Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: ՊԷՏՔ Է ԴԱՏԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆԴԸ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՊԷՏՔ Է ԴԱՏԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆԴԸ

    ԱՆՑԵԱԼ ԱՄԻՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՏՈՄԻՆԻՔ ՇԹՐԱՈՒՍ-ՔԱՀՆԻ ՎՐԱՅ, ՈՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԷՐ, ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷՐ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ ԵՒ ԿԸ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԷՐ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԲՌՆԱԲԱՐԱԾ ԷՐ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏՈՂ ԿԻՆ ՄԸ: «ԴԻ ԻՆԴԻՊԵՆԴԸՆՏ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌՈՂՋ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ԵՈՀԱՆ ՀԱՐԻ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՔՆՆԵԼ ԻՆՔՆԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒՆ ԷՈՒԹԻՒՆԸ: ՊԱՀ ՄԸ ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ, ԹԷ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔ ՄԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻ Ո՛Չ ԹԷ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏՈՂ ԿԻՆ ՄԸ ԲՌՆԱԲԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ, ԱՅԼ` ԶԱՅՆ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԵՏ ՍՈՎԱՄԱՀ ԸՆԵԼՈՒ, ԿԸ ԳՐԷ ԱՆ: ՀԱՐԻ ՑՆՑԻՉ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՒՆ ՀՌԵՏՈՐԱԿԱՆ ԳՐԱՒԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ԿԻՐԱՐԿՈՒՈՂ ԱՆԲԱՐՈՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՉԻ ՏԱՐԲԵՐԻՐ ԻՐ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ԱՐԱՐՔԷՆ: ՀԱՅԵԼԻԻ ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՏՄՈՒԱԾ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ԶԳՈՒՇՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵՐ ԵՆ` ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՏՐԱՄԱԴԻՐ ՈՐԵՒԷ ԱՂՔԱՏ ԵՐԿՐԻ ՀԱՄԱՐ*, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ` ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՒԻՆԵԼՈՒ ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ:

    Երբեմն շաբաթը 7 օր 24 ժամ շարունակ լուրերու ժամանակացոյցին շռնդալից ցնդաբանութեան ամէնէն խօսուն երեւոյթը լռութիւնն է: Յաճախ ամէնէն յատկանշական իրողութիւնները թաքնուած են լուրերու աղմուկին ետին. անոնք չեն նշուիր եւ չեն քննուիր:
    Հետեւաբար, այն իրողութիւնը, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախկին ղեկավար Դոմինիկ Շտրաուս-Քահն դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի` Նիւ Եորքի պանդոկի մէկ սենեակին մէջ ծառայող կին մը բռնաբարելու ամբաստանութեամբ, իրաւամբ մեծ լուր է: Սակայն պահ մը երեւակայեցէք, թէ ականաւոր դէմք մը դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի ոչ թէ սպասուհի մը բռնաբարելու յանցանքով, այլ` զայն իր զաւակներուն, ծնողներուն եւ հազարաւոր այլ անձերու հետ սովամահ ընելու: Միջազգային դրամական ֆոնտը մօտիկ անցեալին ճիշդ այս արարքը գործած է անմեղներու դէմ: Անիկա դարձեալ պիտի գործէ նոյն արարքը, բացի եթէ զայն կերպարանափոխենք հիմնովին: Սակայն ասիկա կը մնայ լռութեան մէջ:
    Այս պատմութիւնը հասկնալու համար պէտք է ճամբորդել ժամանակին մէջ դէպի ետ, մինչեւ` Միջազգային դրամական ֆոնտին ծնունդը: Այն երկիրները, որոնք յաղթական դուրս եկան Բ. Աշխարհամարտէն, 1944-ին մէկտեղուեցան Նիւ Հեմփշըրի գիւղական շրջանի մէկ պանդոկին մէջ` բաժնուելու համար աւարը: Պատուարժան քանի մը բացառութիւններէ զատ, ինչպէս` բրիտանացի տնտեսագէտ Ջոն Մայնարդ Քինես, բանագնացները վճռած էին իրականացնել մէկ բան. անոնք կը ձգտէին կառուցել տնտեսական միջազգային դրամական համակարգ մը, որ ծառայէր երկրագունդի ամբողջ դրամն ու բնական աղբիւրները մշտապէս դէպի իրենց երկիրը հոսեցնելու: Անոնք հիմնեցին այս նպատակին ծառայող շարք մը հաստատութիւններ, եւ այսպէս ծնունդ առաւ Միջազգային դրամական ֆոնտը:
    Միջազգային դրամական ֆոնտին պաշտօնական դերը պարզ եւ գրաւիչ կը թուի: Անիկա ենթադրաբար հիմնուած է աշխատելու, որ աղքատ երկիրներ պարտքերու տակ չկքին, իսկ եթէ այս մէկը պատահի, ապա օգնեն անոնց դրամական փոխատուութիւններով եւ տնտեսական մասնագիտութեամբ: Անիկա կը ներկայացուի իբրեւ աղքատ երկիրներու լաւագոյն բարեկամն ու պահապանը: Սակայն հռետորական այս խօսքերէն անդին` իրականութիւնը այն է, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը ստեղծուած է` ղեկավարուելու համար քանի մը հարուստ երկիրներու կողմէ, եւ մասնաւորաբար` այս երկիրներուն դրամական եւ դրամատնային ակնկալութիւններուն: Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛աշխատի անոնց շահերուն հաշուոյն, իւրաքանչիւր քայլափոխի:

    ՄԱԼԱՈՒԻԻ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ

    Տեսնենք, թէ այս մէկը ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ գետնի վրայ: 1990-ական տարիներուն հարաւարեւելեան Ափրիկէի մէջ փոքր երկիր մը` Մալաուի, կը դիմագրաւէր տնտեսական սուր տագնապներ` ենթարկուելէ ետք աշխարհի մէջ ՍԻՏԱ-ի ամէնէն յոռեգոյն մէկ համաճարակին եւ վերապրելով ահաւոր բռնատիրութենէ մը: Երկիրը ստիպուած էր դիմել Միջազգային դրամատան ֆոնտին օգնութեան: Եթէ այս ֆոնտը գործէր իր պաշտօնական դերով, ապա դրամական փոխատուութիւններ պիտի տար եւ երկիրը պիտի առաջնորդէր բարգաւաճումի, այնպէս` ինչպէս Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ յաջողած են բարգաւաճիլ` նեցուկ կանգնելով նորակազմ ճարտարարուեստներուն, նպաստ տրամադրելով մշակներուն եւ շահարկումներ կատարելով իրենց ժողովուրդին կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ:
    Այսպիսի պատկեր մը պիտի ունենար հաստատութիւն մը, որ կ՛առնչուէր սովորական ժողովուրդին հարցերուն հետ եւ հաշուետու էր անոնց: Սակայն Միջազգային դրամական ֆոնդը գործեց շատ տարբեր ձեւով: Անոր պատասխանատուները ըսին, թէ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէին միայն այն պարագային, երբ Մալաուի համաձայնէր գործադրել «կառուցային այն պատշաճեցումները», զորս կը պահանջէր Միջազգային դրամական ֆոնդը: Անոնք Մալաուիէն պահանջեցին պետութեան պատկանող գրեթէ ամէն ինչ վաճառել սեփական ընկերութիւններու եւ տնտեսական ենթադրութիւններով ու ակնկալութիւններով առաջնորդուող կառոյցներու: Անոնք նաեւ պարտադրեցին, որ պետութիւնը կրճատէր բնակչութեան համար կատարած իր ծախսերը: Օրինակ, իբրեւ պետական նպաստ` պարարտացուցիչ չտրամադրել մշակներուն, ինչ որ գրեթէ ամբողջ բնակչութեան համար երկրին անբերրի հողին մէջ որեւէ բան աճեցնելու միակ միջոցն էր: Անոնք թելադրեցին առաջնահերթութիւնը տալ միջազգային դրամատուներու կատարելիք իրենց վճարումներուն, եւ ոչ թէ` Մալաուիի ժողովուրդին:
    Հետեւաբար, երբ 2001-ին Միջազգային դրամական ֆոնտը ի յայտ բերաւ, թէ Մալաուիի պետութիւնը դիզած էր ցորենի հսկայական պահեստներ` զանոնք օգտագործելու համար վատ հունձքի պարագային, ֆոնտին պատասխանատուները հրամայեցին այս պահեստը անմիջապէս վաճառել սեփական ընկերութիւններու: Անոնք Մալաուիի թելադրեցին յարգել առաջնահերթութիւնները եւ պահեստներու վաճառքէն գոյացած գումարով վճարել իրենց ստացած դրամական փոխառութեան հաշիւը դրամատունէ մը, որուն դիմելու յանձնարարութիւնը կատարած էր նոյնինքն ֆոնտը` տարեկան 56 առ հարիւրի տոկոսով:
    Յաջորդ տարի Մալաուիի մէջ հունձքը շատ վատ էր: Իսկ պետութիւնը ոչինչ ունէր, որ բաժնէր իր ժողովուրդին: Սովահար բնակչութիւնը ստիպուեցաւ սնանիլ ծառերու բունով եւ առնէտներով, երբ կարելի էր բռնել զանոնք: «Բի. Բի. Սի.» վիճակը նկարագրեց իբրեւ Մալաուիի «յոռեգոյն սովը»: Շատ աւելի վատ հունձք արձանագրուած էր 1991-1992-ին, սակայն սով չէր պատահած, որովհետեւ պետութիւնը ունէր ցորենի պահեստներ, զորս բաժնած էր ժողովուրդին: Այսպէս, առնուազն հազար հոգի սովամահ եղաւ:
    Երբ սովը հասաւ իր գագաթնակէտին, Միջազգային դրամական ֆոնտը առկախեց 47 միլիոն դոլլարի օգնութիւն մը, որովհետեւ պետութիւնը «դանդաղութիւն» ցոյց տուած էր շուկայի «բարեկարգումները» կատարելու մէջ, ինչ որ ֆոնտին յայտարարութեան մէջ կը նկատուէր սովի աղէտին պատճառը: Գետնի վրայ օգնութիւն տրամադրող գլխաւոր կազմակերպութիւնը` «Էքշըն էյդ», քննեց սովին պատճառները եւ եզրակացուց, թէ` «Միջազգային դրամական ֆոնտը պէտք է կրէ աղէտին պատասխանատուութիւնը»:
    Ապա, սովին սփռած աղէտին գագաթնակէտին Մալաուիի պետութիւնը դիմեց քայլի մը, որ ենթադրաբար պէտք չէ առնեն աղքատ երկիրները: Անիկա Միջազգային դրամական ֆոնտէն պահանջեց հեռանալ երկրէն: Յանկարծ ինքզինք ազատ զգալով իր ժողովուրդին ծառայելու, փոխանակ` օտար դրամատուներու, Մալաուի ամբողջութեամբ անտեսեց Միջազգային դրամական ֆոնտին «խորհուրդները» եւ վերահաստատեց մշակներուն տրամադրուած պարարտացուցիչի նպաստը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ սպասարկութիւններ` սովորական ժողովուրդին համար: Երկու տարուան մէջ երկիրը մուրացկանի իր վիճակէն կերպարանափոխուեցաւ եւ դարձաւ առատութեան երկիր մը, որ իբրեւ օգնութիւն` սննդամթերք կ՛ուղարկէր դէպի Ուգանդա եւ Զիմբաբուէյ:
    Մալաուիի սովը պէտք էր հեռուէն լսուող զգուշացումի ճիչ մը դառնար բոլորիս համար: Սովորական մարդոց շահերը դրամատուներու եւ տնտեսական ենթադրութիւններով ու ակնկալութիւններով առաջնորդուող կառոյցներու ենթարկելը պատճառ դարձած էր այս երկրին մէջ պատահած սովին: Սակայն քանի մը տարի ետք նոյն այս կազմակերպութիւնները պիտի տապալէին ամբողջ համաշխարհային տնտեսութիւնը:
    Միջազգային դրամական ֆոնդին պատմութեան մէջ Մալաուիի պատմութիւնը բացառութիւն մը չէ: Այս կազմակերպութիւնը կը ստանձնէ աղքատ երկիրներ` անոնց խոստանալով իրենց ախտին դարմանը, ապա թոյն կը հոսեցնէ անոնց կոկորդէն վար: Ամէն անգամ որ կը ճամբորդեմ դէպի աշխարհի աղքատ շրջանները, Միջազգային դրամական ֆոնդին «կառուցային պատշաճեցումներուն» սպիները կը տեսնեմ ամէն տեղ, Փերուէն մինչեւ Եթովպիա: Ամբողջ երկիրներ փուլ եկած են` Միջազգային դրամական ֆոնտին ենթարկուելէ ետք, մասնաւորաբար` Արգենտինա եւ Թայլանդ` 1990-ական տարիներուն:

    ԱՒԵՐ` ՔԵՆԻԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ

    Կ՛արժէ ակնարկ մը նետել այս կազմակերպութեան ամէնէն տխրահռչակ արարքներուն վրայ: Քենիոյ մէջ անիկա պետութեան պարտադրեց, որ բժիշկներ այցեգին պահանջեն հիւանդներէն: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ սեռային հիւանդութիւններու համար օգնութեան դիմող կիներուն թիւը անկում արձանագրէ 65 առ հարիւրով, եւ այնպիսի երկրի մը մէջ, որ աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի մեծ թիւով ՁԻԱՀ-ով տառապող հիւանդները ունեցող վայրերէն մէկն է:
    Գանայի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտը պետութեան պարտադրած էր կրթաթոշակ հաստատել: Հետեւաբար գիւղական շրջաններու մէջ իրենց զաւակը դպրոց ուղարկելու կարողութիւնը ունեցող ընտանիքներուն թիւը նուազեցաւ 70 առ հարիւր համեմատութեամբ: Զամբիոյ մէջ ֆոնդը պարտադրեց կրճատել առողջապահական մարզին տրամադրուած պետական պիւտճէն, որմէ ետք կրկնապատկուեցաւ մեռնող մանուկներուն թիւը: Զարմանալի կը թուի, սակայն երկրի մը դրամը սեփական ժողովուրդին վրայ ծախսելու փոխարէն` զայն դէպի օտար դրամատուներ հոսեցնելը բարգաւաճումի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն մը չէ:
    Նոպելեան մրցանակակիր տնտեսագէտ Յոսեֆ Շտիգլից աւելի քան 10 տարի սերտօրէն աշխատած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, մինչեւ որ հրաժարած եւ ահազանգ հնչեցուցած է: Քանի մը տարի առաջ ան ինծի ըսած էր հետեւեալը. «Երբ Միջազգային դրամական ֆոնդը կը մտնէ երկիր մը, ունի միայն մէկ մտահոգութիւն. ինչպէ՛ս ապահովել դրամատուներու եւ դրամական հաստատութիւններու վճարումները… Միջազգային դրամական ֆոնդն է, որ աշխատանք կը հայթայթէ գործառնութեանց մարզերու մէջ նախատեսութիւններով եւ ակնկալութիւններով գործող կառոյցներուն: Անիկա հետաքրքրուած չէ բարգաւաճումով կամ երկիր մը աղքատութենէն դուրս բերելու ծառայող օգնութիւն ցուցաբերելով»:
    Ոմանք Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛որակեն «յեղյեղուկ», որովհետեւ այս հաստատութիւնը կը զօրակցի բարգաւաճ երկիրներուն տարածքին պետութիւններու կողմէ դրամատուներու տրամադրուած օգնութեան, սակայն աղքատ երկիրներէն կը պահանջէ վերջ դնել պետութեան կողմէ տրամադրուած գրեթէ բոլոր նպաստներուն: Սակայն ասիկա «յեղյեղուկ» կարելի է որակել միայն գաղափարներու մտաւորական աշխարհին մէջ եւ ոչ` տնտեսական բացայայտ շահերու: Իւրաքանչիւր առիթի Միջազգային դրամական ֆոնտը ի գործ կը դնէ ամէն ինչ, որ կը ծառայէ յաւելեալ դրամ ապահովելու դրամատուներուն եւ դրամական նախատեսութիւններով ու ակնկալութիւններով գործող կառոյցներուն: Եթէ բարգաւաճ երկիրներուն մէջ պետութիւններ առանց որեւէ շահի դրամ փոխ կու տան դրամատուներուն, ասիկա հրաշալի է: Եթէ աղքատ երկիրներուն կարելի է պարտադրել, որ դրամատուներուն վերադարձնեն անհամեմատօրէն բազմապատկուած գումարներ, ասիկա եւս հրաշալի է: Իրօք, ամբողջութեամբ յստակ է Միջազգային դրամական ֆոնտին ուղեգիծը:
    Ոմանք կը շեշտեն, թէ Շտրաուս-Քահն «բարեկարգող» մըն էր, որ բարեփոխած էր Միջազգային դրամական ֆոնդը` զայն գլխաւորելէ ետք 2009-ին: Վստահաբար փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է անոր բանաձեւումներուն մէջ: Սակայն Ուեստ աֆ Ինգլընդ համալսարանէն Դանիէլա Գաբորի մանրամասն մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս ֆոնտին էութիւնը կը մնայ նոյնը. շարունակել իր սովորական գործը:
    Օրինակ, նկատի ունենանք Հունգարիան: 2008-ի տնտեսական անկումէն ետք Միջազգային դրամական ֆոնտը փառաբանեց պետութիւնը, որ կը յարգէր հանրային սպասարկութիւնները կրճատելու իր սկզբնական մեկնակէտը: Սարսափած հունգարացիները հակազդեցին` վար առնելով պետութիւնը եւ ընտրելով կուսակցութիւն մը, որ կը խոստանար դրամատուներուն պարտադրել հատուցումը իրենց ստեղծած տագնապին: Պետութիւնը 0.7 առ հարիւրի տուրք մը սահմանեց դրամատուներուն (քառապատիկ համեմատութեամբ բարձր` բաղդատած որեւէ այլ տեղի): Միջազգային դրամական ֆոնդը սաստիկ զայրացաւ, յայտարարեց, թէ այս քայլը «մեծապէս կ՛աղաւաղէր» դրամատնային գործունէութիւնը, անշուշտ` ի տարբերութիւն հարուստ երկիրներու մէջ դրամատուներուն յատկացուած պետական նպաստներուն, եւ աղաղակեց, թէ անիկա պատճառ պիտի դառնար, որ դրամատուներ հեռանային երկրէն: Ֆոնտը ամբողջութեամբ փակեց Հունգարիոյ իր ծրագիրը` վախցնելու համար պետութիւնը:
    Սակայն Միջազգային դրամական ֆոնտին նախատեսած փլուզումը տեղի չունեցաւ: Հունգարիա շարունակեց ի գործ դնել չափաւոր միջոցառումներ, փոխանակ պատժելու ամբողջ բնակչութիւնը: Անիկա տուգանքներ սահմանեց մեծ շահ ապահովող մանր առեւտուրի, ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան մարզերուն, ինչպէս նաեւ օգտագործեց սեփական մարզի թոշակներ` գոցելու համար տնտեսական բացը: Միջազգային դրամական ֆոնդը կը հետապնդէր երբեմնի իր նոյն ծրագիրը եւ կը կատարէր նոյն սպառնալիքները: Շթրաուս-Քահն նոյն վարմունքը ցուցաբերեց գրեթէ այն բոլոր աղքատ երկիրներուն մէջ, ուր կը գործէր ֆոնդը, Սալվադորէն մինչեւ Պակիստան եւ Եթովպիա, ուր պետութիւններու պարտադրուած է մեծապէս կրճատել սովորական ժողովուրդին յատկացուցած իրենց նպաստը: Բազմաթիւ երկիրներ վախի իբրեւ հետեւանք` վնաս պատճառած են իրենց սեփական շահերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած ուսումնասիրութիւններ կատարող գրասենեակ մը` Սենթըր ֆոր էքոնոմիք էնդ փոլիսի ռիսըրչ, ի յայտ բերած է, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին 41 համաձայնութիւններէն 31-ը կը պարունակէ մանր տնտեսութեան առնչուող քաղաքականութիւններ, որոնք ինքնին կ՛առաջնորդեն տնտեսական անկումներու:
    Շտրաուս-Քահն միակը չէ, որ պէտք է դատական հետապնդումի ենթարկուի, այլ նաեւ` այն հաստատութիւնը, որ կը գլխաւորէր ան: Մամուլին մէջ ծայր տուած է անմիտ բանավէճ մը, թէ ո՛վ պէտք է դառնայ Միջազգային դրամական ֆոնտին յաջորդ ղեկավարը: Կարծէք կը քննենք այն հարցը, թէ ո՛վ պէտք է ղեկավարէ տեղական կաթի ընկերութիւն մը: Սակայն եթէ լրջօրէն կը վերաբերինք մարդկային հաւասարութեան հարցին եւ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք ընչազուրկ եւ սովամահ դարձած են կամ` սպաննուած այս հաստատութեան պատճառով, ապա պիտի սկսինք քննել Ճշմարտութեան եւ հաշտութեան յանձնաժողով մը կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ` մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զինաթափ ընել Միջազգային դրամական ֆոնդը եւ դնել նոր սկիզբ մը:
    Եթէ Շտրաուս-Քահն յանցաւոր է, կը կարծեմ, թէ գիտեմ` ինչպէ՛ս: Ան հաւանաբար պանդոկին մէջ ծառայող կինը շփոթած է դրամական նեղութեան մատնուած աղքատ երկրի մը հետ: Ի վերջոյ Միջազգային դրամատան ֆոնտին ղեկավարներուն թոյլ տրուած է տարիներ շարունակ բռնաբարել նման երկիրներ եւ անպատիժ մնալ:

    * Միջազգային դրամական ֆոնտին գործունէութեան հետեւող եւ զայն բացայայտող գլխաւոր կազմակերպութիւններն են War on Want եւ Bretton Woods Project:
    Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Մայիս Մէկի Շարժումին Լոյսին Տակ

    Մայիս Մէկի Շարժումին Լոյսին Տակ.
    Արդարութեան Պահանջը Կարելի Չէ Ընդմիշտ Ճնշել

    Աշխարհը իր աքցանին մէջ բռնած տնտեսական տագնապը պատճառ դարձած է, որ վերջին տարիներուն, Աշխատաւորներու համաշխարհային օրը` մայիս մէկը, զգենու վերանորոգուած դիմագիծ: Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ մայիս մէկի ցոյցերն ու տողանցքները ունին նոյն հասարակաց խորագիրը` բողոք, ընդվզում եւ յեղափոխական տրամադրութիւն` ընդդէմ զանգուածներու նորօրեայ ստրկացումին, կեղեքումին ու թշուառացումին, բողոք եւ ընդվզում պետական իշխանաւորներու, թէ զանոնք իշխանական աթոռներու նստեցնող իսկական տէրերուն` աշխարհի նիւթական կարողութիւնները իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնող աշխարհածաւալ ընկերութիւններուն դէմ:

    Ի դէպ, մայիս մէկը, ինչպէս նկատելի է, բողոքի նման դրսեւորումներու օրերէն մէկն է միայն. փաստօրէն բոլոր ցամաքամասերու քաղաքներու մէջ, իրարմէ անկախ, բայց միշտ նոյն տագնապին արձագանգող հրապարակային ցոյցերը յաճախակի երեւոյթ դարձած են, իսկ այս տարի մայիս մէկը եկաւ մինչ այդ տարտղնուած ձեւով իրագործուող ցուցական ելոյթերուն տալու միասնական դիմագիծ մը. տարբեր մայրաքաղաքներէ բարձրացաւ նոյն կոչը` մայիս մէկը հռչակել գործադուլի, դասադուլի եւ ամէն տեսակի առեւտուրէ ետ կանգնելու եւ ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքի վերահաստատման օր, որպէսզի նիւթական մենաշնորհներով արդի աւատապետութիւն հաստատած ընկերութիւններն ու անոնց գործակից իշխանաւորները անդրադառնան, որ ժողովուրդին արտադրող մեծամասնութի՛ւնն է մարդկային ընկերութեան հենքը, առանց որուն` աշխարհը կրնայ դադրիլ թաւալելէ, այսինքն` դուրս գալ իր բնականոն ընթացքէն:

    Բնական է, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ մայիսմէկեան ցոյցերը եւ բողոքի արտայայտութիւնները ունեցան որոշ իւրայատկութիւններ. յատկապէս տնտեսական-ընկերային սուր տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ բռնուած եւրոպական քաղաքներու մէջ բողոքի ճիչերը ուղղուած էին ոչ միայն ապիկար կառավարութիւններուն, այլ նաեւ` զանոնք իրենց նիւթական հզօրանքի մականիին ենթակայ` ստրուկներու վերածող ելեւմտական հիմնարկներուն դէմ, ինչպիսիք են` Համաշխարհային դրամական հիմնադրամն ու Միջազգային դրամատունը, որոնք տասնամեակներ առաջ ծնունդ առած էին դժուարութեան մատնուած երկիրներու աջակցելու տրամաբանութեամբ ու առաքելութեամբ, սակայն արդէն կը մարմնաւորեն կեղեքիչներուն գահերը…

    Վերադարձ Արմատներու

    Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ դարձած է հոմանիշ-դիմակը` աշխարհը օրինական միջոցներով կողոպտողներուն, մայիս մէկը այս տարի վերադարձաւ իր արմատներուն: Հակառակ անոր որ մայիս մէկի շարժումը ծայր առած է Միացեալ Նահանգներէն, իբրեւ մարմնաւորումը աշխատաւորին իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարին, այսուհանդերձ, այդ օրը շուտով «արտաքսուած» է ամերիկեան պաշտօնական տօներու ցուցակէն. Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած է Աշխատանքի օրը, որ յամենայն դէպս, ըստ էութեան ու նկարագիրի, աղճատումի ենթարկուած է ու վերածուած` զուարճալի արձակուրդ վայելելու օրուան մը: Մինչդեռ մայիս մէկը խորհրդանիշն էր ու կը մնայ այն պայքարին, որ տասնամեակներ շարունակ (չըսելու համար` դարերով) մղուած է, որպէսզի արտադրող ու հանրութեան ծառայող ձեռքերը արդարութիւն վայելեն, դուրս գան աշխատանքի ստրկացնող դրութենէ, ճշդուին աշխատանքի տրամաբանական ժամեր, աշխատաւորը ունենայ ընկերային-առողջապահական որոշ իրաւունքներ ու զանոնք ապահովող դրութիւններ եւ այլն (սպառիչ կերպով բացատրուած` «Ասպարէզ»-ի մայիս 1-ի թիւին մէջ Նազարէթ Պէրպէրեանի առաջնորդող յօդուածին մէջ): Ֆրանսական յեղափոխութիւններէն առաջ ու ետք, ու նոյնինքն նման շարժումներով զարգացում ապրող մարդկային ու աշխատաւորական իրաւունքները տարածում գտած են տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնպէս ալ` Միացեալ Նահանգներու, ուր 19-րդ դարու վերջին երկու տասնամեակները այս իմաստով եղած են պատմական: Իսկ դար մը ետք, ու յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, նիւթական անսպառ միջոցներով օժտուած այս երկրին մէջ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով աշխատանք կը տարուի, որպէսզի դարերու ընթացքին ձեռք բերուած իրաւունքներն ու արդարութեան ձգտող հաւասարակշռութիւնը արագօրէն շրջուի, աշխատաւորական համախմբումներ կորսնցնեն իրենց յենարաններն ու գոյութեան իմաստը, համադաշնակցութիւններ ու ընկերակցութիւններ վերածուին քննադատութեան թիրախի եւ իբրեւ թէ` ատելի դարձած գաղափարներ մարմնաւորողներու, որոնցմէ պէտք է խորշին զանգուածները եւ կուրօրէն տարուին… զիրենք կողոպտող ու թշուառութեան մատնող փոքրամասնութեան քարոզչութեամբ:

    Անցեալ տարիներուն մայիս մէկը Միացեալ Նահանգներու մէջ հագած էր բողոքի որոշ արտայայտութեան մը պատմուճանը. անիկա վերածուած էր ապօրինի գաղթականներու նկատմամբ ի գործ դրուած պետական միջոցառումներու դէմ բողոքի օրուան: Մինչդեռ այս տարի անիկա եղաւ համաժողովրդային շարժումի մը նոր դիմագիծ ու մղում տուող օր` իր դրօշը տարածելով աւելի քան 125 քաղաքներու վրայ, ներառեալ` Նիւ Յորքը, Բոստոնը, Լոս Անջելէսը, Սան Ֆրանսիսկոն, Օքլենդը, Սիէթըլը, Ֆիլադելֆիան ու նման բազմամարդ քաղաքներ: Վերանորոգուած երեւոյթ էր նաեւ այն, որ բողոքի այս արտայայտութիւնները հրապարակ եկան գործադուլի-դասադուլի տրամաբանութեամբ, եւ` ո՛չ միայն ցոյց կատարելու մօտեցումով: Իսկ գործադուլը, ինչպէս ծանօթ է, քաղաքական աքթ է, գործադուլի դիմողը կը գտնուի աշխատավարձք կորսնցնելու կամ մինչեւ իսկ գործազուրկ դառնալու սպառնալիքին տակ: Սա պատճառ էր, որ գործադուլն ու դասադուլը ըլլան մասնակի, ոչ այնպէս, ինչպէս կ՛ըլլայ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ:
    Արձագանգ ըլլալով աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ գրեթէ ամէնօրեայ յաճախակիութիւն ստացած ցուցական արարքներուն, ամերիկեան քաղաքներու ցուցարարները առաւելաբար խաղաղ համախմբումներ կազմակերպեցին գլխաւոր հրապարակներու վրայ, թէեւ բիրտ արարքներ ու ոստիկանական նոյնքան բիրտ միջամտութիւնները բացակայութիւն չարձանագրեցին: Օրինակ, Լոս Անջելէսի մէջ, մայիս 1-ի յետմիջօրէէն սկսեալ, բազմահազար ցուցարարներ, տարբեր ցեղերէ ու մշակոյթներէ, չորս գիծերու վրայ` արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն «արշաւեցին» դէպի քաղաքամէջի «Փըրշինկ» հրապարակը, ուր տեղի ունեցան հրապարակային ճառեր, արուեստի ելոյթներ: Բողոքի ելոյթները ունէին բազմաթիւ ենթախորագիրներ, որոնք կը խմբուէին մէկ ընդհանուր խորագիրի տակ. ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԵՂԵՔՈՒՄԻՆ, ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԲԱՒԱՐԱՐՈՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐ:

    Հետապնդուած Իրաւունքները

    Որո՞նք էին ենթախորագիրները:
    Նորութիւն չէին: Երիտասարդ ու տարեց, սպիտակամորթ, սեւամորթ, կարմրամորթ (լատինամերիկեան ցեղերէ), ասիական արեւելքցիներ` դեղիններ, համախմբումներ կազմակերպած էին պահանջելու համար, որ
    - Արդար մօտեցում ցուցաբերուի ապօրինի կերպով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործի կոչուողներու նկատմամբ,
    - Դարմանումի միջոցներ որդեգրուին տնտեսական-ընկերային անհաւասարութեան (ժողովուրդի մէկ առ հարիւրին վայելած առատութիւնն ու 99 առ հարիւրին կեղեքումին հետեւանքները),
    - Վերատեսութեան ենթարկուին երկրին երիտասարդութիւնն ու նիւթական կարողականութիւնը յումպէտս վատնող անվաղորդայն պատերազմներուն ու այլ երկիրներու ներքին հարցերուն անհեռատես միջամտութեանց ընթացքը (ի՜նչ աղուոր զուգադիպութիւն. Օպամա երէկ Աֆղանիստանի մէջ… ընտրապայքար կը տանէր),
    - Դարման` անգործութեան (որ իրողապէս կ՛աճի` հակառակ պետական հաւաստիքներուն, թէ անգործութիւնը սկսած է նահանջել),
    - Անբնակարան մնացողներուն տագնապը արդար լուծում գտնէ` ընդդէմ դրամատուներու անբարեխիղճ ու դաւադիր վարմունքին (պէտք կա՞յ մանրամասնելու. հաւանաբար կ՛արժէ արձանագրել գոնէ մէկ կէտ. ամերիկեան հինգ դրամատուներ, որոնք օգտուած են փրկելու պետութեան բազմահարիւր միլիառի հասնող օժանդակութենէն, այսօր իրենց հակակշիռին ենթարկած են Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ներուժին 56 առ հարիւրը. «JP Morgan», «Bank of America», «City Group», «Wells Fargo» եւ «Goldman Sex» միասնաբար ունին 8.5 թրիլիոն դոլարի հասնող դրամագլուխ, իսկ անդին, կարգ մը քաղաքներու շուրջ հիմնուած են բնակարանը դրամատան կորսնցնողներու` անտունիներու վրանաքաղաքներ…),
    - Ուսանողները ծանր պարտքերու տակ ընկճելու «տնտեսական քաղաքականութեան» վերջ տրուի (ապրիլի վերջերուն, յայտարարուեցաւ, որ ամերիկացի ուսանողներուն պարտքներուն կուտակումը հասած է մէկ թրիլիոն դոլարի),
    - Սակարանային շուկային անիշխանականութիւնը (աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` մենատիրական ու քմահաճ չարաշահութիւնները) սանձուին, մէկ խօսքով` անհակակշիռ դրամատիրութիւնը` դրամի տիրապետութիւնը հակակշիռի ենթարկուի,
    - Ոստիկաններու յաճախակի դարձած վայրագութիւնները զսպուին եւ այլն…

    99 Առ Հարիւրը` Ընդդէմ
    1 Առ Հարիւրին


    Եթէ մայիս մէկի յիշեալ ցոյցերն ու բողոքի արտայայտութիւնները ամերիկացի ժողովուրդին դառնութիւնները ձեւով մը կամրջեցին աշխարհի այլ ժողովուրդներու դառնութիւններէն բխող ալիքներուն հետ, անոնք, ըստ էութեան, նորութիւն չէին, այլ նոր խորք ու ծաւալ տուին շարժումի մը, որ նոյն դառն աղբիւրներէն ջուր խմելով` մարմնաւորուած էր անցեալ սեպետեմբերին ու գտած` բուռն հակազդեցութիւն: Ծանօթ է, որ անցեալ սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն սկիզբ առաւ «Գրաւում»-ի շարժում մը, որ իբրեւ առաջին թիրախ ընտրեց «Ուոլ սթրիթ»-ը, շահարկումներու եւ խաղքութեանց աշխարհի գլխաւոր «մայրաքաղաք»-ներէն մէկը, ապա համապատասխան արձագանգներ գտաւ այլ քաղաքներու` Սան Ֆրանսիսկոյի, Օքլենդի, Լոս Անջելէսի մէջ եւ այլուր: Նստացոյցերն ու որոշ թաղերու, հանրային վայրերու գրաւման ելոյթները շարունակուեցան քանի մը ամիս, սակայն ի վերջոյ բռնի միջոցներով դադրեցուեցան. ոստիկաններ արցունքաբեր կազեր ու երբեմն ալ բիրեր գործածեցին ցուցարարներուն դէմ (ինչպէս` մայիս մէկին), շարժումը նսեմացուեցաւ, ստեղծուեցաւ այն զգացումը, թէ ժողովուրդը կարողութիւնը չունի ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, բարեփոխութիւն բերող շարժում մը յառաջացնելու եւ զայն աննահանջ ընթացքի մէջ դնելու (խօսքը օբամայական փոփոխութեան (change) մասին չէ անշուշտ), սակայն ահա դարձեալ հրապարակ կու գայ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հետամտութեան դրօշով` հպանցիկ կերպով շփուելով նաեւ նախագահական ընտրապայքարին հետ, փոխադարձաբար թեկնածուներն ալ շփման մէջ դնելով դառն իրականութիւններուն հետ:

    … Երբ անցեալ սեպտեմբերի շարժումը կը խմորուէր ու կը սկսէր լուսարձակներ գրաւել, ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, որ զանգուածը, մարդկային ու ընկերային տարրական իրաւունքները կորսնցուցած զանգուածը ի վերջոյ զգաստացած է ու սկզբնաւորած` «տէրեր»-ը զգաստութեան հրաւիրող շարժումը: Անիկա սպասուած արձագանգը չգտաւ զանգուածային լրատուութեան մէջ, առաւելաբար ծաւալ ստացաւ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած գործիքներուն ճամբով: Հիմա, շարժումին ղեկավարները (եթէ կարելի է զանոնք ղեկավար կոչել) կ՛ըսեն, որ մայիս մէկը կը հանդիսանայ երկրորդ ալիքը, որուն պիտի յաջորդեն հետզհետէ բարձրացող այլ ալիքներ, որպէսզի իրաւատիրութիւնը վերածուի շարունակական քայլարշաւի, ի վերջոյ դարմանումի ճամբուն մէջ դրուին բազմատեսակ վէրքերը:

    «99 առ հարիւրը` ընդդէմ 1 առ հարիւրին» նշանախօսքով աւելի քան 7 ամիս առաջ ճամբայ ելած երթը վստահաբար նոր քայլերով հրապարակ պիտի գայ ապագային ալ` առաջնորդելու համար յեղաշրջում մը, յեղափոխութի՛ւն մը, որ կարենայ արդի աւատապետներէն վերստին խլել բարօր ապրուստի-աշխատանքի ղեկը, վերարժեւորել գաղափարներն ու անոնց խորքային արժէքները, ցոյց տալ, որ դարերու պայքարով ձեռք բերուած իրաւունքներն ու բարօրութեան պայմանները կարելի չէ քանի մը տարուան մէջ շրջել, նահանջի մատնել, չեղեալ դարձնել. աշխատաւորը կարելի չէ զրկել այդ բոլորը կազմակերպ քայլերով հետապնդելու իր բնական իրաւունքէն, որովհետեւ այլընտրանքը պիտի ըլլայ ֆրանսական, ռուսական, սպանական կամ այլ յեղափոխութեանց տարբերակը:
    Բռնամիջոցները, որքան ալ որ անոնք ըլլան թաւշեայ ձեռնոցներու միջոցով, դատապարտուած են ձախողութեան ու կասեցումի: Բոլոր յեղափոխութիւններն ալ, միտքի թէ զէնքի, անցած են կասեցումի, անյաջողութեան հանգրուաններէ, սակայն ի վերջոյ գտած են Արդարութիւնը իր գահին վերադարձնելու ճամբաները: Ինչ որ դժուարին ու անյաղթահարելի կրնայ թուիլ այսօր, վաղը պիտի դառնայ կարելի ու իրագործելի, որովհետեւ անհաւասարակշիռ կացութիւնները չեն կրնար յաւերժ շարունակուիլ: Այդ ցոյց տուած է արդի պատմութիւնը, առանձին երկիրներու թէ համաշխարհային առումով:
    1 մայիս 2012
    Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

    «ԱԶԴԱԿ»


    Related articles; an
    interview
    with Mr. John Perkins the author of ‘‘Confessions of an Economic Hit man’’.
    Կցված նկարներ Կցված նկարներ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •