Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 7 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 7 հատից

Թեմա: Տարածաշրջանային

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Տարածաշրջանային

    «ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՉ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԷ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՄԸԿԴԱԴ


    Ֆայսալ Մըքտատ

    Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքդադ «Ռուսիա Յոմ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարգ մը կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ իրենց հաւաստիութիւնը կորսնցուցած են, որովհետեւ «ճշմարտութիւններուն մէկ աչքով կը նային եւ չեն տեսներ ճշմարտութիւնը, այնպէս ինչպէս որ է»:
    «Այդ կազմակերպութիւնները չնշեցին, թէ Սուրիա 2150 բանակայիններ եւ ապահովական ուժերու անդամներ կորսնցուցած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շարք մը ոճրագործներ ձերբակալուելով խոստովանած են, որ իրենք էին քաղաքայինները սպաննողները:

    Մըքդադ նշեց, որ ամբողջ շրջանը Սուրիոյ մէջ միջամտութեան դէմ է` աւելցնելով, որ «չենք ուզեր ըսել, որ սէուդական կամ յորդանանեան կամ լիբանանեան կամ թրքական կառավարութիւններն են, որոնք ահաբեկչական խմբակները կը ֆինանսաւորեն, սակայն կը կարծենք, որ գումարները կու գան այդ երկիրներէն` ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ, ուստի այդ երկիրներու մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն կը պահանջենք այդ մէկը չարտօնել, որովհետեւ այդ մէկը, ըստ ՄԱԿ-ի օրէնքներուն, ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորել կը նշանակէ, եւ իրենք սուրիացիները սպաննելու դրամներ կ՛ուղարկեն, եւ կը կարծենք, որ այդ հարցը պէտք է դադրի»:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    9/11 ԵՒ…



    Անցեալները Ամերիկայէն բարեկամ մը այցելած էր, քիչ մը անցեալէն եւ քիչ մըն ալ ներկայէն խօսելէն ետք, կեդրոնացանք, ըստ սովորութեան ահաբեկչութեան, արաբական յեղափոխութեան, Ամերիկայի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու վրայ:
    Պատմեց շատ հետաքրքրական երեւոյթի մը մասին: Նիւ Ջըրզիի շրջանին մէջ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութեան զոհ 3000 ամերիկացիներու յիշատակը քաղաքապետը պարտադրած է բնակչութեան, որ իւրաքանչիւր ամերիկացի եկեղեցի ուղղուի եւ մոմ մը վառէ…:
    Բնազդաբար ընդվզեցայ երեւոյթին դէմ եւ հարց տուի, թէ այսքան տարի է օր մը 380 միլիոն հաշուող ամերիկացիներէն, ո՞ր մէկը ապրիլ 24-ին մոմ վառած է մեր նահատակներուն յիշատակին, անկախ անկէ, որ մեր 3.000.000 հաշուող ժողովուրդին կէսը նահատակուած էր, Մինչ իրենց 380 միլիոնէն` 3000-ը:
    Աւելի՛ն. ամբողջ Աֆղանստանը, Փաքիստանը եւ Իրաքը տակն ու վրայ ըրին նոյն այս երեք հազար նահատակներուն պատճառով: Այսօր ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, գիշերը ցերեկին խառնելով, Միջին Արեւելքի քարտէսը փոխելու ճիգի մէջ են. չենք գիտեր` ինչպէ՛ս պիտի վերջանայ, բայց նախընթացը ցոյց տուած է, որ ամերիկացիներով սկսուած յեղափոխութիւններու հաշիւները միշտ սխալ ելած են:
    Դժբախտաբար ամերիկացիներուն վստահող կողմը միշտ կը վնասէ, որովհետեւ ամերիկացիները ոչ մէկ հարց մինչեւ ծայր կը հետապնդեն: Հարցերը կը հետապնդեն այնքան մը, որ իրենց ֆիզիքական վնաս չհասնի: Առաջին մէկ հարուածին կեցուածք կը փոխեն: 9/11 ինծի համար միշտ ալ մնացած է մեծ առեղծուած մը, որ ո՛չ զոհերը գիտցան, ինչո՛ւ մեռան, ո՛չ ալ զոհերուն պատճառով հազարաւոր անմեղները` Աֆղանստանի, Փաքիստանի Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ ահաբեկչութեան պատրուակով:
    Ամերիկացիներուն ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը դժբախտաբար սահման չունի: Իսկ Ամերիկայի մէջ ապրող ժողովուրդն ալ հարցերուն մէկ երեսը գիտէ: Այս վիճակին ընդհանրապէս ամերիկացի ժողովուրդը հանդիսատես է, իսկ աշխարհն ալ անկարող` ամերիկացիներու «քաջագործութիւններուն» դիմաց:
    Եկէք` պահ մը մտածենք, որ Արաբական գարունը ի՞նչ նորութիւն բերաւ մեր կեանքին մէջ, բացի քաոսային, աւելի ծայրայեղական, աւելի կրօնամոլ ղեկավարութեան մը ձեւաւորման սկիզբը: Այս բոլորն ալ, եթէ իրականութիւնը կ՛ուզէք, այդ 3000 նահատակներուն սիրոյն են, մնացածը դուք մտածեցէք:

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    ԻՐԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼ

    Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Իրան ամերիկացի ղեկավարներուն ուղղուած նամակի մը մէջ Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է» Ուաշինգտոմընի մէջ Սէուդական Արաբիոյ դեսպան Ադել Ջաբերի ահաբեկման ծրագրման հարցով Թեհրանը ամբաստանելուն համար ներում հայցել:
    Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանպարաստ նշեց, որ Իրան այդ նամակին մէջ բողոքած է ամերիկացիներուն կողմէ պատրաստուած դիպաշարին դէմ եւ Միացեալ Նահանգներէն ներումի պաշտօնական հայց պահանջած է, «որովհետեւ այդ ամբաստանութիւնները ամբողջովին սխալ են»:
    Ան յայտնեց, որ իրանեան նամակը պատասխան մըն է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանին ուղղուած նամակին: Մեհմանպարաստ երկու նամակներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց:

    Աղբիւր
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    ԼԻԲԻԱ ՓԱՍՏԱՑԻՕՐԷՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ


    Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիբիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի առողջապահութեան նախարար Աբդել Ռահման Քսան Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ քսան համաձայնագիր ստորագրած է:

    Ան միջազգային ճանաչում չվայելող ինքնակոչ հանրապետութեան Միջին Արեւելքի հիմնարկի բժշկագիտական կաճառին հետ ստորագրած է արձանագրութիւն մը, ըստ որուն, Մոամմար Քազզաֆիի դէմ մղուած մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած լիպիացի ըմբոստներ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ պիտի բուժուին:
    Ամերիկեան «յեղափոխութեան» թրքամէտ պտուղներէն մեկը: Հայկական իրականութեան մէջ կայ ուժ մը, որ օրեր առաջ առաջարկեց ճանչնալ Լիբիայի փոխանցման խորհուրդը...
    Տիգրիս
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ


    ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպման ընթացքին


    «Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած քարոզարշաւն ու յարձակումները ո՛չ մարդկային իրաւունքի, ո՛չ բարեկարգումի, ո՛չ ալ ազատութեան կամ ժողովրդավարութեան պահանջի առաջադրանքով են, այլ` անոնք կը միտին հարուածել Դիմադրութեան յառաջատար հիմնասիւներէն Սուրիան: Մենք դէմ չենք ժողովուրդներու ազատութեան, բարեկարգումի, թէ ժողովրդավարութեան պահանջներու զօրակցութեան: Սակայն այդ բոլորը կը կատարուին նախագահ Բաշշար Ասադի կողմէ», ընդգծեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղադանֆար Աբադի երէկ` ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն կատարած իր այցելութեան առիթով:
    Իրանի դեսպանը դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի վերջին իրադարձութեանց եւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ:
    Այս առիթով Իրանի դեսպանը այցելեց նաեւ «Ազդակ»ի խմբագրատուն, «Վանայ Ձայն» եւ Համազգայինի գրախանութ:

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


    Ֆրանսական իշխանութեանց եւ Ֆրանսայի հանրային կարծիքին ուղղուած հաղորդագրութեամբ մը, Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը խստիւ դատապարտեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` Սուրիոյ թղթածրարի քննարկումներուն Թուրքիան հրաւիրելու առաջարկին համար:
    Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա ոչ մէկ վարկ ունի այլոց ժողովրդավարութեան դասեր տալու իմաստով, եւ թէ սուրիացի ժողովուրդը Թուրքիոյ ո՛ր չափանիշներով կրնայ առաջնորդուիլ, երբ Թուրքիա ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարութեան դասընթացքի:

    Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը հարց կու տայ, թէ Ֆրանսա ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան ներգրաւել այս հոլովոյթին մէջ, երբ ան գրաւած կը պահէ հիւսիսային Կիպրոսը, շրջափակուած կը պահէ Հայաստանը, ներքին առումով կը բռնաբարէ մարդկային բոլո՛ր իրաւունքները եւ մասամբ նորին, աւելի՛ն, երբ ան խնդիր ունի նոյնինքն Սուրիոյ հետ` Ալեքսանդրէթի հարցով, ու հիմա ան ինչպէ՞ս կրնայ միաժամանակ ըլլալ հաշուետու եւ հաշուէառ:

    «Կը դատապարտենք արտաքին գործոց նախարարութեան որդեգրած այս քաղաքականութիւնը: Անկարա ոչ մէկ վարկ ունի Դամասկոսի ժողովրդավարութեան դասեր տալու առումով, ընդհակառակն` ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարական դասերու, հետեւաբար անհասկնալի է ֆրանսական շռայլութիւնը անոր նկատմամբ», կ՛եզրակացուի հաղորդագրութեան մէջ:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Տարածաշրջանային

    ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐԻ ՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԾՈՎԱՓԻՆ ՄՕՏԵՑՆԵԼՈՒ ՔԱՅԼԸ. ԲԱՅԴԸՆ ԿԸ ԳՈՎԱԲԱՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ԻՍԿԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»



    Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ջո Բայդըն Սուրիոյ նախագահին կոչ ուղղեց` իշխանութենէն հեռանալու եւ գովաբանեց Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը եւ իր հողերուն վրայ սուրիացի այլախոհներ հիւրընկալելու վերջինիս քայլը:
    Բայդըն ըսաւ, որ «Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքը յստակ է: Սուրիական վարչակարգը անպայման պէտք է դադրեցնէ իր ժողովուրդի ճնշումը, իսկ նախագահ Ասադ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը կարեւոր է, ուստի փոփոխութեան արձանագրութեան վրայ կը պնդենք»:
    Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը գովաբանեց Թուրքիոյ «իսկական ղեկավարութիւնը»` ըսելով, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Էրդողանի` վերջերս իր ժողովուրդին հետ վարչակարգին վարուելակերպին պատճառով Ասադին հեռանալու կոչ ուղղելը կ՛երկրորդեմ, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու թուրք ղեկավարներուն միջազգային ընտանիքին ուղղած կոչը»:
    Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանդր Լուկաշեւիչ յայտարարեց, որ «սուրիական ծովափին մօտ ամերիկեան մարտանաւեր ուղարկելը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելուն չ՛օժանդակեր»: Ան այդ քայլը «ժխտական որոշում» մը նկատեց:
    Ըստ «Արաբիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած մէկ զեկուցումին, Լուքաշեւիչ նշեց, որ «ամերիկեան միջոցառումները լարուածութեան նոր ազդակներ կ՛աւելցնեն»:
    Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս հաստատած էր, որ ամերիկեան «Ջորջ Հ Բուշ» օդանաւակիրը Միջերկրական ծովուն մէջ կը գտնուի, սակայն առանց ճշդելու անոր ճիշտ վայրը: Նշեալ օդանաւակիրը 21 նոյեմբերին Սուէզի ջրանցքէն անցած էր:

    Նշենք, որ ռուսական «Ինտերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտական-զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ յանձնած է «Բաստիոն» տիպի ցամաք-ծով շարժուն համակարգեր, որոնք օժտուած են ձայնի արագութենէն արագ եղող հակամարտանաւային «Յախունտ» հրթիռներով: Աղբիւրը նշած է, որ այս համակարգը Սուրիոյ ծովափերը կը պաշտպանէ ծովէն եկող հաւանական յարձակումներէ: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան մօտ Ռուսիոյ պատուիրակը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ «գոյութիւն ունին արտաքին ուժեր, որոնք շրջանի կայունութիւնը քայքայելու նպատակով` Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կը հրահրեն»:
    Սուրիացի վարձկան ընդդիմադիրներու կազմած Սուրիոյ ազգային խորհուրդի ղեկավար Բուրհան Ղալիուն ամերիկեան «Ուոլ Ստրիտ Ջըռնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած խորհուրդը իշխանութեան հասնելէ անմիջապէս ետք Իրանի, Հըզբալլայի եւ Համասի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները պիտի խզէ: «Իրանի հետ իւրայատուկ յարաբերութիւններ պիտի չըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «արտակարգ յարաբերութեանց խզումը զինուորական ռազմավարական դաշնակցութեան խզում կը նշանակէ»:

    Ան կոչ ուղղեց սուրիացի ընդդիմադիրներուն տրամադրելու միջազգային ուժեղ զօրակցութիւն, ներառեալ` Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատում: Ղալիուն ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը յանձնառու կը մնայ Իսրայէլի կողմէ 1967-ին բռնագրաւուած Գոլանի վերատիրացման, սակայն այդ մէկը պիտի կատարէ բանակցութեան եւ ոչ թէ զինեալ պայքարի ճամբով: Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութիւնը իր երէկուան միջոցառումները կոչած էր «Ապահովական գօտին մեր պահանջն է»:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •