերժական Հայաստանի համար էր:
    Գրող էր, բեմբասաց էր, կազմակերպող էր, թարգմանիչ էր, զեյթունցի լեռնական արուեստագէտ էր: Եւ ա՛ն, Ալաճաճեանը, իր անկարելին կտակեց իր հետնորդներուն, իսկ կտակը ստացողները պարտին բարձրանալ այն պատնէշին վրայ, որուն բարձունքէն վար չիջաւ երբե՛ք, գրող ու քաղաքացիՙ Ստեփան Ալաճաճեանը:
    ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ


    «ԱԶԳ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Ստեփան Ալաջաջեան

    ՏԱՐԵԼԻՑ
    ՉՄՈՌԱՆԱՆՔ ԻՆՔՆԵՐՍ ՄԵԶ


    Մեզ հետ ինչ-որ բան է պատահել: Հեռուստակայաններից մեկում կայ այսպիսի մի հաղորդումՙ «Արդեօք ովքե՞ր են»: Ցոյց են տալիս յայտնի մարդկանց զանազան լուսանկարներ եւ հարցնում պատահական անցորդներիՙ ո՞ւմ լուսանկարն է: Պատասխանները յուսահատեցուցիչ են: Օրինակՙ վերջերս Վահրամ Փափազեանը ճանաչման առումով գրաւեց վերջին տեղը, իսկ առաջին, թէ երկրորդ տեղըՙ այսօրուայ էստրադային երգչուհի, հերթական «աստղերից» մեկը:

    Յիշողութեան այս կորուստը նշանակում է, որ մենք կորցնում ենք ինքներս մեզ: Ահա թէ ինչու, շտապում եմ յիշեցնել, որ դեկտեմբեր ամսին լրանում է անուանի արձակագիր Ստեփան Ալաջաջեանի մահուան առաջին տարելիցը, մի գրող, որ զգալի հետք է թողել հայրենի գրականութեան մեջ: Անցեալ դարի հիսունական թվականներին տպագրված նրա առաջին վեպըՙ «Անապատում» վերնագրով, նոր խօսք էր ընկերվարական իրապաշտութեան գրական գաղջ արտադրանքի մէջ: Այդ վէպը իւրայատուկ պաշտպանական վահան դարձաւ մի քանի երիտասարդ արձակագիրների, որոնց թւում եւ ինձ համար, որովհետեւ ընդունուած կաղապարները յոգնեցրել էին մեզ եւ անհրաժեշտ էր համընդհանուր ճանաչման արժանացած մի գործ, որն ուղենշային դեր կարող էր կատարել: Գրական բարձր կուլտուրա կար այդ վէպում, կենդանի կերպարներ, հոգեբանական նուրբ զննումներ եւ արդիական ոճ, որից արեւմտեան գրականութեան գրգռիչ հոտ էր գալիս, մեզ համար համարեա անծանօթ մի հոտ: Հեղինակը հայրենադարձ էր, օտար լեզու գիտէր, տեղեակ էր, թէ ինչ է կատարւում համաշխարհային գրականութեան անդաստանում, երկաթէ վարագոյրից այն կողմ: Նա հասկացել էր, նաեւ մեզ յուշեց, որ իւրաքանչիւր գրականութիւն, ազգային դիմագիծ ունենալով հանդերձ, պէտք է ընթերցուի համաշխարհային գրականութեան համատեքստում, այլապէս կմնայ լուսանցքում, մի բան, որ յաճախ է պատահում:
    Այնուհետեւ Ալաջաջեանը գրեց մի շարք վէպեր, որոնք գրողին գրական հեղինակութիւն դարձրին եւ դա այն դէպքում, երբ հեղինակութիւնների պաշտօնական ցուցակ կար եւ գրեթէ անհնար էր այդ ցուցակում տեղ գրաւել: Մանաւանդՙ հայրենադարձի համար: Պատճառը, անշուշտ, վաւերական տաղանդն էր եւ համընդհանուր սէրն ու ճանաչումը ընթերցողներից: Մի անգամ եւս հաստատուեց այն ճշմարտությունը, որ խոտը կարող է ասֆալտը ծակել եւ պնդել իր գոյութեան իրաւունքը: Նոյնիսկՙ սովետական պայմաններում:
    Ստեփան Ալաջաջեանը նաեւ գրական-հասարակական գործիչ էր, գործունեայ քաղաքացի, նորի, առաջադէմի պաշտպան եւ որպէս գաղտնիք ասեմ, լինելով Հայաստանի գրողների միութեան վարչութեան քարտուղար, նա սատար էր կանգնում իր նման հայրենադարձ գրողներին, որոնց թւում եւ ինձ:
    Վերջին տարիներին, առողջական խնդիրների բերումով, ապրեց Միացեալ Նահանգներում: Ապրեց եւ գործեց: Գրեց ընտիր յուշագրութիւններ, յօդուածներ, իսկ վէպը, որի վրայ աշխատում էր նա, ցաւօք, մահուան պատճառով կիսատ մնաց:
    Ամերիկացի բանաստեղծը ասում է, որ` ամէն մարդու մահ նուազեցնում, փոքրացնում է ինձ: Իմ սիրելի աւագ ընկերոջ, տաղանդաւոր հայ գրողի մահը չէր կարող չփոքրացնել, չնուազեցնել մեզ: Բայց կեանքի խելահեղ վազքի մէջ եկէք չմոռանանք, չկորցնենք ինքներս մեզ եւ յիշենք մեր մշակոյթի երախտաւորներին: Դա պէտք է ոչ թէ անցաւորաց, այլ նախ եւ առաջ մեզ համար:
    ՊԵՐՃ ԶԵՅԹՈՒՆՑԵԱՆ
    «ԱԶԳ»
    13 Դեկտեմբեր, 2011
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •