Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 3 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 3 հատից

Թեմա: «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»

    ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՏՈՐ ՄԸ`

    «ԱՂԲԱՐԻ՜Կ, ԱՓԻԿ ՄԸ ՋՈ՜ՒՐ...»

    Ո՞ւր զետեղել արձակագիր Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր...» խորագրեալ հաստափոր հատորը (459 էջ), որ իր յուշագրական, փաստագրական եւ պատմական ենթահողին զսպանակներէն թեւաւորուելով՝ նահատակ ցեղին արեան փոթորկումները, գրութիւն առ գրութիւն ահագնացող ողբերգութեան անպարագրկելի դժոխքը, իրենց «ցկեանս նահատակութիւն»ը ապրող ակամայ օտարացած զոհերուն ամէնօրեայ խաչելութիւնը լայն կը սփռէ սպիտակ էջին վրայ, կը նուաճէ հեղինակին ստեղծագործական լուծումներով, յուզաշխարհային անդրադարձներով եւ յանձնառու գրագէտի գաղափարապաշտ յաւելումներով իբրեւ մէկ ու ներդաշնակ ամբողջութիւն դառնալու գրական արդար փառասիրութիւնը եւ ընթերցողին կը ներկայանայ որպէս յուշափաստագրական, բայց միեւնոյն ատեն էապէս գրական երկ։ Հաւանաբար դժուար է տալ վերջնական պատասխանը հարցումին։ Անոր համար մանաւանդ, որ վերոնշեալ բոլոր կաղապարներուն մէջ ամփոփուելով հանդերձ, այս ծրագրային երկը կը քանդէ իր կաղապարները եւ ինքզինք կատարելագործող գիրին ներքին զօրութեամբ կը բացուի ստեղծագործական իրագործում մը դառնալու գեղարուեստական ոլորտներուն։ Նոյնիսկ կ՚ազատագրուի գրութիւններուն առարկայական կշիռ ու զօրութիւն պարգեւող լուսանկարներուն բացայայտ ու ներզօր ներկայութենէն եւ գրութեան ու լուսանկարին միջեւ զարգացող լռելեայն երկխօսութիւնը կը զետեղէ բազմակողմանի յարաբերութեանց լայն շրջանակին մէջ։
    Յատուկ եւ խոր ընթերցման արժանի ուշագրաւ պարագայ մըն է ասիկա, որ «Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը հանդիսացող «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»ը կը տանի մինչեւ հեռու ժամանակներ, մինչեւ 1908-ի Ադանայի Աղէտ եւ Մեծ Եղեռնին յաջորդած սրտաճմլիկ տարիներ։ Կը յաջորդէ արձագանգը՝ նահատակներուն անպատմելի տրամը եւ ճողոպրած խլեակներուն նոյնքան անասելի Գողգոթայի ճանապարհիին ահաւորութիւնը գիրերու մէջ բանտարկած այլանուն զոհ-զոհաբերներու վկայագրութիւններուն խորագիրները իրարու կողքին տեղ կը գրաւեն եւ կը կազմեն մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ Զապէլ Եսայեան ու Սուրէն Պարթեւեան, Արշակուհի Թէոդիկ ու Յովհաննէս Թէրզեան, Արամ Հայկազ ու Սմբատ Փանոսեան, Արմէն Անոյշ ու Անդրանիկ Ծառուկեան եւ նոյն ազնիւ նպատակին իրենց գրիչն ու ստեղծագործական ողջ կարողականութիւնը նուիրաբերած արաբ եւ օտար բազմանուն արձակագիրներ կը կանգնին կողք-կողքի՝ իբրեւ հայ ցեղին նահատակութիւնն ու հրաշափառ յարութիւնը պատարագած ազնուարիւն գրագէտներ, իսկ իրենց կողքին՝ միաբան ուխտին նորագոյն սպասարկուն, որ պարզապէս կը կոչուի Գէորգ Ճ. Աբէլեան։
    Վերադառնալով Գէորգ Ճ. Աբէլեանի տարի մը առաջ լոյս տեսած «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...» հատորին, առաջին հերթին պէտք է նշել, որ գիրքը կը բաղկանայ երկու մասէ։ Առաջին գլուխի տասնինը պատումները, որ վերյուշի ալիքներով կը պատկերեն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան դժոխային լաբիւրինթոսէն ճողոպրած, իրենց հարազատներուն խողխողումը իրենց մորթին վրայ եւ հոգիին խորը ապրած որբերու, շղթայի մը օղակներուն պէս իրարու ագուցուելով՝ կը կազմեն մէկ անաւարտ վէպը քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։ Ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ նախաբանը Հայասպանութեան, որովհետեւ Տէր-Զօրի անապատի աւազներուն լռութիւնը հրդեհած հայու իւրաքանչիւր կաթիլ արիւն վէպ մըն է ինքն իր մէջ, նոյնիսկ վէպէ վեր աշխարհ մը, որուն պեղումն ու ստեղծագործական վերակառուցումը ենթակայ հեղինակէն կը պահանջէ հսկայական ու գերմարդկային ճիգ։
    «Տեղեկագիր հայոց մեծաց, նիւթ. հայոց սփիւռքի ցեղախումբը» ընդհանուր վերնագրով ներկայացող երկրորդ մասի չորս վկայութիւնները կը պատկերացնեն կենդանի նահատակութիւնը քրտացած ցեղախումբի մը կոտորակներուն, որոնք հակառակ կրօնափոխ դառնալու պարտադրանքին, իրենց արեան պորտակապով կապուած կը մնան իրենց արմատներուն, իրենց երակներուն մէջ կը կրեն հայու արիւն ու գիտակցութիւն, կարօտ ու ցաւ եւ, իբրեւ երկփեղկուած կենդանի նահատակներ՝ կը տարուբերին իրենց էութեան փոթորկալի ծովուն հայկական ու քրտական զոյգ ափերուն միջեւ։ Ասոնք պարզապէս քանի մը նմոյշ են։ Տասնեակ հազարաւորներ դատապարտուած են նոյն դաժան ճակատագիրին, Ճեզիրէի ողջ տարածքին։ Ու նոյնքան՝ վերապրելու «բախտ»ով ու տառապանքով տուայտող արաբացած հայորդիներու տոկոսներ՝ Ռագգայէն մինչեւ Տէր-Զօր եւ սուրիական անապատի մութ ու խուլ գիւղեր։
    Ովկիանոսի կաթիլ մը ջուրին տարալուծումը բաւ է՝ ովկիանոսին ծով-ծով ջուրերուն բովանդակութեան մասին ամբողջական գաղափար մը կազմելու համար։ Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» երկի զոյգ հատորներով հրամցուած իւրաքանչիւր «կաթիլ», փաստօրէն, ովկիանոս մը տառապանք, դժոխք ու նահատակութիւն, բայց եւ արեան կանչ ու գոյատեւելու վճռականութիւն կ՚ադամանդացնէ իր մէջ։
    Հոգեկան ծով վիճակներու, ներքին ծաւալող կռիւներու, առասպելական խիզախումներու եւ ակամայ պարտութիւններու, բայց եւ մոխիրէն հրաթեւ յարութիւն առնելու հայկական վճռականութեան հրաշալի դասերու մէկ բաց գիրքն է Գէորգ Ճ. Աբէլեանի նորերս լոյս տեսած «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»ը։ Ապրող եւ ապրում ու հաւատք փոխանցող պինդ հերոսներով, սրտառուչ դրուագներով ու կիզիչ աշխարհով հարուստ հայկական էանկար մըն է հեղինակին այս գիրքը, ուր Գէորգ Ճ. Աբէլեան արձակագիրին պատմելու, նկարագրելու, կացութիւնները որսալու եւ հոգեվիճակները խտացնելու կուռ, հեզասահ, առինքնող ոճը կ՚արձանագրէ պայծառ փայլատակումներ եւ «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»ին կ՚ապահովէ յուզումով, գերլարուած մասնակցութեամբ եւ մէկ շունչով կարդացուելու բախտն ու պատիւը։

    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    «ԱԶԴԱԿ»

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»













    Ձի՜ ուզած էր Նիկողոս։ Ի՜նչ անուշ բան էր ձի հեծնել եւ արշաւել թուրքին դէմ։ Անդրանիկ կը զգուշացնէ, որ ձի չնստէր. կրնար զարնուիլ։ Նիկողոս յամառ էր։ Ինք կը հաւատար, որ Անդրանիկին զինուորին բան չէր կրնար պատահիլ։ Ինք լսած էր, որ թուրքերը եւ քիւրտերը տարօրինակ հաւատք ունէին։ Կը հաւատային, որ Անդրանիկ բերնին մէջ քար մը կը դնէր։ Այդ քարը կախարդական բան մըն էր։ Այնքան ատեն որ քարը Անդրանիկի բերնին մէջ ըլլար, անկարելի կը դառնար զարնել առասպելական ֆետային։ Ինք կը հաւատար, որ ինք եւս անմահ պիտի դառնար։
    Հակառակ Անդրանիկի զգուշացումներուն, պատանին առիթը կը գտնէ եւ կը նետուի ձիու մը քամակին։ Ճերմակ պիսակով սեւ ձին հրեղէն բան մը ունէր իր մկաններուն մէջ։ Այդ ձին անպարտելի կրնար դարձնել զի՛նք եւս։ Հազիւ ձիուն վրայ տեղաւորուած եւ քանի մը քայլ յառաջացած, դիմացէն, միակ գնդակով մը, տղան գետին ինկած էր... Բարեբախտաբար ոչ հայրը ոչ ալ մայրը լուր առած էին այդ մասին։ Գրիգոր հայրիկը իր պարտէզին մէջ, իր կացինով, գլխատուած էր։ Մայրն ալ զոհ գացած էր ջուրին...
    Յակոբ տարիներ ետք Յովհաննէսէն պիտի լսէր իր Նիկողոս եղբօր մահուան պարագաներուն մասին...
    Մունետիկներ եկած էին Ակն։ Ասոնք յայտարարած էին, որ Ակնէն տարուած այր մարդոց միանալու համար՝ ամբողջ ժողովուրդը դուրս պիտի տարուէր։ Կիները կը խանդավառուէին իրենց ամուսիններուն վերամիանալու հեռանկարով։ Իսկ Եղիսաբէթ, որ երկու օրէ ի վեր կը սպասէր ամուսինին վերադարձին, պիտի իմանար, որ ան արդէն իսկ սպաննուած էր։ Ինք ինչո՛ւ հեռանար իր սիրելի Ակնէն, երբ ամուսնոյն միանալու հեռանկար չունէր։ Բայց որոշումը իր ձեռքը չէր։ Ի՛նք եւս պիտի գաղթէր։ Ստիպուա՛ծ էր։
    Կինը ոտքի ցաւ ունէր։ Իրեն համար դժուար էր քալել։ Բայց չէր կրնար չմիանալ կարաւանին։ Քիչ մը հաց եւ պանիր առնելով Յակոբի եւ Զարուկի հետ ճամբայ ելած էր։ Տղամարդ չկար, բացի ծերերէ, կարաւանին մէջ։ Աւագ անունով մարդ մը, բաւական հարուստ, զինուորութեան երթալէ ազատ կացուցուած էր։ Մնացած էր Ակն, քիւրտ ընտանիքի մը քով թաքնուած էր։ Կիներ որոշ նախանձով կը խօսէին Աւագի եւ ընտանիքին մասին։ Իրենց ամուսինները եւ մեծ որդիները տարուած էին օսմանեան բանակ... Իսկ իրենք մնացած էին անոք եւ անտէր... եւ ո՜ւր էին իրենց ամուսինները...
    Քաղաքէ-քաղաք, գիւղէ-գիւղ կը յառաջանար Ակնի կարաւանը։ Պիտի անցնէր Արաբկիրէն, Մալաթիայէն, Խարբերդէն... Մէն մի քաղաքի կամ գիւղի մէջ կարաւանը կը ստուարանար։ Տուեալ բնակավայրին ժողովուրդն ալ կը միանար վերերէն եկողներուն...
    Գարուն էր. շատ հաճելի օդ։ Թռչուններ ուրախ-ուրախ կը թռչկոտէին։ Դաշտեր եւ բլրակներ ծածկուած էին պէս պիսի վայրի ծաղիկներով։ Անոնց բոյրը երկինքը բռնած էր. մեղուներու տզզոցը երկինքը կը բռնէր։ Անոնք ինչ գիտնային, որ իրենց պատրաստելիք մեղրը ուտողները դատապարտուած էին գաղթի եւ մահուան...
    Շատ չանցած, ծաղկաւէտ դաշտերուն մէջէն պիտի բարձրանար մեռելներու ահաւոր հոտը...
    Եփրատի ափն ի վար կը քալէր կարաւանը։ Հայաստանի լեռներուն վրայի ձիւները հալելով, վարարած էին Հայոց սրբազան գետը։ Իսկ մարդիկ, հայորդիները, կը քալէին գետին ափէն եւ ծարաւը կ՚այրէր, կը խանձէր զանոնք։ Աքսորեալները կը նայէին գետի ջուրերուն։ Իրենց խմելովը ի՛նչ կը պակսէր այնքան առատ ջուրէն։ Բայց ամենակարո՜ղ եւ ամենահզօ՜ր ոստիկանները թոյլ չէին տար, որ ջուր խմէին, երեսնին լուային, պահ մը գաղթի յոգնութիւնը ամոքելու համար...
    Մերթ կարծէք թոյլատու կը գտնուէին ոստիկանները։ Կին, երախայ եւ ծեր կը փութային գետեզերք. ծունկի կու գային քանի մը ափ ջուր խմելու համար։ Օ, որքա՜ն «բարեգութ» էին ոստիկանները... Սակայն հազիւ ծունկի եկած եւ ջուրով լեցուած բուռերը վեր բարձրացուցած, այդ նոյն ոստիկանները, հաճոյքի համար, մէկական թեթեւ կից տալով, գետին մէջ, թըփ-թըփ կը ձգէին կին, ծեր երախայ... Ի՜նչ փոյթ որ գետին մէջ ինկողները օրհասական պայքար կը մղէին, ի խնդիր քիչ մը օդի եւ փրկութեան... Գետին սրընթաց յորձանքը կ՚առնէր ու կը տանէր զիրենք...
    Եւ «էշէկ» հայերը դաս չէին առներ։ Երբ որ առիթ տրուէր իրենց, կը փութային գետի ջուրերուն, կը ծնկէին, բայց չէին հասցներ իրենց լեցուն բուռերուն մէջի ջուրը խմել... թեթեւ կից մը, նոյնիսկ ձեռքի մահակին ծայրով հպում մը բաւ էր, որ թափէր զիրենք հին օրերու սրբազան գետին մէջ...
    Կարաւանը, որուն ո՛չ սկիզբը կը տեսնուէր ո՛չ ալ վերջը, կը յառաջանար։ Օր մը, ոստիկաններ լուր կը տարածեն, որ քիչ մը մեծկակ տղոց համար յատուկ ապաստանարաններ պատրաստած է երկրին «բարեխնամ» կառավարութիւնը։ Բոլոր տղաքը հո՛ն պիտի տարուէին։ Մայրերէն ոմանք կ՚ուրախանան։ Գոնէ իրենց սրտահատորները ուտելու հաց ունենային, ապաստանարան ունենային։
    Յակոբի մայրը հեռատես կին էր։ Այդ քայլին մէջ նենգ բան մը կը տեսնէր, կը նախզգար։ Տղուն կնոջական հագուստ կը հագցնէ. ուրիշը չէր մնացած. գոնէ այդ մէկը թող փրկուէր, իր կողքին մնար։ Մեծ թիւով տղաք կ՚առանձնացուէին ու կը զատուէին խումբէն։ Կը քալէին փրկուելու յոյսով։ Հազիւ քիչ մը հեռացած, այդ բոլորը հրացանի կը բռնուէին։ Հայոց սերմը փճացնելու ի՜նչ լաւ միջոց էր այդ։
    Երթը որքա՞ն ահարկու կը դառնար։ Իրենցմէ առաջ այլ կարաւաններ անցած ըլլալու էին այդ վայրերէն։ Մերթ գետին ինկած եւ ուռած դիակներու վրայէն կոխել անցնիլ կը ստիպուէին։ Շատ չանցած, այդ մէկուն ալ կը վարժուէին։
    Յակոբ բաւական «մեծ» տղեկ մըն էր. աղէտը հասունցուցած էր զինք կարծէք։ Ի՛նք տիրութիւն կ՚ընէր իր քրոջ՝ Զարուկին։ Մայրը ոտքին ցաւին պատճառով կը դանդաղէր. ահաւոր բան էր այդ ցաւը։ Միշտ ետեւ կը մնար բազմանդամ ընտանիքին մայրը։ Մինակ կը մնար. չէր կրնար քայլ պահել զաւակներուն հետ։
    Յակոբ կը փորձէր օգնել մօրը. թէեւ ինք եւս ուժասպառ էր, բայց կը փորձէր նեցուկ կանգնիլ անոր։ Զինուորները թոյլ չեն տար. հրացանին կոթովը կը հարուածեն զինք։ Ո՛չ տղեկին, ո՛չ ալ կնոջ արցունքները բան կ՚ըսեն անաստուած ոստիկաններուն։ Ուրիշ ոստիկաններ կը մօտենան եւ կը սկսին կիցերով հարուածել ուժասպառ կնոջ։ Ապա կը հրեն եւ գետին մէջ կը նետեն զայն։
    - Տեսա՞ր օղլում (տղաս), ինչ դիւրութեամբ կը յառաջանայ մայրդ. այլեւս ոտքի ցաւ ալ պիտի չունենայ։ Դուն քու ճամբան շարունակէ՛,— շնականօրէն ըսած էր ոստիկաններէն մին,— եթէ կ՚ուզես, քե՛զ ալ իրեն հետ կը ճամբեմ...
    Ակնցի տարեց կին մը կը ջանայ տիրութիւն ընել Յակոբին եւ Զարուկին։
    Յակոբ դեռ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ ըսել էր յղութիւն։ Ոստիկաններ խոշոր փորով կին մը կանգնեցուցին։ Իրարու հետ կը վիճէին, մինչ կինը կը փորձէր փորը ծածկել երկու ձեռքերովը։ Ոստիկանները գրաւի եկած էին։ Մէյ մըն ալ սուրը շողաց եւ խրուեցաւ կնոջ փորին մէջ։ Մարդը սուրը աջ եւ ձախ կը դարձնէր. բնաւ ականջ չէր կախեր կնոջ աղիողորմ կանչերուն եւ լացին։ Մէկ ալ սուրին ծայրը տեսնուեցաւ փոքր պեպեք մը... Հուրրաա՜, այն ոստիկանը որ պնդած էր, թէ հայ խոզին փորին մէջինը մանչ էր, շահած էր գրաւը... Սուրին ծայրը անցուած պեպեքը թեւիկները եւ տոտիկները քիչ մը շարժելէն ետք, արդէն անշարժացած էր։ Բայց շատ ուրախացուցած էր այն ոստիկանը, որ գրաւը շահած էր... Յետոյ, որպէս անպէտք իր մը, սուրը շալկող ոստիկանը մէկդի շպրտած էր անշունչ մանկիկը։ Գետնի խոտերուն վրայ սրբելով, կեաւուրի արիւնէն մաքրած էր իր կտրուկ սուրը...
    Մայրեր, ճարահատ, իրենց աղջնակները կը յանձնէին բոլորովին օտար մարդոց։ Կը խնդրէին, կ՚աղաչէին, որ հոգ տանէին իրենց ձագուկներուն։ Հայ պատուախնդիր մայրերուն այլ ելք չէր մնացած իրենց զաւակները, յատկապէս աղջնակները փրկելու։ Ոմանք իրենց մօտ գտնուող դրամէն մաս մը կու տային աղջիկները «որդեգրող»ներուն՝ այն ակնկալութեամբ, որ լաւ հոգ պիտի տարուէր անոնց։
    Ճամբեզրին կանգնած այլազգները կը սպասէին կարաւանին հասնելուն, որպէսզի զատէին եւ առնէին մանուկներուն լաւագոյնները... Ոչխար կամ այծի ուլիկ գնելու պէս կը զատէին ու կը վերցնէին իրենց ուզածները։ Փոքրերուն եւ իրենց մայրիկներուն բաժանումը որքան որ ահաւոր ըլլար, չէր կրնար ոստիկաններուն գութը շարժել։ Իսկ այդ երախաները վերցնողները եւս իրենց գոհունակութիւնը չէին յաջողեր ծածկել։ Անշուշտ կը խոստանային լաւագոյն խնամք տանիլ եւ պահել այդ մանր հայորդիները, մինչեւ որ անոնց ծնողները վերադառնային... եւ շատ լաւ գիտէին, որ անոնք վերադարձուելու համար չէ, որ գաղթի հանուած էին...

    ԳԷՈՐԳ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
    (Հատուած)

    «ԱԶԴԱԿ»

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...»

    ԽՕՍՔ ՄԸ ...


    Վերնագի՞րը հապա...
    Ջուրը մեծագոյն միջոցն էր հայորդիները պատժելու։ Թուրքը լաւագոյնս օգտագործած է այդ միջոցը։ Գաղթական հայորդիները ջուրի, մերթ միայն ափիկ մը ջուրի երազով քալած են յատկապէս Եփրատի ափերն ի վար... Այդ ահաւոր իրականութիւնը կրնաք կարդալ Յակոբ Դանիէլեանի պատմութեան մէջ։ Մանկահասակ քոյրը ափիկ մը ջուրի երազով կը մահանայ գետեզերքին վրայ... Կարելի՞ է այսքան մեծ անգթութիւն եւ տառապանք պատկերացնել... Փոքրիկն Զարուհին առանձինն չէր... Պարզապէս մէկն էր հազարաւորներէն։
    23 պատմութիւններ կը դնեմ ընթերցողներուս սեղաններուն վրայ։ Տակաւին կ՚ուզեմ շեշտել, որ այս թիւը ոչինչ է։ Բազմահազարներ անցած են այդ դժոխքին մէջէն։ Հարկ է, յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան մեր նախնիներուն ապրած ահաւոր տառապանքը ճչալ եւ բարձրաձայնել ի դէմս աշխարհի մը, որ շատ արագ կը վազէ, ուր հաւաքական թէ անհատական բռնութիւնները կը շարունակուին ի գործ դրուիլ։ Բայց մեր կեանքին մաս կազմած Մեծ ցեղասպանութիւնը մենք պէտք է ճանչցնենք արար աշխարհին, հակառակ ամէն բանի։ Մեր հողային, նիւթաբարոյական եւ մշակութային կորուստները չենք կրնար մոռացութեան տալ։
    Մեր պայքարը պիտի ըլլայ երկար։ Այդ պայքարի ճամբուն վրայ, մեր տառապանքներուն մանրամասնութիւնները նախ մե՛նք պէտք է ճանչնանք, ապա ճանչցնել տանք ուրիշներու։ Սա կենսական պահանջ է... Այդ «մանրամասնութեանց» մէջ տիեզերք լեցնելու չափ հսկայ տառապանք կայ...

    Գ. Աբելեան
    (Հատուած)


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •