Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 1 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 1 հատից

Թեմա: «Անցեալի յիշատակները», Memories of the past

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «Անցեալի յիշատակները», Memories of the past



    «ԱՆՑԵԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ»
    (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՍԵՐԺ ՄՈՄՃԵԱՆ)



    2010-ին Լոնդոնի մէջ «Օսթին եւ Մաքոլեյ» հրատարակչատան կողմէ անգլերէնով լոյս տեսաւ Սերժ Մոմճեանի «Անցեալի յիշատակները» խորագրեալ հատորը։
    Հեղինակը ծնած է Բեյրութ, ապա մեկնած է Լոնդոն, ուր հետեւած է լրագրութեան եւ վիպագրական արուեստին։ Աշխատակցած է Բեյրութի «Դեյլի Ստար» օրաթերթին եւ Լոնդոնի «Իվենց» շաբաթաթերթին՝ ստորագրելով գրադատական յօդուածներ։ Հեղինակն է «Ներհակ շարժառիթներ» (1994), «Աներեւոյթ գիծը» (2000) եւ «Օպերայի երգիչը» (2004) խորագրեալ վէպերուն, որոնք հրատարակուած են Լոնդոնի մէջ։ «Անցեալի յիշատակները» իր պատմական առաջին եւ կարեւոր գործն է։

    Հատորը կը բաղկանայ 190 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ 28 գլուխներ եւ վերջաբանը։
    Սերժ Մոմճեան կը պատկերացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը Վարդան Աբէլեանի, որ ապրիլեան եղեռնաշուք օրերուն, երբ երկու տարեկան էր, թուրք զինուորները կը տարագրեն իր հայրն ու մայրը, կը հրդեհեն իրենց բնակարանը եւ ինք կը մնայ որբ։ Այդ պահուն Յովսէփ հօրեղբայրը, որ կ՚ապրէր իրենց տան դիմացը, կը փութայ եւ թրքական տարազով ծպտուած՝ կ՚ազատէ փոքրիկ Վարդանը բոցերու մէջէն, որ դառնապէս կու լար՝ մահճակալին տակ պահուըտած։ Մինչ անդին, Վարդանին հայրը՝ Գէորգ կը սպաննուէր թուրք զինուորներու կողմէ։ Իսկ մայրը՝ Անուշ, խումբ մը հայ կիներու հետ կը տարուէր անծանօթ ուղղութեամբ։
    Արդարեւ, Վարդանի հօրեղբայրը՝ Յովսէփ, կ՚որոշէ հեռանալ Ուրֆայէն ու մեկնիլ Հալէպ, ապահով կայք մը գտնելու առաջադրութեամբ։ Հետեւաբար կ՚առնէ իրեն հետ կերակուր, ջուր, հարիւր լիրա եւ ադամանդէ ակով իր մատանին։ Անոնք շուտով կու գան Արաբ Փունարի (Այն Արաբ) երկաթուղիի կայանը, ուր կը նստին շոգեկառք եւ յետմիջօրէին կը հասնին Հալէպ։ Շաբթուան մը ճամբորդութենէ ետք, կանգ կ՚առնեն Սայդայի նաւահանգիստը։ Կ՚անցնին Պաղեստին եւ, ապա, նաւակներով կ՚երթան Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա նաւահանգիստը։
    Հոն կը վարձեն սենեակ մը, ուր, օր մը, Յովսէփ կը յանձնէ Վարդանին անոր հօրը եւ մօրը լուսանկարները։ Անդրադառնալով Տէր Զօրի մէջ բազում հայերու նահատակութեան՝ Յովսէփ կ՚ըսէ, որ այդ սեւ օրերը թող չվերադառնան յաւիտեան։
    Վարդան կ՚իմանայ հօրեղբօրմէն, թէ հայրը կը կոչուէր Գէորգ եւ մայրը՝ Անուշ։ Ան խորապէս կը տագնապի այն մտածումով, թէ իր ծնողները զոհ գացած են Եղեռնի ջարդերուն։
    Վարդան կ՚ըսէ, թէ իր մանկութեան կարեւոր մէկ մասը անցուցած է Կահիրէի մէջ հօրեղբօրը հետ, որ ներկայանալի էր եւ բարձրահասակ, ունէր լայն ուսեր եւ շառագոյն դէմք։ Սակայն իրենց սենեակը գետնայարկ խուցի մը երեւոյթը կը պարզէր, ուր չէին ներթափանցեր արեգակի ճառագայթները։ Այս վատառողջ սենեակին մէջ կը բնակին հօրեղբայրն ու Վարդան տասնմէկ շաբաթներ, ապա կը փոխադրուին հանգստաւէտ տուն մը։ Հօրեղբայրը արձանագրել կու տայ Վարդանը մօտիկ մանկամսուր մը եւ յաջորդ շաբաթ կը բանայ նպարավաճառի խանութ։
    Վարդան կ՚ըսէ, թէ Յովսէփ հօրեղբայրը աստուածավախ եւ սրբակենցաղ մարդ էր։ Կը յաղթէր իր դժուարութիւններուն անվհատ կամքով։ Գործունեայ էր եւ գիտէր դասաւորել իր գործերը։
    Հինգ տարեկանին Վարդան կը յաճախէ պետական դպրոց։ Երբ կը դառնայ պատանի, շաբաթավերջերուն կ՚օգնէ իր նպարավաճառ հօրեղբօր։

    Փոխանցելով հատորի հերոսին մասին իր տեղեկութիւնները՝ Սերժ Մոմճեան կ՚ըսէ, թէ Վարդան 1930-ական թուականներուն կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներու Միչիգան քաղաքը, ուր կ՚ապրի նաեւ խոնաւ գետնայարկի մը մէջ։ Այս շրջանին Ամերիկա կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանր տագնապ մը, որ կը յատկանշուի անգործութեամբ եւ աղքատութեամբ։
    Վարդան իր ապրուստը ապահովելու համար կը ձեռնարկէ կարգ մը գործերու։ Կը դառնայ բեռնակիր եւ առանց տրտնջալու, համբերութեամբ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ աշխատելով օրական տասնչորս ժամ անընդհատ։
    Տասնութ ամիս գործելէ ետք, կը դառնայ ուժասպառ։ Շաբաթ մը կը հանգստանայ։ Ապա իբրեւ սպասաւոր կը ծառայէ ճաշարանի մը մէջ։ Հակառակ անփորձ ըլլալուն՝ կարճ ժամանակամիջոցին ձեռք կը բերէ գոհացուցիչ արդիւնք։ Միաժամանակ կը հետեւի նաեւ ճարտարագիտական ճիւղին։
    Վարդան կ՚ըսէ, թէ օր մը երկու յաճախորդներ կու գան ճաշարան, ուր ճաշասեղանին շուրջ իրարու հետ մեղմ ձայնով կը խօսին թրքերէն։ Վարդան իմանալէ ետք անոնց խօսակցութիւնը, հարց կու տայ, թէ ո՞ր երկրէն կու գան արդեօք։ Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքէն, կը պատասխանէ մօրուսաւոր յաճախորդը, յայտնելով, թէ ինք եւ իր ընկերակիցը եկած են Միչիգան քաղաքը առեւտրական գործով։
    Ժամանակը յարմար նկատելով՝ Վարդան կ՚ըսէ, թէ Թուրքիա երեսուն տարի առաջ ձեռնարկած է ահաւոր ջարդերու՝ սպաննելով աւելի քան մէկ միլիոն հայեր։
    Թուրք յաճախորդը իմանալէ ետք, թէ Վարդան հայ է, կ՚ըսէ, թէ այդ դէպքերը կը պատկանին անցեալին, եւ թէ՝ իրենք ոչ մէկ կապակցութիւն ունին թուրք նախկին ղեկավարներու քաղաքական գործունէութեան հետ։ Կ՚ըսէ, թէ իրենք եւս դատապարտած են հայերու դէմ գործուած հաւաքական սպանդները։
    Մեկնումէն առաջ, ճաշի հաշիւը չեքով կատարած պահուն, մօրուքաւոր թուրքը ձեռքը կը տանի իր վերարկուին ներսի գրպանը, որպէսզի դուրս հանէ չեքի տետրակը։ Սակայն անզգուշութեամբ գետին կը ձգէ իր այցետոմսը։ Վարդան իսկոյն կը ծռի գետին եւ զայն վերցուցած ատեն արագ ակնարկով կը կարդայ անոր վրայ արձանագրուած թուրք յաճախորդին իջեւանած պանդոկին անունը՝ «Մեդիսըն» պանդոկ։ Իսկ թուրք յաճախորդներուն մեկնումէն ետք, Վարդան սեղանին վրայ կը տեսնէ չեք մը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը մօրուքաւոր թուրքին՝ Լաթիֆ Օդօղլու։

    Մինչ այդ հայկական կոտորածներու շուրջ Վարդանի հետաքրքրութիւնը կը խորանայ հետզհետէ։ Այս հարցով ան կ՚այցելէ Մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, ուր վաւերական աղբիւրներէ կ՚իմանայ, թէ հետեւեալ չորս երեւելի հայ դասախօսները՝ Թենեքեճեան, Նահիկեան, Պուճիգանեան եւ Սողիկեան նահատակուած են թուրքերու կողմէ։ Թէ՝ 1918-ին Թուրքիոյ ամերիկեան դեսպանը՝ Հանրի Մորգենթաու ահազանգ հնչեցուցած է ի տես հայ ժողովուրդի նահատակ զաւակներուն։
    Ըստ Սերժ Մոմճեանի, Վարդան կը լծուի ուսումնասիրական աշխատանքի։ Շնորհիւ իր պրպտումներուն՝ հայկական ջարդերու վերաբերեալ յօդուածներէ կ՚իմանայ , թէ Լաթիֆ Օդօղլու եղած է 1915 թուի հայոց տարագրութիւնը եւ ջարդերը գործադրող զինուորական պաշտօնեան, Ուրֆայէն մինչեւ շրջակայ գիւղերը։
    Վարդան կը յիշէ մօրուքաւոր այն թուրքը, որուն ճաշ հրամցուցած է ճաշարանին մէջ, դեռ տարի մը առաջ։ Վերոյիշեալ գրութիւններու հետ Վարդան կը տեսնէ նաեւ Լաթիֆ Օդօղլուի լուսանկարը, որ կ՚ամրապնդէ իր մէջ այն համոզումը, թէ ճիշդ են անոր հայատեաց արարքներուն նկատմամբ իր կատարած վերագրումները։
    Արդարեւ, թուրքին իջեւանած պանդոկի հասցէն գտած ըլլալով՝ Վարդան կ՚որոշէ անձամբ ներկայանալ անոր։ Ուստի, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կը կապուի «Մեդիսըն» պանդոկի քարտուղարուհիին, որ կ՚ըսէ, թէ Լաթիֆ Օդօղլու սենեակ մը վերապահած է իրեն 5 յուլիս 1948-էն սկսեալ։

    6 յուլիս 1948-ին, առաւօտեան ժամը 8։00-ին, կ՚երթայ «Մեդիսըն» պանդոկ եւ ձեռք կը ձգէ Լաթիֆ Օդօղլուի սենեակին թիւը՝ եօթներորդ յարկ, թիւ 702։
    Յաջորդ օր, 7 յուլիս 1948-ին, Վարդան դարձեալ կու գայ «Մեդիսըն» պանդոկ, կը բարձրանայ եօթներորդ յարկ եւ, իբրեւ սպասաւոր, կը թակէ թիւ 702 դուռը։ Օդօղլու երբ կը բանայ զայն, կը զարմանայ տեսնելով Վարդանը, որ հազիւ սենեակ մտած՝ բռունցքի քանի մը ուժգին հարուածով զինք կը տապալէ գետին։ Օտօղլու կը ցնցուի, երբ Վարդան կը պատմէ իրեն 1915 թուին Ուրֆա քաղաքին մէջ իր գործադրած ոճիրները, որոնց զոհ գացին հազարաւոր հայեր։ Վարդան կ՚ըսէ թուրքին, որ պիտի պատժուի մարդկութեան դէմ իր գործադրած ջարդերուն համար։
    Այն պահուն, երբ Վարդան հեռաձայնի միջոցով կ՚ուզէ կարծիքը առնել իրաւաբան իր ընկերոջ՝ պրն. Պասմաճեանին, Լաթիֆ Օդօղլու կը դիմէ անձնասպանութեան։ Կը վազէ ան դէպի պատշգամ եւ պանդոկի եօթներորդ յարկէն ինքզինք փողոց կը նետէ, ուր կը մեռնի վայրկենական։ Կարճ ատեն մը ետք չորս ոստիկաններ կը հասնին դէպքին վայրը, ուր իրազեկ ըլլալէ ետք խնդրոյ առարկայ հարցին, կը ձերբակալեն Վարդանը եւ կը տանին ոստիկանատուն՝ զայն յանձնելու դատական իշխանութեան։
    Ոստիկանատան մէջ Վարդան կը հարցաքննուի քննիչ ոստիկանապետ Ջոն Թրեվորդի կողմէ, որուն կը պարզէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Լաթիֆ Օդօղլու թուրք զինուորական պաշտօնեայ մըն է, որ անձամբ գործադրած է անմեղ հայերու տեղահանութիւնն ու ջարդերը։ Վարդան կ՚ըսէ, թէ յիշեալ թուրք ոճրապարտ մարդուն մասին իր տեղեկութիւնները քաղած է Ոճիրներու մարդկութեան դէմ ուսումնասիրութիւններու Միչիգանի կեդրոնէն։ Այս առիթով ոստիկանատուն կը ներկայանայ նաեւ իրաւաբան Պասմաճեան, որ ինք եւս կը հաստատէ, թէ Լաթիֆ Օդօղլու անձամբ գործադրած է 1915 թուի հայ ժողովուրդի աքսորն ու կոտորածները։ Ապա Վարդան երաշխաւորագինով ազատ կ՚արձակուի։
    Դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ 4 սեպտեմբեր 1948-ին, անձնասպանութեան օրը Լաթիֆ Օդօղլու սենեակը եկած երկու ոստիկաններու եւ դիազննութեան արդիւնքը յայտնաբերած բժիշկին ներկայութեան։ 11 սեպտեմբեր, 1948-ին դատական քննիչ յանձնախումբը անպարտ կ՚արձակէ Վարդան Աբէլեանը։
    Օր մը, Միչիգանի Հայկական տան մէջ, Սուրէն անունով ուրֆացի հայ մը դրուատելով Վարդանին յանդուգն կեցուածքը թուրք Լաթիֆ Օդօղլուի հանդէպ՝ կը յիշէ Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ Բերլինի մէջ 1921 թուին ահաբեկեց թուրք դահճապետ Թալէաթը՝ բիւրաւոր հայերու տարագրութիւնն ու նահատակութիւնը ծրագրած ըլլալու յանցանքով։

    Հանգստեան տարիքը թեւակոխելէ ետք, Վարդան Աբէլեան շատ յաճախ կ՚այցելէ Հայկական տունը, ուր օր մը «Արմինիըն Ուիքլի Նիուզ» թերթին մէջ կը կարդայ մօրը մասին շահեկան յօդուած մը։ Ըստ յօդուածագրին, Անուշ Աբէլեան, Վարդանի հարազատ մայրը, Եղեռնի տարին կը կորսնցնէ իր ամուսինն ու զաւակը։ Խումբ մը հայ կիներու հետ ան կը տարուի անծանօթ վայրեր։ Սակայն ճամբու ընթացքին, օգտուելով զիրենք առաջնորդող թուրք զինուորին կարճատեւ բացակայութենէն, Անուշ երկու ոսկիով կը կաշառէ թուրք կառապանը եւ կը վազէ դէպի իր ծննդավայրը՝ Ուրֆա։ Սակայն ճամբան յոգնութեան պատճառով կը նուաղի՝ կորսնցնելով իր ուշքը։ Երբ կը սթափի, կը գտնէ ինքզինք քիւրդ ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր կը մնայ ջարդերէն փրկուելու համար եւ պարտադրաբար կ՚իսլամանայ՝ կոչուելով Զելիխա։
    «Արմինիըն Ուիքլի Նիուզ» թերթին թղթակիցը, շարունակելով իր խօսակցութիւնը, հարց կու տայ որդեկորոյս հայ կնոջ, թէ օր մը, երբ հրաշքով հանդիպի իր զաւկին, ինչպէս պիտի կարենայ ճանչնալ զայն։ Անուշ կ՚ըսէ, թէ շատ դիւրաւ կրնայ ճանչնալ իր զաւակը, որ ի ծնէ ունէր սրճագոյն խալ մը իր վզին աջ կողմը, ճիշդ ականջին բլթակին տակ եւ այդ խալը մեծցած պէտք է ըլլայ մինչեւ հիմա։
    Վարդան իսկոյն կը դիմէ վերոյիշեալ թերթի խմբագրապետ պրն. Զաքարեանին, որ Վարդանին կ՚ըսէ, թէ իր մայրը՝ Անուշ, կ՚ապրի Արեւելեան Թուրքիոյ Դողուբայազիտ (Բայազեդ, Դարոյնք) քաղաքը։ Թէ՝ այն թղթակիցը, որ տեսակցութիւն ունեցաւ Անուշին հետ, կը կոչուի Նուպար Դաւիթեան։ Ան կը խօսի անգլերէն, թրքերէն եւ քրդերէն։
    Պրն. Զաքարեան կը թելադրէ Վարդանին, որ նախ երթայ Անգարա եւ իջեւանի «Մելոտի» պանդոկը եւ հաստատէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն՝ Նուպար Դաւիթեանին հետ, որ պիտի ըլլայ Վարդանի առաջնորդը Անկարայէն մինչեւ Դողուբայազիտ քրդաբնակ քաղաքը, ուր կը բնակի Անուշ։
    Այսպէս, Վարդան կը ճամբորդէ Միչիգանէն մինչեւ Անկարա, 1987 տարուան մայիսի կիսուն, անձրեւոտ օր մը։ Իսկ Անկարայէն մինչեւ Կարին եւ Արեւմտեան Հայաստան Վարդան եւ Նուպար կը ճամբորդեն միասնաբար։ Երկար եւ յոգնատանջ ուղեւորութենէ ետք Վարդան եւ լրագրող Նուպար Դաւիթեան կը հասնին Բայազեդի քրդաբնակ քաղաքը ու կը տեսակցին Անուշին հետ, որ արդէն դարձած էր ալեհեր պառաւ։ Շնորհիւ Նուպարին՝ մայր ու որդի կը ծանօթանան իրարու եւ կ՚ողջագուրուին եօթանասուն տարի իրարմէ հեռու ապրելէ ետք։ Անուշ կ՚ուրախանայ, երբ Վարդան ցոյց կու տայ իրեն այն սրճագոյն խալը, որ ի ծնէ գոյութիւն ունեցած է իր վզին աջ կողմը։

    Արդարեւ, Սերժ Մոմճեանի «Անցեալի յիշատակները» խորագրեալ հատորը անգլիախօս հայերու եւ օտար ընթերցողներու համար լեզուականօրէն ըմբռնելի վիպական գործ մըն է, որ իր գլխաւոր հերոսին՝ Վարդան Աբէլեանի միջոցով հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքին, հոգեմտաւոր աւանդներուն եւ մշակութային իրագործումներու մասին շահեկան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ։
    ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
    Հոկտեմբեր 2010
    Բեյրութ
    «ԱԶԴԱԿ»

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Philosopher (12.02.2011)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •