
«Բարձրագահ Աբուլն ու մթին սարեր
Մէջք-մէջքի տուած կանգնել վեհափառ,
Իրենց ուսերին, Ջաւախքից էլ վեր`
Բռնած պահում են մի ուրիշ աշխարհ»:
Փարւանայի ափի կախարդական շշուկներուն ու հրաւէրներուն ունկնդիր` «Փարւանա» առասպելը փառերգած հանճարեղ Յ. Թումանեանը միակ քերթողը չէր, որ կանգ պիտի առնէր Ջաւախք աշխարհի վեհափառ լեռներուն եւ անդնդախոր ձորերուն, հազարերանգ դաշտերուն եւ գեղատեսիլ ամպերուն դիմաց` երգելու լուսաջինջ խորհուրդն ու հմայքը այն «ուրիշ աշխարհին», որ ոգի է եւ աչք ու արիւն ալեկոծող մրրկաշունչ խռովք, հոգեկան երանութիւն եւ երկինքն ի վեր խոյացող յաղթագոռ հպարտութիւն: Ջաւախքի առասպելական անցեալի էջերէն «Թմկաբերդի առումը» պոեմը լուսագրած Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը անշո՛ւշտ որ առանձին պիտի չմնար իր ջաւախքասիրութեան մէջ, որովհետեւ Վահան Տէրեանի յայտնութեամբ խորացած ու ծաւալած այս բացառիկ սէրը իր առինքնող թափին մէջ պիտի առնէր, չէր կրնար չառնել մեծանուն բանաստեղծին սերնդակից եւ իրմէ ետք լոյս աշխարհ եկած բազում քերթողներ, որոնք իրենց աչքերը Աստուծոյ հրաշագեղ պատկերին բացին այդ օրհնեալ հողին վրայ կամ վեհ ու վերամբարձ, աննման ու լուսաջինջ, դիւթական ու բազմախոց այս «ուրիշ աշխարհ»ը քնարերգեցին Վահան Տէրեանի ոսկեձայն քնարին թախծաշեշտ արձագանգներով:
«Մշուշի միջից,- տեսիլ դիւթական,-
Բացւում է կրկին Նայիրին տրտում.
Ո՞ր երկրի սրտում թախիծ կայ այնքան,
Եւ այնքա՛ն ներում – ո՞ր երկրի սրտում…»,
ուր «զոհաբերումն այնպէս խնդագին» է, հոգին` անհաւատալի ըլլալու աստիճան «այնպէս վիրաւոր», «Եւ անպարտ երկիրն այնպէս արիւնոտ»:
Ուր կշռոյթ ու թափ առած են ո՛չ միայն Վահան Տէրեանի նուրբ հոգիին գերզգայուն լարերուն կշռոյթներով կարկաչած քնարերգութիւններուն մեծագոյն մասը, այլեւ` բազում քերթողներու սիրոյ ու ցաւի տաղերը` Դերենիկ Դեմիրճեանէն մինչեւ Մկրտիչ Սարգսեան եւ Ջիւանիէն մինչեւ նշանաւոր այլ քերթողներ…
… Եւ աւելի՛ն: Որովհետեւ Ջաւախքի հարազատ որդիներուն սրտայոյզ երգերուն չափ հոգեզմայլ ու առինքնող են այս հեքիաթային աշխարհի մէջ չծնած ու չապրած հաւատաւորներուն նոյնքան քաղցրահունչ տաղերը, երգերը Եղիշէ Չարենցի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի, Վահագն Դաւթեանի եւ Լիւդվիգ Դուրեանի, Համլետ Կարճիկեանի եւ Թաթուլ Բոլորչեանի, որոնք այս հրաշագեղ հայաշխարհին հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու ազնուագոյն ապրումները երգեցին Վահան Տէրեանի նուիրուած քերթուածներով:
Սիրոյ եւ հաւատարմութեան քաղցրահունչ տաղարան մըն է հայրենի բանաստեղծ Վարդան Վանատուրի կազմած «Ջաւախքը երգերի մէջ» անուն ժողովածուն: Առաջինը իր տեսակին մէջ, որ, «բնականաբար, զերծ չէ ինչ-ինչ թերութիւններից», ինչպէս ամենայն համեստութեամբ կը խոստովանին հատորը կազմած եւ խմբագրած բանաստեղծները` Վարդան Վանատուր եւ Բագրատ Ալեքեան, քերթողագիրքը ընթերցողին դատաստանին յանձնած իրենց կարճ բացատրագիրով:
Էականը ա՛յն է, սակայն, որ այսօր կայ, գոյութիւն ունի «Ջաւախքը երգերի մէջ» բանաստեղծական այս կրկնապէս յուզիչ գրական յուշարձանը: Եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ տոկուն, մարտունակ եւ բազում սպառնալիքներ յաղթահարած անպարտելի Ջաւախքը: Այս փոքրիկ ու մեծ լեռնակղզին, որուն ուղիներով ծանօթ ու անծանօթ բազմաթիւ ճամբորդներ են անցած, որուն լեռներուն չափ հզօր ու ազատատենչ իր որդիները ապրած են հազար ու հազար զոհողութիւններով, որպէսզի իրենց հայրենի հողը լուսաւոր առաւօտներ դիմաւորէ միայն եւ հեռու մնայ ամէն տեսակի չար ոտքերու աւերէն ու բռնութիւններէն:
Այո՛, այս քերթողագիրքը հրաւէր մըն է: Կամքի, հաւատքի եւ պայքարի քաղցր հրաւէր մը, որպէսզի ապրի Ջաւախքը եւ երբե՛ք չկրկնուի անցեալի տխրայուշ պատմութիւնը:
Ջաւախքի հայաթափման վտանգին ի տես` այս հատորը նաեւ օգնութեան կանչ է, ուղղուած` ողջ հայութեան եւ, առաջին հերթին` նոյնինքն ջաւախքցիներուն:
Բայց նաեւ` ուխտ ու պատասխան:
«Ջաւախքն ապրում է եւ պիտի ապրի, յարատեւի իր զաւակների աննկուն կամքի հաստատումով եւ ապագայի նկատմամբ հոգելի հաւատով յաւիտեան…»:
Ա՛նկասկած:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ