Ինչպէս միշտ, երեկ նոյնպէս, Հ1 հեռուստաալիքը միակ հայկականն էր մեզ համար:
Ինձ համար, այնքան սովոր դարձած, մշակութային գործով զբաղող մարդկանց պիրկ դէմք տեսայ երեկ:
Մշակոյթը կեանք է, ըստ էութեան, առաջին մշակութային գործիչն ալ՝ եզով արտը վարող ու հորովել երգող մի ռամիկ: Նրա թուշը արեւից խանձած, շուրթը պապակից ճաքճքած պէտք է լինի, նա իր վրա պէտք է կրի հայրենի լոյսի ու ջրի, հողի ու հովի պատճառած մաշումի հետքը:
Հիմա, մշակոյթը ապսպրելիք ապրանք է, որոշեալ չափանիշով, մինչեւ ոտքդ կգայ, ու դու հողի բարիքը ապրելու համար մինչեւ հող գնալու պէտք չունես:
Այսպէս, պաշտօնականացուած մշակութային յայտագիր մըն էր. երեկ դիտածս, որուն տրուած է «Վերնատուն» անունը: Վերնատունը պատուհան չունէր, ներքին կահաւորումը մութի մէջ էր: Յայտագրին տրամադրուած ժամանակը քիչ էր: Հաղորդավարը կը տագնապէր զրուցակցի հետ իր ունեցած հաճելի զրոյցի շուտափոյթ աւարտի մօտեցումէն, եւ կ’առաջարկէր հիւրին. պարբերաբար տեսակցիլ վերնատան մէջ:
Հիւրը՝ մշակութային կարկառուն տիկին մը, առաջարկեց գալիք զրոյցի նիւթը կոնկրետացնել, բան մը՝ որուն հաղորդավարը համաձայնեցաւ, ու կրկնեց, որ պէտք է կոնկրետ մշակութայինխնդիրի մասին ըլլայ իրենց զրոյցը:
Ես ալ, հաղորդումը դիտելէս ետք, բաւականին կոնկրետացած մշակութային վառ տեսիլքով, փոխեցի կայանը, մոռնալով, թէ ճշգրիտ ի'նչի մասին կը խօսուէր:



Մեջբերել
